Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Քննարկուած Են 2017-ին Արցախի Մէջ Կայանալիք Համահայկական Է. Ամառնային Խաղերու Կազմակերպական Հարցերը Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը, Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Գաբրիէլ Ղազարեանը եւ երկու կառոյցներու այլ ներկայացուցիչներ: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են 2019-ին Արցախի մէջ...



















