ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Ներկայ կառավարութեան յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձած է օտարներու կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրում ապահովելու միջոցները: Միւս կողմէ` պաշտպանութեան նախարարը գնահատելի նախաձեռնութեամբ կ՛առաջարկէ պաշտօնեայ ժողովուրդէն, որոշ զանցառումներով, ամսական 1000 դրամ գանձել` իբրեւ մասնակցութիւն բանակայիններու ընտանիքներու ընկերային ապահովութեան յատուկ հիմնադրամին: Ահա՛ ինքնաբաւութեան առաջնորդող կարեւոր ու մեր բանակը հզօրացնող օրինակելի նախաքայլ մը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, 10-11 հոկտեմբեր 2016-ին Ամերիկայի Նիւ Եորք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան. ներդրումային համաժողով 2016» խորհրդաժողովը (1): Այս խիստ կարեւոր խորհրդաժողովէն ետք, յոյսով ենք, որ դրական արձագանգ պիտի ունենայ այս նախաձեռնութիւնը:
Միւս կողմէ, սակայն, Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելու կապակցութեամբ, Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2016 յուլիսին հրապարակած է իր տարեկան 9 էջնոց եւ երեք ցուցակներով տեղեկագիրը` «Տեղեկագիր 2016-ին Հայաստանի մէջ ներդրումներու մթնոլորտի մասին»` պատրաստուած Հայաստանի մէջ իր դեսպանատան տնտեսական բաժանմունքին կողմէ(2) , որուն յառաջաբանը կը ներկայացնեմ թարգմանաբար (3):
«Գործադիր Ամփոփում»
Հայաստանը կը գտնուի Կովկասի շրջանին մէջ` Ասիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ: Հայաստանի կառավարութիւնը (ՀԿ) պաշտօնապէս կ՛ողջունէ օտարերկրեայ ներդրումները: Հայաստանը ունի բարձր ուսումով աշխատաւորներ, եւ բարձր ճարտարագիտութեան ու տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն մէջ ներգրաւած է օտարերկրեայ ներդրումներ, յատկապէս` Ամերիկայէն: 2015-ին տեղի ունեցաւ ամերիկեան հիմնական ներդրում Հայաստանի ուժանիւթի արտադրութեան մարզին մէջ` «Քոնթուր կլոպալի» կողմէ Որոտան ջրելեկտրակայանի ձեռք բերումով: Սակայն Հայաստանի ներդրումային
մթնոլորտը կը դիմագրաւէ շարք մը լուրջ մարտահրաւէրներ. իր փոքր շուկայով (Հայաստանը ունի երեք միլիոնէ նուազ բնակչութիւն), համեմատաբար աշխարհագրական մեկուսացում` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ փակ սահմաններով, անձ գլուխ համախառն ազգային եկամուտը շուրջ 4000 տոլար եւ` բարձր մակարդակի փտածութիւն: 2015 յունուարին Եւրասիական տնտեսական միութիւնը` առեւտրային խումբը դարձաւ ի զօրու, ստեղծելով միայնակ տնտեսական շուկայ` 176 միլիոն հաշուող Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խրխըզիստանի եւ Ռուսիոյ ժողովուրդներուն միջեւ: Ասկէ անկախ, ան կը շարունակէ գործադրել Եւրոպական տնտեսական միութեան կապակցութեամբ բարեփոխումներ` առեւտուրի եւ մաքսային մարզերուն մէջ: 2015 մայիսին Հայաստան Ամերիկայի հետ ստորագրեց Առեւտուրի եւ ներդրումային կառուցուածքի համաձայնութիւն (ԱՆԿՀ) (TIFA): ԱՆԿՀ-ն կը հիմնէ Ամերիկա-Հայաստան առեւտուրի եւ ներդրումային խորհուրդ` արծարծելու առեւտրային ու ներդրումային հարցեր եւ քննելու միջոցներ` զօրացնելու առեւտրային ու ներդրումային յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն միջեւ:
Հայաստան չի սահմանափակեր դրամական փոխարկման եւ փոխանցման քանակը, կամ` դրամագլուխին եւ շահաբաժինին հայրենադարձութիւնը, ներառեալ` մասնաճիւղային շահը, շահաբաժինը, տոկոսը, հեղինակային պատուագինը կամ ղեկավարման ու մասնագիտական ծառայութեան վարձքը: Հայաստանի դրամատնային դրութիւնը կայուն է եւ լաւապէս կանոնակարգուած, սակայն Հայաստանի տնտեսական մարզը բարձր զարգացում չէ արձանագրած: Օտարերկրացիներ, որոնք յատուկ բնակութեան արտօնագիր չունին, չեն կրնար կալուածի սեփականատէր դառնալ, սակայն կրնան վարձել: Հայաստանի մէջ օտարերկրացիներու կողմէ արձանագրուած հայկական ընկերութիւնները իրաւունք ունին կալուած գնելու եւ սեփականատէր դառնալու: Հայաստանի մէջ սահմանափակումներ չկան օտարերկրացիներու կողմէ ձեռք բերելու, հաստատելու կամ ծախելու ձեռնարկութեան իրաւունք: Ամերիկա-Հայաստան երկկողմանի ներդրումային դաշնագիրը (ԵՆԴ) (BIT) կ՛ապահովէ, որ եթէ անհասկացողութիւն ստեղծուի ամերիկացի ներդրողին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ, ներդրողը կարելիութիւնը կ՛ունենայ լուծում որոնելու միջազգային պարտաւորեցնող իրաւարարութեան միջոցով: Թէեւ հայկական օրէնսդրութիւնը կ՛ենթարկուի Առեւտրական հեղինակային իրաւունքի սեփականութեան համաձայնութեան (ԱՀԻՍՀ) (TRIPS) եւ կը պահպանէ հեղինակային սեփականութեան իրաւունքը (ՀՍԻ) (IPR), սակայն անոր գործադրութեան ջանքերը պէտք է բարելաւուին:
Հայկական կարգաւորող համակարգը զերծ է թափանցիկութենէ: Հայաստանի տնտեսութեան գլխաւոր հատուածները կը կառավարուին լաւ կապեր ունեցող գործարարներու կողմէ, որոնք կը տիրապետեն շուկային` վայելելով կառավարութեան պաշտպանութիւնը: Փտածութիւնը կը մնայ էական խոչընդոտը, թէեւ վերջին քանի մը տարիներուն կառավարութիւնը ներկայացուցած է շարք մը բարեփոխումներ եւ, ընդհանուր առմամբ, ներդրումային կլիման կը թուի աստիճանաբար բարելաւուիլ, սակայն փտածութիւնը կը մնայ խնդիր` կարեւորագոյն բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս` դատական համակարգին, տուրքերու եւ մաքսային գործողութիւններուն, առողջապահութեան, կրթութեան, զինուորական եւ իրաւապահ մարմիններու օրէնքի կիրարկման մէջ: Մինչ տուրքերու եւ մաքսային գործելակերպերը բարելաւուած են, սակայն տակաւին կը պակսի թափանցիկութիւնը: Թէեւ յանձնարարական գիներու գործածութիւնը (փոխանակ` բուն վաճառագիրին, Յ. Չ.) մաքսային գործողութեան ընթացքին նուազած է, տակաւին հազուադէպ չեն ապրանքներու գիներու դասաւորման նենգափոխումը, որ կ՛աւելցնէ տնտեսվարողներուն ծախսերը: Դատական համակարգը զերծ է ինքնիշխանութենէ` վէճերու լուծումներու պարագային վերածուելով անվստահելի ատեանի»:
Արդեօք Նիւ Եորք մեկնող Հայաստանի պատուիրակութիւնը տեղեա՞կ էր այս տեղեկագիրի բովանդակութենէն:
Տնտեսութեան նախարարութեան առաջադրած ներդրումային ծրագիրները ամփոփուած են «2016 Հայաստան ներդրումային ծրագիրներ» 40 էջնոց անգլերէն գրութեան մէջ (4), ուր ցանկագրուած են հետեւեալ 5 բնագաւառներու 12 ծրագիրները իրենց ենթաբաժանումներով եւ մասնակի կամ, նախնական տուեալներով, ուսումնասիրութիւններով ու տեղեկութիւններով:
Գրութեան մէջ օգտագործուած են շարք մը յապաւումներ` ADB, EIB, NIF, EIDB, PPP, IDC, DSCR, TACIS, LLC, CJSC, IFC, որոնց իմաստը յայտնող ցուցակ չէ ներկայացուած: Հակառակ անոր որ այս գրութեան տպագրութեան ծախսը յատկացուած է «Հայաստանի ներդրումային մթնոլորտի բարենորոգման ծրագիրին» կողմէ եւ իրագործուած` «Համաշխարհային դրամատան խումբի առեւտուրի եւ մրցակցային համաշխարհային փորձ»-ին ու ընկերակցութեամբ Աւստրիոյ դաշնակցային ելեւմտական նախարարութեան` դժբախտաբար, կարգ մը գլուխներ պէտք էր քանի մը անգամ կարդալ հասկնալու համար ծրագիրին էութիւնը, տնտեսական իրավիճակը եւ ակնկալուած ներդրումը, յատկապէս` Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի պարագային, որ բաժնուած է հինգ աշխարհագրական մասերու, որոնց երեքը գործադրութեան ընթացքի մէջ են արդէն, եւ մաս մը` իրականացուած:
Նախընտրելի պիտի ըլլար, միօրինակ հետեւողութեամբ, իւրաքանչիւր բնագաւառի նա՛խ պահանջուած ներդրումին յստակ ցուցակով մանրամասնութիւնները ներկայացնել եւ ե՛տքը ծրագիրին պատմականը, շահեկանութիւնը եւ հիմնաւորումը ներկայացնել: Ստորեւ թարգմանաբար կ՛ամփոփեմ 12 ծրագիրները:
1.- ԵՆԹԱԿԱՌՈՅՑ` Հիւսիս-հարաւ մայրուղի: Ծրագիրը կ՛առաջադրէ ներկայի շուրջ 560 քմ երկարութեամբ ճամբան, ուր արագութիւնը սահմանափակուած է ժամական 30-90 քմ-ի, կրճատել զայն եւ վերածել 470 քմ արդիական, միջազգային չափանիշներով տոկուն, պեթոնապատ, երթուդարձի չորս ուղիներով, ժամական 100 քմ արագութեամբ մայրուղիի:
Առաջին երեք հատուածներուն ներդրումը ապահովուած է արդէն` մէկ միլիառ 225 միլիոն տոլար, աշխատանքը սկսած է 2010-ին եւ շինարարութեան աւարտը կը նախատեսուի 2018-ի վերջաւորութեան: Յստակ չեղաւ, թէ ընթացքի մէջ եղող մայրուղիին երկարութիւնը որքա՞ն է: Սակայն յստակ է, որ ան կ՛ընդգրկէ կեդրոնական հատուածը եւ իրագործելի կը մնան հիւսիսային եւ հարաւային հատուածները, որոնց համար ներդրում կ՛ակնկալուի 700 միլիոնէն մէկ միլիառ 700 միլիոն տոլար: Անհասկնալի են նախահաշիւին այս գումարները, ուր առաւելագոյն գումարը նուազագոյնէն 2,43 անգամ աւելի է…
2.- ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ` Պղինձի Մետաղաձուլումի Գործարան:
Ալավերդիի գործարանը վերանորոգել, կամ` նորը կառուցել, տարեկան 80 հազար թոն ձուլուած պղինձ արտադրելու կարողութեամբ: Պղինձի պահեստը կը գնահատուի 14 միլիոն թոն, որուն առընթեր` նաեւ այլ թանկարժէք հանածոներ: Շահաբեր այս ներդրումը կը գնահատուի 400-450 միլիոն տոլար:
3.- ՈՒԺԱՆԻՒԹ` Ջրելեկտրակայաններու կառուցում:
Ա.- Լոռի-Բերդ ջրելեկտրակայան` 66 միլիոն ուաթ կարողականութեամբ, ներդրումը, շուրջ 122 միլիոն տոլար, կառուցումի տեւողութիւնը` 5 տարի:
Բ.- Շնող ջրելեկտրակայան` (Լոռի մարզ) 76 միլիոն ուաթ կարողականութեամբ, ներդրումը` 121-150 միլիոն տոլար, կառուցումի տեւողութիւնը` 8 տարի:
4.- ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼԻ ՈՒԺԱՆԻՒԹ:
Ա.- «Սեմեոնովքա» հովային ուժանիւթի ցանց` 35 միլիոն ուաթ կարողականութեամբ, ներդրումը, 45,8 միլիոն եւրօ, կառուցումի տեւողութիւնը` 1 տարի:
Բ.- «Զոտ» հովային ուժանիւթի ցանց` 20 միլիոն ուաթ կարողականութեամբ, ներդրումը` 27 միլիոն եւրօ, կառուցումի տեւողութիւնը` շուրջ 2 տարի:
Գ.– «Ջերմաղբիւր» երկրաջերմային ուժանիւթ` 25 միլիոն ուաթ կարողականութեամբ, ներդրումը` 44 միլիոն տոլար, կառուցումի տեւողութիւնը` շուրջ 2 տարի:
Դ.- «Քարքար» երկրաջերմային ուժանիւթ` 28 միլիոն ուաթ կարողականութեամբ, ներդրումը` 106 միլիոն եւրօ, տեւողութիւնը չէ նշուած:
5.- ԵՆԹԱԿԱՌՈՅՑ` Երեւանի Ֆիրդուսի 33-րդ թաղի շինարարութեան ծրագիր` շուրջ 50 հազար քառակուսի մեթր տարածքի վրայ, շուրջ 200 հազար քառակուսի մեթր շինարարութիւն: Ներդրումը` 300 միլիոն տոլար, տեւողութիւնը` 3-4 տարի:
6.- ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ` ոսկիի հանքերու հանածոներու զտարան, կարողականութիւնը` տարեկան 20 թոն ձոյլ ոսկի, ներդրումը` 10-12 միլիոն տոլար:
7.- ԵՆԹԱԿԱՌՈՅՑ` Հարաւային Հայաստան երկաթագիծի ծրագիր` 304,7 քիլոմեթր երկարութիւն, 84 կամուրջ եւ 60 փապուղի, 27 կայարաններ եւ 13 ենթակայաններ, ներդրումը` շուրջ 3,2 միլիառ տոլար, առանց ներառելու հողերու պետականացումը, տուրքեր եւ այլ ծախսեր:
8.- ԵՆԹԱԿԱՌՈՅՑ` Հանրային փոխադրութեան համակարգի բարելաւում «Զուարթնոց» օդակայանի եւ Երեւանի միջեւ:
Ա.- Մեթրոյի «Չարբախ» կայանէն դէպի օդակայան ընդարձակում, ներդրումը` 951,4 միլիոն տոլար:
Բ.- Մեթրոյի «Երիտասարդական» կայանէն Մալաթիա-Սեբաստիա նոր ուղի` դէպի օդակայան ճիւղաւորումով, ներդրումը` 1,769 միլիոն տոլար:
Գ.- Թեթեւ երկաթուղային տարանցիկ նոր ուղի, Դաւիթաշէնէն Մալաթիա-Սեբաստիա` դէպի օդակայան ճիւղաւորումով, ներդրումը` 302 միլիոն տոլար:
Դ.- Գնացքի երկաթգծի ընդլայնումը «Սասունցի Դաւիթ» կայանէն օդակայան, ներդրումը` 77 միլիոն տոլար:
Ե.- Ճեպընթաց փոխադրակառքի դրութիւն` օդակայանէն Երեւանի կեդրոն, ներդրումը` 0,5 միլիոն տոլար:
9.- ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ` Թթուներու դիմացող նիւթերու արտադրութիւն` պազալտէն, յատկապէս` կոյուղիի խողովակներ արտադրող, ներդրումը` շուրջ 5 միլիոն տոլար:
10.- ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ` Ջերմային վատ հաղորդիչի «բամպականման» արտադրութիւն որսիդ (perlite) հալեցնելով, տարեկան 100 հազար խորանարդ մեթր կարողականութեամբ, ներդրումը` 10-12 միլիոն տոլար:
11.- ԱՐԴԻՒՆԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ` Յատուկ տոկուն ապակիներու արտադրութիւն «քանազիտ» ժայռերէն, ներդրումը` 15 միլիոն տոլար:
12.- ՀԻՒՍՈՒԱԾԵՂԷՆ` Գորգերու մեքենական արտադրութեան գործարանի բարեփոխում, ներդրումը` 1,5-2 միլիոն տոլար, կարողականութիւնը` տարեկան 200 հազար քառակուսի մեթր գորգի արտադրութիւն:
Վերեւ նշուած ծրագիրները անկասկած կարեւոր են, յատկապէս` ուժանիւթի եւ վերանորոգելի ուժանիւթի ծրագիրները, որոնք Հայաստանը կրնան վերածել ինքնաբաւ ու տարածաշրջանին մէջ ելեկտրական ուժանիւթի աղբիւրի, մանաւանդ եթէ Մեղրիի ջրելեկտրակայանի ծրագիրը նաեւ նկատի առնենք, որ չէ ներառուած այս ծրագիրներուն մէջ: Սակայն կը մնան գլխաւոր խոչընդոտները` փտածութիւնը եւ «լաւ կապեր ունեցող գործարարները, որոնք կը տիրապետեն շուկային` վայելելով կառավարութեան պաշտպանութիւնը», որ նշուած է ամերիկեան տեղեկագիրին մէջ:
Անհրաժեշտ է Հայաստանի քաղաքացիին ու աշխատաւորներուն բացարձակ իրաւունքը ամրագրել որեւէ ծրագիրի գործադրութեան պարագային: Օտար ներդրում ապահովելու մարմաջը եւ «ցանկացած ներդրում» յայտարարութիւնները կրնան ռազմավարական վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ, ինչպիսին է, օրինակ, Յորդանանի պարագան (5):
Հայաստանի ռազմավարական անմիջական կարի՛քը պէտք է թելադրէ ներդրումներու տեսակը եւ որակը: Հայաստանը պէտք է վերածել արտադրող տնտեսութեան: Պարզ հաշուով` հնարաւորինս պակսեցնել ներածումները, եւ այդ ապրանքները արտադրել Հայաստանի մէ՛ջ: Հայաստանի ժողովուրդը յաճախորդի՛ կարգավիճակէն պէտք է վերածել արտադրո՛ղ ու աշխատունակ ժողովուրդի. ա՛յս է էականը:
17 նոյեմբեր 2016
(3) (http://www.nayiri.com/dictionaries.jsp?l=hy_LB)