Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Երկիրը Երկի՛ր Է

December 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Տարուան աշխատանքները ամփոփելու եւ հաշուետուութիւնները պատրաստելու նպատակով որոշած էինք մեր գրասենեակին մէջ ժողով մը գումարել մեր գործընկերներուն հետ: Անոնք պիտի գային Հայաստանի տարբեր մարզերէն` օգտագործելով հանրային փոխադրութեան միջոցները, մասնաւորաբար` փոքր պասերը, որոնք համեմատաբար աւելի աժան են եւ մատչելի բոլորին: Մեր գործընկերները պարտաճանաչ եւ ճշդապահ երիտասարդ մասնագէտներ են, որոնց հետ արդէն քանի մը տարիէ շարունակաբար կ՛աշխատինք համայնքային զարգացման, հաշմանդամութեան իրաւունքներու, ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀ (HIV/AIDS) կանխարգելման,  եւ այլ ծրագիրներու իրագործման համար: Այդ օր, սակայն, ի զարմանս մեզ, բոլորն ալ ուշացումով հասան գրասենեակ:

– Ի՞նչ անենք, Երեւանում ընդդիմադիրների հանրահաւաք էր, էդ պատճառով աւտոբուսները չէին աշխատում: Թաքսիստներին էլ վախեցրել էին, դէպի մայրաքաղաք երթեւեկութիւնը էլի սառեցրել էին,- բացատրեց Գիւմրիէն եկած Արմինէն, երբ հետաքրքրուեցանք ուշացման պատճառներուն մասին:

Այդպէս եղած է մի՛շտ: Ամէն անգամ որ ընդդիմադիրները հանրահաւաքներ կազմակերպած են Երեւանի մէջ, իշխանութիւնները ցոյցերու բազմամարդ ըլլալը կանխելու նպատակով, այս կամ այն ձեւով կասեցուցած են շրջաններէն Երեւան եկող հանրային փոխադրութիւնը: Մեր ժողովին օրը նոր սահմանադրութեան հանրաքուէին ընդդիմացողները` ՈՉ-ի կողմնակիցները ցոյց կազմակերպած էին, իսկ տուժողը եղանք մենք ու մեր աշխատանքները, քանի որ իշխանութիւնները դարձեալ դիմած էին հակառակորդներու հանրահաւաքները ձախողեցնելու հերթական քայլին:

– Երկիրը երկիր չի, է՜հ, ո՛չ ընդդիմադիրն ա մի բան, ո՛չ էլ դիմադիրը, սաղից էլ զզուել ենք արդէն,- պոռթկաց Վանաձորէն եկած Արտակը:

Եւ սկսաւ անխուսափելի վէճը` երկրի վիճակին ու հին ու նոր սահմանադրութիւններուն մասին: Բաւական երկար վիճելէ ետք որոշեցինք երկրի երկիր ըլլալու կամ չըլլալու հարցի քննարկումը շարունակել ճաշի ընդմիջումին եւ կեդրոնացանք մեր աշխատանքներուն վրայ:

Ճաշի դադարին որոշեցի մեր գործընկերները տանիլ «Լահմաճուն Կայծ» ճաշարանը, որուն տէրերը Սուրիայի պատերազմէն փախուստ տալով` Երեւանի մէջ բացած էին արագ սնունդի այս փոքր ճաշարանը, որ դարձած էր արեւելեան ճաշերու սիրահարներու նախընտրած վայրերէն մէկը: Համայնքային զարգացման մեր ծրագիրներէն մէկը կը նպատակադրէ սփիւռքեան գաղութները կապել Հայաստանի շրջաններու համայնքներուն հետ, գիտելիքներու եւ հմտութիւններու փոխանակման առաջադրանքով: Երիտասարդ գործընկերներս այս ճաշարանը տարի, որպէսզի անոնք  տեսնեն Հայաստան եկած, թէկուզ եւ` փախստական սփիւռքահայերուն, եւ ծանօթանան անոնց ստեղծած յաջող գործերուն: Ճաշարանէն ներս մտանք եւ առաջին բանը որ մեր գործընկերները նշմարեցին, պատին վրայ տեղադրուած հսկայ գրութիւնն էր` «ԵՐԿԻՐԸ ԵՐԿԻՐ Է»…

– Արա՛, ամբողջ օրը գոռում գոչում էինք երկիր երկիր չի, հլա մի հատ նայէք էստեղ եւ տեսէք` ի՛նչ են գրել,- ըսաւ Արտակ, զարմացած ու բացատրութիւն պահանջող հայեացք մը նետելով վրաս:

Բացատրեցի, որ ճաշարանին տէրերը սուրիահայեր են, պատերազմէն փախչելով` եկած են հոս եւ իրենց ճակատագիրը անիծելու կամ եւրոպաները ապաստան փնտռելու փոխարէն` փոքրիկ գործ մը սկսած են եւ տքնաջան աշխատանքով յաջողած են ու դարձած` Երեւանի ամէնէն փնտռուած արագ սնունդի վայրերէն մէկը:

– Լսի՛, Արտա՛կ, հասկացա՞ր էս պատմութեան իմաստը: Իմաստը էն ա, որ եթէ բոլորս տքնաջան աշխատենք, էս երկիրը երկիր կ՛ըլնի,- ըսաւ Իջեւանէն եկած սակաւախօս Հայկոն:

Ծիծաղեցանք ու վայելեցինք Կայծին եփած ծոթրինով հացն ու համեղ մսաշոթը, մոռնալով դիմադիրն ու ընդդիմադիրը, ՈՉ-ն ու ԱՅՈ-ն:

Սուրիահայերու յաջող գործերուն կ՛անդրադառնամ յաջորդ նամակով:

Գրեցէ՛ք ինծի:

[email protected]

 

 

Նախորդը

Հայ Բեմի Անզուգական Վարդուհին

Յաջորդը

Ֆէյսպուք Կը Փորձարկէ «Բաժանումի» Գործիքները

RelatedPosts

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.