Հայոց պատմութեան էջերը միշտ ալ ճերմակ էջեր չեն եղած: Անոր ճերմակ էջերուն մէջ միշտ ալ սեւ գրիչով չէ արձանագրուած, այլ շատ անգամ` կարմիր գրիչով: Այստեղ պատմաքննութիւն պիտի չկատարենք, այլ` հայուն նկարագիրը պարզող իրողութեան անդրադարձ:
Ամէն մարդու, ամէն ազգի կամ ամէն հաւաքականութեան համար որոշ բառեր նոյն ձեւով չէ որ կը հնչեն: Օրինակ` ցեղասպանութիւն բառը բոլոր ազգերուն նոյն զգացումը չէ, որ կու տայ եւ ոչ ալ նոյն հոգեվիճակին մէջ դնէ: Կրնայ ըլլալ շատերուն համար ցեղասպանութիւնը մեծ բառ է, բայց հայուն համար տարբեր կը հնչէ: Անիկա մեզի համար, բառի մեծութենէ անդին, ահաւորի զգացումի մը արձագանգն է: Եթէ գալիք սերունդները նոյն զգացումի ահաւորութիւնը չեն զգար եւ ցեղասպանութիւնը իրենց համար օտարազգի ժողովուրդին պէս կը դառնայ լոկ վտանգաւոր բառ, ուրեմն մենք` որպէս պահանջատէր հայորդիներ, կը գտնուինք վտանգաւոր իրականութեան մը առջեւ:
Սերունդէ սերունդ պէտք չէ մեր պատմութեան էջերը պարզանան կամ իմաստազրկուին, եւ ո՛չ ալ ապրումները դառնան վարժութիւն: Այնքան ատեն որ թուրքը կը մնայ իր աննկարագիր սկզբունքներուն վրայ, մենք իրաւունք չունինք մեր սկզբունքներէն զիջելու եւ յարմարելու: Մենք կը մնանք պահանջատէր եւ սկզբունքի տէր հայեր այնքան ատեն, որքան մեր աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներէն ներողութիւն չի՛ խնդրուիր եւ մեր հողերը չեն վերադարձուիր:
Եթէ պիտի մտածենք` «Մինչեւ հիմա բան չէ փոխուած, ուրեմն ասկէ ետք ալ չի փոխուիր», անոնց կը պատասխանենք, եթէ մինչեւ հիմա պահանջատիրութիւնը մեր սկզբունքն ու իրաւունքը դարձած է, ուրեմն կը մնանք սկզբունքի տէր մարդիկ եւ մեր արդար իրաւունքը պահանջող հայե՛ր:
Յարութի՜ւն: Մեզի նոյնիսկ յարութիւնը իր սրբազան իմաստէն անդին կը տանի, որովհետեւ անիկա մեր ինքնութեան հետ ագուցուած իրականութիւն է:
Ճի՛շդ է` մենք ցեղասպանուած ժողովուրդ ենք, բայց
յարութեան հանդէպ մեր հաւատքը չէ՛ նուազած, որովհետեւ միշտ Տիրոջ յարութեամբ առաջնորդուած ենք եւ այսօր անով ոտքի կը մնանք:
Յարութեան հանդէպ մեր հաւատքը չէ՛ պակսած, որովհետեւ միշտ Տիրոջ յարութեամբ առաջնորդուած` վերակառուցած ենք եւ կը վերակառուցենք` նոր տաճարներ, եկեղեցիներ, մատուռներ, դպրեվանքեր, դպրոցներ, հաստատութիւններ, ակումբներ…
Յարութեան հանդէպ մեր հաւատքը չէ՛ պակսած, որովհետեւ միշտ Տիրոջ յարութեամբ առաջնորդուած` մեր զաւակները դաստիարակած ենք եւ կը դաստիարակենք` չտկարանալու, չընկրկելու եւ չյուսահատելու, այլ անով կը մնանք նուաճող, արձագանգող, սլացող եւ մանաւանդ` վերապրող:
Որպէս ցեղասպանուած ազգ, սակայն միաժամանակ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին յարութեան կապուած ազգ, կը կրկնենք Պօղոս առաքեալի խօսքը, որ արձանագրուած կը գտնենք Հռոմայեցիներու նամակի 8-րդ գլխուն 35-39 համարներուն մէջ. «Ո՞վ կրնայ, ուրեմն, մեզ բաժնել Քրիստոսի սէրէն. նեղութի՞ւնը, անձկութի՞ւնը, հալածա՞նքը, սո՞վը, մերկութի՞ւնը, վտա՞նգը կամ սո՞ւրը: Ինչպէս սաղմոսներուն մէջ գրուած է.
«Քեզի համար մարդիկ մեզ կը սպաննեն ամէն օր. ոչխարի պէս սպանդանոց կը տանին»:
Բայց այս բոլորէն շա՜տ աւելի յաղթական դուրս կու գանք շնորհիւ անոր, որ մեզ սիրեց: Որովհետեւ համոզուած եմ, որ ո՛չ մահը եւ ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ չար ոգիներու իշխանութիւնները, ո՛չ ներկան եւ ո՛չ գալիքը, ո՛չ ալ որեւէ զօրութիւն, ո՛չ վերին եւ ո՛չ ալ ներքին աշխարհները, ո՛չ ալ ուրիշ ստեղծագործութիւն մը կրնայ մեզ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մենք ճանչցանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով»:
Ո՛չ ոք կրնայ մեր հաւատալիքէն, սկզբունքէն եւ համոզումէն մեզ բաժնել, այլ խօսքով, ո՛չ ոք կրնայ մեզ մեր Յարուցեալ Յիսուսին յարութենէն բաժնել:
Այո՛, ցեղասպանուած ենք, բայց հողին մէջ մնացած չենք, այլ Տիրոջմով յարութի՛ւն առած ենք, ոտքի՛ ենք, մեր ոտքերուն վրայ կանգնած ենք… կը քալենք յառաջ` դէպի վերականգնում, դէպի վերակազմակերպում, դէպի պայծառատեսութիւն, դէպի լաւատեսութիւն եւ մանաւանդ` դէպի պահանջատիրութիւն:
Ուրեմն, օ՛ն, սիրելի՛ երիտասարդներ եւ սիրելի նո՛ր սերունդ, դէպի վերահզօրացում եւ ոչ թէ` յուսալքութիւն, դէպի վերելք եւ ոչ թէ` կործանում, դէպի յարութի՛ւն եւ ոչ թէ` գերեզման:
Որպէս Յարուցեալին զաւակներ ու յարութեան հաւատացող հայորդիներ համայն մարդկութեան առջեւ կանգնած` համարձակաձայն կը բացագանչենք.
«Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց» եւ «Հայորդիներ յարեա՛ն ի մեռելոց»:
Օրհնեա՜լ է յարութիւնն Քրիստոսի:
Օրհնեա՜լ է յարութիւնը հայորդիներուն: