«Եկեղեցին հայկական` մեծ վարագոյր մ՛է բանուած,
Որուն ետեւ ըսկիհին մէջ կ՛իջնէ ինքը Աստուած,
Որուն առջեւ գլխահակ` կու գայ իմ ազգս ամբողջ
Հաղորդուիլ անցեալին հաց ու գինւով կենսառողջ»:
ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Մարդ անհատը հաւաքականութեան մէջ ինքզինք փաստելու եւ իր գաղափարական ուղղութիւնը որոշելու համար պէտք ունի տիպարի մը, որպէսզի անկէ ուժականութիւն ստանայ: Քրիստոնէական կեանքը առանց Քրիստոսի կենդանի օրինակին, վարքին ու վարդապետութեան պիտի չունենար բազմահազար հետեւորդներ: Ուստի տիպարի մը ներկայութիւնը եւ ազդեցութիւնը մարդկային ընկերութեան մէջ կենսական է` իր բազմազան երեսներով: Այսօր դժբախտաբար տիպար անձի բացակայութիւնը մեծ դատարկութիւն կը ստեղծէ մեր իրականութեան մէջ:
Այս մտորումները ունեցանք, երբ քառասուն օրեր առաջ Պէյրութի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին կորսնցուց իր նուիրեալ սարկաւագը` Մովսէս Տէր Առաքելեանը:
Ան ծնած է 1927-ին, Մուսա Լեռ: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ: 1939-ին, այլ հայրենակիցներու նման, գաղթի ճամբան բռնելով հասած է Դամասկոս, ապա հաստատուած Լիբանան` Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանը:
1952-ին ամուսնացած է պիթիասցի Ալիս Չափարեանի հետ եւ բախտաւորուած է 1 մանչ եւ 1 աղջիկ զաւակներով:
Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իր սէրը յայտնաբերուած է, երբ երիտասարդ տարիքին մաս կազմած է հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան, ապա երկար տարիներ ծառայած է Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Արամ արք. Քէշիշեան (այժմ կաթողիկոս) 1985-ին սարկաւագական ձեռնադրութիւն շնորհած է նուիրեալ 5 անձերու` Մովսէս Տէր Առաքելեանի, Գէորգ Պէպէճեանի, Պետրոս Պալպուչաքեանի, Հրանդ Արսլանեանի եւ Թորոս Գայայեանի:
Հայ եկեղեցւոյ շարականներուն հանդէպ իր սէրը արտայայտեց, երբ հետեւեցաւ մասնայատուկ շարականի դասերու` դպրապետ Դանիէլ Պէքմէզեանի կողմէ տրուած:
Մովսէս սարկաւագ իր ծառայական կեանքը արժեւորեց նաեւ կարիքաւորներուն, հիւանդներուն, աղքատներուն եւ սգաւորներուն այցելութեամբ: Ան իր կարողութեան չափով, լուռ կերպով օգտակար դարձաւ բազմաթիւ կարօտեալներու եւ իր այցելութիւններով ոգեւորեց հիւանդները եւ քաջալերեց, որ իրենց հաւատքին վրայ հաստատ մնան ու վստահին Աստուծոյ:
25 դեկտեմբեր 2011-ին, սարկաւագաց տօնին առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր շնորհեց Մովսէս սրկ. Տէր Առաքելեանին հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իր նուիրեալ ծառայութեան քառասնամեակին առիթով:
Մովսէս սարկաւագին կեանքին ու նկարագիրին բնորոշ յատկանիշներն էին` պարտաճանաչ եւ նուիրեալ ծառայութիւնը, խոնարհութիւնը, աւետարանին քարոզչութիւնը եւ հաւատացեալները Քրիստոսի զրահով գօտեպնդումը:
Իր մահով այսօր կը սգան իր հարազատները, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին եւ բոլոր զինք ճանչցողները, որովհետեւ կորսնցուցին իսկական եւ բարի հայր մը, նուիրեալ սարկաւագ եւ տիպար քրիստոնեայ մը:
Սիրելի՛ Մովսէս սարկաւագ,
Մահուանդ քառասունքին առիթով այս համեստ տողերը անուշաբոյր վարդեր, խունկ եւ աղօթք թող դառնան շիրիմիդ վրայ:
Յիշատակդ անթառամ մնայ:
ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ