Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 24, 2016
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Աւարտեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Բանակում

panagoum-(1)_81616

ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը 16 օգոստոսին աւարտեց Բիւրականի մէջ կազմակերպուած բանակումը, որուն կը մասնակցէին աւելի քան 250 երիտասարդներ` հանրապետութեան տարբեր մարզերէն:

ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական մարմինի անդամ Հայկ Իգիթեան նշած է, որ բանակումներուն ծագումը ունեցած է մարտական նշանակութիւն եւ այդ բոլորը առաւել յստակ երեւցան ապրիլեան իրադարձութիւններուն ընթացքին, երբ Երիտասարդական միութեան խումբ մը երիտասարդներ միացան հայ զինուորներուն` պահելու Արցախի սահմանները: Անոր համաձայն, տակաւին արցախեան պատերազմի տարիներէն ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւնը կը կազմակերպէր բանակումներ, որոնց նպատակն էր Հայաստանի տարբեր մարզերէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն երիտասարդներ ներգրաւելու ճամբով համահայկականութիւն ձեւաւորել: Երիտասարդ դաշնակցականը յայտնած է, որ 2016 թուականին իրենք կազմակերպած են 2 միջմարզային եւ մէկ համապետական բանակումներ, որոնց մասնակցած են աւելի քան 500 երիտասարդներ:

panagoum-(3)_81616

«Մասնակից երիտասարդները 16-25 տարեկան են, Դաշնակցութեան Երիտասարդական միութեան համակիրներ են: Բանակումի հիմնական նպատակը երիտասարդները ազգայնականութեամբ, բայց ո՛չ ազգայնամոլութեամբ սերմանելն է` ազգային ոգիով դաստիարակելը: Քանի մը օրուան ընթացքին երիտասարդներուն սեմինարներու միջոցով փորձեցինք լրացուցիչ գիտելիքներ փոխանցել, որպէսզի անոնք զինուին նոր պաշարով եւ փորձեն այդ բոլորը գործածել իրենց կեանքին մէջ», նշած է բանակումի պատասխանատու Խաչատուր Ստեփանեան:

panagoum-(4)_81616

Բանակողներուն կազմած խումբերէն «Լիզպոն 5» անունը կրողը ներկայացուցած է ծրագիր մը, որուն մէջ նշած են, որ երիտասարդները պատրաստ են պէտք եղած պահուն մեկնելու Արցախ եւ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու  կարիք ունեցող զինուորներուն: Իրենց ծրագիրին մէջ անոնք առանձնացուցած են քանի մը հարցեր, որոնք առկայ են Արցախի մէջ, ինչպէս` մեծ թիւով երիտասարդներու խուսափումը բանակին մէջ ծառայելէ, զինամթերքի պակասը, սահմանամերձ բնակավայրերէն բնակչութեան արտագաղթը: Այս հարցերուն համար անոնք ունէին իրենց մշակած լուծումները` մանկութենէ փոքրիկներուն մօտ հայրենասիրութիւն քարոզել, սեփական արտադրութիւն ստեղծել եւ սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ աշխատատեղեր բանալ:

Բանակումի մասնակիցները ներկայացուցած են իրենց սորված մարտական հնարքները, յաղթահարած արգելագօտիները` ցուցադրելով իրենց ֆիզիքական պատրաստուածութիւնը: Այնուհետեւ երիտասարդները ողջունած են աւագ դաշնակցականները:

Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին բանակումի մասնակիցներէն Տարօն Մանուկեան յայտնած է, որ արդէն երրորդ տարին ըլլալով կը մասնակցի բանակումին. ան փորձած է յայտնել, թէ ինչո՛ւ ընտրած է այս ուղին:

«Դաշնակցութեան գաղափարները ինծի համար հարազատ են, ատկէ բացի նպատակ ունիմ շարունակել հօրս ուղին: Այս կառոյցը կարեւոր է եւ կը յատկանշուի անով, որ այստեղ կը տիրէ ընկերասիրութիւնը: Բանակումը կը նպաստէ, որպէսզի մենք ձեռք ձգենք գիտելիքներ եւ ազգային արժէքներ, որոնք շատ կարեւոր են հայ երիտասարդին համար», ըսած է ան:

Քանատահայ Պատանիները Հանդիպում Ունեցան Նահատակներու Ծնողներուն Հետ

canadajuniors_82416

ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութեան ընդհանուր վարիչ մարմինի կազմակերպած «Հայաստանագնացութիւն 2016» ծրագիրի ծիրին մէջ քանատահայ 46 պատանիներ եռօրեայ ճանաչողական այցելութիւն տուին Արցախ:

Պատանիները այցելեցին Արցախի շարք մը պատմական մշակութային յուշարձաններ, ինչպէս նաեւ Արցախի զօրամասերէն մէկը, ուր կարելիութիւն ունեցան աւելի մտերմիկ մթնոլորտի մէջ կապ հաստատելու հայ զինուորներուն հետ, ծանօթանալու անոնց առօրեային:

ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է նաեւ հանդիպում արցախեան քառօրեայ պատերազմին նահատակուած  հերոսներու ծնողներուն եւ հարազատներուն հետ:

Պատանիները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնած են հերոս նահատակներու ծնողներուն եւ հարազատներուն` իրենց կազմակերպած ձեռնարկին ներկայ գտնուելնուն համար, ապա նշած, որ անոնց զաւակները մերօրեայ հերոսներն են, որոնց պատմութիւններով պիտի դաստիարակուին իրենք եւ պիտի հանդիսանան ապագային անոնց գործը շարունակողները:

Պատանիները այնուհետեւ հանդէս եկած են ասմունքով եւ մեկնաբանած ազգային յեղափոխական երգեր:

Հանդիպման աւարտին ՀՅԴ Քանատայի Պատանեկան միութիւնը  ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի 10 նահատակներու ծնողներուն դրամական  աջակցութիւն տրամադրած է:

Կայացաւ Ամուլսարի Ոսկիի Ծրագիրի Շինարարութիւնը. Ներդրումները Պիտի Կազմեն 370 Միլիոն Տոլար

amoulsar_82416

Վայոց ձորի մարզին մէջ տեղի ունեցաւ Ամուլսարի ոսկիի ծրագիրի շինարարութեան բացման արարողութիւնը` ներկայութեամբ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Լեւոն Եոլեանի, տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեանի, Հայաստանի մէջ Համաշխարհային դրամատան եւ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի գրասենեակներու ղեկավարներ Լորա Պէյլինի եւ Թերեզա Տապան Սանչեզի, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ դեսպաններ Ռիչըրտ Միլզի եւ Ճուտիթ Ֆարնուորթի:

Յովիկ Աբրահամեան հաստատած է, որ առաջին օրէն իսկ կառավարութիւնը լիովին աջակցած է ծրագիրին` վստահ ըլլալով, որ անիկա յաջողութեամբ կեանքի պիտի կոչուի:

«Լիտիըն ինթըրնեշընըլ»-ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հաուըրտ Սթիընսընը շնորհաւորած է բոլոր շահագրգիռ կողմերը` Ամուլսարի ծրագիրի նոր եւ կարեւոր հանգրուանին սկսելուն առիթով, շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան, շրջակայ համայնքներուն, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն` վստահութեան եւ շարունակական աջակցութեան համար:

Ամուլսարը ներկայիս Հայաստանի մէջ կատարուող միջազգային մեծագոյն ներդրումն է: Ծրագիրի շինարարութեան (2016-2018) ծախսերը պիտի կազմեն 370 միլիոն տոլար: Շինարարութեան առաւել աշխուժ շրջանի աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլայ 1300 հոգի, արդիւնահանման 10 տարիներուն ընթացքին «Լիտիըն Արմէնիա»-ն պիտի ապահովէ 700 աշխատատեղ: Յայտնենք, որ Ամուլսարը Հայաստանի մէջ առաջին հանքաարդիւնաբերական ծրագիրն է, որ իրականացուած է Միջազգային ֆինանսական համագործակցականի եւ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան չափանիշներուն համապատասխան բնապահպանական եւ ընկերային ազդեցութիւններու գնահատումով:

Ֆրանսական Ընկերութիւնը Կ՛ուսումնասիրէ Արեւային Ուժանիւթ Արտադրելու Կարելիութիւնները

schneider-electric_82416

«Հայաստան արեւային երկիր է եւ ունի արեւային մեծ ներուժ», յայտարարած է ֆրանսական «Շնայտըր Էլեքթրիք»  ընկերութեան փոխնախագահ Եոհան Վանտերփլայցէն, որ Հայաստան կը գտնուի «Լրագրողներու ընկերակցութիւն» մետիա քոնկրեսի խորհուրդի ղեկավար, Ռուսիոյ Լրագրողներու միութեան քարտուղար Աշոտ Ջազոյեանի հրաւէրով: Հրաւէրին նպատակն էր հեղինակաւոր այս կառոյցի ներկայացուցիչին օգնութեամբ  գնահատել այլընտրանքային ուժանիւթի  զարգացման տեղական կարելիութիւնները: Այս մասին կը գրէ Արմէն Վարդանեան:

Այս կարելիութիւնները գնահատելու համար Եոհան Վանտերփլայցէն կատարած է ուսումնասիրութիւններ, հանդիպումներ ունեցած ոլորտի տարբեր ներկայացուցիչներու հետ` լաւատես արդիւնքի հասնելով եւ հաստատելով, որ Հայաստան ունի այլընտրանքային ուժանիւթի զարգացման մեծ ներուժ:

«Հայաստանի մէջ ուժանիւթին 40 տոկոսը կը ստացուի կորիզայինէն, 30 տոկոսը` ջրելեկտրակայաններէն, եւս 30 տոկոսը` Իրանէն ու Ռուսիայէն ներածուող կազէն:  Այս համամասնութեան մէջ էական դեր կրնայ կատարել արեւային ուժանիւթը, որուն զարգացման համար Հայաստան ունի մեծ առաւելութիւն, որովհետեւ արեւային երկիր կը նկատուի: Ունի աւելի քան 300 արեւոտ օրեր տարուան ընթացքին: Այս օրերուն ես հանդիպումներ ունեցած եմ վարչապետին, ուժանիւթի նախարարին հետ: Կը կարծեմ, թէ մեծ հետաքրքրութիւն կայ Հայաստանի մէջ այլընտրանքային ուժանիւթի զարգացման ուղղութեամբ: Երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան բարձրացման իմաստով այս հարցը խիստ կարեւոր է», հաստատած է ան:

Եոհան Վանտերփլայցէն  դիտել տուած է, որ մեր փոքրիկ մոլորակը աղէտէ փրկելու համար ուժանիւթի այլընտրանքային ուղիներու որոնումն ու կիրառումը կենսական պահանջ դարձած է ողջ աշխարհին մէջ: Այս ոլորտին մէջ մեծ յաջողութիւններ արձանագրած են Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ, որոնց կարգին է Պելճիքան, որ թէեւ արեւային երկիր չէ, ինչպէս Հայաստանը, սակայն որդեգրած է այս ձեւը: Ան եզրափակած է, որ ուսումնասիրութիւններու լոյսին տակ ամէն ինչ աւելի յստակ պիտի դառնայ:

Նախարար Սէյրան Օհանեան Կը Դասախօսէ «Ռազմական Պատմութիւն» Ամառնային Դպրոցի Ունկնդիրներուն

Seyran-Ohanian_82416

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հանդիպում ունեցած է «Ռազմական պատմութիւն» խորագիրը կրող ամառնային դպրոցի քանի մը տասնեակ ունկնդիրներուն հետ: Պաշտպանութեան նախարարը ունկնդիրներուն համար դասախօսութիւն տուած է` նուիրուած հայկական բանակի կազմաւորման եւ արցախեան ազատամարտի զինուորական գործողութիւններու առանձնայատկութիւններուն: Նախարար Սէյրան Օհանեան համոզում յայտնած է, որ այսպիսի հանդիպումներ կը դառնան աւանդական եւ կը նպաստեն ռազմական պատմութեան ուսումնասիրման ու գիտական ընթացք տալուն:

«Հայկական բանակի առանձնայատկութիւնը կարելի է բաժնել 2 խումբի` ազգային եւ զինուորական: Ազգային բնոյթի առանձնայատկութիւնները կը կայանան այն բանին մէջ, որ մենք կրցած ենք հասնիլ յաջողութիւններու հայ ժողովուրդի միասնութեան, ուժին եւ համախմբումին միջոցով: Բանակին մէջ ձեւաւորուեցաւ կառավարման համակարգ եւ ամրապնդուեցաւ կարգապահութիւնը: Ինչ կը վերաբերի զինուորական առանձնայատկութիւններուն, թէեւ հայկական բանակը երիտասարդ էր եւ նոր կը ձեւաւորուէր, բայց մարտական բոլոր գործողութիւնները կազմակերպուած են` համաձայն ռազմական գիտութեան ժամանակակից պահանջներուն», ըսած է պաշտպանութեան նախարարը` աւելցնելով, որ արցախեան հերոսամարտի ժամանակ շատ դէպքեր եղած են, երբ իրականութիւն դարձած է «փոքր ուժերով մեծ խնդիրներ լուծելու» գաղափարը, երբ դասակի կամ վաշտի ուժերով կրցած ենք ծունկի բերել ամբողջ զօրամաս մը: Այս առումով նախարարը կարեւոր նկատած է հրամանատարներու անձնական օրինակն ու դիրքերու լաւ իմացութիւնը:

Խօսելով զինուած ուժերու ժամանակակից մարտահրաւէրներուն մասին` նախարարը նշած է, որ այսօր հայկական բանակը կը գտնուի բարեփոխումներու աշխուժ փուլի մէջ, եւ վերջին տարիներուն բանակին մէջ կատարուած բարեփոխումները, նոր խնդիրներու առաջադրումն ու անոնց իրականացումը միայն դրական ազդեցութիւն ունեցած են զինուած ուժերու զարգացման վրայ: Այս առումով շեշտուած է, որ բարեփոխումները շարունակական պիտի ըլլան:

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, դասախօսութեան աւարտին Սէյրան Օհանեան պատասխանած է նաեւ ունկնդիրներու հարցումներուն:

«Ռազմական պատմութիւն» խորագիրը կրող ամառնային դպրոցի դասախօսութիւններու շարքը սկսած էր 1 յուլիսին: Դասախօսութիւններուն ծիրին մէջ մասնակիցները առիթը ունեցած են հանդիպելու զինուորական փորձագէտներու, պատմաբաններու եւ վերլուծաբաններու: Ամառնային դպրոցին նպատակն է երիտասարդները ծանօթացնել հայ ռազմարուեստի եւ համաշխարհային ռազմական պատմութեան առանցքային հարցերուն:

Ապրիլին Արցախի Մէջ Զոհուած Ադամ Սահակեանի Անունով Դասարան

Adam_81916

Օգոստոս 19-ին, Երեւանի Խաչիկ Դաշտենցի անուան թիւ 114 աւագ դպրոցին մէջ ապրիլեան քառօրեայ մարտերուն ատեն զոհուած Ադամ Սահակեանի անունով դասարան բացուած է: 19 օգոստոսը Ադամին ծննդեան օրն է:

Աշոտ Ասատրեան, որ Ադամին հետ նոյն դպրոցը յաճախած է, Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Այսօր Արցախի արծիւներէն մէկուն ծննդեան օրն է: Մեր Ադամը այսօր ֆիզիքապէս ներկայ չէ իր ծննդեան արարողութեան, ընկերներուն հետ տարբեր կենացներ չի խմեր, սակայն կը լսէ շատ շնորհաւորանքներ:

Ապրիլին զոհուած ու հերոսացած տղոցմէ ինծի համար Ադամը կը տարբերէր, որովհետեւ մանկութենէն ճանչցած եմ զինք: Ադամին ծանօթացած եմ, երբ դպրոցական էր, նոյն դպրոցը կ՛ուսանէինք, կ՛երթայի անոնց տունը, ծանօթացած եմ նաեւ ծնողներուն ու եղբօրը: Շատ աշխուժ ու խանդավառ տղայ մըն էր:

«Ադամը զոհուեցաւ յանուն հայրենիքի, կռուեցաւ ազրպէյճանական դրօշին ծառայող մարդասպաններուն հետ: Կռուեցաւ մինչեւ վերջ, հայրենիքին տուաւ ամէնէն թանկ բանը` կեանքը: Ադամի եւ ադամներու շնորհիւ մենք խաղաղ կ՛ապրինք»:

Հայրենադարձ Գեղանկարիչ Մարիամ Ղարիբեանի Ձեռագործ Աշխատանքներու Ցուցահանդէսի Բացում` Երեւանի Մէջ

Mariam-(1)_71616

16 յուլիսին Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, բացումը կատարուած է Չեխիայէն հայրենադարձուած գեղանկարիչ, ասեղնագործութեան վարպետ եւ ձեւաւորող Մարիամ Ղարիբեանի ձեռագործ աշխատանքներու ցուցահանդէսին:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Երեւանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեան:

Արուեստագէտին մաղթելով ստեղծագործական նորանոր ձեռքբերումներ` սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեանը ներկայացուցած է նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած էր. «Յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները` Մարիամ Ղարիբեան հոգեւոր սնունդ ստացած ու ստեղծագործելու պարարտ հող գտած է Հայաստան կատարած պարբերական այցելութիւններու ժամանակ: Մարիամ Ղարիբեան ինքնատիպ արուեստագէտ է, որ ունի իր ձեռագիրը, եւ իր անչափ քնքուշ ու նուրբ հոգին կ՛արտացոլայ աշխատանքներուն, մասնաւորապէս` Այնթապի ասեղնագործութեան մէջ: Վստահ եմ, որ Մարիամի իսկական, նոր յաջողութիւնները պիտի թակեն դուռը, եւ մենք ա՛լ աւելի պիտի հպարտանանք եւ հիանանք անով` թէ՛ իբրեւ գեղանկարիչի, թէ՛ իբրեւ ասեղնագործի, թէ՛ իբրեւ հագուստներ ձեւաւորողի` հայրենիքի մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս»:

Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեան նշած է, որ քաղաքապետարանը սիրով եւ հպարտութեամբ աջակցած է Մարիամ Ղարիբեանի աշխատանքներու ցուցադրութեան կազմակերպման:

Mariam-(2)_71616

Արուեստագէտին շնորհաւորած են Հայկական արհեստներու զարգացման կեդրոնի փոխտնօրէն Անուշ Շարամբէեանը, նկարիչ-յարդարանքի մասնագէտ Նուռը, ոճաբան-ձեւաւորող Արամ Նիկոլեանը: Անոնք ընդգծած են, որ Մարիամ Ղարիբեան ժամանակակից զգեստներու ձեւաւորման մէջ օգտագործելով հայկական աւանդական ասեղնագործութիւնը` իր աշխատանքներուն մէջ իւրօրինակ ձեռագիրով համադրած է հինն ու նորը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է Մարիամ Ղարիբեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին` հայրենիքի էջ իր աշխատանքներուն ցուցադրութիւնը կազմակերպելու եւ բարձր գնահատանքին համար: Հայրենադարձ գեղանկարիչը իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղած է նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանին եւ Նուռին` աջակցութեան համար: «Ինծի համար այս ցուցահանդէսը կարեւորագոյնն է, որովհետեւ կազմակերպուած է հայրենիքի մէջ: Համոզուած եմ, որ մայր հողը ինծի ուժ պիտի տայ, եւ դեռ պիտի ստեղծեմ արժէքաւոր աշխատանքներ», ընդգծած է Ղարիբեան:

Մարիամ Ղարիբեանի աշխատանքներու ցուցադրութիւններ կազմակերպուած են Եւրոպայի շարք մը երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ: Չեխիոյ մէջ բնակած տարիներուն տեղւոյն հայ համայնքին մէջ Մարիամ Ղարիբեան աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած է` գեղանկարչութիւն եւ ասեղնագործութիւն դասաւանդելով հայկական շաբաթօրեայ դպրոցին մէջ:

Երեւանի մէջ Մարիամ Ղարիբեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսը պիտի տեւէ 10 օր:

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Շուշիի, Բերդաձորի Եւ Լաչինի Ազատագրումը

Յաջորդը

«Աւրորա» Մրցանակը 1 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրէ Գաղթական Մանուկներու Եւ Որբերու

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?