Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթ. Զարեհ Մալճեանի Քառասունքին Առիթով . Հողը Թեթեւ Գայ Վրադ, Սիրելի՛ Տոքթոր

Յուլիս 23, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդէն քառասուն օրեր անցած են այն տխուր օրէն, երբ մեզմէ անվերադարձ բաժնուեցաւ տոքթ. Զարեհ Մալճեանը: Մենք սիրելի բժիշկին ծանօթացանք Հայ համալսարանաւարտներու համախմումի (ՀՀՀ) վարչական նիստերու ընթացքին, երբ ան լռիկ մնջիկ նստած, մեղմ ժպիտով կը հետեւէր վարչական քննարկումներուն` հարկ եղած պարագային իր կարծիքը յայտնելով  ու կարծէք վերջնական որոշումը ի՛նք էր, որ կը վճռէր իր յստակ, տրամաբանական ու համոզիչ հիմնաւորումով: Աւելի՛ն. հարցի մը գծով եթէ շուարէինք կամ անել կացութեան մատնուէինք, կողմնացոյցի նման մեր հայեացքները կը թեքէին տոքթ. Մալճեանին ուղղութեամբ` լռելեան իրմէ սպասելով փրկարար «լուծումը»: Անոր կարծիքները կ՛ընկալէինք ու կ՛որդեգրէինք իբրեւ սկզբունք: Համեմատաբար կարճ ժամանակով կրցանք վայելել իր ժողովական ընկերակցութիւնը, բայց արդէն այդքանը բաւարար էր` սերտացնելու մեր կապերը եւ իբրեւ հարազատ, երէց անդամ վարուելու իրեն հետ: Արտայայտուելու, դիմացինը համոզելու իւրայատուկ կարողութիւն, քաշողականութիւն, չըսելու համար քարիզմա ունէր, եւ ինքնաբերաբար կը համակերպէինք իր յայտնած տեսակէտներուն, գաղափարներուն, պատճառաբանութիւններուն: Մեր կապերը հազիւ սերտացած էին, երբ իմացանք անոր եղբօր կորուստը եւ այցելեցինք իրեն իր տան մէջ` ցաւակցութիւն յայտնելու: Սակայն կարճ ատեն ետք ուղղակիօրէն շշմած էինք իր անհանգստութեան լուրէն եւ չէինք ուզեր հաւատալ, թէ մօտ ատենէն պիտի կորսնցնենք նաեւ զինք: Չէ՞ որ գիտութիւնը, բժշկակա՛ն գիտութիւնը յառաջդիմած է եւ կարելի է յաղթահարել նոյնիսկ ա՛յս հիւանդութիւնը: Սակայն ճակատագիրը անողոք էր եւ «գոյժ»-ը` անխուսափելի: Տոթք. Մալճեան, բազմաթիւ սուրիահայ ազգակիցներու նման, ապահովական ծանօթ դէպքերուն պատճառով հարկադրուած էր հեռանալու իր այնքա՜ն սիրած ու «գործած» միջավայրէն: Սակայն ան իր ազգային, հասարակական գործունէութեան, ժողովուրդին ծառայելու անաւարտ խանդը շարունակեց ներդրել  նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր թէեւ անոր գործունէութիւնը համեմատաբար կարճատեւ եղաւ, սակայն բաւարար էր բացայայտելու անոր ազգանուէր իսկական նկարագիրը, զինք ծնած ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւնը եւ չյուսահատող աննկուն կամքը: Ան իր աշխուժ ու ազգային բազմաճիւղ «պարտականութիւններով» խոստմնալից  գործունէութիւն կը ներշնչէր, ինչ որ սակայն մնաց կիսաւարտ:

Քաջ գիտնալով, որ տոքթ. Մալճեանի կորուստը մեծ է, սակայն ազգային ճակատի վրայ գործը պէտք է շարունակուի, դադար չկայ եւ մենք, ինչպէս նաեւ` զինք ճանչցող բոլոր ընկերները համոզուած ենք, որ տոքթ. Զարեհ Մալճեանին գործը շարունակողներ ու անոր ուղիով առաջնորդուողներ անպայման պիտի գտնուին ու պիտի շարունակեն իրագործումներ արձանագրել: Այն ատեն միայն մխիթարանք գտած կ՛ըլլանք: Ու այն ատեն միայն կը հանգչի նաեւ ի՛նք, սիրելի տոքթ. Մալճեանը, գոհունակութեամբ հետեւելով մեզի իր երկնային բարձունքէն:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ տոքթոր:

ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

Նախորդը

Հալէպի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Սուրիոյ Առաջին Հայկական Ռատիոյին

Յաջորդը

Կարմուճը Աւերուած, Ուրֆան` Պղծուած (Զարեհ Մալճեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In