Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 10, 2016
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Մանկական Նոր Ալիք-2016»-ին Հայաստանը Պիտի Ներկայացնէ Միշան

Misha_81016

«Մանկական նոր ալիք-2016» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Միքայէլ Գրիգորեանը` 8-ամեայ Միշան: Ան ելոյթ պիտի ունենայ եւ իր ուժերը պիտի փորձէ մրցոյթի եզրափակիչ հանգրուանին` օգոստոս 11-13, Ղրիմի «Արթեկ» կեդրոնին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Առաջին ալիքի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Միշան մրցոյթին կը նախատեսէ ներկայացնել The Jackson 5-ի «I Want You Back» եւ իր «Փոքրիկ ղարաբաղցին» ստեղծագործութիւնները, թէեւ, կանոններու համաձայն, ատոնք կրնան փոփոխուիլ մրցոյթի ստեղծագործական խումբի անդամներու պահանջով:

Հայաստանի պատուիրակ Միշայի խօսքով, ելոյթէն առաջ յուզուած չէ, պիտի ընէ ամէն ինչ, որպէսզի լաւագոյնս ներկայանայ միջազգային հանդիսատեսին: «Ամէնէն մեծ երազս, ի հարկէ, սահմաններուն մէջ խաղաղութիւն ունենալն է, եւ ես ամէն ինչ կ’ընեմ, որ լաւ երգեմ եւ բոլորին պատմեմ Արցախի մասին», կը  նշէ փոքրիկ Միշան:

«Մանկական նոր ալիք» երգի միջազգային մրցոյթը առաջին անգամ տեղի ունեցած է Մոսկուայի մէջ 2008 թուականին: Ան սկսած է լայն տարածում գտնել 2009 թուականէն, երբ մրցոյթին կազմակերպիչները ստացած են մասնակցութեան աւելի քան 4 հազար դիմում: 2010 թուականին մրցոյթը սկսած է կազմակերպուիլ «Արթեկ» միջազգային մանկապատանեկան կեդրոնին մէջ:

Հանրային պատկերասփիւռը «Մանկական Նոր ալիք 2016»-ի պաշտօնական հեռարձակողն է: Կանոններու համաձայն, մրցոյթի հեռուստատեսային տարբերակը կարելի կ’ըլլայ ներկայացնել մրցոյթէն օրեր անց միայն:

Յունուար-Յուլիսին Հայաստանի Տրամադրուած Է Մօտաւորապէս 25 Միլիոն Տոլարի Մարդասիրական Օգնութիւն

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէին կողմէ տրամադրուած տուրքերու յայտարարագիրներուն, յունուար-յուլիս 2016-ին մարդասիրական օգնութեան կարգով Հայաստան ներածուած է 1.508.7 թոն ապրանք, որուն արժէքը կազմած է 11 միլիոն 896,3  հազար դրամ կամ 24 հազար 962,8 տոլար:

Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն, ստացուած օգնութեան 60,3 տոկոսը կազմած են քիմիական եւ անոր կապուած արդիւնաբերութեան ճիւղերու արտադրանքը, 12.,8 տոկոսը` մանածագործական իրերը, 6,7 տոկոսը` տարբեր արդիւնաբերական ապրանքները, 4.1 տոկոսը` քարէ, շաղախէ, խիճէ իրեր, 4,1 տոկոսը` մեքենաները, սարքաւորումները եւ համակարգերը, իսկ 12 տոկոսը` այլ ապրանքներ:

Յայտնենք, որ այս տարուան յունուար-յունիսին Հայաստանին տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան ընդհանուր քանակին 17,8 տոկոսը եկած է Միացեալ Նահանգներէն, 24,8 տոկոսը`  Եւրոպական Միութեան երկիրներէն, 23,5 տոկոսը` Զուիցերիայէն, 7,4 տոկոսը` Ճափոնէն, 8,2 տոկոսը` Չինաստանէն:

«Երեւան Տարազֆեսթ 2016»-ը` Արցախի Վերածնունդի Հրապարակին Վրայ

Darazafest_81016

Արցախի մայրաքաղաքի Վերածնունդի հրապարակին վրայ կազմակերպուած «Երեւան տարազֆեսթ 2016» փառատօնի ծիրին մէջ, ուշ երեկոյեան ներկայացուած են ձեւաւորողներ Լիլիթ Մելիքեանի, Արամ Նիկոլեանի եւ Վահան Խաչատրեանի տարազային եւ մանրանկարչութեան բաղադրիչ պարունակող հագուստներու հաւաքածոներու անհատական ցուցադրութիւնները, որոնք ուղեկցուած են «Միքայէլ Ոսկանեան եւ ընկերներ» երաժշտական խումբի կենդանի կատարումներով:

Երեւանի քաղաքապետարանի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուած տեղեկութիւններով, փառատօնի ծիրին մէջ կազմակերպուած ցուցահանադէս-վաճառքն ու ազգային տարազի եւ արդի հագուստի ցուցադրութիւնները մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուած են ե՛ւ ստեփանակերտցիներու, ե՛ւ Արցախի մայրաքաղաք այցելած զբօսաշրջիկներու կողմէ:

Կարեւոր համարելով «Երեւան տարազֆեսթ 2016» փառատօնը Արցախի մայրաքաղաքին մէջ իրականացնելու որոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան իր հերթին համոզում յայտնած է, որ ձեռնարկը լրացուցիչ խթան պիտի հանդիսանայ երկու մայրաքաղաքներու մշակութային համագործակցութեան հետագայ խորացման  եւ ընդլայնման համար:

«Տէրեան մշակութային կեդրոն»-ի տնօրէն, ձեւաւորող Լիլիթ Մելիքեան նշած է, որ փառատօնը իսկապէս յաջողած է` տարազի տարրերու միջոցով ազգային մշակոյթի հարուստ ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելով արցախցիները եւ քաղաքի հիւրերուն նուիրելով ազգային ինքնատիպ տօն:

«Երեւան տարազֆեսթ 2016» փառատօնը, որ 2-րդ տարին անընդմէջ կը  կազմակերպուի Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ «Երեւանեան ամառ» եռամսեայ ծրագրին ծիրին մէջ, Երեւանի քաղաքապետի Լեռնային Ղարաբաղ կատարած պաշտօնական վերջին այցելութեան ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ, այս անգամ հիւրընկալուած է Ստեփանակերտի մէջ:

«Երեւան տարազֆեսթ 2016» երկրորդ փառատօնին իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը, ինչպէս նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնները:

Դաշնակահար Միքայէլ Հայրապետեանին Մենահամերգը Երեւանի Մէջ

Hayrabedian_81016

Օգոստոս 3-ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ, «Գաֆէսճեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակահար, «Հայաստանի գաղտնիքներ» երաժշտական նախագիծի հիմնադիր եւ գեղարուեստական ղեկավար Միքայէլ Հայրապետեանին մենահամերգը, որուն մասնակցեցան` Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, նախարարութեան աշխատակիցներ, արուեստագէտներ եւ հիւրեր:

Միքայէլ Հայրապետեան առաջին անգամ ըլլալով հանդիսատեսի դատին ներկայացուց հայ երգահան Հարօ Ստեփանեանի ստեղծագործութիւնները` իր կատարումներով հիացնելով հանդիսատեսը:

Հնչեցին Հարօ Ստեփանեանի` ժողովրդական մոթիվներով գրուած մանկական կտորները եւ 26 նախերգանք` դաշնակի համար:

Նուագահանդէսի աւարտին ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան: Ան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի անունով շնորհակալութիւն յայտնեց տաղանդաւոր դաշնակահարին` հայ դասական երաժշտութեան գոհարները աշխարհին ներկայացնելուն եւ հայկական մշակոյթը ճանաչելի դարձնելու համար:

Միքայէլ Հայրապետեան աւարտած է Մոսկուայի Չայքովսկիի անուան պետական երաժշտանոցը եւ ներկայիս կը շարունակէ Մոսկուայի երաժշտանոցի ասպիրանթուրան, կը զբաղի հայ երգահաններու անարդարացիօրէն մոռցուած ստեղծագործութիւններուն նոր կեանք հաղորդելու եւ հանրային հետաքրքրութիւնը դէպի հայկական դասական երաժշտութիւնը սեւեռելու ազգանուէր գործով:

Յայտնենք, որ Միքայէլ Հայրապետեանը «Naxos»-ի միջազգային ճանաչում ունեցող արուեստագէտ է, անոր հայ դասական երաժշտութեան կատարումներու ձայնասկաւառակները կը գրախօսուին աշխարհի լաւագոյն երաժշտական ամսագիրներուն` «Ֆանֆար», «Ինթըրնէշընըլ փիանo», «Արմինիըն ռեքորտ կայտ», «Միւզիք ուէպ ինթըրնաշընըլ»-ի մէջ:

Բակօ Սահակեան Հանդիպած Է Ասմունքի Համահայկական Փառատօնի Մասնակիցներուն Հետ

asmounk_81016

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան օգոստոս 3-ին Շուշիի մէջ հանդիպած է Ասմունքի համահայկական հինգերորդ փառատօնի մասնակիցներուն հետ: Այս մասին կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Նախագահը գոհունակութեամբ նշած է, որ ասմունքի փառատօնը դարձած է աւանդական` կարեւոր համարելով այսպիսի ձեռնարկներու դերը ազգային մշակոյթի եւ արժէքներու պահպանման, ինչպէս նաեւ մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան տեսանկիւններէն:

Նշենք, որ ասմունքի փառատօնը կ’իրականացուի Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի ծիրին մէջ:

Նոյն օրը նախագահը ներկայ  գտնուած է Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ խառն մենամարտերու եւ թայլանտական բռնցքամարտի մասնագիտական առաջնութեան բացումին:

Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է երիտասարդներու ֆիզիքական դաստիարակութիւնը` ընդգծելով, որ մարմնամարզութեան զարգացումը միշտ եղած է իշխանութիւններու ուշադրութեան առարկայ:

Նոր Ժամանակաւոր Ցուցադրութիւն` ՀՊԹ-ի Հիմնադիր Հաւաքածոն Խորագրով

Museum_81016

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է նոր ժամանակաւոր ցուցադրութեան մը`

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի հիմնադիր հաւաքածոն (1921 – 1931) թուականներ խորագիրով:

Տեղեկացնենք, որ Հայաստանի պատմութեան թանգարանը  հիմնադրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի օրէնքով` (N 439, 09 սեպտեմբեր 1919-ին): Կոչուած է Ազգագրական-մարդաբանական թանգարան-գրադարան: Առաջին տնօրէնն էր Երուանդ Լալայեանը: Այցելուներու համար թանգարանը բացուած է 20 օգոստոս 1921-ին: Ժամանակի ընթացքին կրած է անուանափոխութիւններ. Հայաստանի Պետական կեդրոնական անուանումը` 1922-ին, Կուլտուր-պատմական` 1931-ին, Պատմական` 1935-ին, Հայաստանի Պատմութեան պետական թանգարան` 1962-ին եւ Հայաստանի Պատմութեան  թանգարան` 2003-ին:

Թանգարանի հիմնադիր հաւաքածոյին հիմը դրուած է 1921-ին` Կովկասի Հայոց ազգագրական  ընկերութեան, Նոր Նախիջեւանի Հայկական հնութիւններու թանգարաններու, Անիի հնադարանի, Վաղարշապատի մատենադարանի հաւաքածոներու հիման վրայ:

1923-ին ստեղծուած է Հայաստանի Հնութիւններու պահպանութեան կոմիտէն` Ալ. Թամանեանի նախագահութեամբ: Կոմիտէին կողմէ թանգարանին յանձնուած է առարկաներու զգալի խմբաքանակ մը, որով համալրուած է հիմնադիր հաւաքածոն` կազմելով 15.289 առարկայ:

Այժմ թանգարանը կը պահպանէ մօտաւորապէս 400 հազար առարկաներէ բաղկացած ազգային հաւաքածոյ մը` հետեւեալ բաժիններով. հնագիտութիւն` հիմնական հաւաքածոյին 35 առ հարիւր, ազգագրութիւն` 8 առ հարիւր, դրամագիտութիւն` 45 առ հարիւր, վաւերագրեր` 12 առ հարիւր: Թանգարանը նաեւ կը համալրէ իր հաւաքածոները հիմնականօրէն Հայաստանի տարածքի հնավայրերէն յայտնաբերուած գտածոներով, գնումներով, նուիրատուութիւններով:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած է Հայաստանի մշակոյթի եւ պատմութեան ամբողջական պատկերը նախապատմական ժամանակներէն` մէկ միլիոն տարի առաջ, մինչեւ մեր օրերը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են յատկապէս

նմուշներ Հայոց ազգագրական ընկերութեան հաւաքածոյէն, որ յանձնուած է թանգարանին 1922-ին, նմուշներ` Էջմիածնի հաւաքածոյէն, որ յանձնուած է թանգարանին 1931 թուականին, հնատիպ գիրքեր Հայոց ազգագրական ընկերութեան գրադարանէն, որ թանգարանին յանձնուած է 1922-ին, ինչպէս նաեւ լուսանկարներ` թանգարանի 1925 – 1930 թուականներու ցուցադրութիւններէն, եւ վերջապէս  Սեպագիր արձանագրութիւն` Սարդուրի Բ. թագաւորի, Ն.Ք. 764-735:

Գեղարքունիքի Մարզին Մէջ Սկիզբ Դրուած Է 8 Մանկապարտէզներու Եւ Մէկ Դպրոցի Հիմնանորոգումին

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Գեղարքունիքի մարզի 6 գիւղական եւ 3 քաղաքային համայնքներուն մէջ սկիզբ դրուած է 8 մանկապարտէզի եւ 1 դպրոցի շէնքերու հիմնանորոգման կամ կառուցման աշխատանքներուն:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին ներկայացուց Գեղարքունիքի մարզպետ Ռաֆիկ Գրիգորեան, նախադպրոցական եւ դպրոցական հաստատութիւններու շէնքերու վերանորոգման ծրագիրը կ՛իրականանայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ 23 սեպտեմբեր 2015-ին կատարուած խորհրդակցութեան ընթացքին տրուած յանձնարարականներուն հիման վրայ, Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամին կողմէ յատկացուած մէկ միլիառ 400 միլիոն դրամի շրջանակներուն մէջ:

Մանկապարտէզներու շէնքերը կը հիմնանորոգուին Լիճք, Ծակքար, Գեղամաւան, Դդմաշէն գիւղերուն, ինչպէս նաեւ Սեւան, Գաւառ եւ Ճամբարակ քաղաքներուն մէջ: Վարդաձոր գիւղին մէջ մանկապարտէզի շէնքը հիմքէն պիտի կառուցուի:

Սոյն հիմնադրամին ֆինանսաւորումով պիտի հիմնանորոգուի նաեւ Ծաղկաշէնի միջնակարգ դպրոցին շէնքը: «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մօտ կատարուած խորհրդակցութեան ընթացքին տրուած յանձնարարականներու համապատասխան կէտով մարզի ընկերային տնտեսական հիմնախնդիրներու շարքին մէջ առաջնահերթութիւնը տրուած էր նախակրթարան եւ կրթական հաստատութիւններու վերանորոգման ու արդիականացման ծրագիրներու իրականացման, որուն հիման վրայ ալ ընտրուած են վերոնշեալ շէնքերու մանկապարտէզներու եւ դպրոցի շէնքերու նորոգման կամ կառուցման ծրագիրներ: Յառաջիկային ներդրումային այլ ծրագիրներով կը սկսին նաեւ մեր մարզի 4-րդ կարգի վնասուածք ունեցող դպրոցական 5 շէնքերու աշխատանքները», տեղեկացուց մարզպետը:

Համագործակցութեան Ծրագիրի Ստորագրութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան Եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան Հիմնադրամի Միջեւ

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 26 յուլիսին ընդունած է Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթթոն եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչները:

Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամին միջեւ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին համագործակցութեան առնչուող հարցեր, ինչպէս` պաշպանութեան մարզին մէջ կիներու ներկայացուածութեան ու մասնակցութեան կարելիութիւններու ընդլայնման եւ հաւասար կարելիութիւններու ապահովման ուղղութեամբ: Նախարար Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատած է ինչպէս Բնակչութեան հիմնադրամի, նոյնպէս ալ ՄԱԿ-ի այլ մասնագիտացած կառոյցներու հետ համագործակցութեան խորացումը` իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու կատարումին, հանրապետութեան պաշտպանական բարեփոխումներու շարունակութեան ապահովման եւ զինուած ուժերուն մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ միջազգային օժանդակութեան անհրաժեշտ աղբիւր եւ ուղղորդիչ գործիք:

Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթթօ շնորհակալութիւն յայտնած է համագործակցութեան համար եւ ընդգծած` փոխադարձ յարաբերութիւններու շրջանակի ընդլայնման պատրաստակամութիւնը: Իր կարգին, ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գ. Հայրապետեան նշած է, որ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ իրենց համագործակցութիւնը կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ կրնայ դիտուիլ իբրեւ պաշտպանական գերատեսչութեան հետ համագործակցութեան լաւագոյն փորձի օրինակ:

Հանդիպումի աւարտին ստորագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակին միջեւ 2016-ի համագործակցութեան ծրագիրը:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Խոջալուի Ազատագրումը Եւ Ազերիական Լայնածիր Յարձակում Արցախի Արեւելեան Սահմանի Երկայնքին

Յաջորդը

Հզօր Հայաստանով Կ՛իրականացուի Սեւրի Դաշնագիրի «Երազ»-ը (10 Օգոստոս 1920)

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?