ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Այս պարագային տեղայնամտութիւնը չէ, որ կ՛առաջնորդէ մեր մտածումները: Շրջաններու եւ թաղամասերու միջեւ տարբերակումներ ընելու ոչ մէկ միտում հարկ է տեսնել ընդհանրապէս, այլ` յարաբերաբար աշխարհագրական փոքր շրջանէ մը մեկնած, լոյսին կ՛ուզենք բերել ազգային կեանքին առնչուող խորապատկերներ, այլապէս հաւաքական մեր յիշողութեան պաստառին վրայ արձանագրուած անսեթեւեթ ճշմարտութիւններ, որոնց թւումն անգամ պարտաւորեցնող է ըստ ամենայնի, գալիք սերունդներուն համար:
Ըստ երեւոյթին, փոքր ազգերու եւ պետութիւններու համար շատ անգամ տարեդարձ թուականներու թէ ամեակներու նշումը ունի, պէտք է ունենայ նաեւ ինքնաճանաչողական արտայայտութիւն, այն առումով, որ հաւաքականութիւններու համար ատոնք առիթներ կը հանդիսանան վերաթարմանալու, վերականգնելու եւ առաւել կազմակերպուելու:
Հաւանաբար նման մտածումի մը առանցքը կ՛ընդգրկէ վերոնշեալ «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» կարգախօսը, իր զանազան իմաստներով, եւ որուն համար գաղութահայ մեր կեանքը զօրաշարժի է ենթարկուած, արդարօրէն:
Ճիշդ է, որ նշեալ առիթը Լիբանանի եղբայրասպան, յիմար, անիմաստ, աննպատակ եւ ինքնասպան պատերազմի սկսելուն քառասուն եւ աւարտելուն քսանհինգ զոյգ ամեակներն են, որոնց վրայ շեշտը կը դնենք յատկապէս, այդուամենայնիւ, մեզ` հայութիւնը շահագրգռողը, այս պարագային` կը մնայ այս գաղութի ներկան ու ապագան:
Գաղութի մը, որուն տրուած անուանումները (մայր, կեդրոնական, սփիւռքի սիրտը հանդիսացող եւ այլն) արդէն կը պատկանին յուշ անցեալին, առարկայական եւ ենթակայական բազմաթիւ պատճառներով:
Յայտնենք, սակայն, թէ յուշ-անցեալի վերոյիշեալ մատնանշումը չի նշանակեր կամ չ՛ենթադրեր անպայման խուսափում ներկայի եւ ապագայի մասին հաստատ ու համոզիչ պատկերացումներ ունենալէ, ըսելիք փոխանցելէ եւ կամ` յուսալքումի եւ հիասթափութեան դէմ կանգնելէ: Պարզ այն հասկացողութեամբ, որ գաղութահայ կեանքի հարիւրամեայ մեր փորձառութիւնը մեզի կը յուշէ նաեւ հոգեշարժեր նուիրական աշխատանքներու եւ շինիչ մօտեցումներ կենդանի պատկերներու:
Այս առումով, ինչպէ՛ս չխանդավառուինք իբրեւ լիբանանահայեր ի տես նման հպարտառիթ եւ ոգեշնչող ձեռնարկներու կայացման:
Ինչպէ՛ս մեր հոգիներ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ չլեցուին, մեր աչքերը յուզումնախառն չփայլին, մեր խոնարհ միտքերը չհրճուին, մեր զգացումները չբոցավառին եւ մեր ալեկոծ ներաշխարհները չխաղաղին, երբ գաղութային կեանքի այս աղտոտած միջավայրին մէջ, ազնուասիրտ ու բարեպաշտ ժողովուրդի մը ներկայութեան կը կազմակերպուին յիշատակի ձեռնարկներ նուիրուած նահատակութեան փառապսակին արժանացած աննման տղաներու, որոնց շնորհիւ հայութիւնը դեռ կը շնչէ ու կ՛ապրի այս երկրին երդիքին տակ:
Արդարեւ, Արագածի շրջանի ՀՅ Դաշնակցութեան «Դրօ» կոմիտէի խիզա՛խ նախաձեռնութիւնը` արժանի է բոլորիս գնահատանքին, որովհետեւ անիկա ճի՛շդ մտածում մըն է, արդար մօտեցում, ոգեւորող աշխատանքի դրսեւորում հաւաքաբար ոգեկոչելու Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ինկած շրջանի բոլոր զոհուածներուն, բոլոր նահատակներուն եւ ինչու չէ նաեւ` այս շրջանին մէջ ծնած ու ապրած բոլոր ննջեցեալներուն յիշատակը:
Ճիշդ է, քաղաքացիական պատերազմի սկսման եւ աւարտին զոյգ ամեակները մեզի կը պատճառեն մէկ կողմէ տխրութիւն եւ միւս կողմէ ուրախութիւն, մէկ կողմէ ցաւ` մեր սիրելիներու կորուստին, տուներու քանդումին, շրջանի աւերումին եւ անասելի տառապանքին, եւ միւս կողմէ` անոնք մեզի կը փոխանցեն յաղթանակի զգացումին վեհութիւնը, մահէն չվախնալու գիտակցութիւնը, միասնական ուժին կարեւորութիւնը, հաւատքի զօրութիւնն ու ազգային հպարտութիւնը:
Ձեռնարկը խորքին մէջ հրաւէր մըն է յիշողութեան թարմացման, միասնաբար ըլլալու, սիրտ-սրտի խորհելու, իրարմով զօրանալու, տօնակատարելու: Յայտնապէս այս ձեռնարկը Արագածի շրջանի պատմութեան մէջ եզակի տօն է, հարսանիք ու պատարագ:
Բազմաթիւ իմաստներով Արագած թաղամասի տօնն է: Տօնն է գեղեցիկ յիշատակներու, հպարտութեամբ լեցուն ապրումներու, մաքուր եւ անկաշառ զգացումներու, բոլորիս միտքերն ու հոգիները ուրախութեամբ եւ տխրութեամբ պարուրելու, բայց մանաւանդ` սրբազան տօնն է յաղթանակի, վերականգնումի, զօրաւոր կամքի, մենք մեզ յարգելու եւ պատուով սնանելու առիթի, այս շրջանին կառչած մնալու մեր հաւատքին, երախտագիտութեան զգացումի` բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք իրենց սուրբ արիւնը նուիրաբերեցին յանուն այս շրջանի պաշտպանութեան, ժողովուրդի պահպանութեան եւ Լիբանանին տէր կանգնելու գիտակցութեան:
Քաջ գիտակից ենք, որ չկայ աւելի ազդու միջոց, հոգիները ցնցող եւ միտքերը զարդարող պատկեր, քան այն, որ հայ փոքրիկներ ու երէցներ ձեռք-ձեռքի տուած, այսքան դժուար օրերուն անգամ իրենց ցաւերն ու մտահոգութիւնները մէկդի շպրտած, կը փորձեն իրենց հաւաքական կեանքին իմաստ ու կորով շնորհել, քրիստոնէական հաւատքին թափը աւելցնել, ազգային արժէքներու մեծութիւնը վայելել, ապաշնորհ մեր առօրեայէն դուրս գալով` հայկականութիւն եւ հայաբոյր միջավայր ստեղծել:
Խանդավառ եւ ուրախ է Արագածի շրջանի հայութիւնը, որովհետեւ իր ներկայութեամբ եւ սուրբ մատաղի օրհնութեամբ կ՛ուզէ բոլորին յայտնել, բարձրաձայն կոչել, թէ մենք` հաւաքաբար, տէրն ենք այս շրջանին, մենք տէրն ենք սեփական ժառանգութեան, տէրն ենք մեր նահատակներուն, որոնք զոհուեցան մեզի համար, այսօր հոս ըլլալու համար, շրջանը հա՛յ պահելու համար:
Իսկ կարիքը կա՞յ վերստին յիշեցնելու, թէ այս համեստ շրջանը` Արագածի շրջանը, իր հայաշունչ բնակչութեամբ, իր բազմաթիւ թաղամասերով, համեստ բնակարաններով, իր ֆոլքլորիք կենցաղով եւ յարաբերաբար աշխարհագրական փոքր տարածքով ամրոց մըն էր մեզի համար, թէ՛ պատերազմէն առաջ, եւ թէ՛ ամբողջ պատերազմին ընթացքին:
Ամրոց մը, ուր հայութիւնը հպարտութեամբ ապրեցաւ շնորհիւ իր քաջարի համակիր զանգուածին, շնորհիւ դաշնակցական ակումբին եւ աննման հերոսներու, որոնք երբ ժամը հնչեց, զէն ի ձեռին դէպի մահ արշաւեցին` հասնելու, օգնելու եւ փրկելու հայ ընտանիքները:
Առանց ինքնագովութեան եւ չափազանցութիւններու, Արագածի շրջանը իր քաջարի ժողովուրդով կտոր մը հայրենիք էր մեր երբեմնի Կարսի հնոցը յիշեցնող, որ կոչուած էր ըլլալու ամբողջ Պուրճ Համուտի յառաջապահ դիրքն ու պատնէշը, ուր` այս թաղերուն մէջ, հասակ առին ու մեծցան բազմաթիւ սերունդներ:
Փաստօրէն, Արագածի շրջանը տասնամեակներ շարունակ որպէս համակեցութեան վայր ու ապրելու տեղ, որպէս ինքնաբաւ եւ կեանքով լեցուն շրջան ինչո՛վ էր պակաս, ինչո՛վ էր տարբեր այլ շրջաններէ:
Արագածի շրջանը ունէր երկու հայ վարժարան, եկեղեցի, հայրենակցական միութիւններ, արհեստի խանութներ, աշխատասէր արհեստաւորներ, նպարավաճառներ, շէնքեր, արհեստանոցներ, դարմանատուներ, բժշիկներ, ատամնաբուժներ, արուեստագէտներ, ուսանող տղաներ ու աղջիկներ, ուսուցիչներ, նոյնիսկ համալսարանի դասախօսներ:
Աւելի՛ն. Արագածի շրջանի մէջ ապրեցան իրարու յաջորդող սերունդներու ներկայացուցիչներ, ընկերներ ու բարեկամներ, որոնք կը յատկանշուէին իրենց տարօրինակ` ֆոլքլորիք մտածելակերպով եւ ապրելակերպով, սակայն բոլորին մէջ անխտիր մենք կը տեսնէինք հայասիրութիւն, ժողովրդասիրութիւնը եւ նուիրում:
Հապա՛ պատերազմի տարիներուն, եւ ամբողջ 15 տարի անդադար, Արագածի ժողովուրդը տոկաց, դիմադրեց, համբերեց, աշխատեցաւ, դէմ դրաւ ամէն յուսալքութեան եւ տկարութեան, եւ հաւատաց գալիք օրերուն:
1975 թուականը անկիւնադարձ մը եղաւ Լիբանանի հայութեան համար: Պարտադրուած քաղաքացիական պատերազմի բռնկումով, արդէն ազդանշանը կը տրուէր ինքնապաշտպանական աշխատանքներ տանելու հրամայականին:
Եւ հո՛ս է մեծութիւնը դաշնակցական երէց սերունդներու գործին ու նուիրումին, որոնք պատերազմի առաջին օրերէն սկսեալ մղուեցան լուրջ ու կարեւոր աշխատանքի` շրջանները զինելու, զէնք ու զինամթերք ապահովելու, եւ կռուող տղաք պատրաստելու` հայահոծ թաղամասերը պաշպանելու սուրբ գործին համար:
Եւ տարի առ տարի դաշնակցական ակումբները դարձան մեղուի փեթակներ, ուր համակիրներու հսկայ բանակներ եկան ու ծառայեցին իրենց ժողովուրդին, պահակութիւն ըրին, ուտելիք մատակարարեցին, ռումբերու տարափին տակ վիրաւորներ հիւանդանոցներ փոխադրեցին, ծերունիներ խնամեցին, ապաստարաններ մաքրեցին, պատնէշներ կանգեցուցին եւ զէնքը ձեռին նետուեցան ինքնապաշտպանական կռիւներու կրակին մէջ, զոհելով իրենց թանկագինը` կեանքերը:
Ճիշդ է, 15 երկար ու անմարդկային տարիներ եղան անոնք, որոնց ընթացքին լիբանանահայութիւնը կրցաւ տոկալ եւ մահուան յաղթել շնորհիւ իր քաղաքական հասունութեան, ցաւերուն եւ տառապանքներուն ահաւորութիւնը կրելու գերմարդկային ճիգին ու պատրաստակամութեան, բայց մանաւանդ շնորհիւ հայ պահակ տղոց քաջութեան եւ անսահման զոհողութիւններուն:
Այսօր հարկ է խոստովանիլ եւ քաջաբար, թէ մենք շրջանի հայեցի դիմագիծի պահպանման ճակատամարտին մէջ պարտուած ենք, բայց պատերազմը չենք կորսնցուցած: Պէտք է ընդունինք, թէ շրջանի հայութիւնը ունեցած է քանակի ու որակի անդարմանելի կորուստ, թէ օտարներու գոյութիւնը այլեւս կը վտանգէ մեր ապահովութիւնը, թէ խառնարան դարձած քիչ մը հեռակայ թաղամասերու բնակչութեան ազդեցութիւնը հետզհետէ կը ճնշէ մեր առօրեան, թէ արիւնով պաշտպանուած մեր թաղերուն դիմագիծը տակաւ այլանդակ կը դառնայ, թէ Պուրճ Համուտի այլապէս պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը` բնակարանային, տնտեսական, ընկերային եւ բազում բնագաւառներու վերաբերող, դարձած է կենաց մահու ասպարէզ:
Արդ, հաւատացողն ենք, թէ ապագան այսօրն է, եթէ գիտնանք լրջօրէն վարուիլ հետը, եթէ զօրացնենք մեր կամքը, եթէ կ՛ուզենք կառուցել մեր ապագան, եթէ կ՛ուզենք փրկել մնացածը, ապա պարտաւոր ենք միասնական ոգիով այս անգամ նետուիլ շրջաններու հայացման ճակատամարտերուն մէջ, պահելու եւ պահպանելու արիւնով պաշտպանուածը եւ կասեցնելու հաւաքական կեանքի գահավէժ ընթացքը:
Ա՛յս է կտակը մեր նահատակներուն:
«Այսօր հարկ է խոստովանիլ եւ քաջաբար, թէ մենք շրջանի հայեցի դիմագիծի պահպանման ճակատամարտին մէջ պարտուած ենք, բայց պատերազմը չենք կորսնցուցած: Պէտք է ընդունինք, թէ շրջանի հայութիւնը ունեցած է քանակի ու որակի անդարմանելի կորուստ, թէ օտարներու գոյութիւնը այլեւս կը վտանգէ մեր ապահովութիւնը, թէ խառնարան դարձած քիչ մը հեռակայ թաղամասերու բնակչութեան ազդեցութիւնը հետզհետէ կը ճնշէ մեր առօրեան, թէ արիւնով պաշտպանուած մեր թաղերուն դիմագիծը տակաւ այլանդակ կը դառնայ, թէ Պուրճ Համուտի այլապէս պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը` բնակարանային, տնտեսական, ընկերային եւ բազում բնագաւառներու վերաբերող, դարձած է կենաց մահու ասպարէզ:
Արդ, հաւատացողն ենք, թէ ապագան այսօրն է, եթէ գիտնանք լրջօրէն վարուիլ հետը, եթէ զօրացնենք մեր կամքը, եթէ կ՛ուզենք կառուցել մեր ապագան, եթէ կ՛ուզենք փրկել մնացածը, ապա պարտաւոր ենք միասնական ոգիով այս անգամ նետուիլ շրջաններու հայացման ճակատամարտերուն մէջ, պահելու եւ պահպանելու արիւնով պաշտպանուածը եւ կասեցնելու հաւաքական կեանքի գահավէժ ընթացքը:
Ա՛յս է կտակը մեր նահատակներուն:»
Անվերապահօրէն համաձայն ըլլալով՝ համայնքապահպանման, թաղապահպանման առաջնահերթութիւնը նախ եւ առաջ կը տեսնեմ դպրոց, ակումբ եւ եկեղեցի երրորդութեան մէջ: Մեր գաղութին համար ոճիրի համազօր է որեւէ ակումբի կամ եկեղեցիի յարակից դպրոց փակելը: Մեր գաղութի հրաշալի պաշտպան հերոսներու փաղանքը այդ դպրոցներէն անցնելով մտան ակումբ եկեղեցի եւ անսակարկ նուիրումի դաշտ: Պէտք է պահպանենք մեր անփոխարինելի հայ դպրոցը որքան ալ «խեղճ» թուի անոր պատեանը, շէնքը: