Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Թանքեան. «Պէտք Է Որոշել Ինչպէ՛ս Դուրս Գալ Յետխորհրդային Փտած Ստորակարգութենէն»

July 23, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

serj-tankian-10-620x300

Ամերիկահայ նշանաւոր ռոք երգիչ, երգահան, «Սիսթըմ աֆ ը տաուն» խումբի մենակատար Սերժ Թանքեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին` էրեբունիի պարեկապահակային ծառայութեան գունդի շէնքի գրաւման պատճառով: «Կարծես աշխարհին մէջ կացութիւնը դուրս ելած է հսկողութենէն, ամբողջ մոլորակի տարածքին: Պատճառներն են` այլատեացութիւնը, ծայրայեղականութիւնը եւ մոլեռանդ մտածելակերպն ու գործելաոճը», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Թանքեան:

Ըստ անոր, անզէն ափրիկեցի-ամերիկացիներուն սպանութիւնները Միացեալ Նահանգներու մէջ, պետական յեղաշրջման փորձը Թուրքիոյ մէջ, ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի շէնքի գրաւումը Հայաստանի մէջ, խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնը Ֆրանսայի, Պելճիքայի, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ` Իսլամական պետութեան ահաբեկիչներուն կողմէ, աշխարհին մէջ կատարուող ողբերգական իրադարձութիւններու անվերջանալի շարքի մը մէկ մասն են միայն:

«Մէկ բան պարզ է, քաղաքակրթութիւնը այն տեսքով, որ գոյութիւն ունի, սպառած է ինքզինք: Չափազանց կարեւոր է հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ձերբազատիլ իրարու հանդէպ բռնութիւն գործադրելէ: Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ է որոշել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է դուրս գալ յետխորհրդային փտած ստորակարգութենէն, որ կը ղեկավարէ եւ կը քանդէ երկիրը անկախացման օրէն», գրած է երաժիշտը` նշելով, որ` «մշակոյթը, կարեկցելու ունակութիւնն ու հաւասարութիւնը կրնան յաղթել»:

Ան կոչ ուղղած է` պայքարելու բացասական երեւոյթներուն դէմ «մտաւոր կարողութիւններով, զսպուածութեամբ եւ արդարացի կերպով»:

Նախորդը

Աշխարհին Շուրջ. Զատիկ Կղզիի Խորհրդաւոր Արձանները

Յաջորդը

Օտարում` Լեզուի Մոռացումով, Լքումով Եւ Արհամարհանքով

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.