Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Smithsonian-ը Եւ USAID-ն Պիտի Օգնեն Պահպանելու Հայ Մշակոյթը Եւ Զարգացնելու Զբօսաշրջութիւնը
Միացեալ Նահանգներու Smithsonian հաստատութիւնը Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ֆինանսաւորումով Հայաստանի կառավարութեան հետ կը մշակէ ծրագիրներ, որոնք ուղղուած են հայկական մշակոյթի պահպանման եւ մշակութային զբօսաշրջութեան զարգացման: Այս մասին յայտնած է Smithsonian հաստատութեան միջազգային կապերու բաժինի ղեկավար Մոլլի Ֆաննոնը:
Անոր համաձայն, որպէս համաշխարհային մշակոյթի պահպանումով զբաղող մեծագոյն հաստատութիւն, Smithsonian-ը կ՛ուզէ պահպանել եւ տարածել ո՛չ միայն հազարամեայ պատմութիւն ունեցող հայերու իրեղէն մշակոյթը, այլ նաեւ` պարը, ճաշատեսակները, կենսակերպը եւ արուեստի բովանդակութիւնը:
«Մեր նպատակն է ապահովել Հայաստանի մշակութային ոլորտի կայուն զարգացումը` կապելով զայն մշակութային զբօսաշրջութեան հետ եւ տնտեսական նոր կարելիութիւններ ստեղծելով այդ ոլորտին մէջ», յայտնած է Ֆաննոն: Ըստ անոր, մշակոյթի պահպանումը զգալի տնտեսական աղբիւրներ կը պահանջէ. այսպիսով, մշակութային ժառանգութեան ոլորտին մէջ տնտեսական կարելիութիւններու ստեղծումը շատ կարեւոր է:
Եռակողմ ծրագիրով Smithsonian-ը ստեղծած է «Իմ Հայաստան» ծրագիրը, որուն նպատակն է նպաստել զբօսաշրջիկներու հետաքրքրասիրութեան եւ խթանել անոնց ներգրաւումը Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան մէջ:
Ֆաննոնի համաձայն, Smithsonian-ը հայկական կողմին հետ մշակած է երկու հիմնական ուղի` հիւսիսային եւ հարաւային, որոնց շուրջ պիտի ստեղծուին ենթակառոյցներ` կարելիութիւն տալով զբօսաշրջիկներուն հաճելի եւ յարմարաւէտ հանգիստ վայելել Հայաստանի մարզերուն մէջ` միեւնոյն ժամանակ մարզերու բնակիչներու համար նոր հեռանկարային աշխատատեղեր բանալով:
Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, 2016-ի առաջին եռամսեակին Հայաստան եկած է 252 հազար 506 զբօսաշրջիկ: Այս ցուցանիշը 2015-ի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` աւելցած է 8,6 տոկոսով: Յունուար-մարտ 2016-ին զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստանէն մեկնած է 227 հազար 499 հոգի, որ նախորդ տարուան եռամսեակին հետ բաղդատելով` 5,9 տոկոսով աւելի է: 2015-ին Հայաստան այցելած է 1 միլիոն 192 հազար զբօսաշրջիկ, 2014-ին` 1 միլիոն 203 հազար:
Յատկապէս նուազած է ռուս, վրացի, իտալացի եւ ֆրանսացի զբօսաշրջիկներուն թիւը, աւելցած է Իրանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, Աւստրալիայէն եւ Իրաքէն եկողներուն թիւը:
Մօտաւորապէս 30 Բժիշկներ Սեպտեմբերին Ֆրանսայէն Հայաստան Պիտի Երթան
Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրատեան 12 օգոստոսին ընդունած է ֆրանսահայ նշանաւոր միզաբան Ժան Փիեռ Պէրպէրեանը:
Փրոֆեսէօրը տեղեկացուցած է Ֆրանսայի միզաբանական միութեան անդամներուն սեպտեմբերին Հայաստան կատարելիք այցելութեան մասին: Մօտաւորապէս 30 մասնագէտներէ բաղկացած բժշկական խումբին այցելութեան նպատակն է փորձառութեան փոխանակումը եւ համագործակցութեան ընդլայնումը:
Նախարարը ողջունած եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու մասնագիտական խումբի նախաձեռնութեան: Ան առաջարկած է այցելութեան ընթացքին Հայկական միզաբանական միութեան հերթական տարեկան աշխատաժողովի ծիրին մէջ կազմակերպել միացեալ սիմփոզիում, որ պիտի քննարկէ նախապէս ընտրուած մասնագիտական նիւթեր եւ պիտի նուիրուի Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակին:
Արմէն Մուրատեան ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ կը գործեն բազմաթիւ արհեստավարժ մասնագիտական միաւորումներ, որոնցմէ առաջատար է նաեւ արդէն մօտաւորապէս 20 տարուան կենսագրութիւն ունեցող Հայկական միզաբանական միութիւնը:
Փրոֆեսէօր, միզաբան Իւան Աղաջանեան ներկայացնելով Ժան Փիեռ Պէրպէրեանի մասնագիտական գործունէութիւնը` ընդգծած է, որ այս անուանի բժիշկին կապուած է Հայաստանի մէջ 1980-ականներու աւարտին ներադիտական զարգացումը, որ բեկումնային նշանակութիւն ունեցաւ ո՛չ միայն միզաբանութեան, այլ նաեւ ընդհանուր բժշկութեան մէջ:
Յայտնենք, որ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութիւններուն:
«Մանկական Եւրոտեսիլ-2016»-ին Հայաստան Պիտի Ներկայանայ Զուգերգով
«Մանկական եւրոտեսիլ» երգի միջազգային հեղինակաւոր մրցումին այս տարի Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Մերի Վարդանեանն ու Անահիտ Ադամեանը:
Հանրային հեռուստաընկերութեան ստեղծագործական խումբին որոշումով անոնք պիտի ըլլան հայաստանեան պատուիրակները նշանաւոր այս մրցումին եւ հանդէս պիտի գան զուգերգով:
13-ամեայ Անահիտ Ադամեանը թէեւ ծնած է Սոչի, բայց եւ այնպէս հայրենիքին հետ կապը շատ ամուր է: Երաժշտական առաջին արհեստավարժ քայլերուն սկսած է 2013-էն, ուսանած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Անահիտը Ռուսիոյ մէջ մասնակցած է մանկական տարբեր մրցումներու եւ յայտագիրներու` պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրելով:
Իսկ 13-ամեայ Մերի Վարդանեանը ծնած է Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս քաղաքին մէջ: Երաժշտական արհեստավարժ առաջին քայլերը առած է 2011 թուականէն եւ սկսած է ուսանելու «Տօ-Ռէ-Մի» երաժշտական-ձայնամարզութեան դպրոցին մէջ: Մերին եւս մասնակցած է տարբեր միջազգային մրցումներու: 2015-ին երաժիշտ-կատարողներու «Վերածնունդ» միջազգային մրցում-փառատօնին արժանացած է գլխաւոր մրցանակին: 2016-ին «Ազգերու բարեկամութիւն» միջազգային մրցոյթին տիրացած է առաջին մրցանակին:
Նշենք, որ այս տարի «Մանկական եւրոտեսիլ»-ը պիտի կայանայ 20 նոյեմբերին, Մալթայի մայրաքաղաք Վալեթթայի մէջ, որ երկրորդ անգամն ըլլալով կը հիւրընկալէ մրցումը:
Բաց Դռներու Օր` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի Մէջ
«Այ.Էյ.Պի.-ի Վարչագիտական միջազգային ակադեմիայի ամառնային դպրոց` պատանի առաջնորդներու համար» ծրագիրի ծիրին մէջ 12-էն 16 տարեկան քսան աշակերտներ 3 օգոստոսին այցելած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր գրասենեակ:
Հանդիպումի ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան հիւրերուն ներկայացուցած է կազմակերպութեան կառավարման հոլովոյթներու մշակոյթը, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի յաջողութեան պատմութիւնը, արժէքներն ու համոզումները, որոնցմով կազմակերպութիւնը կ՛առաջնորդուի իր գործունէութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ պատասխանած է աշակերտները հետաքրքրող հարցումներուն:
Աշակերտները ծանօթացած են նաեւ բջիջային կապի արհեստագիտութեան հիմքերուն` այցելելով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հիմնական կեդրոններ. զանգերու կեդրոն, թեքնիք կեդրոն եւ սպասարկման կեդրոն: Կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնը բացատրած է, թէ ինչպէ՛ս կը գործէ բջիջային կապը, ինչպէ՛ս կը փոխանցուի ազդանշանը եւ կ՛իրականացուի կապը բաժանորդներուն միջեւ:
«Միշտ հաճելի է տեսնել երեխաներու` նոր գիտելիք ստանալու, զարգանալու եւ աճելու ձգտումը: Մեր ընկերութեան ամէնէն արժէքաւոր ձեռքբերումներէն մէկը տարիներու փորձն է, ինչ որ միշտ պատրաստ ենք կիսել այն անձերուն հետ, որոնք բռնած են յաջողութեան հասնելու ճամբան», ըսած է Ռ. Եիրիկեան:
2016-ի ամառնային դպրոցի ծրագիրի ծիրին մէջ Վարչագիտութեան միջազգային ակադեմիայի (Այ.Էյ.Պի.) աշակերտները կը սորվին անգլերէն, ձեռնարկատիրութիւնը, վարչագիտութիւն եւ նախագիծերու կառավարում, ինչպէս նաեւ կ՛այցելեն բազմաթիւ ձեռնարկութիւններ` անհատական զարգացման նպատակով: Ձեռնարկատիրութեան եւ վարչագիտութեան այս բացառիկ ծրագիրին նպատակն է ուղղորդել երեխաները գաղափարի ձեւաւորումէն մինչեւ առաջին սկսնակ գաղափարներու ստեղծում` բացայայտելով անոնց համար առաջնորդութեան, մեծ գաղափարներու, կազմակերպութիւններու յաջողութեան, ելեւմուտքի եւ շուկայադրումի հասկացողութիւնները:
«Երիտասարդ առաջնորդներու համար նախագիծի կառավարում» նիւթի հիմքին մէջ կայ հիմնարար նախագիծներու կառավարման գործիքակազմերու, ինչպէս նաեւ ընթացիկ խումբերու ձեւաւորումը, ինչ որ կ՛օգնէ աշակերտներուն աշխատիլ իրական ծրագիրներու զարգացման վրայ` գաղափարի ստեղծումէն մինչեւ իրականացում:
Շուշիի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Քանդակագործութեան Միջազգային Գիտաժողով
Շուշիի մէջ 10 օգոստոսին բացման պաշտօնական արարողութիւնը կատարուեցաւ «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան չորրորդ միջազգային գիտաժողովին Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանի պուրակին մէջ : Այս մասին յայտնած է «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» կազմակերպութեան տնօրէն Լուսինէ Գասպարեանը: Ան նշած է, որ արդէն Շուշիի մէջ աւանդական դարձած քանդակագործութեան գիտաժողովը միջազգային համագործակցութեան, մշակութային ու մասնագիտական երկխօսութեան եւ ստեղծագործական ոգեշնչման հարթակ է արուեստագէտներուն համար:
Տեղեկացնենք, որ Քանդակագործութեան չորրորդ միջազգային գիտաժողովին մասնակցած են տասնեակ մը քանդակագործներ` Միացեալ Նահանգներէն, Չինաստանէն, Լեհաստանէն, Ռուսիայէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն:
«Քանդակագործութեան սիմփոզիումը առիթ է գեղեցիկ արուեստի շուրջ համախմբելու մեր հին ու նոր բարեկամները, ստեղծելու արուեստի գործեր, որոնք Շուշիի մշակութային նոր կերպարին մաս կը կազմեն եւ կը յիշեցնեն գեղեցիկի եւ հոգեւորի յաւերժութեան մասին», ըսած է Լ. Գասպարեան` նշելով, որ գիտաժողովի կազմակերպիչներն են Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը եւ «Ապագայ սերունդներու հիմնադրամ»-ը:
Մեր Զինուորները Հպարտալի Ներկայութիւն` Արցախի Մշակութային Վայրերուն Մէջ
Արձակուրդի օրերուն Արցախի տեսարժան վայրերը լեցուն էին զինուորներով. տարբեր զօրամասերէ սահմանապահներ այցելած էին մշակութային վայրեր, ինչպէս` Գանձասար, «Տիգրանակերտ» պետական պատմական մշակութային արգելոց:
Զինուորները արգելոց թանգարանին մէջ կը մօտենային, կը ծանօթանային ցուցադրուած նմուշներուն, որոնք պեղուած, յայտնաբերուած էին Տիգրանակերտի պեղումներուն ընթացքին, արգելոցի բակին մէջ կը զրուցէին իրարու հետ:
Գանձասար վանական համալիրի բակին մէջ սփիւռքահայերը հիացումով կը մօտենային զինուորներուն եւ կը փափաքէին լուսանկարուիլ անոնց հետ` հաստատելով, որ անոնք իսկական հպարտութիւն են համայն հայութեան համար:
Հայաստանի Մէջ Երկու Ամսուան Ընթացքին Մօտաւորապէս 450 Բջիջային Հեռաձայն Արտադրուած Է
Յունուար-յուլիս 2016-ին հրապարակ իջած է 696 փլանշեթ, ինչպէս նաեւ 450 բջիջային հեռաձայն:
Այս տուեալները ներկայացուցած է Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Հեռաձայններուն նշուած քանակը արտադրուած է մայիս-յունիս ամիսներուն: Մինչեւ մայիս, ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն, հեռաձայններ Հայաստանի մէջ չէին արտադրուեր:
6 յունիսին Technology and Science Dynamics (TSD) ընկերութիւնը վաճառքի հանած էր ArmPhone սմարթֆոններու առաջին օրինակները: Սպառողին ներկայացուած է 5 տարբեր օրինակ` իւրաքանչիւրը իր առանձնայատկութիւններով:
Մերգելեանի անուան հիմնարկին մէջ գտնուող ազատ տնտեսական գօտիին մէջ իր գործունէութիւնը ծաւալած է Technology & Science Dynamics (TSD) ընկերութիւնը, որուն գործարանին մէջ սկսած է հայկական առաջին փլանշեթներու եւ սմարթֆոններու արտադրութիւնը: Մարտին կառավարութեան «Մէկ փոքրիկ-մէկ համակարգիչ» ծրագրին ծիրին մէջ ընկերութիւնը ներկայացուց իր ArmTab TSD Wide A1004T ուսումնական փլանշեթը, որ ընկերութեան արտադրատեսակներու երկար ցանկին միայն առաջին սարքն է:
Ամերիկացի Բժիշկները Կամաւոր Աշխատանք Կը Տանին Գաւառի Եւ Հրազդանի Բժշկական Կեդրոններուն Մէջ
Արդէն երրորդ օրն է, որ Գաւառի եւ Հրազդանի բժշկական կեդրոններուն մէջ ամերիկացի բժիշկներ կամաւոր առաքելութիւն կը կատարեն` Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան եւ Քենզըս նահանգի իշխանութիւններուն հետ համագործակցութեամբ:
Ըստ կամաւոր խումբի անդամ բժիշկ Մերիլի Սմոլի, կամաւոր առաքելութեան նախաձեռնողը ամերիկացի Մ. Հարպըրն է, որ ներկայիս կ՛ապրի Երեւան եւ կ՛աշխատի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հետ:
«Մեր առաքելութիւնը հայկական մշակոյթէն բան մը սորվիլն է եւ` տեղւոյն բժշկական անձնակազմին հետ փորձառութեան փոխանակումը: Երկու տարի առաջ կամաւորական առաքելութեամբ հոս եկած են ամերիկացի 2 բժիշկներ, որոնք աշխատած են Հայաստանի հարաւը, շատ հաւնած են ու որոշած են ընդարձակել առաքելութեան ծիրը: Եկած ենք 40 հոգիով եւ բաժնուած` 2 խումբի. մէկ խումբը ներկայիս կը գործէ Հրազդանի բժշկական կեդրոնին մէջ, մեր խումբը` Գաւառի: Մեր կազմին մէջ կան բժիշկներ, հիւանդապահներ, վարչական գործեր կատարողներ, շտապ օգնութեան բժիշկներ եւ լրագրող», դիտել տուած է Մ. Սմոլի:
Գաւառի բժշկական կեդրոնի տնօրէն Աշոտ Կարապետեան յայտնած է, որ ամերիկացի բժիշկ կամաւորները, որոնք հիմնականին մէջ կը ներկայացնեն Քենզըս նահանգը, կը մասնակցին բժշկական կեդրոնին մէջ կատարուող վիրահատութիւններուն, ծննդաբերութիւններուն, շտապ օգնութեան կանչերուն, կը կազմակերպեն սեմինար-դասընթացքներ տարբեր բժշկական թեմաներով, իսկ յատուկ մասնագէտները կը նորոգեն բժշկական սարքերը:
Մերիլի Սմոլի ներկայացուցած է իր առաջին տպաւորութիւնները. «Գաւառի բժշկական կեդրոնի թեքնիք յագեցուածութեան եւ բժշկական անձնակազմի մասնագիտական պատրաստուածութեան մասին կարգ մը սարքեր միեւնոյնն են, ինչպէս` Միացեալ Նահանգներու մէջ, կան նաեւ ուրիշներ, որոնք կրնան աւելի ժամանակակից ըլլալ, սակայն ընդհանուր առմամբ կը ծառայեն իրենց նպատակին: Բժշկական անձնակազմի անդամները շատ ջերմ են, բարեհամբոյր, կը սիրեն բաժնեկցիլ, սորվիլ, կը տիրապետեն իրենց մասնագիտական գիտելիքներուն, կայուն հիմք ունին: Բայց միշտ ալ մասնագէտը սորվելիք ունի, իսկ ինչ որ մենք կը սորվեցնենք, կը նկատուի գիտելիքներու թարմացում»:
2015-ի Համեմատութեամբ Հայաստանի Բնակչութեան Թիւը Նուազած Է 14 Հազարով
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 1 ապրիլ 2016-ի դրութեամբ Հայաստանի բնակչութեան ընդհանուր թիւը կազմած է 2 միլիոն 994 հազար մարդ: Նման տուեալներ հաղորդեց ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Աննա Յովհաննիսեանը` ընդգծելով, որ համեմատելով 1 յունուար 2015-ին արձանագրուած ցուցանիշին հետ` բնակչութեան թիւը նուազած է 14 հազարով:
«Այսինքն, եթէ տարուան մէջ ունինք չորս եռամսեակ, ապա այս կամ միւս տարուան 1 յունուարին կ՛ակնկալուի նուազեցում 16 հազարով: 2011-ի մարդահամարէն ետք թիւերը նուազած են` 3 միլիոն 18 հազարէն դառնալով 2 միլիոն 994 հազար մարդ», նշեց Ա. Յովհաննիսեան:
Իր կարգին, ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան ըսաւ, որ ըստ իրենց կանխատեսումներուն, 2050-ին ամէնէն վատ պարագային Հայաստանի բնակչութեան թիւը պիտի կազմէ 1 միլիոն 700 հազար մարդ, իսկ լաւագոյն պարագային` 3 միլիոն 100 հազար:
«Բնակչութեան պակասը, յատկապէս` փոքր երկիրներուն համար, մտահոգութիւն է, օրինակ` տնտեսութեան տեսանկիւնէն, որովհետեւ հաշուարկներ կան, որ տնտեսապէս գրաւիչ ըլլալու համար երկիրը նուազագոյն 5 միլիոն սպառող պէտք է ունենայ», նշեց գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչը: