Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրզրումէն Այլեւս Ձայն Չի Հնչեր…

Սեպտեմբեր 19, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գրեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

D_2-Partsr-HaykՇատ զարմացայ, երբ ձեռք առի Բարձր Հայքի հայր. Միութեան Լիոնի մասնաճիւղին ծրագիր-կանոնագիրը պարունակող պրակը, որ տպուած է 1931-ին:

Չէի գիտեր, թէ այս հնաւանդ անունով մկրտուած հայրենակցական միութիւն մը գոյութիւն ունեցեր է տասնամեակներ առաջ: Փաստն այն է, որ նմանապէս հին պատմական անուանումներ կրող Վասպուրականի կամ Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութիւններուն քովն ի վեր` կայ եղեր Բարձր Հայքի միութիւնն ալ…

Բայց այսօր, սփիւռքի տարածքին, քանի՞ հայ մարդ կրնայ լսած ըլլալ «Բարձր Հայք» անունը: Եթէ ընթերցասէր ու պրպտող անձ մը չէք, կամ հայագիտական ամպիոնի մը չէք աշակերտած, դժուար թէ հանդիպած ըլլաք Բարձր Հայքին…

Բարձր Հայքը պատմական հին Հայաստանի («Մեծ Հայք») 15 նահանգներէն մէկն էր: Այսօրուան աշխարհագրական քարտէսներուն վրայ անիկա կը համապատասխանէ Էրզրումի նահանգին ու շրջակայքին: Իսկ Էրզրումը մեր հայկական անուանումով Կարինն է:

Ամէն անգամ որ Կարնոյ անունը լսեմ, անմիջապէս ու բնազդաբար երեք բան կը մտաբերեմ.

Ա)- «Պաշտպան հայրենեաց» ընդյատակեայ գաղտնի կազմակերպութիւնը, որ ծնունդ առաւ Կարնոյ մէջ, 1881-ին, եւ որ կը նկատուի հայ քաղաքական առաջին կազմակերպուած կորիզը Արեւմտահայաստանի տարածքին, նախքան հայ կուսակցութիւններուն երեւումը:

Բ)- Սանասարեան վարժարանը, որ Կարնոյ պարծանքը մնաց երկար տարիներ, եւ ուրկէ շրջանաւարտ եղաւ փայլուն ու պիտանի ամբողջ սերունդ մը:

Գ)- Մեր հանրային երեւելի դէմքերէն Արմէն Գարոն (Փաստրմաճեան), որ Կարնոյ հայութիւնը կը ներկայացնէր օսմանեան խորհրդարանէն ներս, յետ սահմանադրական տարիներուն…

Վերադառնալով Բարձր Հայքին` պարզ կը դառնայ ուրեմն, որ այս անունը կրող հայրենակցական միութեան երդիքին տակ համախմբուեր են առաւելաբար կարնեցիները, բայց նաեւ` Կարնոյ դաշտի եւ շրջակայքի հայաբնակ վայրերու վերապրողները` երզնկացիներ, բաբերդցիներ, քղեցիներ, դերջանցիներ…

Ըստ գերմանացի Եոհաննէս Լեփսիւսի վկայութեան, Եղեռնի նախօրէին Կարնոյ նահանգը ունէր  200 հազար հայ բնակիչ, որոնցմէ փրկուեցաւ 40 հազարը: Այս վերապրողներն են անշուշտ, որ զանազան գաղութներու մէջ քով-քովի եկան ու հիմնեցին իրենց հայրենակցական միութիւնները: Վիճակագրութիւն մը կ՛ըսէ, թէ 1932-ին Մարսէյի մէջ կար կարնեցի 105 ընտանիք (450 հոգի):

Կարնեցիներու 800 էջանի պատմագիրքը հրատարակուած է 1957-ին, Պէյրութ, «Յուշամատեան Բարձր Հայքի – Կարինապատում» անունով, Ղազար Չարըգի խմբագրութեամբ: Բայց անկէ առաջ Կարնոյ պատմութեան վրայ աչքի լոյս թափած էին մասնաւորաբար Վիեննայի Մխիթարեան ուխտի երբեմնի բանիբուն միաբանները: Օրինակ, հ. Յակոբոս վրդ. Քօսեան 20-ական թուականներուն երկու անջատ հատորներով լոյս ընծայեր էր Կարնոյ եւ շրջակայ հայաբնակ գիւղերուն տեղագրութեան, պատմութեան եւ սովորութիւններուն նուիրուած իր ուսումնասիրութիւնը, հ. Համազասպ Ոսկեան համապարփակ սեւեռումի ենթարկեր էր «Բարձր Հայքի վանքերը» (1951), Հ. Յակոբոս Տաշեան գրեր էր Կարնոյ Խոտորջուր գաւառակին ու շրջակայ հայաբնակ վայրերուն մասին ծաւալուն աշխատասիրութիւն մը (որ հրատարակուեցաւ հեղինակին վախճանումէն 40 տարի ետք, 1973-ին), նոյն Խոտորջուրի պատմութեան, սովորութիւններուն ու ճակատագրին մասին յուշամատեան մը (1964) պատրաստեր էին հ. Յարութիւն Հուլունեան եւ հ. Մատթէոս Հաճեան: Յիշեալ բոլոր վարդապետներն ալ բնիկ կարնեցիներ էին…

Որքան որ գիտենք, երկար տասնամեակներէ ի վեր լուծարքի ենթարկուած են Կարնոյ հայրենակցական միութիւնները… Ա՛լ Կարինը յիշող չկայ, բացի երբեմն-երբեմն գինարբուքի սեղաններէն լսուող հի՜ն ու անուշ երգի մը ընդմէջէն` «Ձայն մը հնչեց Էրզրումի հայոց լեռներէն…»:

 

 

 

Նախորդը

Գաղթականներու Ալիքը

Յաջորդը

Գրիգոր Միթիլեանի Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?