Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Սուրիահայ Պղնձագործներու Աշխատանքները Կը Ցուցադրուին Սարդարապատի Թանգարանին Մէջ Սարդարապատի թանգարանին մէջ բացումը կատարուած է պղնձագործ վարպետներու Սուրիոյ դպրոցի ներկայացուցիչներու աշխատանքներու ցուցադրութեան: Սարդարապատի թանգարանի տնօրէն Կարէն Արիստակէսեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Հալէպի մէջ պղնձագործութեամբ զբաղող հայկական ամէնէն յայտնի տոհմը Գալամքարեաններու տոհմն է, որուն աշխատանքները ներկայացուած են թանգարանին մէջ: «Գալամքարեաններու խանութը Հալէպի մէջ գործած է մինչեւ...


















