Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Բնաջնջումի Ձախողած Երազը

April 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Դարեր շարունակ տարբեր ցեղեր երազած են բնաջնջել ազգ մը, որ պատմութեան սկիզբէն ի վեր պայքարած է իր գոյութիւնը վտանգող թշնամիներուն դէմ եւ կրցած է գոյատեւել նոյնիսկ ծանր վնասներ կրելով եւ յաճախ նոյնիսկ պետականութիւն կորսնցուցած ըլլալով: Թշնամիները, ըլլան ներքին թէ արտաքին, միշտ ձախողած են եւ պիտի ձախողին իրենց բոլոր ծրագիրներուն մէջ:

Այսօր, 24 ապրիլ 1915-էն 110 տարի ետք, երբ 1,5 միլիոն հայերու անմեղ կեանքերը խլուեցան, մեր թշնամիները չկրցան բնաջնջել գոյատեւման ոգին, բայց եւ այնպէս, ներքին եւ արտաքին թշնամին չյուսահատեցաւ եւ տակաւին կը շարունակէ իրագործել իր ցեղասպանական ծրագիրները: Կ՛ըսեն, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, բայց եւ այնպէս, պատմութեան մէջ եղած են խենթեր, որոնք կրցած են պատնէշներ հիւսել կրկնուող պատմութեան դէմ, բարեփոխած են վատ ընթացքը եւ յաղթանակներով լեցուն նոր պատմութիւններ գրած են:

Ներկայիս հայ ազգը կարիքը ունի դիւանագէտ, քաղաքագէտ եւ հեռատես «խենթ» ղեկավարներու, որոնք պէտք է կարենան իրենց խոհեմութեամբ ազատագրել եւ յոյս ներշնչել անգամ մը եւս լճացումի հասած եւ յոյսը կորսնցուցած հայուն, որ յանձնուած կը թուի ըլլալ թշնամիի որոշումին:

Այո՛, օր պէտք է գայ, որ հաշտուինք թշնամիին հետ, բայց հաշտութիւնը պէտք է հայոց արդար իրաւունքը երաշխաւորէ: Հաշտութեան նախապայմանները պէտք է թշնամին նախ ընդունի, ապա գործադրէ զանոնք: Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդները պէտք է ընդունին իրենց նախահայրերուն գործած Ցեղասպանութիւնը հայութեան դէմ եւ հատուցում շնորհեն զոհերու ժառանգորդներուն` իբրեւ նախաքայլ դէպի արդար լուծման հասցնող գործունէութեան մը, որուն հիման վրայ պիտի կարենանք վերջնական համաձայնութեան մը հասնիլ, հոգ չէ, որ անիկա ըլլայ քիչ մը ուշ:

Կարելի չէ կնքել առանց նախապայմանի հաշտութիւն մը, որ կրնայ գոյութենական վտանգ սպառնալ ազգի մը եւ անոր ներկայացուցած արժէքներուն: Տնտեսական ժամանակաւոր շահեր ապահովելու համար թշնամիին յանձնուիլը քաղաքագիտութիւն չէ եւ կարճատեսութիւն կը նկատուի: Այսօր պարզուած մեր իրավիճակը անգամ մը եւս եկած է խլելու հայերու կեանքեր: 110 տարիներ առաջ մեր նախնիները զոհուեցան, սակայն հայութիւնը կառչած մնաց իր արմատներուն, որոնք հետագային կրցան կեանքի կոչել նորանոր հզօր հաստատութիւններ:

Այսօրուան մարտահրաւէրն է հայութեան արմատները ոչնչացնել, որպէսզի այլեւս կարելի չըլլայ նոր կեանքի մը շունչ տալ, բայց ես կը հաւատամ, որ բնաջնջման այդ նոյն ձախող երազը կը մնայ եւ պիտի մնայ ձախող երազ: Անգամ մը եւս համայն հայութիւնը պիտի կարենայ ձախողութեան մատնել թշնամիին ծրագիրը:

 

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Մեր Պարտականութիւնները (Ապրիլ 24)

Յաջորդը

Հայ Որբերը. Լուսանկարներ Եւ Հայու Աչքեր

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.