ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Նախաբան
Գրութիւնս նուիրուած է ընկեր Զարեհ Մալճեանի յիշատակին: Անոր կազմակերպական տաղանդին կը պարտինք «Վերադարձ դէպի արմատներ» խորագիրը կրող դէպի բռնագրաւեալ Հայաստան 5-6 շրջապտոյտներու շարքը: Չուզեցի մահագրութիւն մը արձանագրել: Անոր զուարթ հոգին այսպիսի յօդուածով մը աւելի պիտի խայտայ: «Յիշատակն արդարոց անմահ եղիցի»: Յիշատակիդ անմա՛հ, անմա՛հ ընկեր:
***
Նախապէս «Ազդակ»-ի էջերուն վրայ ասուպի նման երեւցայ յօդուածով մը` նուիրուած Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ: Հոն խոստացայ մեր կատարած այդ շրջապտոյտ-«ուխտագնացութեան» մասին յաջորդիւ գրել:
Ուշացումիս գլխաւոր պատճառը ռանչպարի կենցաղս է, փոր մը հաց վաստկելու համար պարտիզպանի, մշակի կեանք վարելս, որ սուրիական պատերազմի այս պայմաններուն մէջ որքան ալ դժուար է, սակայն, որպէս գիւղականի, հոգեկան բաւարարութիւն կու տայ մէկ կողմէ, սակայն միւս կողմէ ալ ժամանակի սղութիւն կը պատճառէ, գերյոգնածութիւն «կը պարգեւէ» նուաստիս: Այնպէս որ, եթէ ինչ-որ չափով հաճոյքով «փոքր գրիչիս» սպասող հայորդիներ կան, ներող թող ըլլան:
***
Ուրեմն, մեր շրջապտոյտի առաջին օրը սկսաւ Քիլիսէն, կէս գիշերին, իսկ առաւօտեան արշալոյսը դիմաւորեցինք Ուրֆայի մէջ:
Մեր առաջին գործը եղաւ մեր բջիջային հեռաձայնները լիցքաւորել, որպէսզի մեր ընտանիքներուն աւետէինք, թէ արդէն մուտք գործած ենք պատմական Հայաստանի արեւմտեան եւ պատմական Կիլիկիոյ արեւելեան սահմանները:
Նախաճաշեցինք «Ուրֆա» պանդոկին ճաշարանը: Թուրքերը փորձած էին իրարու խառնել եւրոպական, արեւելեան եւ հռոմէական` հելլենական ճարտարապետական ճաշակները, եւ այդ հսկայ պանդոկը դարձած էր «աճապսանտալ» կառոյց մը` վեհօրէն բարձրացած մեծ հրապարակի մը հիւսիսային կողմը:
Յիշողութեանս ապաւինած` մենք բարձրացանք նեղլիկ-մեղլիկ փողոցներէ, որոնք յար եւ նման էին Հալէպի պատմական փողոցներուն` 2-3 մեթր լայնքով, ծուռ ու մուռ, սալայատակը` սահուն քարերով, տուներուն պատերը` մուրճով տաշուած քարերով:
Այս թաղերը զիս տարին 1976 թուական, երբ Լիբանանի պատերազմին պատճառով հարկադրաբար լքեցի Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը` կայք հաստատելով Հալէպ եւ ճեմարանի գիշերօթիկը փոխարինեցի Սուրիահայ օգնութեան խաչի (ՀՕՄ) հովանաւորած Ազգային պատսպարանի գիշերօթիկով, 6 քեսապցի ընկերներով:
Պատսպարանը կը գտնուէր պատմական Հալէպի Թիլելի ետին գտնուող փողոցներուն մէջ, տասնեակ մը քրիստոնէական համայնքներու կացարաններուն կողքին (միաբաններու, մայրապետներու, որբանոցներու եւ այլ կառոյցներու):
Ուրֆայի այդ փողոցներէն անցնելով կը հասնինք Հայ առաքելական եկեղեցին, որ վերանորոգութեան մէջ էր…որպէս մզկիթ:
Առաքելական թէ քրիստոնէական ոչինչ ձգած էին, թրքացուցած էին ամէն ինչ: Հսկայ եկեղեցին տպաւորիչ էր, սակայն զայն թրքացնելու գործը մտքիս մէջէն սրբած էր ամէն տպաւորիչ պատկեր: Մէկ պատկեր անջնջելի մնաց մտքիս մէջ. 60-70 տարիներ ետք առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ, առաջնորդին գրասենեակին պատին ցից խաչքարը սրբուած էր, անոր տեղ, նոյն տեղը արաբատառ գրութիւն մը (երանի թէ աղօթք ըլլար) փորագրուած էր, քարին մէջ եւ ոչ թէ` վրան:
Չուզեցինք երկար մնալ հոն, ցնցուած էին մեր հոգիները: Մեր առաջին ապտակն էր ասիկա. Կէս քուն-կէս արթուն, այդ ապտակէն ցնցուած էինք: Փողոցին միւս կողմը կը բարձրանար Հայ աւետարանական եկեղեցին, որուն համեստ զանգակատունը իր խաչէն գլխատած էին մօտ մէկ դար առաջ:
Այս տխրաթախիծ փողոցներէն վար կ՛ուղղուէինք, երբ հանդիպեցանք հացատան մը (փուռ), որուն տէրը կա՛մ քիւրտ էր, եւ կա՛մ հայասէր (թրքական չափանիշով): Ան մեր ներկայութենէն խրախուսուած (որպէս հայերու)` մեզի մեծապէս հիւրասիրեց ձեռաշէն հացով. փայլ մը կար անոր աչքերուն մէջ: Արդեօք անոր երազներուն մէջ բրտօրէն թրքացուած հայու արի՞ւն կը հոսէր, ո՛վ գիտէ, բացի ինք, նախնիքը եւ ամենազօր Տէր Աստուած:
Ան մեզի խանդավառութեամբ ցոյց կու տայ հայու մը տունը: Չտեսներու նման հոն կը վազենք, սակայն ափսոս, վաղուց լքուած, անմարդաբնակ տուն մըն էր: Արդեօք վերջին անգամ ե՞րբ հայօրէն շնչած էին հոն, ե՞րբ հայերէնը բարբառած ու մարած էր:
Անպատասխան մնացին մեր մտորումները:
Անկէ ուղղուեցանք վար: Վար կ՛ըսեմ, որովհետեւ այդ նեղլիկ ու ծուռ ու մուռ փողոցներուն մէջէն անկարելի էր գիտնալ աշխարհի չորս կողմերը: Արեւը չէր երեւեր: Վար սահելով` կը հասնինք ծաւալուն զբօսայգիի մը ափերուն: Հսկայ զբօսայգի, եզերուած` գետակով մը: Սուլէյմանիէ մզկիթին զբօսայգին ու գետակն են լիքը լիքը սեւ ու բարակ, երկար ու շարժուն ձուկերով:
Իբր թէ այս ձուկերը «սուրբ» են եւ անձեռնմխելի:
Թուրքեր եւ սուրբե՞ր: Այս ի՜նչ փարատոքս…
Մէջբերեմ մեր հայ գրականութեան անզուգական ուսուցիչին` Մկրտիչ Մկրտիչեանին մէկ դիտողութիւնը.
«Վատ թուրք մի՛ ըսեր. թուրք երբ ըսես, ինքնին վատ կը հասկնաս. լաւ թուրք չի կրնար ըլլալ»: Ի դէպ, ան «ծուռ» սասունցի էր:
Կը յիշեմ նաեւ Արամ Հայկազի «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» հատորին մէկ աննման (ո՛ր պատմուածքը իր նմանը ունի) պատմուածքը` «Թուրքը» (եթէ կարդաք, չէք զղջար):
Այդ զբօսայգին իր անցորդներէն եւ այցելուներէն աւելի «զբաղեցուած էր» ոստիկաններով եւ զինուորներով, որոնք խումբ առ խումբ, լրիւ զինուած, պատրաստ են որեւէ անակնկալի: Կարծես թէ պատերազմական ճակատ ըլլար:
Խաղաղութիւն ամէնեցուն…
***
Կը հասնինք մեր ինքնաշարժը` օթոպիւսը:
Ինքնաշարժը կ՛ուղղուի դէպի Կարմուճ:
Մանկութենէս գիտէի, որ Կարմուճը փոքր աւան մըն է` Ուրֆային կից: Գիտէի նաեւ, որ անոնք` կարմուճցիք, յատկանշուած են յամառութեամբ: Այս մէկը թող վիրաւորական չթուի: Ես, որպէս քեսապցի, Գարատուրան գիւղէն, կ՛ըսեմ, որ մենք եւս յատկանշուած ենք յամառութեամբ, եւ մեր «Մանճիկունց» (Մանճիկեաններու) գերդաստանը կը գրաւէ միջին տեղը «յամառութեան աստիճանին»: Եւ ո՞վ ըսաւ, որ յամառութիւնը վատ յատկանիշ մըն է: Չափազանց յամառութիւնը ժխտական իմաստ կը պարունակէ:
Հասանք Կարմուճ:
Ի՞նչ գիւղ, ի՞նչ աւան:
Երեք-չորս աղիւսաշէն, խարխլած տուներ, կիսաւեր բարձրանիստ եկեղեցի մը, նորաշէն հսկայ մզկիթ մը:
Եւ աւերակոյտ մը:
Տուներուն մէջ կը բնակին Իրաքէն` Զախոյէն տարագրուած արաբախօս քիւրտեր: Արտասուաթոր աչքերով, հաստամարմին ու տարեց կին մը մեզ կը դիմաւորէ, երբ կ՛իմանայ, թէ հայեր ենք եւ Սուրիայէն կը փութայ ներս, դուրս կը բերէ հայկական լաւաշ հացի «պոխչայ» մը: Լալով մեզի կը մատուցէ հացը:
Արդեօք անոր քո՞վ ալ պէտք է փնտռել «հայոց արեան կանչը»:
Ի պատասխան մեր հարցումին` կ՛ըսէ, թէ տղամարդիկ գացած են աշխատանքի, գործարանի մը մէջ, ուր լոլիկի խիւս եւ նման պահածոներ կը պատրաստեն:
Փլատակ գիւղը, քիչ մը բարձրադիր, տարածուած է լայնանիստ դաշտի մը եզրին: Դաշտը եզերուած է ամայի, անբուսական լեռնակներով, բլուրներով: Դաշտը ոռոգուած է մօտակայ փոքր ամբարտակի մը ջուրերով:
Սակայն գիւղին մէջ ամայութիւն է: Խորքին մէջ գիւղ չէ: Թրքացուած անունն իսկ չեմ հարցուցած` ի տես աւերակ դարձած գիւղի առթած սարսուռին:
Եկեղեցի հասնելու համար (մեր հոգիներուն, մտքերուն եւ մարմիններուն ձգտումը դէպի հոն էր) ստիպուած կ՛ըլլանք կոխկռտելով անցնիլ հարիւրամեայ (95-ամեայ) աւերակներուն վրայէն:
Աստուա՛ծ իմ, երդիքները թէեւ փլած են, սակայն տուներուն ներքին, կոնաձեւ կամարները կանգուն են:
Հայու երեւակայութեամբ եւ բնազդով կը մտածեմ` որքան հեշտ է վերականգնել Կարմուճը:
Կանգուն կամարները ճիշդ ու ճիշդ նման են պատմական Հալէպի հնամենի տուներու կամարներուն:
Այո՛, այո՛, թուրքերը անցած են այստեղէն, ամէն տեղ աւերակ է, ամէն տեղ սուգ:
Գինովներու, յիմարներու նման մեր 40 հոգի հաշուող խումբը ման կու գայ այդ աւերակներուն վրայ` մոռցած հսկայ եկեղեցին, որուն անունն իսկ չեմ գիտեր (գիտցողը թող իմացնէ):
Իննսուն տարիներ եւ կամարները` կանգո՞ւն: Աստուա՛ծ իմ, եթէ այդքան կարողութիւն տուած էիր հայուն, ինչո՞ւ տէր չկանգնեցար անոր: Արդեօք այդ «չարը» այդքա՞ն զօրաւոր էր:
Իննսուն տարիներ եւ հայուն ձեռակերտը համարեա կանգուն է: Գիւղն ու եկեղեցին:
Խելակորոյսներու նման ման գալէ ետք կ՛ուղղուինք դէպի եկեղեցի:
Մօտ տասը մեթր բարձրութիւն ունեցող այդ սրբատաշ քարերով եկեղեցւոյ դռներն ու պատուհանները աղիւսով փակուած են: Զայն պղծելէ ետք թուրքերը ինչի՞ կը միտէին զանոնք փակելով: Սակայն մենք հնարամտութիւնը ունեցանք գտնելու նկուղ մը, եւ ամբողջ խումբը սողոսկեցաւ այդ նկուղէն` եկեղեցւոյ ներսը: Հսկայ սրահ մը, որ հանգստօրէն կրնայ ընդունիլ եւ պարփակել աւելի քան 400 հաւատացեալ` բազմեալ: Բարձրադիր ու լայնատարած գմբէթին վրայ, ծածկուած որմնանկարներով, «գծուած» էր ժամանակի մաշումը: Թուրքերը չէին կրցած հասնիլ ու պղծել սուրբերուն որմնանկարները:
Հարց կու տամ ես ինծի` արդեօք ինչո՞ւ չէին այրած եկեղեցին, գուցէ չէին յաջողած:
Աղջիկս` Ռիթան, որ մեզի հետ էր, մանրամասնօրէն նկարեց այդ որմնանկարները: Մեր քննարկու աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ, երբ կրցանք գտնել ոլորապտոյտ աստիճանները եկեղեցւոյ տանիքը բարձրանալու: Նեղլիկ աստիճանները յարմար էին միայն մէկ անձի, եթէ դէմ յանդիման գտնուէին երկու անձեր, այն ատեն մէկը պարտաւոր էր նահանջել եւ անցք բանալ երկրորդին:
Գմբէթի գագաթին, փոխան խաչի, բուսած էր թզենիի վայրի ծառ մը, փոքր ծառ մը` լայն տերեւներով, ծածկելու համար թուրքերուն պատմական ամօթը: Եկեղեցւոյ տանիքէն կարելի էր տեսնել Կարմուճի հեռաւոր հանդերը, ուր ցանուած էին պղպեղ, ցորեն, լոլիկ, սմբուկ եւ այլ տեսակի բանջարեղէններ:
Հանդերուն մէջ մարդ-մարդասանք չէր տեսնուեր: Եթէ դուրս բերէինք Զախոյէն եկած քիւրտ ընտանիքները, այդ կանաչապատ դաշտերը մեզի կու տային այն տպաւորութիւնը, թէ այդտեղի բնակչութիւնը տեղափոխուած է գուցէ Հրատ կամ այլ մոլորակ մը: Լրիւ խաղաղութիւն կը տիրէր: Չորս կողմի ցածրադիր լեռները մերկ էին կանաչութենէն: Այդ լերկութիւնը մղեցին զիս մտաբերելու ծննդավայրիս` Քեսապի լեռներուն նկարները` առնուած 1950-ական թուականներուն: Այն ժամանակ լերկ, այժմ` կանաչապատ: Սեւ այծերու հօտերն էին պատճառը, որովհետեւ անոնք արմատէն կը պոկէին խոտն ու տունկը: Մեծ հայրս, ուսուցիչ մարդ, կ’ըսէր, որ այծին եւ եղնիկին լեզուին վրայ թոյն կայ, անոնց լիզած տեղը տունկ չի բուսնիր:
Թուրքին շունչը թոյն է: Իսկ կանաչապատ դաշտերու դալար գոյնը կը պարտէին գերմանական, ֆրանսական եւ այլ ընկերութիւններու:
Փակագիծներու մէջ. Սուրիոյ մէջ լեռնային այծերու բուծանումը արգիլուեցաւ 1953-ին կամ 1956-ին. ասոր արդիւնք, կանաչապատուեցան Քեսապի լեռներն ու հովիտները:
Իմ մանկութեանս օրերուն երթեւեկած արահետները այժմ անանցանելի են անտառային ծառերով կամ թփուտներով: Բարեբախտաբա՛ր…
Խելակորոյս դարձած ենք:
Քիչ կը խօսինք: Ո՛չ, չենք խօսիր:
Սահմռկած մեր տեսածներէն` կը վերադառնանք մեր մարդատարը:
Կը վերյիշեմ, չեմ մոռնար Վիքթոր Հիւկոն:
Les turcs ont passé par là.
Tout est ruine et deuil
«Թուրքերը անցած են այստեղէն,
Ամէն տեղ աւեր է, ամէն տեղ սուգ»:
Այժմ թուրքերը, թրքանմանները անցան Սուրիայէն, ամէնուրեք աւեր է, ամէնուրեք սուգ, նոյնիսկ` վերականգնող Քեսապի մէջ:
***
Վաղամեռ ընկերս Զարեհ,
Այս համեստ տողերս իբրեւ խունկ ու մոմ ընդունէ քու պաղ շիրիմիդ:
Այս նիւթերուն, այս շրջապտոյտին մասին ինչ որ ալ գրեմ կամ ճերմակ էջը մրոտեմ, կը պարտիմ քեզի:
Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մեր արտասանած աղօթքը չէի կարծեր, թէ կրնայ ըլլալ այլ աղօթք, դուն ուզեցիր, որ ըլլայ յաղթանակի աղօթք:
Յիշատակներով մահուամբ զմահ կոխեցիր:
Դուն հիմա ֆիզիքապէս մեկնած ես, սակայն ետիդ թողած ես ժառանգ մը, որ անսպառ է: Գաղափարակա՛ն ժառանգ մը:
Ես գրեցի քու կազմակերպած մէկ գործիդ մասին:
Շատեր, քեզի մօտ` Հալէպ ապրելով, շատ բան գիտեն գործերուդ մասին: Թող որ գրելով եւ ոչ թէ ողբալով զքեզ անմահացնեն:
8 յուլիս 2016
Քեսապ