Անդրադարձ

Արա Պապեանի վտանգաւոր ֆրազները

Արա Պապեանի վտանգաւոր ֆրազները

ԷԴԻԿ ԱՆԴՐԷԱՍԵԱՆ Խորենացի փողոցում քաղաքական վերլուծաբան եւ նախկին դիւանագէտ ներկայացած Արա Պապեանին թեթեւակի յիշեցնեմ, որ նախկին դիւանագէտ չի լինում: Դիւանագէտները ժամանակի հետ թողնում են այդ գործը, բայց չեն դադարում դիւանագիտօրէն մտածել եւ այնպիսի միտք արտայայտել, որ յետոյ նաեւ կարողանան արդարանալ ու բացատրել, թէ որտեղի՛ց է իրենց գլխում ծագել տուեալ միտքը: Այո՛, միշտ չէ, որ դիւանագէտների գլխում լաւ մտքեր են ծագում:...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Վահան Թոթովենց (1889-1937). Հայու Յուզաշխարհին Մէջ Դաշնաւորուած Մարդկայինն Ու Ազգայինը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հայ արդի գրականութեան արձակ բանաստեղծութեանց ոսկեմատեանին մէջ իր անմահ տեղը ունի «Ստուերները» խորագրով խռովիչ էջ մը, որ կը պատգամէ հայոց սերունդներուն. «Գեղեցկութիւնները ծածկուած են ստուերներով. ստուեր կայ կեանքի ամէն երեւոյթի վրայ: «Արշալոյսները ստուերներու ծոցէն կը պատռին, ինչպէս` շուշանները` կոկոններէն: «Սրտերը կծկուած են թանձր ստուերներու տակ, ինչպէս` երազող աչքերը, որոնք գոցուած են, բայց կը տեսնեն: «Կեանքը շատ տափակ եւ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Կիզակէտ` Յուլիս Բ. – Հալէպի Պատերազմը` Տագնապի Հանգուցալուծման Վերջին Փուլ

  «ԳԱՆՁԱՍԱՐ» Սուրիական տագնապի վեցերորդ տարին թեւակոխեցինք: Գետնի վրայ պատերազմական գործողութիւններու ծաւալումէն տարիներ ետք, Հալէպի բախումները տագնապի քաղաքական լուծման նախօրէին ուժերու բաժանման վերջին սահմանումները կ՛ուրուագծեն: Վերլուծաբաններու կարծիքով, Հալէպի մէջ պիտի եզրափակուի սուրիական տագնապն ու Հալէպի մէջ յաղթող կողմը շարժիչ ուժը պիտի հանդիսանայ միջսուրիական բանակցութիւններուն: Հալէպի պատերազմը էական նշանակութիւն ունի սուրիական տագնապի լուծման եւ երկրի անվտանգութեան ապահովման մէջ` նկատի առած անոր...

Հայ Մամուլը Պահելը Նաեւ Մեր Հայկական Դիմագիծը Պահել Է

Հայ Մամուլը Պահելը Նաեւ Մեր Հայկական Դիմագիծը Պահել Է

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Լիբանանի մէջ վտանգուած տպագիր մամուլի հարցը դարձեալ լուսարձակի տակ էր երէկ: Լիբանանեան տպագիր մամուլի աշխատակից շատ մը պաշտօնակիցներ, որոնք պաշտօնէ արձակուած են տուեալ մամուլին նիւթական նեղութեան պատճառով, գանգատ ներկայացուցին Լրագրողներու սենտիքային, թէ նկատի ունենալով իրենց դժուար կացութիւնը, մամուլի տէրերը շահագործելով ընկերային դառն վիճակը` սկսած են իրենց գործ առաջարկել շատ ցած աշխատավարձով, որով անկարելի է արժանապատւութեամբ ապրիլ: Ահաւասիկ Լիբանանի...

Էրեբունին Եւ Արցախեան Բանակցութիւնները

Էրեբունին Եւ Արցախեան Բանակցութիւնները

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Էրեբունիի գործողութիւնը կարելի է միայն որոշ առումով աւարտած նկատել. պատանդները ազատ արձակուած են: Հետզհետէ պարզ կը դառնայ, թէ ի՞նչ երաշխիքներու հիման վրայ կայացած է ազատ արձակումը կամ բանակցութիւնները առաւելաբար ի՞նչ կէտերու վրայ կեդրոնացած են: Հետեւեալ լրատուութիւնը իր վրայ վերլուծումներու որոշ լուսարձակներ կը բանայ. «Երեւանեան վերջին իրադաձութիւնները պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւման պարունակին մէջ միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման...

Նշմար.  Իսկական Թիրախն Ու Իսկական Հայրը

Նշմար. Իսկական Թիրախն Ու Իսկական Հայրը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Սուրիացի տեղահանուած մը երէկ Գերմանիոյ Շթութկարթ քաղաքին մէջ կացինով յարձակում գործելով սպաննեց կին մը եւ վիրաւորեց երկու ուրիշներ: Ուրբաթ օր, 18 տարեկան իրանցի մը Միւնիխի մէջ զինեալ յարձակում մը գործելով` սպաննեց պատահական 9 անցորդներ: 19 յուլիսին 17 տարեկան աֆղան մը կացինով յարձակում գործեց Պաւարիոյ Վուրցպուրկ շրջանին մէջ գնացքի մը ճամբորդներուն դէմ` վիրաւորելով 20 անձեր: 14 յուլիսին ալճերիացի մը...

Խանասորայ Արշաւանքին Պատգամը` Դասագիրքերու «Ծերպ»-երէն Անդին (25 Յուլիս 1897)

Խանասորայ Արշաւանքին Պատգամը` Դասագիրքերու «Ծերպ»-երէն Անդին (25 Յուլիս 1897)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Յայտնապէս ըսել ուզուածը այն է, որ հայոց պատմութեան դասագիրքերու մէջ արձանագրուած պատմական այս դիպաշարը` Խանասորայ արշաւանքը, թէեւ իր տարողութեամբ, թելադրականութեամբ եւ ժողովրդական ընկալումներով ապրած է տասնամեակներ շարունակ ու տակաւին կ՛ապրի, այդուհանդերձ յեղափոխական այս սխրանքը իր արժանի տեղը չէ ունեցած հայ իրականութեան (ազգի մակարդակի) հոգեմտաւոր անդաստանէն ներս: Իսկ ի՛նչն է, որ մեզ ամէն պատեհ առիթի այս անկրկնելի արարքին էութիւնն...

Խանասորի Արշաւանքը` «Ազդակ»-ի Ժամանակագրութեան Ընդմէջէն

Խանասորի Արշաւանքը` «Ազդակ»-ի Ժամանակագրութեան Ընդմէջէն

Խանասորի արշաւաքին մասին «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ գրուած են յատկապէս արշաւանքի տարեդարձներուն առիթով` յուլիս 25-ի թիւերուն մէջ: Այդ խմբագրականներուն ու յօդուածներուն մէջ յայտնուած են միտքեր, կարծիքներ ու տեսակէտներ: Յեղափոխական փառահեղ խիզախումը արժանացած է լուրջ քննարկումներու: Խանասորը միշտ ալ ներշնչման աղբիւր եղած է հայութեան համար: Համադրելով` կը ներկայացնենք փունջ մը` «Ազդակ»-ի երախտաւորներու գրիչներէն ծնած: *** Խանասորի արշաւանքը կը խորհրդանշէ հայութեան պատժող բազուկը:...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Թուրքիոյ Մէջ Պետական Յեղաշրջումը Դեռ Կը Շարունակուի. Խառն Իրավիճակ Կը Տիրէ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Անցեալ ուրբաթ բազմաթիւ հայեր ոգեւորուած էին` լսելով, որ Թուրքիոյ մէջ ռազմական յեղաշրջում տեղի ունեցած է նախագահ Էրտողանը տապալելու նպատակով: Պահ մը նոյնիսկ ես ալ ինկայ ժամանակաւոր բերկրանքի մէջ, մինչ յիշելը, որ թէեւ Էրտողան ֆաշական ղեկավար է, սակայն թրքական զինուորականութիւնը շատ աւելի վատ է... Թուրքիոյ անցած չորս ռազմական յեղաշրջումներու ժամանակ` 1960, 1971, 1980...

Էրտողանի Սուլթանութեանը Հինգ Պակաս

Էրտողանի Սուլթանութեանը Հինգ Պակաս

ՍՈՖԻԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Անկախ նրանից , թէ յուլիսի 16-ին Թուրքիայում տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձը բեմականացուած էր, թէ ոչ, մէկ բան ակնյայտ է. Էրտողանն այս պատմութեան միջից դուրս եկաւ աւելի հզօր, աւելի անվախ, ապահովեց իր հետագայ անսահմանափակ լիազօրութիւնները երկրի կառավարման հարցում, կարճ ասած` նա գրեթէ օսմանեան փատիշահ է: Այլ կերպ ասած` նա երբեւէ այսքան մօտ չի եղել իր երազանքին, ինչպէս այսօր: Փաստացի,...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Ո՞վ Եւ Ի՞նչն Է Վնասուողը

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Ամիսներ առաջ, Հայաստանի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու գործընթացի օրերուն, երբ Երեւան ապրող ընկերոջս` Գէորգին հետ հեռաձայնով կը քննարկէինք օրուան խնդիրը, մտահոգիչ հարցում մը ծագեցաւ մեր միտքերուն մէջ: Անկեղծօրէն, օրին այս յօդուածագիրին համար քիչ մը անհաւատալի, կամ առնուազն` ոչ ընկալելի էր այդ հարցադրումը («կ՛ըլլա՞յ մը...»), որ հետեւեալն էր. արտաքին ուժերը պիտի ուզե՞ն այս բարեփոխուած սահմանադրութեան վրայ կառուցուելիք նոր տեսակի Հայաստանը:...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Արա Պապեանի Անարգանքը Լիզպոնի Հինգ Հերոսների Յիշատակին

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Յուլիս 17-ի Էրեբունիի ոստիկանատան գրաւման արարքէն ասդին, Դիմատետրի վրայ Արա Պապեան դէպքերու վերաբերող իր տուեալներու ներկայացման մէջ ինքն իրեն ենթակայական սանձարձակումներու արտօնութիւն տուած է: Այդ մէկը իր գիտնալիքն է, նաեւ` իր իրաւունքը: Կրնայ մէկը համաձայն չըլլալ, բայց չի կրնար չյարգել պրն. Պապեանի ազատ արտայայտութեան ու մեկնաբանութեան իրաւունքը: Պրն. Պապեանի կարգ մը սանձարձակումները երբեմն կը յիշեցնեն երբեմնի պոլշեւիկեան «ագիտպրոպ»-ի...

Ակնարկ.   ՈՐԵՒԷ

Ակնարկ. ՈՐԵՒԷ

Արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման Թուրքիոյ կամ որեւէ այլ պետութեան միանալը կախուած է բանակցային գործընթացին մէջ այդ երկրի կառուցողական ներդրումէն: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա: Նախ յայտարարութիւնը` իր բնագրային մէջբերումով: «Ինչ կը վերաբերի արցախեան հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ որեւէ այլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման  կամ բանակցային գործընթացին, ապա խօսքը կրնայ վերաբերիլ ոչ միայն Թուրքիոյ միանալուն: Որեւէ (ընդգծումները`...

Նամակ Երկրէն.  Սիրելի՛ Վարուժ, Ընկե՛ր Վարուժ (Վարուժան Գունտաքճեանին)

Նամակ Երկրէն. Սիրելի՛ Վարուժ, Ընկե՛ր Վարուժ (Վարուժան Գունտաքճեանին)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Կը գրեմ քեզի եւ քու հարազատներուդ, քու ամէնէն սիրած, քու ամէնէն պաշտած քաղաքէն` Երեւանէն: Հիմա այստեղ, ուր մարդիկ բարի ժպիտի, կարեկցանքի եւ խոհեմութեան կարիք ունին,  բացակայութիւնդ արդէն օդի պակասի պէս կը ճնշէ մեր վրայ: Ժամանակը չէր մեկնումիդ, հիմա պէտք չէր հեռանայիր մեզմէ: Մանաւանդ, այո՛, հիմա, հայրենիքի ու հայութեան համար այս դժուար օրերուն: Որովհետեւ մեզի` ընկերներուդ, հարազատներուդ, հարեւաններուդ, գործընկերներուդ...

Տոքթ. Զարեհ Մալճեանի Յիշատակին

Տոքթ. Զարեհ Մալճեանի Յիշատակին

Թէեւ ժամանակը մեզի համար կարճ եղաւ տոքթ. Զարեհ Մալճեանին հետ աւելի մօտէն յարաբերելու համար, սակայն կրնանք անվարան ըսել, որ այդ կարճ ժամանակը բաւարար էր լաւ ճանչնալու զինք եւ գնահատելու իր արժանիքները: Քաղաքացիութեամբ լիբանանցի` ան ծնած է Հալէպ, 1956-ին եւ յաճախած` քաղաքի Քարէն Եփփէ ճեմարանը: Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Հալէպի համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած է ընդհանուր բժշկութեան եւ ապա ընդհանուր վիրաբուժութեան...

Կարմուճը Աւերուած, Ուրֆան` Պղծուած (Զարեհ Մալճեանի Յիշատակին)

Կարմուճը Աւերուած, Ուրֆան` Պղծուած (Զարեհ Մալճեանի Յիշատակին)

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Նախաբան Գրութիւնս նուիրուած է ընկեր Զարեհ Մալճեանի յիշատակին: Անոր կազմակերպական տաղանդին կը պարտինք «Վերադարձ դէպի արմատներ» խորագիրը կրող դէպի բռնագրաւեալ Հայաստան 5-6 շրջապտոյտներու շարքը: Չուզեցի մահագրութիւն մը արձանագրել: Անոր զուարթ հոգին այսպիսի յօդուածով մը աւելի պիտի խայտայ: «Յիշատակն արդարոց անմահ եղիցի»: Յիշատակիդ անմա՛հ, անմա՛հ ընկեր: *** Նախապէս «Ազդակ»-ի էջերուն վրայ ասուպի նման երեւցայ յօդուածով մը` նուիրուած Տիգրանակերտի...

Տոքթ. Զարեհ Մալճեանի Քառասունքին Առիթով . Հողը Թեթեւ Գայ Վրադ, Սիրելի՛ Տոքթոր

Արդէն քառասուն օրեր անցած են այն տխուր օրէն, երբ մեզմէ անվերադարձ բաժնուեցաւ տոքթ. Զարեհ Մալճեանը: Մենք սիրելի բժիշկին ծանօթացանք Հայ համալսարանաւարտներու համախմումի (ՀՀՀ) վարչական նիստերու ընթացքին, երբ ան լռիկ մնջիկ նստած, մեղմ ժպիտով կը հետեւէր վարչական քննարկումներուն` հարկ եղած պարագային իր կարծիքը յայտնելով  ու կարծէք վերջնական որոշումը ի՛նք էր, որ կը վճռէր իր յստակ, տրամաբանական ու համոզիչ հիմնաւորումով: Աւելի՛ն. հարցի...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

21 Յուլիս 1922. Դահճապետ Ճեմալ Փաշայի Ահաբեկումը Թիֆլիսի Մէջ

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Յուլիս 21-ը հայ ժողովուրդի ազգային յիշողութիւնը կարեւորութեամբ լուսարձակի տակ կ’առնէ ահաբեկումը հայասպան իթթիհատական եռապետութեան գլխաւոր դէմքերէն` դահճապետ հռչակուած Ճեմալ փաշայի: 94 տարի առաջ, 21 յուլիս 1922-ին, խորհրդայնացման իր սկզբնական փուլին գտնուող Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ, օր ցերեկով ահաբեկուեցաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն Ճեմալ փաշան: Ահաբեկումը թէեւ մաս կը կազմէր ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Օտարում` Լեզուի Մոռացումով, Լքումով Եւ Արհամարհանքով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Հայքը Հայկ նահապետի զարմի` հայերու հայրենիքն է, անոնց սեփական աշխարհը այս մեծ աշխարհին մէջ: Երկրի եզրերը կ’աւարտին հոն, ուր կը վերջանայ հայերէն խօսակցական լեզուն»: Հայկ Խաչատրեան, «Արտաշէս» պատմավէպ, Հայաստան, 20-րդ դար Հայաստան եւ սփիւռքներ, քաղաքական եւ մադորսական ճապկումներով, հայերէնի մոռացումը, լքումը եւ արհամարհանքը դարձած են ազգակերտման եւ ապագայի տեսակէտէ այլեւս տիրականօրէն վնասակար գործնապաշտութիւն: «Էսթեպլիշմընթ»-ները այս իրողութիւնը բարձիթողի կ’ընեն...

Սերժ Թանքեան. «Պէտք Է Որոշել Ինչպէ՛ս Դուրս Գալ Յետխորհրդային Փտած Ստորակարգութենէն»

Սերժ Թանքեան. «Պէտք Է Որոշել Ինչպէ՛ս Դուրս Գալ Յետխորհրդային Փտած Ստորակարգութենէն»

Ամերիկահայ նշանաւոր ռոք երգիչ, երգահան, «Սիսթըմ աֆ ը տաուն» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին` էրեբունիի պարեկապահակային ծառայութեան գունդի շէնքի գրաւման պատճառով: «Կարծես աշխարհին մէջ կացութիւնը դուրս ելած է հսկողութենէն, ամբողջ մոլորակի տարածքին: Պատճառներն են` այլատեացութիւնը, ծայրայեղականութիւնը եւ մոլեռանդ մտածելակերպն ու գործելաոճը», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Թանքեան: Ըստ անոր, անզէն ափրիկեցի-ամերիկացիներուն սպանութիւնները Միացեալ Նահանգներու...

Page 685 of 806 1 … 684 685 686 … 806

Արխիւներ