Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Դէպի Եւրոպա գաղթականներու հոսքը վերջին շաբաթներուն մեծ աղմուկ բարձրացուց միջազգային շրջանակներու մէջ:
Բոլորը մոռցան, որ Լիբանանը չորս տարիէ ի վեր մէկ միլիոնէ աւելի գաղթականներ կ՛ընդունի առանց աղմուկի, առանց միջազգային տակնուվրայութեան: Միայն նիւթական օժանդակութիւն կը խնդրէ եւ չի ստանար, նոյնիսկ արաբական «եղբայր» երկիրներէ:
Անգլիա եւ Միացեալ Նահանգները առանց ամչնալու կը յայտարարեն, որ միայն տասը հազար գաղթական կրնան ընդունիլ այդ ալ չորս տարուան ընթացքին:
Գաղթականութեան հոսքին աղբիւրը բուժելու փոխարէն, գաղթականները ընդունելու, թիւի, քանակի դասաւորման վէճեր, ծայր առած են: Այսօր, փաստօրէն, գաղթականներու ալիքին աղբիւրը թրքական սահմաններու բաց մնալն է: Անցնող տարիներուն միշտ ալ շեշտուեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի թափանցումը Թուրքիայէն, եւ վերջինին ուղղակի ու անուղղակի հովանաւորութիւնը ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւններուն: Սակայն Թուրքիան, միշտ ոչխարի տարազ հագած, մնաց բարի եւ ընդունելի միջազգային բոլոր շրջանակներէն: Ինչո՞ւ Թուրքիան չի դատապարտուիր: Գաղթականներու հոսքը կրնայ կասեցուիլ, եթէ Թուրքիա մտնող եւ ելող բոլոր սահմանները հսկուին: Ատիկա ընելու կարողութիւնը չունի՞: Չեմ կարծեր: Ընդհակառակը ընդյատակեայ ծրագիր մըն է, որպէսզի լուսարձակները իր վրայէն հեռանան:
Վերջին տուեալներով, արդէն գաղթականներուն հետ Եւրոպա թափանցած են ՏԱՀԵՇ-ի հինգ հազար զինեալներ: Եւրոպան նաեւ այս իմաստով անակնկալներու կը սպասէ:
Երկրորդ ամէնէն կարեւոր ազդակը այն է, որ, փոխանակ Սուրիոյ հարցը լուծելու միջազգային մակարդակով, առաջքը առնելու եւ վերջնական լուծումներ գտնելու, կը խօսուի միայն գաղթականները ինչպէս ընդունելու, ո՞ւր տեղաւորելու, քանի՞ գաղթական ընդունելու մասին: Խօսող չկայ, այն մասին, որ Սուրիոյ հարցը ինչպէ՞ս կարելի է լուծել: Կը հաւատա՞ք, որ աշխարհի բոլոր մեծ երկիրները միասին ՏԱՀԵՇ-ի շարժումին դէմ չեն կրնար դնել: Բնականաբար անհաւատալի: ՏԱՀԵՇ-ը հովանաւոր ունի: Հովանաւորները բացայայտ են, սակայն բոլորին ալ հաշուոյն չի գար այդ հովանաւորը դատապարտելը կամ պատժելը: Ուրեմն կը զբաղին գաղթականներով, իսկ մնացած բազմաթիւ ու բարդ հարցերը կը մնան օդին մէջ: