ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Այն, ինչ որ կը գրեմ, հոգեկան պարտք մըն է, վկայութիւն մը` Պօղոս Սնապեանի հեղինակութեան ու անոր բերած մանկավարժական նպաստին մասին: Երբ խօսք բացուէր մանկավարժութեան վերաբերեալ, իբրեւ օրինակ` կը պատմէի այս դէպքը, երբեմն ալ իր` Սնապեանի ներկայութեան: Ան քանի մը անգամ խնդրած ու նաեւ յիշեցուցած է ինծի, որ անպայման գրի առնեմ այս պատմութիւնը: Միշտ խոստացած եմ, սակայն չեմ իրականացուցած: Ի դէպ, նմանօրինակ հետաքրքրական եւ իմաստալից պատմութիւններու պարագային, ան կը թելադրէր, որ գրի առնեմ զանոնք, իսկ երբեմն ալ թուղթ ու մատիտ երկարելով` կը «պահանջէր» տեղւոյն վրայ սկսիմ գրել: Այս ձեւով, իր պնդումով, արդէն իսկ շարք մը յուշեր, աւելի ճիշդը` իր մասին հետաքրքրական վկայութիւններ իր ներկայութեան գրի առած ու յանձնած եմ իրեն, ինչպէս` Սերօ Խանզադեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Համօ Սահեանի, Սօս Սարգսեանի, Մուշեղ Գալշոյեանի, Հրանդ Մաթեւոսեանի եւ այլոց մասին: Ան խնամքով կը պահէր այս բոլորը…
Թէեւ ինք չկայ արդէն, սակայն որովհետեւ խօսք տուած եմ, իբրեւ հոգեկան պարտք` թուղթին կը յանձնեմ հետեւեալը:
Եթէ չեմ սխալիր, Այնճարի «Յառաջ» վարժարանի Զ. դասարանի աշակերտ էի: Մինչեւ հինգերորդ դասարան դպրոցի լաւագոյն աշակերտներէն մէկը կը համարուէի: Սակայն եկաւ օր մը, երբ անդրադարձայ, թէ դասարանին առաջին եւ երկրորդ տեղերը վերապահուած են որոշ ընտրեալներու եւ ի զուր կ՛աշխատիմ անոնցմէ առաջ անցնելու. հիասթափութիւն մը եկաւ վրաս: Նոյն շրջանին սիրահարած էի նաեւ մինչեւ ականջներս: Այս զոյգ պատճառներով ես ծուլացայ ու աւելի չարացայ եւ այդ տարի դասարանս կրկնեցի: Յաջորդ տարին, նախկին տնօրէնի յորդորներուն վրայ, թէեւ որոշեցի ուսումս շարունակել, սակայն յառաջխաղացք կար միայն գիտական դասերուս մէջ: Լեզուները, ինչպէս նաեւ հայերէնն ու հայ գրականութիւնը բոլորովին լքած էի, յատկապէս` հայերէնի ուսուցիչս չսիրելուս պատճառով: Ի հակադրութիւն հայոց լեզուի ու հայ գրականութեան` թուաբանութեան դասը կը սիրէի, ու հակառակ անոր որ պրն. Գալուստեանը խիստ էր ու ակնածանք կը պարտադրէր մեզի, կը համակրէի անոր ու ջանք չէի խնայեր, որպէսզի թուաբանութեան դասին մէջ լաւագոյնը մնամ:
Սակայն տեսէք, թէ ի՛նչ պատահեցաւ…
Այդ տարի մեր դասարանը վոլիպոլի միջդասարանային խաղերուն առաջին տեղը գրաւեց: Կիսամեակի քննութիւններուն շարադրութեան նիւթը մեր յաղթանակի նկարագրութիւնն էր: Համաձայն սովորութեանս, քանի մը նախադասութիւն խծբծելէ ետք գրածս ներկայացուցի ուսուցիչիս` պր. Այնթապլեանին: Ան գրութեանս աչք մը նետելէ ետք ըսաւ, որ մինչեւ դասապահը չվերջանայ դուրս ելլելու իրաւունք չունիմ, եւ հրամայեց, որ տեղս նստիմ ու լուրջ բան մը գրեմ: Մէկուկէս ժամ ունէի: Ընկերուհիս ալ հարկադրաբար ներս պիտի մնար: Վերադարձայ տեղս եւ այս անգամ քիչ մը աւելի գրեցի ու դարձեալ ներկայացուցի պր. Այնթապլեանին: Ան այս անգամ խստօրէն պատուիրեց, որ մանրամասնօրէն նկարագրեմ վոլիպոլի խաղը: Ճարահատ` վերադարձայ տեղս ու ամենայն լրջութեամբ կատարեցի ուսուցիչին թելադրանքը: Գրածս վերնագրեցի «Անպարտելի դասարանը» եւ որոշեցի անկեղծ ըլլալ: Երբ զանգը հնչեց, ես վերջին նախադասութիւնը մաքուրի կ՛անցընէի: Սրահէն դուրս ելայ` լաւ գործ մը ըրած ըլլալու գոհունակութեամբ ու զարմանալիօրէն ուրախ էի:
Շաբաթ մը ետք պրն. Այնթապլեանը ներս մտաւ լաւ տրամադրութեամբ. ուղղակիօրէն ամպիոն բարձրացաւ, թեւին տակի քննութեան թուղթերու տրցակը դրաւ դիմացը ու առանց նախաբանի ըսաւ.
– Լաւագոյն շարադրութիւնը շատերու կարդացի եւ` այնքան շատ, որ գոց սորվեցայ: Ոեւէ մէկը չկրցաւ կռահել, թէ անոր հեղինակը ո՛վ կրնայ ըլլալ: Հիմա ձեզի պիտի արտասանեմ եւ տեսնեմ, թէ ձեզմէ ո՛վ պիտի գիտնայ, թէ ո՞վ է այս նորայայտ գրագէտը:
Թէեւ յայտարարութիւնը անակնկալ էր, սակայն զիս չէր հետաքրքրեր անոր հեղինակին ով ըլլալը: Հնարաւորութիւն կար, որ ընկերուհիս ըլլար, որովհետեւ ան դասարանի լաւագոյններէն էր: Իբրեւ ամենաչար ու ամենաանհանդարտ աշակերտը` զիս նստեցուցած էին առաջին շարքին եւ առանձին սեղանի մը դիմաց, իսկ ընկերուհիս` ամենավերջին, որպէսզի կարողանան հսկել ինծի ու չխանգարեմ դասարանը: Ուսուցիչը սկսած էր իր անգիր ընթերցանութեան, սակայն մտքերս ուրիշ տեղ էին. սիրահարութիւն, խաղ, ընկերուհիիս մազերը, ապագայ ծրագիրներ… Յանկարծ ուսուցիչին ըսածները ծանօթ թուեցան ինծի, սակայն ես վանեցի մտքէս այն կասկածը, որ կրնար իմ գրածը ըլլար, որովհետեւ ոչ մէկ յաւակնութիւն ունէի լաւ բան մը գրած ըլլալու եւ այն ալ` լաւագոյնը: Այնուամենայնիւ, սակայն, երբ խաղի նկարագրութիւնը իր աւարտին մօտեցաւ, սկսաւ սիրտս տրոփել… Ի հարկէ ոչ ոք կրցաւ կռահել անոր հեղինակը, իսկ երբ ինծի հարցուց, վարանումով ըսի.
– Կարծեմ ես գրած եմ ատիկա:
Ուսուցիչը դարձաւ աշակերտներուն ու ըսաւ.
– Կը լսէ՞ք, նոյնիսկ ինք կը կասկածի ու չի հաւատար, որ ինք գրած ըլլար: Ես ալ պիտի չհաւատայի, եթէ երբեք աչքիս առաջ գրած չըլլար: Այս «յիմարը» գրելու շնորհք ունի եղեր, ու մենք լուր չունինք:
«Յիմար» ածականը առաջին անգամ չէր, որ կը լսէի ուսուցիչէս եւ ատոր համար ալ կ՛ատէի զինք, սակայն այս անգամ թաւշային եւ փաղաքշական հնչեց ականջիս: Ետին նայեցայ, բոլորը ինծի կը նայէին զարմացած ու հակասական արտայայտութիւններով: Սիրտս հովացաւ ու գնահատուած զգացի, երբ ընկերուհիս ամենավերջին նստարանէն, լայն, գոհունակ ու անմեղ ժպիտով մը վարձատրեց զիս: Ես անակնկալի եկած էի, չէի գիտեր` ուրախանա՞մ, թէ՞ տխրիմ: Այնթապլեանը շարունակեց.
– Գիտէինք, թէ Մովսէսը լաւ կը գծէ, լաւ դերասան է, թուաբանութեան մէջ լաւ է, սակայն չէինք գիտեր, որ ան լաւ գրող է նաեւ ու ասկէ ետք նկատի կ՛առնենք:
Այս վերջին «նկատի կ՛առնենքը» քիչ մը խիստ հնչեց, չգիտցայ` դրակա՞ն էր, թէ՞ ժխտական: Այդ տարի զիս նշանակեցին «Մուսա Լեռ» պարբերաթերթի խմբագրական կազմի անդամ եւ շարադրութիւնս տպուեցաւ անոր մէջ:
Զբօսանքին, երբ ընկերուհիիս հետ իրարու ետեւէ վազելով կը տօնէինք յաջողութիւնս, յանկարծ ուսուցչարան կանչեցին: Այդ օրերուն յատկանշական յանցանք մը չէի գործած, միայն թէ քանի մը ընկերներով Մաւըլիկենց հարսանիքին օրը ափսէ մը «փախլաւա» թռցուցած էինք, սակայն այդ ալ գիւղի աւանդութեան մաս կը կազմէր, ատոր համար պատիժի արժանի չէի: Ինչո՞ւ կը կանչէին:
Ներս մտայ, ուսուցչարանը Պօղոս Սնապեանը դիմաւորեց զիս ու խիստ ժպիտով մը ըսաւ.
– Դո՞ւն ես Մովսէս Հերկելեանը:
Յանցաւորի պէս գլուխս կախելով ըսի.
– Այո՛:
– Հո՛ս եկուր նայիմ եւ ինծի պատասխանէ:
Սնապեանը մեր ուսուցիչը չէր, ան յատուկ հրաւիրուած էր` բարձրագոյն դասարաններուն հայ գրականութիւն դասաւանդելու: Մենք լսած էինք իր մասին եւ իր աշակերտներէն շատեր ուրախ էին, որ լաւ ուսուցիչ մը ունին:
Հնազանդեցայ, սակայն ներսէս կ՛ըսէի, թէ` «Այս մարդը ո՞վ է, ես կապ չունիմ անոր հետ, ինձմէ ի՞նչ կ՛ուզէ»: Ան դատաւորի խստութեամբ ըսաւ.
– Մինչեւ հիմա քանի՞ գիրք կարդացած ես:
Տնօրէնը` ընկեր Յովհաննէս Գարագաշեանը ներկայ էր: Ան ընկեր էր, որովհետեւ «Յառաջ» պատանեկան վարիչն էր միաժամանակ եւ մեզի սորվեցուցած էր, որ դաշնակցականը սուտ չի խօսիր, նոյնիսկ եթէ յանցաւոր էի, պէտք էր որ ճիշդը խոստովանէի, ու ըսի.
– Ոչ մէկ:
– Հապա դասերդ ինչպէ՞ս կը պատրաստես:
– Աղջիկները կը կարդան, կը պատմեն ինծի…
– Հը՜մ… հասկցայ…
Ան դարակէն հանեց Համաստեղի «Գիւղը» եւ երկարեց` ըսելով.
– Կ՛երթաս, կը կարդաս, չըլլա՛յ որ ընկերուհիներուդ տաս, ես կը գիտնամ, մանրամասն պիտի հարցնեմ քեզի. որո՞ւ տղան ես:
– Սեդրակ Հերկելեանին:
– Որսորդ Սըդդանի՞ն:
– Այո՛:
– Հը՜մ, հիմա հասկցայ, Եդուարդը խօսած է իր մասին, կ՛ըսէ, թէ, լաւ պատմող է հայրդ: Դուն գիտե՞ս, թէ ո՛վ է Եդուարդ Պոյաճեանը:
– Այո՛, հօրս ընկերն է, հայրս կ՛ըսէ, թէ ան աշխարհի ամենամեծ գրողն է:
Ան բարեացակամօրէն ժպտաց եւ աւելցուց.
– Լա՛ւ, այսօր այսքանը կը բաւէ. գալ երկուշաբթի պիտի հարցնեմ:
– Բայց, պարոն, ես…
– Բայց մայց չկայ, ասկէ ետք դուն իմ հսկողութեան տակ կը մնաս, հիմա գնա՛ եւ ըսածներս ըրէ:
Տնօրէնը, որ աչքի տակով կը հետեւէր մեզի, հաստատեց Սնապեանին ըսածը: Հարկադրուած էի հնազանդիլ: Գիրքը մեծ չէր, սակայն չես գիտեր ինչու, ձեռքս կ՛այրէր եւ իբրեւ աւելորդ իր կ՛ուզէի աղբաման շպրտել, սակայն…: Դուրս եկայ ուսուցչարանէն, ընկճուած ու վատ տրամադրութեամբ:
Բակը` ընկերուհիս կը սպասէր ինծի, փոքր կազմուածքով, նիհար, սեւ ու երկար մազերով աղջնակ մըն էր, ինծի կը թուէր, թէ աշխարհի գեղեցկուհին է: Բացատրութեան փոխարէն` գիրքը ցոյց տուի ու ըսի.
– Ասիկա տուին ինծի, պիտի կարդամ եղեր:
– Իբրեւ պատի՞ժ:
– Չեմ գիտեր, շարադրութիւնս հաւներ է եղեր, եւ այդ պատճառով գիրք պիտի կարդամ եղեր, այս տեսակ ալ պատիժ կ՛ըլլա՞յ:
– Վնաս չունի, ես կը կարդամ ու կը պատմեմ քեզի:
– Չ՛ըլլար:
– Ինչո՞ւ, միշտ կը կարդամ, չէ՞:
– Դաշնակցականի խօսք տուի: Ես պէտք է կարդամ, յատկապէս աղջիկներուն պիտի չտամ եղեր: Ընկեր վարիչը` տնօրէնը հոն էր:
– Լա՛ւ, եթէ կ՛ուզես, ես կը կարդամ, դուն ալ կը լսես:
– Ո՛չ ըսի քեզի: Չ՛ըլլար: Խօսք տուած եմ եւ խօսքիս տէրը պիտի ըլլամ:
Զարմացած ու զայրացած էի միաժամանակ, կը մտածէի, թէ ուրկէ՞ բուսաւ այս Սնապեանը: Իրեն ի՞նչ: Ես իր գործերուն կը խառնուի՞մ: Ես իմ հայ գրականութեան ուսուցիչիս հետ հարցերը կարգադրելու ձեւը գիտեմ: Այո՛, դժգոհութիւնս արդար էր ու տեղին, սակայն միւս կողմէ ալ ներքնապէս շոյուած կը զգայի, որ Սնապեանին պէս մէկը կը հետաքրքրուի ինձմով: Սկսայ հաւատալ, որ իսկապէս լաւ բան մը գրած ըլլալու եմ, որ բոլորը կը հետաքրքրուին ինձմով:
Երեկոյեան (այն ատեն կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին կ՛արձակուէինք դպրոցէն) չարաբաստիկ գիրքը թեւիս տակ, գլուխս կախ ու մտահոգ մեկնեցայ տուն: Այս անսպասելի «փորձանքին» համար ինքզինքս կը մեղադրէի: Այդ օր «Պայրաղիկ» պիտի խաղայինք, որ դրօշակ փախցնելու խաղ մըն էր եւ բաւականին ճարպիկութիւն եւ ճկունութիւն կը պահանջէր: Դժգոհ ամէն ինչէ` մտայ խոհանոց եւ թոնրի մէջ եփած ցորենի հացին վրայ լոլիկի մածուկ քսեցի ու սկսայ ուտել, չտեսնուած համով կ՛ըլլար, մանաւանդ եթէ հացն ու մածուկը թարմ ըլլային:
Տան դիմաց ծիրանի ծառ մը ունէինք: Սրըգեանին խսիրով հիւսած աթոռակներէն մէկը առի ու նստայ ծառին տակ, գիրքը բացի… ու այդ բանալը եղաւ: Շատ չանցած` լուր բերին, որ քանի մը վայրկեանէն «Պայրաղիկի» խաղը պիտի սկսի երկու թաղերու միջեւ, եւ կարեւոր է իմ ներկայութիւնը: Մերժեցի` պատճառաբանելով, որ գլխացաւ ունիմ եւ այսօր չեմ կրնար խաղալ: Չէի կրնար ճիշդը ըսել, որովհետեւ ընկերներս վրաս պիտի խնդային, թէ ինչպէ՛ս կ՛ըլլայ գիրք կարդալու պատճառով մարդ «խաղը» կը լքէ: Ծնողներս, յատկապէս մայրս զարմացած էր, որ «Մովսէսը ծառին տակ նստած` դաս կը սորվէր»: Մինչեւ մթնիլը (այն ատեն ելեկտրականութիւն չունէինք) կարդացի… Յաջորդ օրը արդէն իսկ գիրքը վերջացուցած էի եւ կը սպասէի երկուշաբթի օրուան` Սնապեանին գալուն:
Երկուշաբթի օր առաւօտեան առաջին զբօսանքին հրաշալի ու իմ շատ սիրելի գիրքս` Համաստեղի «Գիւղը» թեւիս տակ վազեցի ուսուցչարան: Սնապեանը հոն չէր: Ըսին, որ եկած է, սակայն տակաւին դասարանէն դուրս չէ ելած: Երբ ետ դարձայ մեկնելու, ան դիմացս ելաւ: Գիրքը երկու ձեռքով բռնած` երկարեցի անոր: Ան աչքերուս նայեցաւ ու հասկցաւ ամէն ինչ:
– Ապրի՛ս,- ըսաւ,- գիտէի, որ պիտի կարդաս, գոհ եմ քեզմէ: Ու անմիջապէս դարակէն ուրիշ գիրք մը` Համաստեղի «Անձրեւ»-ը հանեց ու երկարեց` ըսելով.
– Գալ երկուշաբթի երկու գիրք պիտի տամ քեզի…
Չէի ուզեր ուսուցչարանէն դուրս ելլել: Կ՛ուզէի նաեւ տնօրէնը` ընկ. Յովհաննէս Գարագաշեանը եւս տեսնէ զիս ու գիտնայ, որ կարդացած եմ: Կ՛ուզէի երախտապարտ ըլլալս ձեւով մը հասկցնել իրեն: Կ՛ուզէի հարցնել Համաստեղին մասին, այլ գրողներու մասին, Պոյաճեանին եւ կամ իր գրած գիրքերուն մասին: Ան, հակառակ աճապարանքին` վարանումս նշմարեց, կանգ առաւ ու ըսաւ.
– Ասկէ ետք շաբաթ եւ կիրակի օրերը կրնաս մեր տուն գալ եւ գրադարանէս օգտուիլ…
Դուրս ելայ արժեւորուած ու երջանիկ: Այդ տարի իրարու ետեւէ լափեցի Շուշանեանի, Ահարոնեանի, Թոթովենցի, Պոյաճեանի, Օշականի եւ այլ գրողներու գիրքերը: Իմ խնդրանքովս նշանակուեցայ նաեւ «Յառաջ» պատանեկան միութեան գրադարանի պատասխանատու, ուր երբեմն առանձինս կը լուսցնէի: Իմ հերթին ես ընթերցասիրութեամբ վարակեցի նաեւ ընկերներէս ոմանք, որոնք մինչեւ հիմա շարքային ընթերցողներ են:
Անպարտելի Դասարանը
Վոլիպոլի Մէջ– Անցեալ տարի զօրով տուինք խաղը,- ըսաւ Ուրֆալեանը, եւ թեզանիքով սրբեց իր թրջուած բերանը:
Փանոսը, որ ծառին կռթնած` արաբերէն աշխարհագրութեան դասը կը սորվէր, շտկուեցաւ եւ նախանձոտ ձայնով մը ըսաւ Եղիային.
– Նայէ՛, Եղիա՛, խելքը միտքը վոլիպոլի վրայ է, ատկէ զատ բանի մասին չի մտածեր:
Եղիան, որ Ուրֆալեանէն աւելի կը սիրէր այդ խաղը, ակնոցը շտկեց, ձեռքը երկնցուց Փանոսին եւ ըսաւ.
– Հայվա՛ն, դուն ալ որսորդութենէն զատ բան չես խօսիր:
Փանոսը չուզեց երկնցնել խօսքը, քաշեց զիս թեւէս եւ ըսաւ.
– Ի՛նչ մաժպուր եմ խաղալու, կ՛երթամ եւ դասս կը սորվիմ:
Ես եւ Փանոսը ջուրին քովի աստիճանէն դեռ նոր իջած էինք, Նորայրն ալ հասաւ մեզի:
Անցանք դպրոցին կռնակը եւ եօթներորդի պատուհանը նստանք, իբր թէ դաս պիտի սորվէինք: Կարդացինք մէկ երկու բառ, մէկէն ընդմիջեց Փանոսը եւ սկսաւ իր անվերջանալի եւ երեք քառորդով սուտ որսորդական պատմութիւններուն: Ես եւ Նորայրը կը ջանայինք չհաւատալ իրեն, բայց այնպիսի ձեւով մը կը պատմէր, որ չէինք կրնար չհաւատալ:
Բաւական ժամանակ անցեր էր, երբ լսեցինք Ուրֆալեանին բացագանչութիւնները: Հասկցանք, որ բան մը եղած է: Նորայրը, որ գետինը նստած էր, ելաւ ոտքի, ձեռքերը հանեց գրպանէն եւ կուզ մէջքը շտկելով` առաջարկեց, որ երթանք, նայինք, թէ ի՛նչ ըրած են: Փանոսը չուզեց երթալ. ուզեց իր պատմութիւնը շարունակել: Բայց ես իջայ պատուհանէն, եւ երեքս ալ ուղղուեցանք դէպի խաղավայր, ուր մեծ հետաքրքրութիւն մը կար: Տեսանք, որ Ուրֆալեանը, խմբապետի թիփ առած, լեզուն կզակին քսելով, անդադար թեւերը կը շարժէր կէտ մը շահելու համար: Կուշտ մը խնդացինք իր ձեւերուն վրայ:
Դիտողներէն իմացանք, որ հաւասար են: Բայց երրորդ խաղին կշիռքը ութերորդի կողմը ծռած էր: Սկսանք ծաղրական ձեւով քաջալերել: Սերվիս տալու կարգը Եղիային եկաւ. քրտինքի մէջ թաղուած` յամառօրէն կը դիմադրէր եկած գնդակներուն: Ուրֆալեանն ալ, յոգնած թէեւ, բայց ճիգ կ՛ընէր յաջողելու: Իրենց եւ մեր դասարանի շատախօս եւ քիչ մըն ալ նազ ընող աղջիկներուն պատճառով յաղթեցինք, եւ Պատուոյ վահանը կախեցինք մեր դասարանի պատէն:
Խաղէն անմիջապէս վերջ զանգը հնչեց: Քիչ մը նեղացած, եւ երկու քիչ ալ ուրախացած, շարուեցանք շարքի. մեր դաստիարակը ուզեց, որ հրապարակաւ յայտարարեն մեր յաղթանակը, բայց պէտք չէր, բոլորն ալ գիտէին արդէն:
Մենք` երեք խռոված ընկերներս, կը կարծէինք, թէ առանց մեզի չեն կրնար խաղալ, եւ մանաւանդ` չեն կրնար յաղթել:
Այդ օրը եկող ուսուցիչին կը յայտնէինք մեր յաղթանակը, եւ ես ալ կ՛ընկերանայի միւսներուն ուրախութեան, բայց մասամբ կեղծ էր:
Այդ օրէն ի վեր համոզուեցայ, թէ առանց ինծի ալ բան կ՛ըլլայ:
ՄՈՎՍԷՍ ՀԷՐԿԷԼԵԱՆ
(Է. դասարան)«Մուսա Լեռ» պարբերագիրք, Դ. տարի, թիւ 1 (7) , 1965