Հայոց ցեղասպանութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմի եւ անոր յաջորդող քանի մը տարիներուն ընթացքին մեր ազգային պատմութեան ամէնէն տխուր դէպքերէն մէկն է: Ամէն տարի ամբողջ հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ յիշատակը այն բիւրաւոր հայերուն, որոնք զոհ գացին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած այս Ցեղասպանութեան: Ամէն տարի գիտակից հայերու միտքին մէջ հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ են մեր պարտականութիւնները Ցեղասպանութեան նկատմանբ: Ստորեւ յիշենք հետեւեալ կարեւոր պարտականութիւնները.
Առաջին` յարգանքով խոնարհիլ մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ: Ցեղասպանութեան պատմական տարելիցներուն առիթներով, պաշտամունքով ու հանդիսութիւններով, երգով ու խօսքով եւ այլեւայլ մշակութային ձեռնարկներով կ՛ոգեկոչենք անոնց յիշատակը: Այս առիթով խոր յուզումով կը յիշենք մեր պատմութեան ամէնէն եղերական այս ողբերգութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը` մտայղացուած եւ գործադրուած օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ: Յուզումով եւ վրդովումով կը յիշենք մեր ժողովուրդին բռնագաղթը իր երեքհազարամեայ հայրենիքէն, մեր մէկուկէս միլիոն զոհերն ու նահատակները, այն նիւթական եւ մշակութային ահաւոր կորուստը, որուն տարողութիւնը ազգովին կը զգանք աւելի քան դար մը ետք, կորուստ մը, որ անհաշուելի եւ անչափելի է:
Երկրորդ` մեր սրտագին երախտագիտութիւնը յայտնել առ Աստուած` Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն համար: Թէեւ մարդկօրէն կարելի չէ բացատրել, թէ ինչո՛ւ պատահեցաւ այս աղէտը, թէ ինչո՛ւ մեր անմեղ ժողովուրդին բաժին ինկաւ այդքան աներեւակայելի չարիք, սակայն իրազեկ ենք այն իրողութեան, որ ասիկա աստուածային պատիժ մը չէր, այլ մարդկային ոճիր մը` ի գործ դրուած անգութ եւ վայրագ մարդոց կողմէ: Ի հեճուկս այս ամէնուն` հայ ժողովուրդը, ինչպէս անցեալ դարերուն, Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն ալ կառչած մնաց իր հաւատքին եւ աստուածատուր զօրութեամբ ոտքի կանգնեցաւ ու շարունակեց ապրիլ եւ ստեղծագործել: Հայ ժողովուրդինն է եղեր նաեւ Եզեկիէլ մարգարէի չորցած ոսկորներու յարութեան տեսիլքը: Ինչպէս Գողգոթայէն անդին տեղի ունեցաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը, մենք ալ ազգովին վկայեցինք, թէ Տէր Զօրներու եւ Միջագետքի անապատներէն անդին ալ տեղի ունեցաւ մեր ժողովուրդին յաղթական յարութիւնը:
Երրորդ` մեր երախտագիտութիւնը յայտնել բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան ձեռք երկարեցին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ արաբ հիւրասէր եւ հայասէր ժողովուրդները, որոնք լայնօրէն բացին իրենց դռները գաղթական հայ ժողովուրդին առջեւ եւ ջերմ ու գուրգուրոտ վերաբերում ցոյց տուին անոնց: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ ամերիկացի բարերար ժողովուրդը, որ իր «Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց»-ով միլիոնաւոր տոլարներով օգնեց հայ ժողովուրդին: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ եւրոպական բարեսիրական, մարդասիրական եւ միսիոնարական կազմակերպութիւնները, որոնք մեր վիրաւոր ու արիւնաքամ «մնացորդաց»-ին համար եղան ճշմարիտ «բարի սամարացի»-ներ: Ցեղասպանութեան իւրաքանչիւր ոգեկոչում յիշեցում մը պէտք է հանդիսանայ մեզի համար, թէ քաղցր պարտք եւ պարտականութիւն պէտք է նկատենք մեր անցեալի բոլոր բարերարներուն մեր երախտագիտութիւնը յայտնելը:
Չորրորդ` պէտք է յիշեցնենք համայն աշխարհին, որ որեւէ ցեղասպանութիւն քրէական ոճիր է` մարդկութեան դէմ գործուած: Օսմանցի Երիտասարդ թուրքերուն գործադրած Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն հայ ազգին դէմ, այլ ամբողջ մարդկութեան դէմ աններելի ոճիր մըն էր: Ամէն ոգեկոչում դիպուկ յիշեցում մը պէտք է ըլլայ մեզի` դատապարտելու բոլոր այն ազգերը, որոնք ցեղասպանութեան ոճիրը կը գործեն այլ ազգերու դէմ: Եւ մենք պէտք է կարեկցինք բոլոր անո՛նց, որոնք անմեղ զոհեր են նմանօրինակ անմարդկային արարքներու:
Հինգերորդ` յայտարարել, որ իբրեւ հայորդիներ` տէր ու պաշտպան պիտի մնանք Հայ դատին: Պէտք է հաւատանք, որ Հայ դատին պահանջատիրութեան հիմնաքարը անժամանցելի արդարութիւնն է: Այդ պատճառով պէտք է շարունակենք մեր պայքարը` յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն: Անտարակոյս մեր Դատի յաջողութիւնը երկար ժամանակի կը կարօտի, սակայն պէտք չէ յուսալքուինք: Յաճախ ազգերու իրաւունքները մէկ սերունդի ջանքերով ձեռք չեն ձգուիր: Ամէն սերունդ ունի իր դերն ու պարտքը: Մեր Դատի պաշտպանութեան ծանր հրետանին հայութեան միացեալ կամքն ու հետեւողական աշխատանքն է:
Վեցերորդ` պէտք է ուխտենք հաւատարիմ մնալ մեր հայ քրիստոնեայ ինքնութեան: Խորապէս կը հաւատանք, որ զօրաւոր ազգ մը ըլլալու համար անհրաժեշտ է մեր քրիստոնէական եւ հայեցի արժէքները պահել եւ զօրացնել: Դարերու ընթացքին, մեր քրիստոնէական հաւատքին ու մեր մշակութային արժէքներուն շնորհիւ է, որ կրցած ենք դիմակալել ահաւոր աղէտներ, կոտորածներ ու ցեղասպանութիւններ եւ կրցած ենք անոնցմէ դուրս գալ ու գոյատեւել: Պէտք է հաւատանք նաեւ, որ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումներուն նկատմամբ մեր տարած աշխատանքներէն անբաժան, ունինք ուրիշ կարեւոր պարտականութիւններ` նոր սերունդները քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեամբ թրծելու: Այդ առաջադրանքով անհրաժեշտ կը նկատենք զանոնք մեծցնել քրիստոնէական սկզբունքներով, հայրենիքի եւ հայ մշակոյթի սիրով:
Ապահովաբար այս ազնիւ առաքելութիւններուն կոչումով ապրող նոր սերունդները համադրուած եւ համակարգուած աշխատանքով պիտի յաջողին Հայ դատի խիզախ երթը իր յաջող աւարտին հասցնել:
Արդ, Ցեղասպանութեան տարելիցները մեզի համար պէտք է դառնան ոչ միայն ոգեկոչումի, այլ նաեւ եւ մանաւանդ վերանորոգումի առիթներ` ապրելու այն արժէքներով եւ սկզբունքներով, որոնց համար մեր նախահայրերը նահատակուեցան: