Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթ. Զարեհ Մալճեանի Յիշատակին

Յուլիս 23, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dr-Zareh-Maldjian-IMG-20160721-WA0010

Թէեւ ժամանակը մեզի համար կարճ եղաւ տոքթ. Զարեհ Մալճեանին հետ աւելի մօտէն յարաբերելու համար, սակայն կրնանք անվարան ըսել, որ այդ կարճ ժամանակը բաւարար էր լաւ ճանչնալու զինք եւ գնահատելու իր արժանիքները:

Քաղաքացիութեամբ լիբանանցի` ան ծնած է Հալէպ, 1956-ին եւ յաճախած` քաղաքի Քարէն Եփփէ ճեմարանը: Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Հալէպի համալսարանին մէջ, ուրկէ ստացած է ընդհանուր բժշկութեան եւ ապա ընդհանուր վիրաբուժութեան մասնագիտական վկայականները: Յաւելեալ մասնագիտական կազմաւորում ստացած է Ֆրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ, որմէ ետք ասպարէզի բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Սուրիոյ զանազան հիւանդանոցներուն մէջ:

Սուրիոյ պատերազմին պատճառով տոքթ. Մալճեան հաստատուեցաւ Լիբանան, եւ շնորհիւ Լիբանանի բժշկական կարգի (սենտիքա) իր անդամակցութեան` ան կրցաւ իր ասպարէզը կիրարկելու իրաւունքը պահել: Ան անմիջապէս դարձաւ գործօն անդամ Լիբանանահայ բժշկական միութեան:

Հակառակ իր ունեցած բազում մտահոգութիւններուն, երբ հարկադրուած էր իր ասպարէզը ոչինչէն վերսկսիլ, տպաւորիչ էր տեսնել իր յարատեւ ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը միութեան բոլոր  ձեռնարկներուն ` դասախօսութիւններ, սենտիքայական ընտրութիւններ եւ այլն:

Յատուկ կերպով արժէ անդրադառնալ «Վանայ ձայն»-ի հետ գործակցաբար կազմակերպուած բժշկական յայտագիրին` «Առողջութիւնը ոսկի գանձ է», ուր անկախ իր մասնագիտութենէն, ան կը ներկայացնէր բազմաթիւ այժմէական նիւթեր:

Միութենէն դուրս` կ՛արժէ նաեւ անդրադառնալ ԱՖՀԻԼ-ի  հրատարակած առողջապահական «Զգուշ» պարբերաթերթին, ուր առանց բացառութեան, իւրաքանչիւր թիւի մէջ յօդուած ստորագրած էր :

Գործունեայ եւ համեստ ան արագօրէն  շահեցաւ իր պաշտօնակիցներուն վստահութիւնը եւ մօտ 2 տարի առաջ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ անդամ Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութեան:

Վարչութեան մէջ ան շարունակեց նոյն յանձնառու գործունէութիւնը, նոյն թափով: Սակաւախօս` ան միաժամանակ յստակ եւ օգտակար տեսակէտներ կ՛արտայայտէր եւ իր մօտեցումը միշտ դրական էր:

Տոքթ.  Մալճեան  հեռու էր ցուցամոլութենէ եւ եսակեդրոնութենէ: Վարչական ընտրուելէն ետք պատահաբար եւ անուղղակի ձեւով իմացանք նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ հասարակական բեղուն գործունէութիւն ունեցած էր:

Աւա՜ղ, դաւադիր եւ անողոք հիւանդութիւնը դարանակալած էր իր մէջ, եւ կանխահաս մահը պիտի գար մեզմէ խլելու այս ազնիւ , գործունեայ եւ անանձնական բժիշկը:

Սոյն գրութեամբ պիտի ուզէինք նաեւ հրապարակաւ արտայայտել մեր խորին ցաւակցութիւնները իր կողակիցին` Սեւանին եւ իր զաւակներուն:

Յարգա՛նք իր յիշատակին:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ  ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ  ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

 

Նախորդը

Կարմուճը Աւերուած, Ուրֆան` Պղծուած (Զարեհ Մալճեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Նամակ Երկրէն. Սիրելի՛ Վարուժ, Ընկե՛ր Վարուժ (Վարուժան Գունտաքճեանին)

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In