ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Երբ կը խօսինք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման մասին, ինքնաբերաբար նաեւ յիշողութեամբ կ՛երթանք դէպի անցնող դարու սկիզբը, երբ հայ ազգը իր գոյատեւումին համար մղած պայքարին թոհուբոհին մէջ վերականգնեց հայկական պետականութիւնը: Ե՛ւ 1918-ին հայկական պետականութեան վերականգնումը, ե՛ւ 1991-ին Ա. հանրապետութեան ազգային խորհրդանիշներուն հիման վրայ անկախութեան վերականգնումը իրականութեան մէջ խարսխուած էին գլխաւոր մէկ գաղափարի վրայ, այն է` հայ անհատի եւ հաւաքականութեան ազատ կեցութիւնը հայրենի հողին վրայ:
Ազատութեան մասին խօսելու ընթացքին մտահան պէտք չէ ընել այն իրողութիւնը, որ այս հասկացողութիւնը իր խորքին մէջ կրօնական, հոգեւոր հասկացողութիւն է: Երբ մարդ անհատը ստեղծուեցաւ, ստեղծուեցաւ իբրեւ կատարելապէս ազատ գոյացութիւն: Անոր տրուեցաւ կատարեալ ազատութիւն` ընտրելու իր կեանքի, ապրելու ձեւը: Նոյնիսկ ընտրելու, թէ իր «արարիչ»-ին պիտի հնազանդի՞, թէ՞ ոչ: Անշուշտ մարդ անհատը ազատութեան հասկացողութեան գինը շատ սուղ վճարեց, եւ այս երեւոյթը մենք կը տեսնենք թէ՛ Աստուածաշունչին մէջ, թէ՛ ալ մարդկութեան պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, բայց այդ նոյն պատմութիւնը նաեւ կը վկայէ, որ մարդկութիւնը ընթացած է մնայուն պայքարի հունով` յաւելեալ ազատութիւններ ձեռք ձգելու համար ընկերային եւ քաղաքական ասպարէզներուն մէջ:
Ինչ կը վերաբերի հայ ժողովուրդին, ապա անոր դարաւոր փորձէն պէտք է հետեւցնել, որ քրիստոնէական հոգեւոր արժէքները վերափոխեցին հայ մարդուն մօտեցումները կեանքի զանազան հասկացողութիւններուն, նախ եւ առաջ ազատութեան ու անկախութեան հասկացողութիւններուն նկատմամբ: Պատմական փորձը, երկարատեւ պետականազուրկ գոյութիւնը խթան հանդիսացան, որ հայ մարդը կառչած մնայ ազատութեան գաղափարին ու ձգտի անոր` սկսելով հոգեւոր եւ մշակութային ազատութենէն: Եւ երբ Զարթօնքի ժամանակաշրջանը հասաւ ու մարդիկ սկսան պեղել ազգային գաղափարախօսութեան ակունքները, նախ եւ առաջ անոնց ուշադրութիւնը գրաւեց հոգեւոր արժէքներուն պահպանումին ընդմէջէն ազատութեան եւ ինքնավարութեան ձգտումի առումով հայութեան տարած պայքարը` պատմական զանազան ժամանակաշրջաններուն: Այս ուղղութիւնը շատ յստակ կերպով մենք կը տեսնենք Աբովեանի, Նալբանդեանի, Պատկանեանի եւ Ալիշանի գործերուն մէջ: Թէեւ խորհրդային ժամանակաշրջանը փորձած է ըստ կարելւոյն ստուերի մէջ ձգել այս պարագան, սակայն ուշադիր հետեւողը եւ ուսումնասիրողը չի կրնար Զարթօնքի այդ սերունդի մտաւոր արտադրութեան մէջ չնկատել ազատագրումի հասկացողութեան իմաստով քրիստոնէութեան ունեցած վճռորոշ դրոշմը:
Ուղղակի ազգային-ազատագրական պայքարին, յեղափոխական կռիւին առումով ալ կարելի չէ ուրանալ քրիստոնէական արժէքներուն եւ հոգեւորականներուն կարեւոր դերակատարութիւնը, հակառակ անոր որ բազմաթիւ հոգեւորական գործիչներ ալ գտնուեցան ճիշդ հակոտնեայ դիրքերու վրայ, նախընտրեցին պահպանողական, իշխողներու նկատմամբ հլու հնազանդի կեցուածքը: Հայ յեղափոխական շարժումին հիմքերը դնելու իմաստով անգնահատելի երախտիք ունի Ամենայն Հայոց Մկրտիչ Խրիմեան հայրապետը, զոր իրապէս կրնանք նկատել Հայկական յեղափոխութեան հայրը` «Երկաթէ շերեփ»-ի իր կարգախօսով: Կամ պահ մը մտաբերենք մայիս1918-ի ժամանակաշրջանը, երբ հայութիւնը մահ ու կենաց կռիւ կը մղէր: Հոն նոյնպէս կը տեսնենք հոգեւոր փայլուն դէմք մը` հետագային Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսը, որ իրաւամբ նկատուեցաւ Սարդարապատի ճակատամարտի Ղեւոնդ Երէցը: Եւ նաեւ, անհրաժեշտ է յիշել նոյնպէս խորհրդային ժամանակաշրջանին Հայաստանի ու հայութեան ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան պայքարի հոլովոյթին մէջ զոհաբերութիւններ ցուցաբերած հոգեւոր գործիչները, հալածուած եկեղեցականները: Ամէնէն ուշագրաւ երեւոյթներէն մէկն էր այն, որ գաղափարական պայքարին ընթացքին, հակաանաստուածութեան ծիրին մէջ կը շեշտուէր նաեւ մարդու ազատ կամարտայայտութեան երեւոյթը, որուն շրջագիծին մէջ բազմաթիւ հոգեւորականներ Սիպերիա ղրկուեցան, հայոց հայրապետ մըն ալ խեղդամահ եղաւ ստալինեան բռնապետութեան իբրեւ հետեւանք: Ուրեմն պատմական այս լուսաւոր, ազատագրող ընթացքը շարունակուեցաւ մինչեւ այն գեղեցիկ օրը, երբ այս օրուան պէս 24 տարի առաջ հայրենի ժողովուրդը վերականգնեց երկրին անկախութիւնը եւ իր ազատութիւնը ամբողջատիրական վարչակարգէն, եւ կասկած չի կրնար գոյութիւն ունենալ, որ այդ պայքարին մէջ իր անջնջելի դրոշմը ձգած չըլլայ երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. կաթողիկոսը:
Հիմա 24 տարեկան երիտասարդ պետականութիւն է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Բայց հիմա ալ բազում մարտահրաւէրներ ցցուած են երկրին անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ ժողովուրդին ազատութեան առջեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան աշխարհաքաղաքական դիրքին եւ շատ յաճախ իշխանութիւններուն ոչ ժողովրդավարական ու ոչ ժողովրդային պահուածքին պատճառով: Որպէսզի այս մարտահրաւէրները չէզոքացուին, անհրաժեշտ է ընդհանուր առողջացման հոլովոյթի մը նախաձեռնել եւ այդ հոլովոյթին մէջ ներառել հայ լուսաւոր, յառաջադէմ հոգեւորականութիւնը, ժառանգորդը` նախորդ դարերու մեծ դէմքերուն եւ ոչ թէ պահպանողականութեան, որմէ միայն վնաս կրած է հայ ժողովուրդը:
Յառաջիկային հայրենի իրականութեան մէջ կը սպասուին քաղաքական հիմնական փոփոխութիւններ` սահմանադրական բարեփոխումներուն ընդմէջէն: Ասիկա եզակի առիթ մըն է` մեկնելով հայ ժողովուրդին երկարատեւ փորձէն եւ հայ իրականութիւնը դրոշմած քրիստոնէական հոգեւոր դարաւոր արժէքներէն, Հայաստանի Հանրապետութեան մայր օրէնքին մէջ ներառելու նաեւ քրիստոնէական յառաջդիմական գաղափարները: Ընդմիշտ պէտք է ամրագրել աշխարհիկութեան սկզբունքը, եկեղեցին պետութենէն անջատելու գաղափարը, ոչ մէկ հոգեւոր կառոյցի յատուկ կարգավիճակ տալը, բայց միեւնոյն ժամանակ շեշտել քրիստոնէական հոգեւոր արժէքներուն դերը քաղաքական, ընկերային եւ մշակութային առողջացման հոլովոյթին մէջ, այդ արժէքներուն կողքին յատուկ տեղ տալ նաեւ ընկերային արդարութեան եւ հաւասարութեան հասկացողութիւններուն` անարդարութեան եւ անհաւասարութեան հետ կապուած բազում խնդիրներու լուծում գտնելու համար: Ահաւասիկ այն ճամբան, որմէ պէտք է անցնի հայ քրիստոնէական միտքը յառաջիկային` 24 տարի առաջ վերականգնած անկախութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը աւելի եւս ամրապնդելու համար: