ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Էրեբունիի գործողութիւնը կարելի է միայն որոշ առումով աւարտած նկատել. պատանդները ազատ արձակուած են: Հետզհետէ պարզ կը դառնայ, թէ ի՞նչ երաշխիքներու հիման վրայ կայացած է ազատ արձակումը կամ բանակցութիւնները առաւելաբար ի՞նչ կէտերու վրայ կեդրոնացած են:
Հետեւեալ լրատուութիւնը իր վրայ վերլուծումներու որոշ լուսարձակներ կը բանայ.
«Երեւանեան վերջին իրադաձութիւնները պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւման պարունակին մէջ միտուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի տապալման: Մինչ, այս բանակցութիւններուն կողմերը արձանագրած են որոշակի արդիւնքներ», այս մասին Պաքուի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու պահուն ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական գործերով նախկին օգնական Մեթիու Պրայզան: Անոր խօսքով, Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի հանդիպումներուն ժամանակ ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերը իսկապէս արձանագրած են որոշակի արդիւնքներ. «Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնները Փեթերսպուրկի եւ Վիեննայի բանակցութիւններէն ետք կը վկայեն, որ քննարկումներուն մէջ որոշակի տեղաշարժեր եղած են»: Խօսելով հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան մասին` Պրայզա նշած է, որ նախագահ Փութին իսկապէս անհանգստացած է այն հանգամանքով, որ ապրիլեան ճգնաժամը շատ լուրջ էր, եւ պատերազմի վերսկսման մեծ հաւանականութիւն կը պարունակէ, ինչ որ ձեռնտու չէ Ռուսիոյ: «Փութինը կրնայ խաղաղապահի դերակատարութիւն ունենալ այս հակամարտութեան մէջ», կարծիք յայտնած է ամերիկացի պաշտօնատարը: Ինչ կը վերաբերի երեւանեան վերջին իրադարձութիւններուն, ապա այս պարունակին մէջ Պրայզա համաձայնած է այն քաղաքագէտներուն, որոնք կը կարծեն, թէ պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւումը միտուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի տապալման:
Մեթիու Պրայզա արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցութիւններուն ուղղակի մասնակցած, փորձառութիւն կուտակած աշխուժ համանախագահ եղած է: Անոր յայտարարութիւնները դիւանագիտական ըսելաձեւերու արուեստին տիրացած գործիչի տպաւորութիւն եւ համոզում կը փոխանցեն:
Վերը նշուած յայտարարութեան պարագային, առաջին բաժինը առանձնապէս նոր բովանդակութիւն չ՛ապահովեր: Տեղաշարժ, Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի հանդիպումներուն ընդհանուր դրական գնահատական: Այստեղ որոշակի տեղաշարժն ալ նախապէս բազմիցս օգտագործուած ըսելաձեւ է եւ յատուկ դէպի բեկում տանող որեւէ հունաւորում չի փոխանցեր:
Կը թուի, որ հետաքրքրականը յայտարարութեան երկրորդ եւ երրորդ կէտերն են, գրեթէ իրար ագուցուած:
Երկրորդ կէտը Ռուսիոյ ղեկավարին կատարած ճիգերուն գնահատականն է ամերիկացի պաշտօնատարին կողմէ: Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ Ուաշինկթըն լիարժէք համաձայն է Մոսկուայի գերմիջնորդութեան` Փութինին վերագրելով խորապէս անհանգստացած ըլլալը քառօրեայ պատերազմէն: Աւելի՛ն. Ռուսիոյ խաղաղապահ դերակատարութիւնը շեշտելով Պրայզան, գէթ յայտարարողականութեամբ, Մոսկուայի գերմիջնորդութեան անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ եւ կ՛արդարացնէ բանակցային գործընթացի ղեկը ստանձնելու ռուսական ճիգերը:
Իսկ առաջին եւ երկրորդ կէտերը ամփոփ բանաձեւելով, կը հասկցուի այն, որ Ռուսիոյ գերմիջնորդութեամբ աշխուժացած բանակցութիւնները որոշակի տեղաշարժ ապահոված են եւ պատերազմի վերսկսումը նոյնինքն Մոսկուայի համար ձեռնտու չէ, ուրեմն համոզիչ են Ռուսիոյ կողմէ լուծումի յանգելու համար տարուող աշխատանքներու դրդապատճառները:
Հիմա գանք երրորդ կէտին. Պրայզա առնչութիւններ գծած է եւ լուսարձակի տակ առած երեւանեան դէպքերն ու արցախեան կարգաւորման գործընթացի նորագոյն փուլը: Այսպէս. ռուսական աշխուժութեան շեշտումով գոյացած դրական տեղաշարժը, որ նաեւ նախանշած է (ըստ Պրայզային) որոշակի արդիւնքներու հասնելու հաւանականութիւնը, պարեկապահակային ծառայութեան գունդի տարածքի գրաւումով տապալելու վտանգին առջեւ էր:
Աւելորդ չ՛ըլլար այստեղ նշելը, որ Էրեբունիի գործողութեան արցախեան կարգաւորման հետ փոխկապակցուած ըլլալուն մասին թէկուզ ոչ նոյն շեշտադրումներով, այսուհանդերձ ակնարկ կատարած էր նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Զախարովան` նշելով, որ այդ իրադարձութիւնները ինչ-որ ձեւով կը խանգարեն Ղարաբաղեան բանակցութիւնները:
Փորձենք պահել Պրայզայի ուղերձին տրամաբանութիւնը:
Էրեբունիի հանգուցալուծումը քաղաքական հարթութեան վրայ տեղափոխելն ու պատանդները ազատ արձակելով գրաւման վերջ տալը իշխանութիւններուն կողմէ տարածքներ չյանձնելու երաշխիքներու դիմաց սկսած է ձեւ ու մարմին ստանալ եւ բնութագրել ամբողջ պատահածին բուն շարժառիթը գրաւող խումբին կենսագրութիւնը եւ յայտարարուած առաջադրանքները նկատի ունենալով: Նաեւ երկկողմանիօրէն ընկալուած միջնորդին կենսագրութիւնը: Մինչ, Խորենացի փողոցին վրայ հաւաքուող ցուցարարներուն կամ ընդհանրապէս հրապարակային քննարկումներուն մասնակիցներուն կողմէ հնչած իշխանափոխութեան պահանջները շատ չէին արծարծեր արցախեան խնդիրը եւ կը կեդրոնանային աւելի ներհայաստանեան իրավիճակին վրայ:
Պրայզայի կողմէ ընդգծուած երեւոյթներու փոխկապակցուածութիւնը անշուշտ այլ շարժառիթներ ունի: Կը թուի, որ այստեղ աւելի թեման օգտագործման գործիք է Պրայզայի համար, որ ի դէպ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական գործերով նախկին օգնականի պաշտօնը զբաղեցուցած է: Իսկ գուցէ իրականութեան մէջ Պրայզան եւ Զախարովան, այստեղ մեկնելով ոչ թէ իրական վիճակէն, այլ միանգամայն իրատեսական թուացող այն հեռանկարէն, որ տարածքներու վերադարձի մասին խօսակցութիւնները որքան առարկայական բնոյթ ունենան, այնքան Հայաստանի մէջ կը մեծնայ ժողովրդային դիմակայութեան հաւանականութիւնը: Ամենայն հաւանականութեամբ անոնք լաւատեղեակ են այն տրամադրութիւններէն, որոնք գոյութիւն ունին Հայաստանի մէջ:
Մենք` իբրեւ հայկական կողմ, գուցէ յաջողինք այս փոխկապակցուածութեան տալ դրական հունաւորում նախ եւ առաջ Էրեբունիի հանգուցալուծումի առաջին հանգրուանը առանց ցնցումի եւ առանց արիւնահեղութեան աւարտած ըլլալով:
Ապա, իշխանութիւններուն եւ Սասնայ Ծռերուն միջեւ բանակցութիւններուն առանցքը կեդրոնացնելով արցախեան հիմնախնդիրին վրայ, նկատի ունենալով թէ՛ զինեալներուն կենսագրութիւնը, թէ՛ միջնորդին արցախեան կերպարը եւ թէ՛ ստեղծուած միջազգային քաղաքական շահագրգռութեան բարձր աստիճանի իրավիճակը` արցախեան հարցին կարգաւորում ապահովելու անունին տակ:
Այս մէկը գուցէ կ՛օգնէ նաեւ հայկական կողմին բանակցութիւններուն աւելի ամուր դիրքերէ մեկնելու համար: Փոխկապակցուածութիւնը կրնայ օգտակար ըլալ. բայց ոչ` Մեթիու Պրայզայի կամ Զախարովայի ծխածածկութաւոր շարժառիթներէն եւ նպատակներէն մեկնած: