Միօրեայ «Դպրոց»-ի Մը Ամավերջի Հանդէսին Առթած Մտածումները
Յ. ՊԱԼԵԱՆ Միշտ զարմացած եմ հայ գաղութներու «միօրեայ դպրոց»-ներու պատկերին ի տես: Ինչո՞ւ «դպրոց» ըսել, երբ կրթական հաստատութեան մը յատուկ ծրագիր չկայ, այլ հոն կ’աւանդուին հայերէն դասեր, շաբաթական մէկ կամ երկու ժամ, ըստ ուսուցիչին հայեցողութեան եւ նախասիրութիւններուն: Այս մէկժամեայ դասերը հասկնալի են, երբ համայնքը փոքրաթիւ է, դպրոցական տարիքի սերունդն ալ: Բնական է, որ մէկ ձեռքի մատներուն վրայ համրուող տղոց համար...




















