Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յատուկ Նախագիծ. Ազատամարտիկ-Ագարակապանը

November 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ԱԶՐՈՅԵԱՆ

farm2_111816

Սիւնիքի մարզի Խնձորեսկ գիւղին մէջ ապրող Վահրամ Յովհաննիսեանի մասին ակնարկի մը համար նիւթեր հաւաքելու ընթացքին յստակացաւ, որ դիմացս նստող մարդը քաջ ու հայրենասէր հայորդի մըն է: Չէի գիտեր` ինչպէ՛ս ներկայացնել զայն, իբրեւ ազատամարտի՞կ, թէ՞ ագարակապան, որ գիւղատնտեսութեան մարզին մէջ մեծ յաջողութիւններու հասած է: Ամէն պարագայի, այդ մարդուն կեանքի երկու դրսեւորումներն ալ արժանի են դրուատիքի:

Վահրամ երկու անգամ վիրաւորուած է: Մինչեւ այսօր անոր կրծքավանդակին մէջ երկու բեկոր կայ: Հասկնալի է, որ անոնք զգացնել կու տան, եւ` այնքան խիստ, որ ան քանի մը անգամ «անդի աշխարհ գացած` ետ եկած է»…

Վիրաւոր ազատամարտիկը լուրջ բուժումի կարիք ունէր, ինչ որ բաւական սուղ էր: Հետեւաբար Վահրամ Յովհաննիսեան «ԱԿԲԱ-ՔՐԵՏԻԹ ԱԿՐԻՔՈԼ» դրամատունէն որոշ գումար մը փոխ կ՛առնէ, որպէսզի Գերմանիա մեկնի: Դժբախտաբար այդ գումարը բաւարար չէր, եւ ան այդ գումարով ագարակ մը կը հիմնէ: Եւ ահա մէկուկէս տասնամեակէ ան դրամատունէն օրինակելի վարկ ստացողներէն է:

Վահրամ հողի հետ աշխատանքին ծանօթ էր 8-րդ դասարանէն: Անոր հայրը եղած է գիւղի` ցորեն հնձող հսկայ մեքենայ վարողներէն մէկը, հետեւաբար բնական է, որ պատանին մանկութենէն սիրած է մեքենաները: Այդ սէրը իրեն օգնած է յաջողութեան հասնելու:

farm1_111816

«Հողը պէտք է մշակել, հողը կը սիրէ, երբ իրեն հետ հաշուի կը նստին: Միայն անբան մարդը կրնայ դժգոհիլ կեանքէն, երբ հեկտարներով հող ունի», կ՛ըսէ ագարակապանը:

Վահրամ լաւատես է: Թէեւ բժիշկները անոր 2-3 ամսուան կեանք տուած էին, սակայն ան արդէն աւելի քան հինգ տարի է կ՛ապրի, կ՛ապրի ոչ թէ իբրեւ դատապարտուած, այլ բոլոր դժուարութիւններէն ելք փնտռող եւ յաճախ գտնող մարդ: Այդպիսին է ազատամարտիկ-ագարակապան Վահրամ Յովհաննիսեանը, որ կ՛ապրի եւ կը ստեղծէ Գորիսի հիանալի գիւղերէն մէկուն` Խնձորեսկի մէջ:

Վահրամի ագարակին մէջ կայ 20 կով (որոնցմէ 12-13-ը` կաթնատու), 13 հորթ եւ 9 մայր խոզ: Նշենք, որ Վահրամ կը հաւատայ խոզաբուծութեան արդիւնաւէտութեան: Մէկ առ մէկ կը հաշուէ, թէ որքա՛ն եկամուտ կը բերեն իրեն մայր խոզերը` տասնեակ մը խոճկորներով:

Անասնապահութենէն ստացած եկամուտներուն մասին խօսելէ ետք Վահրամ կը պատմէ, որ իր հողատարածքներէն 60 հեկտարին վրայ կ՛աճեցնէ ցորեն, զոր կը հաւաքէ ցորեն հնձող սեփական հսկայ մեքենայով: Ասիկա եւս որոշ չափով եկամուտ է:

Ազատամարտիկ-ագարակապանը միշտ պրպտումներու մէջ է: Ընթացքի մէջ է նոր եւ աւելի ընդարձակ խոզանոցի եւ գոմի շինարարութիւնը: Վահրամ Յովհաննիսեան համացանցէն կարդացած է, որ գոմի աղբէն կարելի է կազ ստանալ: Կարդացած եւ ոգեւորուած է: Մտադիր է ժամանակակից արհեստագիտութեան այդ ձեռքբերումը կիրարկել իր հայրենի գիւղին` Խնձորեսկի մէջ:

Ան վստահ է, որ այդ նախագիծը պիտի իրականացնէ, որովհետեւ ունի «ԱԿԲԱ-ՔՐԵՏԻԹ ԱԿՐԻՔՈԼ» դրամատան նման վաղեմի գործընկեր:

«ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ»

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

Նախորդը

17 Նոյեմբերը Ծխելէ Հրաժարելու Միջազգային Օր Է

Յաջորդը

Գիւմրիի Մանկատան Մէջ 124 Սան Մկրտուած Է

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.