Լեւոն Միսիրեանի Յիշատակին
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Լիբանանահայ գաղութի կեանքին մէջ մի՛շտ ալ գտնուած են անձեր, որոնց գործն ու ներդրումը մնացած է շուքի մէջ, եւ յետմահու իրենց հարազատներու կամ ծանօթներու արտայայտած յուշերու ճամբով ի յայտ եկած է անոնց օրինակելի ներդրումն ու վաստակը: Այդ տիպարներէն մէկն է Լեւոն Միսիրեան, որ ծնած էր Պէյրութ, 1934-ին: Ազգասէր, եկեղեցասէր ու բազմանդամ ընտանիքի հայր մը, որ իր սերունդը յատկանշող ջանասիրութեամբ...




















