Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին Ներկայացուած Զեկոյցներ

November 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

img_46461

Պերլինի Պատը Փլած Է. Անթիլիասի Ալ Անցեալի Նարնջենիներուն Տեղ Արդիական Շէնքեր Բարձրացած Են…

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովին առիթով իմ խօսքս դասական զեկոյց մը պիտի չըլլայ, այլ` կոչ մը, եթէ կ՛ուզէք` միասին խորհրդածելիք առաջարկ:

«Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» կարգախօսը թոյլ տուէք ամբողջացնել հետեւեալով` «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք նաեւ հայրենադարձութեան նպատակակէտ»:

Եթէ հայրենադարձութիւն հասկացողութիւնը կիրարկելի է սփիւռքահայ ժողովուրդին համար, ինչո՞ւ չվերաբերի նաեւ սփիւռքահայ մամուլին:

Եկէք` անվախ ու առանց պահելու բոլորս խոստովանինք, որ ինչպէս սփիւռքահայութիւնը,  նաեւ անոր մամուլը, մանաւանդ` անոր տպագիր մամուլը, կը դիմագրաւեն գոյատեւելու խնդիր: Մեծածախս է ան: Կը դիմագրաւէ նաեւ մարդուժի ակներեւ պակաս: Ընթերցողի պակասն ալ լուրջ խնդիր է, սակայն այս երեւոյթը համաշխարհային է եւ միայն հայ ժողովուրդին չի վերաբերիր: Եկէք` խօսինք զուտ մեր խնդիրներուն մասին. այսինքն` այն խնդիրներուն, որոնց լուծումը կախեալ է զուտ մեր կամեցողութենէն` կարելիութիւններէն:

Ինչպէ՞ս վերաբերիլ այս երկու լուրջ խնդիրներուն հետ: Պիւտճէական հաւասարակշռութիւն` խնայողութիւն, աւելի տարիներ գոյատեւելու համար նաեւ մարդուժի պակասը գոցելու խնդիր:

Երկար ուսումնասիրութենէ ետք, «Զարթօնք»-ի համար եկանք հետեւեալ լուծումին: Տնտեսագիտութեան մէջ այն կը կոչուի աութսորսինկ (outsourcing), այսինքն` արտադրութեան մը վերաբերող կարգ մը աշխատանքներ տեղափոխել այլուր: Ո՞ւր կարելի է փոխադրել հայ թերթի մը արտադրութիւնը, բացի Հայաստանէն: Ինչո՞ւ չօգտուիլ արհեստագիտութեան բարիքներէն ու առցանց աշխատելով` չհրատարակել մեր թերթերը: Այսինքն ինչո՞ւ բովանդակութեան պատրաստութեան հետ կապուած շատ մը աշխատանքներ, ինչպէս` գրաշարութիւնը, սրբագրութիւնը, ձեւաւորումը եւ այլն  չկատարել Երեւանի մէջ ու անկէ ետք մեր երկիրներուն մէջ կատարելով խմբագրական թէ վարչական աշխատանքը` ղրկել տպարան (տպագիրին պարագային): Ինչո՞ւ մեր թերթերուն կայքէջային գրառումները կամ ելեկտրոնային ցրւումը աւելի յարմար նիւթական պայմաններով չկատարել հայրենիքէն: Արտասահմանի մէջ այս արտադրութեան համար տրամադրելի մէկ ամսուան պիւտճէն, օրինակի համար, նուազագոյնը երեք ամսուան համար չի՞ ծառայեր հայրենիքի մէջ: Մեր մարդուժի լուրջ հարցը չի՞ լուծեր այս կարգադրութիւնը, երբ հայրենիքի մէջ ունինք աւելի քան պատրաստուած եւ հմուտ մարդուժ: Հայրենի մեր աշխատակիցին գործի լաւ պայմաններ ստեղծած չե՞նք ըլլար այսպէս եւ, ի վերջոյ, մեր մամուլին ձեւով մը «հայրենադարձութիւն» ապահոված չե՞նք ըլլար` երկարելով անոր կեանքը եւս…:

Մտածուելիք բան է, չէ՞: Կը մնայ փորձելու քաջութիւնը: Մենք փորձեցինք: Փորձը փորձանք չէ: Յաջողեցանք: «Զարթօնք»-ը այսօր Երեւանի մէջ ունի իր ներկայացուցչական գրասենեակը,  պաշտօնէութիւնը, աշխատակիցները: Դո՛ւք ալ փորձեցէք:

Երթանք աւելի հեռու: Ինչո՞ւ սփիւռքահայ մամուլը (տպագիր թէ առցանց), որուն մեծամասնութեան ներկայացուցիչները այս սրահին մէջ են, չունենայ իր միացեալ գրասենեակը հայրենիքի մէջ: Ի՞նչը կ՛արգիլէ ի մի գալով` աշխատիլ նոյն յարկին տակ,  իւրաքանչիւրս իր թերթին համար: Հաւաքական աշխատանքի մը բարիքներէն անդին, որ ինքնին հսկայական ուժ է յաչս հակառակորդ մետիային, պիւտճէական եւ մարդուժի հսկայական խնայողութիւն չէ՞: Մրցակցական կամ գաղափարական հասկնալի տարբերութիւնները յարգելով հանդերձ, չե՞նք կրնար շատ մը բաներ միասին բաժնել: Չունինք անցեալի անտեղի եւ,  ինչո՞ւ չէ, ամօթալի բաժանումները: Պերլինի պատը փլած է, Անթիլիասի ալ անցեալի նարնջենիներուն տեղ արդիական շէնքեր բարձրացած են… Մենք կրնանք միասին արտադրել այլեւս: Մենք կրնանք մէկ դատի ծառայել, որն է` մեր պետականութեան հզօրացումը: Մենք կրնանք միացեալ եւ հսկայական ուժ մը գոյացնել յաչս մեր ժողովուրդի թշնամի մետիային, որ դժբախտաբար այսօր մեզ շատ մը տեղեր կը գերազանցէ: Գիտէ՞ք` ի՜նչ ուժ ենք մենք` այս սրահին մէջ հաւաքուածներս: Մենք կու գանք զանազան երկիրներէ: Միասնաբար իմացութիւնը ունինք աւելի քան եօթը լեզուներու: Ինչո՞ւ այս ուժը չմեկտեղենք միասնաբար աշխատելով` յանուն մեր պետականութեան:

Մտածելիք բան է, չէ՞:

Եկէք` մտածենք այս մասին: Եկէք` օգտուինք մեր ազատ, անկախ պետութեան գոյութենէն ու անոր ընձեռած հնարաւորութիւններէն: Երկաթէ վարագոյրի օրերուն Սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէին չյաջողցուցածը, ազատ, անկախ հայրենիքի սփիւռքի նախարարութիւնը, յանձինս իր նախարարին, յաջողցուցած է մեզ քով քովի բերել այս եւ նոյնանման համաժողովներով: Եկէք` օգտուինք այս առիթէն: Թող, որ 25-ամեայ հայոց պետականութիւնը ըլլայ հայ մամլոյ ալ միասնականութեան լիիրաւ առանցքը, իսկ մենք արժանի ըլլանք անոր պահապան զինուորները ըլլալու:

 

 

 

Նախորդը

Քուէյթի Նոր Եկեղեցւոյ Համար 150.000 Տոլար Հանգանակուեցաւ

Յաջորդը

Անուն, Երջանկութիւն, Ուշիմութիւն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.