ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչման առիթով կ՛ուզեմ հպարտութեամբ յիշատակել Ֆընտըճագի հերոսամարտին 110-ամեակը: Ֆընտըճագը կը կրեմ մականունիս մէջ` Գոճայեան, կը կրեմ հօրենական մեծ հօրս մասին հօրս եւ Արփիկ հօրքուրիս պատմած պատմութիւններուն մէջ եւ երկիւղածութեամբ կը պահեմ 1949-ին Մոնթէվիտէոյի մէջ լոյս տեսած Ֆընտըճագի հայրենակցական միութեան կողմէ Մելքոն Ճինպաշեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած «Ֆընտըճագ, Ֆընտըճօխ» յուշամատեանը, որուն բովանդակութեան մէջ կը փնտռեմ ինքնութեանս ճառագայթները, եւ որուն ապաւինելով` կը գրեմ այս յօդուածը:
Այս գիրքը միակն է, որ փոխ տալու կը վախնամ, մինչեւ որ օր մը, ԳՈՀԱՐ համոյթի եւ երաժշտական գրադարանի ու կազմատան հիմնադիր Յարութ Խաչատուրեանը, որուն եւս վարանած էի փոխ տալ գիրքը, Կարօ Տէրունեանին հետ լուր ղրկեց, որ գիրքին նորոգութիւնը սիրայօժար պիտի կատարէր` իբրեւ նուէր: Անոր շնորհիւ այսօր աւելի ինքնավստահ կը թերթատեմ պատմութեանս միակ արմատները` առանց վախնալու չտեսած հայրենիքիս սրճագոյն էջերը փճացնելէ:
Յառաջաբաններ
Նոյնքան ուշագրաւ են յառաջաբանները, որքան` յուշամատեանին պարունակութիւնը: Հրատարակութենէն 76 տարիներ ետք իր կոթողական արժէքը պահպանող այս հատորը իրականացած է սիրայօժար աշխատանքով եւ ֆընտըճագցիներու բանաւոր պատումներու շնորհիւ` պատմական փաստաթուղթերու բացակայութեամբ: Ի դէպ, «Ֆընտըճագցի» ստորագրութեամբ հայերէն յառաջաբանին մէջ կը նշուի, որ հրատարակութիւնը կը նպատակադրէ Հայոց պատմութեան մէջ յուշարձան մը կանգնեցնել 1914 թուականի Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին թուրք բռնակալութեան դէմ ըմբոստացող դիւցազնական հայ գիւղերու եւ գաւառներու կարգին նաե՛ւ Ֆընտըճագին եւ ֆընտըճագցի հերոսներուն, որոնք գրեթէ մոռացութեան տրուած են հայ պատմագիրներու կողմէ: Ան այս թերութեան պատասխանատուութեան մեծ բաժինը կը դնէ, իր բառերով, Սիս եւ մասնաւորաբար Մարաշ բազմող մեր կղերականներուն վրայ, որոնք սակայն չեն մոռնար կոնդակներ ղրկել ու տուրքեր ստանալ Ֆընտըճագի եկեղեցական կեդրոններէ:
Հետաքրքրաշարժ է Մելքոն Ճինպաշեանի գրիչով սպաներէն յառաջաբանի բովանդակութիւնը, որ բնականաբար կը կարդամ արհեստագիտութեան օժտած թարգմանչական գործիքներով: Ան երախտագիտութիւն կը յայտնէ Հարաւային Ամերիկայի ժողովուրդին ընդունելութեան` իրենց սուրբ հողերուն վրայ, որոնց համար իրենց քաջ որդիները պայքարած են ազատագրելու Եւրոպայի բռնակալներէն եւ ստրկութեան անարգ անէծքը վերացուցած են իրենց հայրենիքէն: Ճինպաշեանի գրիչէն անպայմանօրէն ծորելու է Ֆընտըճագեան թանաք, որովհետեւ այսպիսով ան նաե՛ւ ողջունած կ՛ըլլայ այլ ազգի մը ազատատենչութիւնը: Աւելի՛ն. ան կը շարունակէ, որ բոլոր փոքր ազգերու պատմութիւնները եղած են նոյնը աշխարհով մէկ` դիտել տալու համար ծաւալապաշտութեան եւ կայսերապաշտութեան գործած աւերը իրենց հողին կառչած բնիկ ժողովուրդներու դէմ: Այս հաստատումով կը տեսնեմ քաղաքական արթնութիւն եւ մեր պատմութիւնը աշխարհաքաղաքական ոսպնեակէն դիտելու կարողութիւն:
Գիրքին Բովանդակութիւնը
Հայրս կ՛ըսէ, որ Մովսէս մեծ հայրս, որ մանուկ հասակին որբացած ու հասած է Այնթուրա, ուր մինչեւ ֆրանսացիներուն մուտքը ստիպուած է Մոհամետ անունը կրել, հոնկէ տարուելով Ղազիր եւ վերջապէս` Ժիպէյլ, միայն իր հայրենակից Աւետիս Հայրապետեանին հետ Ֆընտըճագի բարբառը կը խօսէր: Անոնք միասին կ՛աշխատէին ծովեզերքէն աւազ փոխադրելու. աւելի՛ն, անոնք` ֆընտըճագցիները, եղած են Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ շրջանի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շինութեան մէջ աւազ ու հող փոխադրողները: Մեծ կորուստ մըն է բնականաբար բարբառիս ընտանիքիս շուրթներուն հասած չըլլալը: Ֆընտըճագի այս յուշամատեանը բարեբախտաբար կը պարունակէ Ֆընտըճագի բարբառը` իր հոլովումներով եւ խոնարհումներով, ոտանաւորներով եւ երգերով:
Հոս ունինք տօնական օրերու, նշանախօսութեան, ամուսնութեան թաղման սովորութիւններ, կլիմայ, անասուններ, արհեստներ, ազգականական բառերը` «մէր-մայր», «պոպ-հայր», «քիր-քոյր», «էխպէր-եղբայր», «քէրմէր-մեծ մայր», «քէրպոպ-մեծ հայր» եւ այլն. տան եւ կահկարասիներու օգտագործուած բառամթերք` «տոռ-դուռ», «տըգոլ-դգալ», «թապծոն-պնակ» եւ այլն. թիւեր` «մէկ, իրկու, իրիք, չուրս, հինգ, վից, եօթը, ութը, ինը, տօսը». քերականական ծանօթութիւններ, երկբարբառներ, բաղաձայններու հնչիւններ, Ֆընտըճագի բարբառով խօսակցութիւններու օրինակներ` «Հէրիֆ, ծմէռ, կոգոյ, կնոյ փէտ էրու, տօն է Պիւտիւրիւս, էծիրը կուզիրը կըթի քի մածուն քիշտիկ տէ թարխանոյ իփինք», («Մա՛րդ, ձմեռ կու գայ, գնայ փայտ բեր, Պիւտիւրիւսի տօնն է, այծերը կթէ, որ մածուն քաշենք, որպէսզի չորթան եփենք»), բարբառով գրուած կարճ պատմուածքներ, զգեստի, զարդի եւ կերակուրի տեղեկութիւններ, չորս եղանակներու անունները` «կարոն, ամոռ, աշուն, ձմիռ», ամսանունները, հակիրճ բառարան մը:
Մոնթէվիտէոյի հայրենակիցներս, ազգականներս գիտէի՞ն, որ յուշամատեանի հրատարակութենէն 7 տասնամեակ ետք մեր բարբառը գիտցող պիտի չըլլար: Արդեօք մէկը գիտէ՞ր, որ Ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք ընկերներով պիտի արծարծէինք ընդհանրապէս հայերէն խօսելու-չխօսելու անհրաժեշտութիւնը նոր սերունդին մօտ: Չեմ կրնար այս հարցումները լռեցնել ուղեղիս մէջ, երբ ժպիտը դէմքիս` կը փորձեմ հասկնալ միայն երկու սերունդ առաջ խօսուած հայերէն մը, որ ներկայիս ինծի անմատչելի է:
Դիրքը
Յուշամատեանին մէջ ճշդուած Ֆընտըճագին դիրքը կը բաղդատեմ համացանցի վրայ Սեւան Նշանեանի քարտէսակայքին տեղեկութեան: Կը գտնեմ Ֆընտըճագս ճիշդ հոն, ուր նկարագրած է յուշամատեանը` Մարաշի հարաւարեւմտեան կողմը: Յուշամատեանը ունի նաեւ գծագրութեամբ քարտէս մը, որպէսզի մեզի ցոյց տայ բառերով նկարագրած գեղեցկութիւնը` «կանաչազարդ պարտէզներով, արտերով, այգիներով զարդարուած եւ բնութեան պարգեւած ամենասքանչելի դիրքերով ու տեսարաններով օժտուած Հայ լեռ (կեավուր տաղ)ի լեռնաշղթաներու մէկ ճիւղին վրայ ապառաժոտ լեռներով շրջապատուած դիւրամատչելի ձորի մը մէջ»:
Գիրքը կը գրէ, որ նախքան 1914 թ. գիւղաւանը ունէր 500 ընտանիք եւ շուրջ 3000 բնակչութիւն: Ըստ Նշանեանի տեղեկութեան, 20-րդ դարու սկիզբը Ֆընտըճագ եղած է երկրորդ մեծագոյն հայաբնակ վայրը Մարաշի: Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութենէ ետք գիւղը որպէս մահալլէ կը միանայ Տէօնիւքլիւին, որուն քաղաքապետարանը 2000 թուականին կը վերանուանուի Ֆաթիհ: 2012 թուականէն ի վեր շրջանը դարձած է անջատ մահալլէ եւ կը կոչուի Ֆաթիհլեր կամ Տէօնիւքլիւ-Ֆաթիհլեր:
Թաղամասեր` Ըստ Աղաներու
Ֆընտըճագ բաժնուած եղած է 18 թաղամասերու, իւրաքանչիւրը` աղայի մը գլխաւորութեամբ. Իսիփ (Յովսէփ) Գոճայեան, Մինաս Քեահեա Գալայճեան, Կըտրշենց, Տէմիրճենց, Քեհեայենց, Տուտուսենց, Ճըրըգենց, Տէշքիենց, Երեցենց, Պուրուն, Գարամինասենց, Քէօսենց, Կէտիկենց, Ունճուենց, Պատոյենց, Գարալէկենց, Սաւուշեցն, Թընկըրենց:
Այս աղաները` իրենց ընտանիքի երիտասարդներով, տէրն ու տիրականը եղած են շրջանին` գիւղապետին հետ միասնաբար: Պատերազմ չեղած ժամանակ անոնք աշխատած են գլխաւորաբար տախտակագործութեամբ, այգեմշակութեամբ եւ երկրագործութեամբ: Աւելի քիչ թիւով` երկաթագործութեամբ, ջուլհակութեամբ, որմնադրութեամբ, ատաղձագործութեամբ, կօշկակարութեամբ եւ նպարավաճառութեամբ: Յուշամատեանը յատուկ կերպով կը յիշատակէ, որ Պաղտասար Գոճայեանը վայրի խոզի ձագեր ընտելացնելու փորձին մէջ յաջողութիւն գտած է, բայց ժողովուրդին դժգոհութեան պատճառով ընտանի խոզաբուծութիւնը թողած է:
Եկեղեցի Եւ Դպրոց
Գիւղը ունեցած է իր Ս. Աստուածածին Հայ առաքելական եկեղեցին, որուն վերջին ծառայողները եղած են տ. Մարտիրոս Աւ. քհնյ. Երէցեանը եւ տ. Մովսէս Ղարալէքեանը, երկուքն ալ նահատակուած` 3 օգոստոս 1915-ին, Ֆընտըճագի ճակատամարտին: Եկեղեցւոյ մօտ շինուած է երկյարկանի դպրոց մը, որ աշակերտութեան թիւին աճման պատճառով 1910-ին անցած է Միացեալ ընկերութեան վարժարաններու շարքին, եւ Զէյթունէն երկու ուսուցիչներ եւս հրաւիրուած են այս դպրոցը դասաւանդելու: Այսպիսով, Ֆընտըճագ գիւղը օժտուած է բարձրագոյն դպրոցով, ուր դասաւանդուած են` աշխարհաբար եւ ֆրանսերէն, սաղմոս, շարական, ազգային երգեր: Այս դպրոցին համբաւը այնքան մեծցած է, որ քովի գիւղերէն ալ երիտասարդներ եկած են ուսանելու:
Դէպքեր
Ինչպէս այլ հայաբնակ գիւղաւաններ, Ֆընտըճագ եւս զերծ չէ մնացած թրքական ոտնձգութիւններէ` անհատական թէ սիսթեմաթիկ տարողութեամբ: 1860 թուականին չէրքէզ ցեղ մը Տագալ-օլուգ եւ Պէօլճէքի գեղեցիկ դաշտային արօտավայրը սեփականացնելու միտումով իր ընտանիքին հետ կը հաստատուի հոն: Ֆընտըճագցիք կազմակերպուած արշաւանքով մը կ՛այրեն անոնց 14 վրանները եւ կը վտարեն զանոնք: Այս վտանգէն մէկանգամընդմիշտ ազատելու համար Ապրիկ (Աբրահամ) եւ Պիւտրիւս (Պետրոս) Տօղանեան եղբարք կը գնեն տարածքը: Աւշար ցեղ մը նման փորձ մը կը կատարէ այլ լեռնային արօտավայրի մը տիրանալու համար, բայց դարձեալ ձախողութեան կը մատնուի: 1888-ին տէօնէքցի թուրքերուն հետ Պէօլճէք այգեստանի սահմաններու խնդրին շուրջ զինեալ բախումներ տեղի կ՛ունենան: Ասոնց օգնութեան կը հասնին թէճիրցի թուրքեր: Ֆընտըճագցի երիտասարդներ զանոնք կը պաշարեն եւ հինգ հոգի կը սպաննեն: Փանոս Իսրայէլեան անունով քաջ մը առանձինն 40 թուրքեր գերի կ՛առնէ եւ ռուպ եփելու փուռի մը մէջ կը բանտարկէ` անոնց զէնքերը գրաւելէ ետք: Ի դէպ, այս յուշամատեանին ներքին կողքին դիմանկարը կը պատկանի Փ. Իսրայէլեանին: 1896-ին Ֆընտըճագէն 12 երիտասարդներ կը մասնակցին Զէյթունի պատմական հերոսամարտին` տալով 2 նահատակ: Այս դէպքէն ետք Ֆընտըճագ շաբաթներ կը մնայ պաշարուած: Թուրքը Զէյթունի մէջ իր կրած պարտութեան վրէժը լուծելու համար կ՛արշաւէ Ֆընտըճագի վրայ, սակայն հոս եւս կ՛ենթարկուի չարաչար պարտութեան:
1909 Կիլիկիոյ աղէտէն ֆընտըճագցին ապաստարան կը դառնայ Խառնըցի, Հասան Պէյցի, Պագչէցի, Գոյագցի, Կէօզ չայերցի, Լաբաշցի, Կէօլ ճէյիզցի, Պազարճըգցի, Տէրէ քէօյցի եւ այլ տեղերէ ճողոպրած հայերու: Այս աղէտին թուրքը չի համարձակիր յարձակիլ գիւղին վրայ, մինչեւ որ մեծ թիւով աւարառուներու խուժան մը անոնց օգնութեան հասնի եւ գիւղը ամբողջովին պաշարման շղթայի մէջ առնէ: Այս պատերազմէն ալ, շնորհիւ հայուն դիմադրութեան եւ աննկուն կամքին, գիւղ մուտք չեն կրնար գործել թշնամիները:
Այս տարիներուն կը սկսի բարձրանալ թիւը հայ-թուրք ոճիրներու, որոնց մտահոգութեամբ գիւղի աղաները յատուկ ժողով մը կը գումարեն` որոշելով ժողովուրդը հրաւիրել ինքնապաշտպանութեան` իւրաքանչիւր տուն նորագոյն զէնք մը ունենալու կոչով: Ժողովականները այս ազդարարութեան յարմար վայրը կը գտնեն եկեղեցւոյ մուտքը, ուր գիւղապետ Մինաս Գալայճեան կիրակիներ շարունակ եկեղեցւոյ դրան առջեւ հոն այցելողներուն մատնանշելով անցած վտանգները եւ գալիքին քաջաբար կարենալ դիմագրաւելու համար կը պարտաւորեցնէ, որ զէնք գնեն իրենց կարողութեան համեմատ:
Այսպէս, ֆընտըճագցին կ՛անցնի ինքնապաշտպանութեան: Այս տարիներուն ան կը գոյացնէ համաձայնութիւն մը 130 հոգի Մարաշէն եւ 80 հոգի Այնթապի հնչակեան մասնաճիւղերէն, քահանայի մը հրամանատարութեան տակ, որոնք հարկ եղած պահուն Ֆընտըճագ պիտի հասնէին օգնութեան, մինչ հնչակեան մասնաճիւղեր նորագոյն զէնքեր հայթայթելով` կը զինեն գիւղի երիտասարդութիւնը: Ֆընտըճագցիներ, իրենց ճարպիկութեամբ, խոյս կու տան նաեւ իթթիհատական բանակի ծառայութենէն: Շատեր միանալէ ետք կը փախչին: Հետզհետէ սաստկացող ցեղասպանութեան լուրերը կը հասնին գիւղ. Զէյթունի եւ այլ տարագիր հայերու խղճալի վիճակի մասին ականատեսներ կը պատմեն: Եարփըզցի երիտասարդ մը կը պատմէ, որ 18 հայեր իրար կապելով` գետ նետած են Պէրէճիկի կամուրջէն: Այս ընթացքին, Զէյթունի անկումէն ետք, 40 քաջեր կը հասնին Ֆընտըճագի լեռները` Գարամէմմէտ անտառներուն մէջ, ուր 15 օր կը մնան ֆընտըճագցի հովիւներու հոգատարութեան ետք եւ ապա գիւղ կ՛իջնեն` Վարդավառ Տօղանեանին տունը: Յուշամատեանը կը գրէ, որ այս անբոյն արծիւներու պարենաւորման համար կազմուեցաւ յանձնախումբ մը` Իսիփ աղա Գոճայեանի եւ տղուն` Նազարէթի գլխաւորութեամբ: Գիւղին վրայ թշնամիին աւելորդ ուշադրութիւն չհրաւիրելու համար Իսիփ աղայի խորհուրդով զէյթունցիները գիւղի մօտակայ լեռները կը քաշուին ու գիւղի ականաւոր դէմքերու եւ զէյթունցի Մեսրոպ Չոլաքեանի միջեւ գաղտնի ժողով մը կը գումարուի. հոն անոնք միակամ կը վճռեն հայրենի տան մէջ մեռնիլ: Ժողովի աւարտին Իսիփ աղա հետեւեալ յայտարարութիւնը կ՛ընէ. «Ֆընտըճագ պիտի կռուայ, մեր լեռները մեզ ապաստան պիտէ նօ, մեր եազըտէքը թրքայ իւլէշէվ ծածկուայ, էնունց էրինը չայ կիմի պիտի վազէ» (Ֆընտըճագը պիտի կռուի, մեր լեռները մեզ ապաստան պիտի ըլլան, մեր դաշտերը թուրքերու սատակով պիտի ծածկուին, անոնց արիւնը գետի նման պիտի վազէ):
Հերոսամարտ
1915-ի յուլիս ամսուն կը սկսի Ֆընտըճագի դէպքերու սաստկացումը: Մարաշէն եւ Այնթապէն շուրջ 200 թուրքեր գիւղ կը մտնեն առեւտուրի պատրուակով, որովհետեւ Ֆընտըճագ դարձած էր առեւտրական մեծ քաղաք մը, սակայն կը թալանեն ժողովուրդը: Այդ միջոցին գիւղին գլխուն կը բարդուի մարախի աղէտը, որ մեծ վնասներ կը հասցնէ բերքին: Աւելի՛ն, Մարաշէն Օմար պէյը կ՛արշաւէ Ֆընտըճագ իր գունդով, սակայն Մինաս Մինասեան գիւղէն քանի մը ժամ հեռու արտը մշակած ժամանակ կը նշմարէ մօտեցող ձիաւոր ոստիկանները ու առանց վայրկեան մը իսկ կորսնցնելու` լուրը կը տանի գիւղ: Ֆընտըճագցիները եւ հոն հանգստանալու համար եկած զէյթունցիները շուտով դիրք կը բռնեն: 16 յուլիս 1915-ին Օմար պէյ իր գունդը մասերու բաժնելով` կը յառաջանայ գիւղին վրայ` ճիշդ այդ ուղղութեամբ, ուր հայերը դիրք բռնած էին: Այս պատերազմէն հայերը ոչ մէկ զոհ տալով յաղթական դուրս կու գան եւ կը տիրանան թշնամիի զէնքերուն եւ ձիերուն: Գիւղացիք յաջորդ օրն իսկ կ՛այրեն Օմար պէյին ետեւ ձգած դիակները եւ գիւղին մէջ գտնուող երկու հարիւր թուրք աւազակները գերի կը բռնեն ու կը կախեն` լուծելով Մարաշի մէջ օրական կախաղան բարձրացող հայերուն վրէժը:
Վտանգը կանխելու միտումով, յուլիս 17-ին գիւղացիները շրջակայ թրքաբնակ գիւղերը կը թալանեն ու կրակի կու տան: Ականատես ըլլալով հայերու յաղթանակներուն` Մարաշէն պատուիրակութիւն մը կ՛ուղարկուի Ֆընտըճագ, բաղկացած` տ. Սահակ քհնյ. Տէր Պետրոսեանէն, տ. Արսէն քհնյ. Տէր Յովհաննէսեանէն, վերապատուելի Աբրահամ Յարութիւնեանէն եւ Վարդավառ Գասպարեանէն, ընկերակցութեամբ Ատանայի կուսակալ Ալի պէյի եւ իր սպայակոյտին, խոստանալով, որ Ֆընտըճագին պիտի չմօտենան, պայմանաւ որ յանձնուին ութ ականաւոր աղաները: Ֆընտըճագցիները բնականաբար ճամբու կը դնեն պատուիրակութիւնը: Ասոր զուգահեռ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից դպրոցին սրահին մէջ ծրագիր մը կը մշակեն` ներառելով գիւղի ինքնապաշտպանութեան ուժ եւ արշաւախումբ կազմել, եւ ապա ս. պատարագ կը մատուցեն ամրացնելու համար իրենց հաւատքը:
3 օգոստոս 1915-ին կը սկսի գիւղի վրայ բուռն յարձակում: Հայերը կը դիմադրեն 7 դիրքերէ: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շուրջ մղուած ճակատամարտը ամէնէն բուռն էր: Մէկ կողմէն գնդակներ կը տեղան եւ միւս կողմէն` եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի պատարագ: Հայ գիւղացին իր դէմ ունէր ութ հազարնոց Կալիպ պէյին բանակը եւ շուրջ վաթսուն հազար թրքական խուժան: Կալիպ պէյ նախ Ֆընտըճագ կը ղրկէ պատգամաւոր մը` պահանջելով գիւղին յանձնումը: Երբ ֆընտըճագցիք բնականաբար կը մերժեն ու կռուելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն, գնդակներ կը տեղան անոնց գլխուն: Առաջին մարտը կը տեւէ երեք ժամ, եւ թուրքը կը նահանջէ: Կալիպ պէյին կրած այս առաջին պարտութիւնը ծանր կու գայ անոր եւ ան կը դիմէ զանազան հնարքներու, ներառեալ` խաբելու փորձեր կատարելով:
Գափլան գայա դիրքի վրայ 350 մարտիկները, հրամանատար Սարգիս Գալայճեանի գլխաւորութեամբ, երեք ժամ դիմադրելէ ետք զինամթերքի պակասութեան կը մատնուին եւ կ՛որոշեն ճերմակ դրօշ բարձրացնելով` թակարդը ձգել թշնամին: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ: Չարչը տաղի դժուար դիրքին համար միայն 35 հոգի կը բարձրանան գագաթ` վարժապետ Խաչիկ Գալայճեանի հրամանատարութեամբ: Թընկըրենց պարտէզի բլուրին վրայ կը զետեղեն թնդանօթ մը, որ սկիզբը նահանջել կու տայ թուրքին, սակայն ապա սաստկօրէն կը ռմբակոծուի: Չէշիտ տօր դիրքի մարտիկները 7 ժամ կռուելէ ետք, ողջերը կը նահանջեն գիւղ: Այս վերջինին նահանջը ծանր կը կշռէ գիւղին համար:
Կռիւին ամէնէն թէժ պահերը կը հասնին իրենց աւարտին ու բնակչութիւնը կը հաւաքուի եկեղեցի եւ շրջակայից տուները, որպէսզի միասնաբար թափէ արեան վերջին կաթիլը: Զինամթերքի հատումով անկարելի կ՛ըլլայ կռիւը շարունակել: Հոս գիւղացինրեը յանդուգն քայլի մը կը դիմեն ու հինգ անձնուէր քաջեր գաղտագողի կ՛անցնին թշնամիին թիկունքը: Քիչ մը անդին գտնուող թուրք զինուորներուն ցոյց կու տան ուրիշ թրքական գումարտակ մը` «հայերը կը փախչին» պոռալով, որուն պատճառով թուրքերը մութին մէջ շուարած` զիրար կը ջարդեն: Այս ընթացքին հայերը պաշարման շղթան կտրելով` կը քաշուին լեռները:
Յուշամատեանին մէջ կը պատմուի Մարիամ Ճինպաշեանի քաջութեան մասին, որ բռնուելով թշնամիին ճիրաններուն մէջ` իր զաւակներով կը յանձնուի ու Կալիպ պէյին կը համոզէ իր գերմանացի ըլլալը: Այսպէս, ան կ՛ազատի սպանդէն` իրեն հետ ազատելով շատեր: Հոս կը յիշատակուի նաեւ Խաթուն չավուշ Եափուճեանի կենսագրականը. նոյն այն քաջարի հայուհին, որուն նկարը յաճախ առանց ճշգրիտ տեղեկութեան կը շրջի համացանցի վրայ: Հայուհի ֆետային` բազմած աթոռին, աջ ոտքը ձախին դրած ու հրացանը ձեռքին: Քաջաբար, այնպէս` ինչպէս է ֆընտըճագցին:
Երբ փամփուշտները կը հատնին, հայերը կը շարունակեն կռիւը դանակներով եւ քարերով` մինչեւ մահ: Ազատութիւն կամ մահ:
Եզրափակում
Ֆընտըճագի հերոսամարտի շիջումին, երբ վերջացած էր ամէն բան, տակաւին կը մխար հայու ազատատենչ ոգին: Բաւարար էր կարդալ Սարգիս Գարաճեանի հետեւեալ խօսքը. «Էֆէնտինե՛ր, գերեզմաններու խրամներու մէջ կը գտնուէի: Նետած գնդակներէս ձեր ոչ մէկ զինուոր կրցաւ խուսափիլ, շատ անգամներ իմ մէկ գնդակէս 6-7 զինուոր միատեղ զարկի»:
Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս տարին ուզեցի յիշել բնաւ չտեսած Ֆընտըճագս ու ներշնչուիլ նախնիներէս, որոնք իրենց մահը դիմաւորեցին պայքարով եւ հերոսութեամբ: Գի՞ւղն էր անոնց մղիչ ուժը, լե՞ռը, գե՞տը… Թող փոխանցիկ ըլլայ Ֆընտըճագի այս հերոսներուն պայքարի ոգին բոլորիս, մանաւանդ` այսօր: Ֆընտըճագն ու Ֆընտըճօխը թող չմնան միայն այս երկու հարիւր էջնոց յուշամատեանին մէջ: