Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. «Այո»-էն Եւ «Ոչ»-էն Անդին` Վտանգաւոր Անտարբերութիւն

November 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

raffidoudaklian1Հայաստանի քաղաքական դաշտը այս օրերուն մէկ հիմնական օրակարգ ունի` նոր սահմանադրութեան հանրաքուէ, որ տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 6-ին: Հայաստանեան քաղաքական դաշտի խաղացողները` կուսակցութիւնները եւ անոնց ենթակայ կամ համակիր հասարակական կազմակերպութիւնները, բաժնուած են երկու հակադիր ճակատներու: Այսպէս, նոր սահմանադրութեան կողմնակիցները կը պնդեն, որ դեկտեմբերի հանրաքուէին ԱՅՈ քուէարկելով` երկրի մէջ որակական լուրջ փոփոխութիւնները հնարաւոր պիտի դառնան, եւ մարդու իրաւունքները, ժողովրդավարութիւնը, արդարադատութիւնը սոսկ բառեր պիտի չըլլան, այլեւ պիտի ամրագրուին Հայաստանի իրականութեան մէջ` որպէս պետականութեան հզօրացման ու կայուն զարգացման երաշխիքներ: Միւս խրամատին մէջ գտնուող կողմը` ՈՉ-ի կողմնակիցները կը շեշտեն, որ տարիներ շարունակ քուէարկութիւնները կեղծած, խարդախութեամբ իշխանական աթոռներու եւ երկրի հարստութեան տիրացած իշխանութիւնները, նախագահ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարութեամբ, միայն մէկ նպատակ ունին` շարունակաբար մնալ իշխանութեան վրայ: Նոր սահմանադրութիւնը այլ բան չէ, եթէ ոչ` իշխանութիւնը իրենց ձեռքերուն մէջ պահելու միջոց, կ՛ըսեն անոնք:

Ժողովուրդին համոզելու համար ԱՅՈ-ի եւ ՈՉ-ի կողմնակիցները գիշեր ցերեկ  քարոզչական տքնաջան աշխատանք կը տանին: Շրջաններու բնակիչներուն այցելելու կողքին, իրենց խօսքը կը փորձեն ժողովուրդին հասցնել թերթերէն, կայքէջերէն, ընկերային ցանցերէն, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն եւայլն: Այս աղմուկ աղաղակին մէջ ԱՅՈ-ի եւ ՈՉ-ի ճամբարներուն միջեւ անտէր – անտիրական մնացած ըլլալու զգացումով  ապրող ժողովուրդն է, Հայաստանի լուռ մեծամասնութիւնը, որուն անունով կը խօսին ու կ՛երդնուն նոր սահմանադրութեան թեր ու դէմ երկու կողմերն ալ, Հայաստանի քաղաքական բեմի բոլո՛ր դերակատարները:

Այնպէս կը թուի, որ ժողովուրդը ո՛չ ՈՉ-ին, ո՛չ ալ ԱՅՈ-ին լսելու տրամադրութիւն ունի: Ժողովուրդին համար բեմին վրայի դերակատարները նոյն մարդիկն են, նոյն դէմքերը` երէկուան եւ այսօրուան իշխանաւորները, կամ իշխանութեան ձգտողները, որոնք երբեմն եղած են դաշնակիցներ, երբեմն` ոխերիմ հակառակորդներ: Իւրաքանչիւր ընտրութեան նախօրէին գեղեցիկ, վարդագոյն խոստումներ շռայլած են հանրութեան, յետոյ խաբած են, կեղծած, կողոպտած եւ ժողովուրդի հաշուին հարստացած, յղփացած եւ անտանելիօրէն լկտիացած: Կը բաւէ հանրաքուէի նիւթով կարճ զրոյց մը ունենալ սովորական քաղաքացիներու հետ եւ արդէն բացայայտ կը դառնայ անոնց ամբողջական անտարբերութիւնը` քաղաքական այս յոյժ կարեւոր գործընթացին վերաբերեալ: Ի հարկէ մեծ է թիւը անոնց, որոնք ԱՅՈ-ի կամ ՈՉ-ի կողմնակիցներ են, բայց հանրութեան մեծամասնութիւնը վարակուած է անտարբերութեամբ: Քաղաքական գիտութիւններուն մէջ կայ political apathy հասկացողութիւնը, որ լաւագոյնս կը յարմարի հայաստանեան հանրութեան այսօրուան իրավիճակին:

Ժողովուրդը անտարբեր է, որովհետեւ հիասթափուած է իր քաղաքական վերնախաւէն եւ գործընթացներէն, եւ ինչպէս գերմանացի գրող Էրիխ Մարիա Ռեմարք կ՛ըսէ` «հիասթափութիւնն է ամենազօրեղ զգացումը: Ո՛չ վիրաւորանքը, ո՛չ նախանձը եւ ո՛չ իսկ ատելութիւնը… Ասոնցմէ յետոյ հոգիին մէջ ինչ – որ բան կը մնայ, հիասթափութենէն յետոյ` միայն դատարկութիւն»:

Անտարբերութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր է, քան` ժողովրդային զանգուածներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող, թէկուզ եւ բուռն ու կրքոտ, քաղաքական վէճն ու մրցակցութիւնը: Ի վերջոյ, քաղաքական մրցակցութիւնը կարող է ինչ – որ արդիւնք տալ, լուծումներու յանգիլ, բայց քաղաքական անտարբերութիւնը միայն մէկ արդիւնք ունի` լճացում:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

 

 

 

Նախորդը

Պօղոս Սնապեանի Յիշատակին. Յետ Մահու Վկայութիւն Մը…

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Քաղաքական Ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի Հարցազրոյցը «Առաւօտ» Օրաթերթին

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.