Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Սիրելի՛ Վարուժ, Ընկե՛ր Վարուժ (Վարուժան Գունտաքճեանին)

Յուլիս 23, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0722varoujankoundakjian

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Կը գրեմ քեզի եւ քու հարազատներուդ, քու ամէնէն սիրած, քու ամէնէն պաշտած քաղաքէն` Երեւանէն: Հիմա այստեղ, ուր մարդիկ բարի ժպիտի, կարեկցանքի եւ խոհեմութեան կարիք ունին,  բացակայութիւնդ արդէն օդի պակասի պէս կը ճնշէ մեր վրայ: Ժամանակը չէր մեկնումիդ, հիմա պէտք չէր հեռանայիր մեզմէ: Մանաւանդ, այո՛, հիմա, հայրենիքի ու հայութեան համար այս դժուար օրերուն:

Որովհետեւ մեզի` ընկերներուդ, հարազատներուդ, հարեւաններուդ, գործընկերներուդ ու հեռաւոր թէ մօտիկ ծանօթներուդ համար դուն յոյսի աղբիւր էիր, լաւատեսութեան մարմնացում: Մարդիկ հազարներով կը հեռանային դժբախտութեան ոլորաններուն մէջ յայտնուած հայրենիքէն, իսկ դուն քու անձնական օրինակով հայրենիք կու գայիր` քանդուածը նորոգելու, բնակարաններ շինելու, դպրոցներ վերականգնելու, մանկապարտէզներ կահաւորելու, թանգարաններ վերակենդանացնելու աշխատանքին անցնելով: Շատերու, նոյնիսկ քեզի մօտիկ մարդոց համար անհասկնալի էր հայրենիքի հանդէպ կոյր սէրդ, անտրամաբանական թուացող հաւատքդ, սահման չճանչցող նուիրումդ: Հայաստանը, կարծես, առաջին ու վերջին սէրդ էր, որուն երբեք չէիր կրնար դաւաճանել, նոյնիսկ եթէ դաւաճանուէիր անկէ… Ահաւասիկ, թէ ինչո՛ւ պէտք չէր հեռանայիր մեզմէ, պէտք չէր բացակայէիր հայրենիքէն, մանաւանդ հիմա՛, երբ պարզ, բայց իմաստուն խօսքիդ ու քաղցր, բարի ժպիտիդ  պակասը կը զգանք այստեղ, այս տխուր օրերուն:

0722varoujankoundakjian2Ոչ ոք կրնայ տեղդ լեցնել, Վարո՛ւժ: Դժուար է հաշտուիլ բացակայութեանդ հետ: Բայց միաժամանակ, բացակայ չես, ընկե՛ր Վարուժ: Հայաստանի մէջ չկայ մարզ մը, ուր բացակայութիւնդ չզգացուի: Քեզ կը տեսնեմ Երեւանի Նորքի մանկապարտէզը յաճախող երեխաներու ուրախ ժպիտին մէջ: Կը յիշե՞ս, անցեալ տարի մանկապարտէզին լուացարանները նորոգեցիր եւ ջեռուցման նոր համակարգ անցուցիր: Քեզ կը տեսնեմ Մաշտոցի պողոտայի բնակարանիդ մէջ ապաստան գտած սուրիահայ ընտանիքին մէջ: Իրենք քեզ չեն ալ գիտեր, ընկե՛ր Վարուժ, բայց ամէն օր կ՛աղօթեն քեզի համար: Աստուա՛ծ գիտէ` ո՞ւր պիտի երթային անոնք, եթէ դուն դուռդ չբանայիր անոնց առջեւ: Քեզ կը տեսնեմ Շիրակի մարզի գիւղացիներուն մէջ: Անոնք իրենց դաշտերուն համար ջուր ունին այսօր, եւ շնորհիւ քեզի` կը վայելեն հայրենի հողին բարիքները: Քեզ կը տեսնեմ սահմանամերձ գիւղերու դպրոցական երեխաներուն մէջ: Մաքուր եւ լուսաւոր դասասենեակներ ունին անոնք, չէ՞ որ դուն համախոհ հայրենակիցներու հետ միասին առաջնահերթութիւն տուիր սահմանամերձ դպրոցներու նորոգութեան: Ամէն տեղ ես, սիրելի՛ ընկեր, հիւանդանոցներու, ատամնաբուժարաններու եւ նոյնիսկ բանտերու քովէն անցնելու ժամանակ անկարելի է չտեսնել քեզ, որովհետեւ ամէն տեղ, Հայաստանի ամէն անկիւն հայ մարդ մը բարիք տեսած է քեզմէ: Այո՛, իմ սիրելի՛ ընկեր, իմ հայր, իմ եղբայր, մեզմէ չես կրնար բացակայիլ: Մեզի հետ ես, ընկե՛ր Վարուժ:

0722varoujankoundakjian1Քեզ կը տեսնեմ ընկերներուս մէջ` Աբոյին, Կարպիսին, Վրէժին, Զոհրապին, բոլորի՛ն: Որովհետեւ բոլորս ալ քեզմէ մարդկայնութիւն սորված ենք, ընկերասիրութիւն ժառանգած ենք, հայրենասիրութիւն  ուսանած ենք: Մեր խիղճին մէջ բոյն դրած ես, Վարո՛ւժ, քու օրինակով, քու գործերով, քու բարութեամբ, քու հայրական ու եղբայրական սիրով: Մեզմէ կը բացակայիս միայն այն ատեն, երբ կորսնցնենք խիղճը, երբ կորսնցնենք մարդկայնութիւնը, երբ հրաժարինք հայրենիքէն, երբ դաւաճանենք մենք մեզի եւ մեր ընկերներուն:

Չեմ գիտեր, թէ դրախտ ու դժոխք կա՞յ այս կեանքէն ետք: Բայց դուն դրախտը ստեղծեցիր քու չորսդիդ, քու շրջապատիդ մէջ: Շատերո՛ւ համար ու նաեւ` մեզի՛: Ուժ տուր մեզի, որպէսզի նոյնը ընենք նաեւ մենք եւ ապրինք քեզի նման, քու յիշատակով, քու օրինակով: Եւ մեր զաւակներուն ըսենք. «Ապրէ՛ք, երեխէք, եւ Վարուժի՛ն պէս ապրէք»:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

Նախորդը

Տոքթ. Զարեհ Մալճեանի Յիշատակին

Յաջորդը

«Ազգային Միացեալ Վարժարան» Համալիրի Կառուցման Մօտալուտ Ամբողջացման Առիթով. Հարցազրոյց Շինարարական Յանձնախումբի Անդամներ Մկրտիչ Եափուճեանի Եւ Յակոբ Լուսարարեանի Հետ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?