Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

#Գրաւէ Պետութիւնդ

Սեպտեմբեր 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

araz_9-20-15

Երբ իրաւունքները կ՛ոտնայարուին եւ ապրելակերպը հիմնականօրէն կեանքի սղաճին հետ քայլ պահելու համար նպատակ կ՛ունենայ միայն դրամ շահիլ, ճնշուած ժողովուրդը կա՛մ փախուստ կու տայ երկրէն, կա՛մ ալ կը կազմակերպուի ու կը դիմադրէ անարդարութեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան պարագային երկուքն ալ տեղի կ՛ունենան: Արտագաղթը արդէն դարձած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը բնորոշող երեւոյթներէն մէկը, որուն կանխարգիլման ծրագիրներ մշակելու փոխարէն առաւելաբար կը խօսուի յետցեղասպանութեան սփիւռքը Հայաստան փոխադրելու մասին: Այլ խօսքով, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին կը շարունակէ ապրուստը ապահովելու համար դուրս նետուիլ, իսկ իր ապրուստով ինքնաբաւ սփիւռքահայը հայրենասիրութեան կամ այլ անուններու տակ կը փոխադրուի Հայաստան:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ճնշումներէն խուսափող արտագաղթողին մասին վճռական ստորասութիւններ ընելէ առաջ սակայն, անհրաժեշտ է քալել անոր կօշիկով, որպէսզի կարելի ըլլայ ըմբռնել արտագաղթելու որոշումը տալուն hանգրուանները:

Այնուամենայնիւ, Հայաստանի Հանրապետութեան ճնշուած ժողովուրդը նաեւ գիտէ դիմադրել երկրին պետութեան ճնշումներուն: Իբրեւ օրինակ, յունիս 2015-ին, անգամ մը եւս տարբեր անկախ շարժումներ հրապարակ ելլելով «կը գրաւեն» Երեւանը եւ բողոք կը բարձրացնեն ելեկտրականութեան սակագինին թանկացման դէմ: Այս շարժումներուն գործիչները, որոնք յանձն առած էին շարժումին ղեկավարութիւնը, քաղաքական պատկանելիութենէ վեր պատկանելիութիւն մը` քաղաքացիական պատկանելիութիւնը ունենալով, «կը գրաւեն» Երեւանի տարբեր տարածքներ ու զանոնք հարթակ կը դարձնեն իրենց պահանջներուն բարձրացման համար:

Ելեկտրականութեան սակագինին սղութեան դէմ շարժումներ կը սկսին տարբեր անուններու տակ կազմակերպուած գործիչներու կողմէ, ինչպէս` «Ո՛չ թալանին», «Ոտքի՛ Հայաստան» եւ այլն, որոնք յունիսի երրորդ շաբաթէն ի վեր Ազատութեան հրապարակ իջնելով կը բարձրացնեն բողոք, որ շատ չտեւած կը վերածուի քանի մը շաբթուան վրայ երկարող նստացոյցի` Բաղրամեան պողոտայի վրայ: Այս ցոյցերը զերծ չեն մնար անշուշտ ոստիկանութեան բռնութիւններէն եւ ենթակայ կ՛ըլլան անհամաչափ բռնութեան կիրարկումի եւ մեծ թիւով ցուցարարներու կալանաւորման:

Ոստիկանութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ ըլլալ բռնութեան ջատագով ու պետական իրաւասութեամբ` անտեղի ու անհաւասարակշռուած ուժ կիրարկելու գործիք` բռնութիւն կիրարկելով ազատ խօսքի եւ արտայայտութեան իրաւունքներու սահմաններուն մէջ բողոքող երիտասարդներուն դէմ:

Արդարեւ, տարբեր երկիրներու մէջ ոստիկանութիւնները միշտ ալ գործիք եղած են դրամատիրութեան ժանիքներուն մէջ եւ իրենց մարդուժը յատկացուցած են քաղաքացիական հասարակութիւնը ճնշելու, երբ վերջինիս ներկայացուցիչները կը բարձրացնեն  իրենց արդար ձայները:

Քաղաքացիական հասարակութիւնը պետութենէ անջատ, կամաւոր եւ ինքնակազմակերպուած հասարակութիւն մըն է, որ հիմնականօրէն պաշտպան կը հանդիսանայ քաղաքացիներուն իրաւունքներուն եւ կ՛ապահովէ միտքի ազատ արտայայտութեան բեմ, որպէսզի երկիրը մնայ ժողովրդավարական վարչակարգի մէջ եւ չվերածուի բռնատիրութեան: Քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն առաջնահերթութիւնը վերահսկել է պետութիւնը, որուն համար պէտք է լաւ ուսումնասիրած ըլլան իշխանութեան գլուխ անցած պետական պաշտօնեաներուն իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները եւ հասարակութիւնը իրազեկեն անոնց ուժի շահագործման պարագաներուն մասին: Հաւասարակշռելու համար պետութեան իշխանութիւնը քաղաքացիներուն իրաւունքներուն դիմաց, քաղաքացիական հասարակութիւնը լոպիինկի միջոցով տեղեկատուութեան մատչելիութիւն ձեռք կը ձգէ: Անշուշտ հաշուետուութեան կողքին անոնց պարտականութիւնը կ՛ըլլայ հասարակութիւնը քաղաքականացնել եւ ժողովրդավարութեան իրականացման միջոցներ առաջարկել` մասնակից դառնալով որոշումներու գործադրութեան գործընթացներուն:

Ելեկտրականութեան սակագինի թանկացման դէմ բողոքի ալիքը ընթացք առաւ պահանջներով, այդ ալիքը նախ եւ առաջ դէմ կեցաւ սակագինի թանկացման, ապա ուշադրութեան հրաւիրեց նաեւ քաղաքական շահագործման այլ ընթացքներուն վրայ:

Հայաստանի Հանրապետութեան երիտասարդ քաղաքացիները միշտ ալ աշխուժ ներկայութիւն ունեցած են քաղաքացիական հասարակութեան աշխատանքներուն մէջ եւ բնաւ բաց չեն թողած երկիրը դէպի փտածութիւն տանող դրամատէրներու ընչասիրութեան դիմաց:

Ի վերջոյ երկիրը կ՛անկախանայ ու ժողովրդավար կը դառնայ իրաւատէր ու արթուն իր ժողովուրդով: Պետութիւնդ քուկդ է, գրաւէ՛ զայն, երբ կը հարուածէ երկրիդ շահերը:

 

 

 

Նախորդը

2015 Տարին` Նաեւ Երախտագիտութեան Տարի

Յաջորդը

Անկախութեան Եւ Ինքնիշխանութեան Հասկացողութիւնը` Ընկերային Արդարութեան Եւ Հոգեւոր Պրիսմակէն Դիտուած

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. Տրամաբանութիւն Մի՛ Փնտռէք

Յունիս 14, 2025
«Մշակուած Են Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերուն Նպաստաւոր Պայմաններ Եւ Անոնց Աշխատանքը Դիւրացնող Ու Յաւելեալ Շահեր Ապահովող Նոր Դրութիւններ»   Շեշտեց Նազարէթ Սապունճեան
Անդրադարձ

Նազարէթ Սապունճեանի Դամբանական

Յունիս 14, 2025
Եռամիասնութեանց Ուղեւորը
Անդրադարձ

Խստապահանջ ու Պարտաճանաչ Դաշնակցականը` Նազարէթ Սապունճեան

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?