ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի հանրաքուէի մասնակցելու իրաւունք ունեցող բնակչութեան 95.5 առ հարիւրը, շուրջ 2 միլիոն 57 հազար մարդ, մասնակցեցաւ հանրաքուէին, որոնց շուրջ 2 միլիոն 43 հազարը` 99.54 առ հարիւրը ԱՅՈ ըսաւ «Համաձա՞յն էք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լինի անկախ ժողովրդավարական պետութիւն Խորհրդային Միութեան կազմից դուրս» հարցումին: Միայն 0.46 առ հարիւրը ՈՉ ըսաւ: Ամբողջ սփիւռքահայութիւնը իր կարգին, եթէ առիթը ունենար մասնակցելու հանրաքուէին, հաւանաբար նոյն համեմատութեամբ ԱՅՈ պիտի քուէարկէր:
Վերյիշենք, թէ այդ պահուն, զերօ ժամուն, Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան իրավիճակը ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնէր:
Առաջին` խաղաղասէր հայ բնակչութիւնը ականատես եղած էր խորհրդային վարչակարգին ուղղակի մեղսակցութեան, ապա ահաւոր անտարբերութեան եւ թոյլտուութեան` 1988 թուականի սկիզբը սաստկացած եւ շարունակուած, Խորհրդային Ազրպէյճանի իշխանութեան եւ ժողովուրդին կողմէ Ազրպէյճանի տարածքին ապրող եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայ բնակչութեան դէմ կատարուած հալածանքին, կոտորածներուն եւ փոկրոմին: Գերպետութիւն եղող խորհրդային կեդրոնական իշխանութիւնը բացարձակ կարողութիւնը ունէր, բայց չպաշտպանեց անզէն հայ բնակչութիւնը, որ օր ցերեկով ցեղային մաքրագործումի կ՛ենթարկուէր:
Երկրորդ` 1988-ի դեկտեմբերին, Հայաստանի հիւսիսը հարուածած ահաւոր երկրաշարժը, որուն զոհ գնաց 25.000 մարդ, վիրաւորուեցաւ 20.000 մարդ, անպատսպար մնաց 514.000 մարդ, վնասուեցաւ 2 քաղաք, ծանրագոյնը` Գիւմրի եւ Սպիտակ, եւ 342 գիւղ, կրկին հայ ժողովուրդը ականատես եղաւ գերպետութիւն նկատուած Խորհրդային Միութեան թերացումին եւ անկարողութեան` շտապ օժանդակութիւն հասցնելու եւ պատսպարելու աղէտեալ ժողովուրդը, որ մինչեւ այսօր տակաւին կը տառապի երկրաշարժի հետեւանքներէն (Խորհրդային Ազրպէյճան շոգեկառքով իր աղբերը ղրկած էր իբրեւ օժանդակութիւն…):
Երրորդ` 1990 թուականի օգոստոս 23-ին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը արդէն հռչակած էր անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Չորրորդ` ազատատենչ հայ ժողովուրդին կարեւոր մէկ հատուածը, արդէն Հայաստանի խորհրդայնացումի առաջին օրերէն, իսկ ուրիշներ հետագային, դժգոհ էին խորհրդային վարչակարգէն, զանազան հիմնական եւ ոչ այդքան հիմնական պատճառներով: Հաւանաբար այս նոյն դրդապատճառներուն մէջ պէտք է փնտռել նաեւ ներկայի կարգ մը երեւոյթները, որոնց պէտք է անդրադառնալ այստեղ պարզեցուած ձեւով եւ կարեւորութեան կարգով:
1. Ցարական Ռուսիոյ յաջորդող խորհրդային վարչակարգը հակահայ քաղաքականութիւն կիրարկեց` անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն Կարսը, Արտահանը, Արարատ լեռը յանձնելով պարտութեան մատնուած Թուրքիոյ, մինչ կարելիութիւնը ունէր Արեւմտահայաստանէն յաւելեա՛լ շրջաններ վերամիացնելու Հայաստանին, իմա Խորհրդային Միութեան: Երկրորդ` Լեռնային Ղարաբաղը եւ Նախիջեւանը յանձնեց Ազրպէյճանի հոգատարութեան` իբրեւ ինքնավար մարզեր, եւ երրորդ` Ախալքալաքը յանձնեց Վրաստանին: 1920 թուականին Հայ ժողովուրդին արիւնով ազատագրուած շուրջ 70000 քառ. քմ տարածութիւն ունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերածուեցաւ 29743 քառ. քմ-ի, այսինքն կէսէն պակաս` շուրջ 42 առ հարիւրի:
2. Խորհրդային վարչակարգը, ճնշելով ինքնուրոյն ազգային, կրօնական, մշակութային, մտածելակերպի եւ խօսքի ազատութիւնները` բազմահազար հայեր աքսորեց Սիպերիա: Մէկ հրամանագիրով նոյնիսկ արեւելահայերէնը նենգափոխեց ուղղագրական եւ այլ տեսակի աղաւաղումներով, որպէսզի հայուն սեփական անցեալին, պատմութեան, մշակութային հսկայական աւանդին եւ սփիւռքին հետ հաղորդակցութեան կապը դժուարանայ եւ խզուի:
3. Խորհրդային Միութեան յատուկ «երկաթէ վարագոյրը», որ կ՛արգիլէր արտաքին աշխարհին հետ երկուստեք յարաբերութիւնը, դժգոհութեան եւ բանտարկեալի հոգեվիճակ յառաջացուցած էր քաղաքացիին մօտ, թէեւ ութսունական թուականներէն սկսեալ մեղմացած էին սեղմումները: «Քոքա քոլա»-ի, «Ճինզ»-ի «Մարլպորօ»-ի «Հոլիվուտ»-ի «Մերսետես»-ի եւ այլն… մակերեսային չափանիշով «զրկանքները» ոմանց համար արդէն բաւարար պատճառ էին ԱՅՈ քուէարկելու (այստեղ կ՛արժէ յիշել, զարմանալի հեգնանքով, որ ութսունական թուականներուն մի՛այն Քալիֆորնիոյ բանտերուն մէջ շուրջ 14.000 Հայաստանէն գաղթած «զրկուածներ» կային):
Ահա վերեւ յիշուած բոլոր իրողութիւններուն ենթագիտակիցով եւ հաստատ ու անվերապահ համոզումով, հայ ժողովուրդը բացարձակ մեծամասնութեամբ որոշեց դուրս գալ Խորհրդային Միութենէն եւ վերականգնել ազատ ու անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:
Յետոյ ի՞նչ պատահեցաւ:
Անկախութեան ժամանակաշրջանի առաջին վարչակարգը, կարծես հայ ժողովուրդը պատժելու համար, ահաւոր եւ անհաւատալի, ազգակործան ծրագրուած վարքագիծ մը որդեգրեց ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր թշնամիները պիտի փափաքէին, այդ ալ արցախեան ազատագրական պատերազմի օրերուն: Օրուան նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան, փակեց Մեծամօրի հիւլէական ելեկտրակայանը` երկրաշարժի վտանգի պատրուակով, մասնակի մթութեան մատնելով ցարդ դրացի երկիրներուն ելեկտրականութիւն վաճառող լուսաւոր եւ տաքուկ Հայաստանը: Փակեց իր տեսակին մէջ Խորհրդային Միութեան մեծագոյն` Նայիրիտ գործարանը` օդի ապականութեան պատրուակով, բազմահազար պաշտօնեաներ անգործութեան մատնելով եւ արտադրութենէն գալիք եկամուտը չքացնելով: Հինգ հազարէ աւելի մեծ գործարաններ սեփականաշնորհեց իր բարեկամներուն` ծիծաղելիօրէն ցած գիներով: Անոնք փոխանակ շարունակելու աշխատանքը իր պատրաստ շուկայով, թալանեցին եւ երբեմն իբրեւ մետաղ ցած գիներով վաճառեցին սարքաւորումներն ու մեքենաները, առաւելաբար մեր թշնամիին` թուրքին, տասնեակ հազարաւոր աշխատողներ անգործութեան մատնելով եւ եկամուտը չքացնելով: Այսօր կը տեսնենք այդ թալանուած հսկայական գործարաններուն կմախքի վերածուած, նոյնիսկ դուռ- պատուհանը քակուած լքուած կառոյցները մայրաքաղաքին մէջ եւ երկրին ամբողջ տարածքին: Ուժանիւթով հարուստ, գործարաններով հարուստ ինքնաբաւ երկիրը մատնեցին մթութեան, ցուրտի, անգործութեան, աղքատութեան, թշուառութեան եւ նպաստընկալ մուրացկանի, որպէսզի կախեալ ըլլանք օտարէն:
Զարմանալի չէր, որ հայ ժողովուրդը այդ տխրահռչակ վարչակարգը դուրս շպրտեց իշխանութենէն իր ժամանակէն առաջ, դժբախտաբար սակայն առանց պատժական տնօրինումներու` «հիմա ատենը չէր»: Տակաւին կը շարունակուին այդ վարքագիծին ազգակործան հետեւանքները` անգործութիւն, «Նայիրիտ»-ի հարց, աւելի սուղ ուժանիւթ եւ այլն…:
Յաջորդող երկրորդ վարչակարգը ունեցաւ փրկարար դերակատարութիւն` կասեցնելով իր նախորդին` յետադարձ ակնարկով, գերագոյն դաւաճանութեան ընթացքը, որ սակայն անդարմանելի աւեր գործած էր արդէն: Հիւլէական կայան փակելը դիւրին էր, բայց անոր աշխատանքին վերսկսիլը կը կարօտէր միջազգային միջամտութեան… Քոչարեանը յաջողեցաւ վերաբանալ հիւլէական կայանը` վերստին լուսաւորելով երկիրը, ուժանիւթ տրամադրելով ցարդ չթալանուած եւ նոր գործարաններուն: Վերականգնեց տնտեսութիւնը` ստեղծելով նոր աշխատատեղեր, աւելի մեծ դերակատարութիւն վստահեցաւ սփիւռքին, եւ վերջապէս` արդիական պետութեան մը բովանդակ ենթակառոյցին հիմնարար աշխատանքին սկսաւ, ինչ որ կը շարունակուի մինչեւ հիմա:
Այսօր, 24 տարի ետք, նախ ամենայն հպարտութեամբ կազմաւորուած կը տեսնենք հայրենիքի պաշտպան հայկական հզօր բանակը եւ մեր բանակին ետին կանգնող եւ ծնունդ տուող արի ժողովուրդը:
Մենք կը տեսնենք քաղաքացիին եւ այցելուներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորող կարգ, կանոն եւ ապահովութիւն:
Մենք կը տեսնենք երկրագործութեան, հողագործութեան, եւ անասնաբուծութեան, պարէնաւորման, պահածոներու, ձկնեղէնի եւ կաթնեղէնի ինքնաբաւ համակարգ, աւելի՛ն, այս տարուան բերքը եւ արտածումները գերազանց կը նկատուին:
Մենք կը տեսնենք արդիական մայրաքաղաք Երեւանը` իր խնամուած գեղեցիկ այգիներով, զբօսավայրերով, զարգացող կենդանաբանական պարտէզով, հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներով, շինարարութեամբ, ենթակառոյցներով եւ արդիական օդակայանով:
Մենք կը տեսնենք Հայաստանի ամբողջ տարածքը գերարդիական բջիջային եւ համացանցի սարքաւորումներով օժտուած:
Մենք կը տեսնենք արուեստի, գեղարուեստի, երաժշտութեան եւ թատրոնի միջազգային չափանիշով բարձր որակ:
Մենք կը տեսնենք յարատեւ բարելաւուող կրթական համակարգ` մինչեւ բարձրագոյն ուսում:
Շարքը երկար է իրագործումներուն եւ յառաջդիմութեան: Բնական է, որ տքնաջան աշխատանքով եւ ուսումնասիրուած ծրագիրներով միշտ պիտի բարելաւենք մեր հայրենիքի իրավիճակը` բոլոր մարզերուն մէջ:
Հայուն «քարէն հաց հանելու» յատկանիշը ակնյայտ է ամէնուրեք: Հայաստանը ունի ինքնաբաւ ըլլալու կարողականութիւնը` 21-րդ դարու ամէնէն թանկագին եւ պահանջուած` Ա. Ջուրի պաշարը, Բ. Պարէնաւորման համակարգը (սնունդի ճարտարարուեստ), Գ. Ուժանիւթը, ջրելեկտրակայաններ, հիւլէական կայան(ներ) արեգակնային ջերմուժ, ստորերկրեայ ջերմուժ եւ հովի ուժանիւթ:
Ընթացիկ բոլոր այլ մարզերուն կողքին, երիտասարդը կառչած պէտք է մնայ հողին` բարելաւելով եւ զարգացնելով յատկապէս վերեւ յիշուած երեք կարողականութիւնները, մեր հայրենիքի բազում հարստութիւնները եւ անպայման կերտելով փայլուն ապագայ:
16 սեպտեմբեր 2015