Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Րաֆֆի Թոքաթլեան Արժանացաւ «Մովսէս Խորենացի» Շքանշանին
Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին ծիրին մէջ կատարուած պարգեւատրումներու կարգին լիբանանահայ հանրածանօթ արուեստագէտ-քանդակագործ Րաֆֆի Թոքաթլեան պարգեւատրուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի «Մովսէս Խորենացի» մետալով:
Ան այս պարգեւատրումին արժանացաւ արուեստի աշխարհին մէջ իր ունեցած յատկանշական ներդրումին համար:
ՀՕՄ-ական` Վանուհի Իսաճանեան Կ՛արժանանայ Հայաստանի Հանրապետութեան «Երախտագիտութեան» Մետալին
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առթիւ, շաբաթ, 17 սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախկին ատենապետուհի Վանուհի Իսաճանեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի «Երախտագիտութեան» մետալով:
Վանուհի Իսաճանեանի ներդրումը յատկանշական եղաւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու դժուար ժամանակաշրջանի ընթացքին` յառաջացնելով Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովներու գաղափարը եւ ըլլալով առաջին կազմակերպիչը այդ աշխատանքներուն: Ան մեծ դեր ունեցաւ 1988-ի երկրաշարժին յաջորդող տարիներուն անմիջական պահանջներուն համեմատ ՀՕՄ-ի տարած աշխատանքներու արդիւնաւորման մէջ:
Կոմիտասի Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողովը Նոր Լոյս Կը Սփռէ Անոր Գործունէութեան Վրայ
«Կոմիտասը եւ միջնադարեան երաժշտական մշակոյթը» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին, սկսաւ 27 սեպտեմբերին Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ ըսած է, որ հայ եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականին համար Կոմիտասի ժառանգութիւնը նոյն կարեւորութիւնը ունի, ինչպէս լաւ գործիքը` արհեստաւորին: Անոր երաժշտութիւնը աղօթք է, հաստատած է ան` դիտել տալով, որ գիտաժողովը կարելիութիւն կու տայ ծանօթանալու Կոմիտասի գործունէութեան, անոր զարմանալիօրէն զուլալ եւ հոգեցունց երաժշտութեան:
«Արուեստի հիմնարկը լոյս ընծայած է Կոմիտասի ժառանգութեան ակադեմական հրատարակութիւնը, որուն շնորհիւ ան հասանելի դարձած է երիտասարդ կատարողներուն: Մեծ վարդապետին ծննդեան 150-ամեակին առիթով լոյս պիտի տեսնէ անոր գործունէութեան եւ ձգած հարստութեան մասին գիրքի երրորդ հատոր մը: Այս տարիներուն ընթացքին ստեղծուած է Կոմիտասագիտական պատկառելի գրադարան», յայտնած է արուեստագիտութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Աննա Ասատրեանը:
Այս օրերուն տարբեր երկիրներէ Հայաստան գտնուող երաժիշտները կը ներկայացնեն Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները առանց որեւէ փոփոխութեան: «Կոմիտասը մահացած է սրտի տագնապէ եւ ոսկրախտէ: Այս հիւանդութիւնները կարելի կ՛ըլլար բուժելը յատուկ դեղերու գործածութեան պարագային: Անոր մահուան պատճառները հոգեբուժական չեն եղած: Այսօր կան ուսումնասիրութիւններ, որոնց համաձայն, Կոմիտաս ունեցած է որոշ ընկճախտային դրսեւորումներ, որոնք իբրեւ հոգեկան հիւանդութիւն չեն կրնար բնութագրուիլ: Կայ տեսակէտ այն մասին, որ առհասարակ կը մերժէ անոր հոգեկան հիւանդութիւնը», ընդգծած է Քլոտին Պելամին, որ 1985-2010-ին հիւանդապահ եղած է Վիլ Ժուիֆի հոգեբուժարանին մէջ, ուր տարիներ շարունակ փակուած էր մեծն Կոմիտաս:
Յայտնենք, որ «Կոմիտաս միջազգային գիտաժողով-փառատօն»-ը պիտի տեւէ մինչեւ 8 հոկտեմբեր: Փառատօնին հիւրընկալուած են կատարողներ` Հայաստանէն, Ճափոնէն եւ Ֆրանսայէն: Գիտաժողով-փառատօնին կ՛աջակցին Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գիտութեան պետական կոմիտէն:
«Ժողովուրդի Մը Մեծութիւնը Քանակով Չի Չափուիր», Ըսած Է Հայաստանի Կրթութեան Նախարար Լ. Մկրտչեան
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 28 սեպտեմբերին Երեւանի թիւ 3 աւագ դպրոցին մէջ ներկայ գտնուած է «Աշխարհի մեծագոյն դասը» նախաձեռնութեան, որ կազմակերպուած է ՄԱԿ-ի մանկական հիմնարկի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) հայաստանեան գրասենեակին հետ համագործակցաբար:
Լեւոն Մկրտչեան, խօսքը աշակերտներուն ուղղելով, ընդգծած է, որ այս նախաձեռնութեան նպատակը տակաւին նոր կեանքի սեմէն ներս մտնող երիտասարդներուն քաղաքակրթութեան մարտահրաւէրները հասու դարձնելն է. «21-րդ դարը կարելիութիւն կու տայ աշխարհի հիմնական հարցերը դիտարկել մէկ ամբողջութեան մէջ: Անկախ այն հանգամանքէն, թէ ուր կ՛ապրինք, մենք բոլորս Երկիր մոլորակի զաւակներն ենք, եւ մոլորակի հարցերը կը թակեն իւրաքանչիւրիս դուռը: Փոքր երկիրներու համար, ինչպիսին Հայաստանն է, շատ կարեւոր է, որ երիտասարդ մարդը ինքնիրեն զգայ մոլորակին մէկ մասնիկը եւ պատասխանատուութիւն կրէ լուծելու ո՛չ միայն մեր հանրապետութեան, տարածաշրջանի առջեւ ծառացած հարցերը, այլ նաեւ մտահոգուի աշխարհի զարգացմամբ», իր խօսքին մէջ նշած է նախարարը:
Լեւոն Մկրտչեանի համաձայն, կայուն զարգացման մարտահրաւէրները` բնապահպանական հարցերը, աղքատութեան յաղթահարումը, տնտեսութեան զարգացումը, կլիմայի փոփոխութիւնը եւ այլն, այնպիսի հարցեր են, որոնց լուծումը համամարդկային ջանքեր կը պահանջէ եւ երիտասարդութեան կը սորվեցնէ մտածել համամարդկային պատասխանատուութեան չափանիշով, որ շատ անհրաժեշտ է մեր կրթական համակարգին:
Նախարար Լ. Մկրտչեան դիտել տուած է, որ մեծ հարցերու լուծումը կը սկսի անձնական հարցերու լուծումէն: «Ամէն ինչ կը սկսի տունէն. մենք չենք կրնար լուծել համաշխարհային համամարդկային հարցերը, եթէ այդ նոյն դժուարութիւնները չկարենանք լուծել մեր երկրին մէջ, մեր հասարակութեան համար: Յառաջիկայ տարիներուն, երբ դուք պիտի շարունակէք ձեր կրթութիւնը, այնուհետեւ պիտի անցնիք աշխատանքային գործունէութեան, յիշեցէ՛ք, որ դուք մեծ ժողովուրդի արժանի զաւակներն էք: Ժողովուրդի մը մեծութիւնը քանակով չի չափուիր, այլ այն դրոշմով, զոր ան կը ձգէ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ: Մեր ժողովուրդին իւրայատկութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ մենք անյիշելի ժամանակներէ, քալելով պատմութեան քառուղիներուն մէջ, կրցած ենք ժամանակակից աշխարհի բոլոր մարտահրաւէրներուն համարժէք, առաջադէմ լուծումներ գտնել: Մեր ժողովուրդը յաջողած է իր ներդրումը ունենալու համաշխարհային նշանակութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ` երաժշտութիւն, գրականութիւն, գիտութիւն, արուեստ, աստղագիտութիւն ամէն տեղ հայկական հետքը կայ: Փոքր ժողովուրդի մը համար կարելի չէ փակուիլ եւ մնալ սեփական տարածքի մը մէջ, հանճարեղ բոլոր գաղափարները կը ճեղքեն սահմանները», նշած է Լ. Մկրտչեան` աւելցնելով, որ այժմ մեր 25-ամեայ անկախ պետութեան նոր սերունդը անկախութիւնը պէտք է բարձրացնէ համաշխարհային մակարդակի: Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է ՄԱԿ-ին` համագործակցութեան համար, նշելով, որ այս տարիներուն կարելի եղած է համաշխարհային տարողութիւն ունեցող հարցերուն տեղական լուծումներ գտնել:
Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչա իր խօսքին մէջ նշած է, որ կը կիսէ նախարարին կարծիքը, որ Հայաստան մեծ ներդրում ունեցած է համամարդկային քաղաքակրթութեան ոլորտին մէջ. «Անկախ պետութեան չափերէն, կարեւորը այն ուժը եւ պատգամն է, որ հայերն ու պետութիւնը ունին աշխարհին փոխանցելու: Ձեզմէ իւրաքանչիւրը մէկական հերոս է, որովհետեւ բոլորիդ մէջ կայ բան մը փոխելու ուժը», յայտնած է ան:
Տեղեկացնենք, որ բաց դասի ընթացքին աշակերտները կատարած են խմբային աշխատանք` կայուն զարգացման նպատակներու մասին, ներկայացուցած են իրենց առաջարկներն ու զեկոյցները` անոնց մէջ ամփոփելով Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին իրենց պատկերացումները: Դասի աւարտին նախարարն ու ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչը պատասխանած են աշակերտներուն հարցումներուն:
Յայտնենք, որ նոյն օրը, աշխարհի մեծագոյն դասը տրուած է 25 լեզուով աշխարհի աւելի քան 160 երկրի 500 միլիոն դպրոցականներու համար:
Ամրակից Համայնքը Ապահովուած Է Լուսաւորութեամբ
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ամփոփած են «Այլընտրանքային ուժանիւթ» նախագիծի ծիրին մէջ համագործակցաբար կատարուած հերթական ծրագիրին արդիւնքները: Լոռիի մարզի Ամրակից գիւղին մէջ տեղադրուած է 54 լուսատու` արտաքին լուսաւորութեան լետ համակարգ: Ծրագիրին շնորհիւ լուսաւորուած են համայնքի հիմնական երկու փողոցներ` մօտ 1900 մ ընդհանուր երկարութեամբ:
Այս աշխատանքի իրագործման մասնակցած են Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան հիմնադրամի գլխաւոր ճարտարագէտ, ծրագիրի պատասխանատու Մարտին Մարալճեան եւ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, Ամրակից համայնքի ղեկավար Արթուր Ներկարարեան եւ համայնքի բնակիչներ:
Լուսատուները համայնքին փողոցները կը լուսաւորեն ամրան շրջանին ժամը 20:00-էն մինչեւ 00:00, իսկ ձմրան` 18:00-էն մինչեւ 23:00:
Տօնական օրերուն լուսաւորութիւն կ՛ապահովուի ամբողջ գիշերը:
Բաղդատելով ելեկտրական լամբերու հետ` լետ լամբերը աւելի արդիւնաւէտ ու դիմացկուն են, կրնան շատ աւելի երկար ծառայել` օգտագործելով 80 առ հարիւր նուազ ուժանիւթ:
«Աշխարհի յառաջադէմ երկիրներու օրակարգին վրայ առաջին դիրքի վրայ են շրջակայ միջավայրի պահպանութեան ուղղուած լուծումներու մշակումն ու կատարումը: Բնութեան հանդէպ հոգատար վերաբերմունքը եւ սպառողական ապրելակերպի մերժումը մարդու, ազգի, երկրի ինքնագիտակցութեան մակարդակի լաւագոյն ցուցանիշներն են: Տնտեսական խնայողութեան կարելիութիւն ընձեռելէ զատ, այլընտրանքային ուժանիւթի աղբիւրներու օգտագործումը կարեւոր քայլ մըն է դէպի աւելի պատասխանատու եւ բարեկիրթ ապրելակերպ», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:
Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկի գլխաւոր գործընկեր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը չափազանց կարեւոր կը նկատէ բնութեան պահպանութեան գործին մէջ նորագոյն արհեստագիտութիւններու օգտագործումը: Այդ մէկը կը նպաստէ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան, ուժանիւթի խնայողութեան բարձրացման եւ համայնքի զարգացման:
«Արմենփրես»-ի Եւ Սփիւռքի Նախարարութեան Կազմակերպած Ցուցահանդէսը Պիտի Նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք Կապերու Ամրապնդման
27 սեպտեմբերին Ռուսիոյ Վոլկոկրատ շրջանին մէջ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Մաղաքիա քհնյ. Օհանեան ըսած է, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ «Արմենփրես» պետական լրատուական գործակալութեան «Հայաստան յաւերժական իմ սէր» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսներու բացումը Ռուսիոյ հայկական համայնքներուն մէջ լաւ առիթ է ամրապնդելու Հայաստան-սփիւռք կապերը եւ նպաստելու հայապահպանութեան:
Հոգեւոր հայրը շնորհաւորած է հայ համայնքի ներկայացուցիչները` անկախութեան տարեդարձի առիթով եւ կարեւոր նկատած` այդպիսի ցուցահանդէսի կազմակերպումը: «Այստեղ հաւաքուած են երիտասադներ, որոնք մեր հանրապետութեան տարիքին են եւ պէտք է գիտնան այն դժուար ուղին, զոր անցած է իրենց տարեկից հանրապետութիւնը: Փափաքս է, որ այսպիսի արարողութիւններու միջոցով մենք կարենանք ամրացնել հայ համայնքները, որոնք գոյութիւն ունին Ռուսիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ: Մենք միշտ պէտք է զգանք Հայաստանի շունչը մեր համայնքներէն ներս», նշած է Մաղաքիա քահանայ:
Ներկայացնելով Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ուղերձը` նախարարութեան տեղեկատուական-վերլուծական բաժնի պետ Սարգիս Ալեքսանեան նշեց. «25 տարի շարունակ Հայաստանը եւ սփիւռքը ձեռք ձեռքի տուած` շենցուցին հայրենիքը, կառուցեցին ամուր եւ անկախ պետականութիւն, պայքարեցան յանուն խաղաղ, լուսաւոր ու գեղեցիկ ապագայի: Այս ցուցահանդէսը հիանալի առիթ է` բոլորս մէկ յարկի տակ հաւաքելու, յետադարձ հայեացք ուղղելու մեր երկրի անցած քսանհինգ տարիներու ուղիին եւ արժեւորելու զայն»:
«Արմենփրես» գործակալութիւնը շատ կարեւոր կը նկատէ այդպիսի ձեռնարկներու կազմակերպումը սփիւռքի հայաշատ գաղութներուն մէջ: Գործակալութեան տնօրէնի խորհրդական Հայկ Յակոբեան նշած է, որ Հայաստանի մեծագոյն լուսանկարչական արխիւներէն մէկը ունեցող գործակալութիւնը միշտ եղած է հայապահպան գործունէութեան առաջին շարքերուն վրայ: Ըստ Յակոբեանի, ցուցահանդէսը աննախադէպ է այն առումով, որ այստեղ ներկայացուած լուսանկարները կը պատմեն Հայաստանի մէջ անկախութենէն ետք տեղի ունեցած գրեթէ բոլոր կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին:
«Այս ցուցահանդէսը հիանալի առիթ է վերյիշելու Հայաստանի անկախութեան 25 տարիներու նուաճումները: Յատկանշական է, որ Ազգային հերոսներու շարքին կրնանք տեսնել Հայաստանի ազգային հերոս Եուրա Պօղոսեանի լուսանկարը, որ արցախեան պատերազմի սկիզբէն Վոլկոկրատէն ուղղուեցաւ Արցախ եւ իր կեանքի գնով քայլ մը առջեւ տարաւ հայերու յաղթանակը», նշեց Յակոբեան:
Ձեռնարկի ծիրին մէջ «Արմենփրես»-ի եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչները համայնքին եւ եկեղեցւոյ նուիրեցին գիրքեր` վստահութիւն յայտնելով այն մասին, որ անոնք իրենց արժանի տեղը կը գտնեն համայնքի գրադարանին մէջ:
Ցուցահանդէսի լուսանկարները ներկայացուած են «Անկախութեան բարձրագոյն արժէք», «Դժուարին յաղթանակ», «Ազգային հերոսներ», «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք», «Յոյսի Հայաստան», «Հաւատքի Հայաստան», «Ուխտագնացութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագիրներու տակ: