Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Պուլկարիոյ «Փեն» ակումբի եւ Պուլկար գրողներու միութեան «Փլամք» ամսագիրը, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 25-ամեակին առիթով, իր աշնանային հրատարակութիւնը ամբողջութեամբ պիտի նուիրէ հայ դասական եւ ժամանակակից գրականութեան` Մաշտոցէն եւ Նարեկացիէն մինչեւ մեր օրերը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»` վկայակոչելով Հայաստանի Գրողներու միութեան պաշտօնական կայքը, թիւին մէջ ընդգրկուած են 47 հայ հեղինակներու ստեղծագործութիւններ` թէ՛ արձակ եւ թէ՛ բանաստեղծութիւն: Ծրագիրը կ՛իրականացուի Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան, Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան «Լիթերաթուրնայա Արմենիա» ամսագիրի խմբագրութեան միացեալ ջանքերով: