Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսկապէ՛ս Ազգային

November 21, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

apo-oreorin1ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարքարեանի հետ ծանօթանալու առիթ ունեցայ Լոս Անճելըս կատարած իր աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, անցեալ տարի:

Կինս` Անին, գրադարանավարի իր աշխատանքին բերումով, վաղուց ծանօթ էր Տիգրանին եւ բարձր կարծիք ունէր անոր մասնագիտական հմտութեան ու ազգային նախանձախնդրութեան մասին: Հաւանաբար այս դրական նախատրամադրուածութիւնս զիս մղեց անմիջապէս գործնական հարցով մը դիմելու Տիգրանին. «Ասպարէզ»-ի թուայնացման ծրագիրը:

Ազգային գրադարանը շահագրգռուած է իր շտեմարանին մէջ ունենալու «Ասպարէզ»-ի ամբողջական հաւաքածոն, եւ Տիգրանը, իր ղեկավարած կառոյցին հնարաւորութիւններով, «Ասպարէզ»-ի թուայնացման գործին աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց:

Հոկտեմբերին, կազմակերպական պարտականութեամբ, Երեւան պիտի երթայի անգլերէն բաժինի խմբագիր Արա Խաչատուրեանին հետ: Բաւական դժուար քննարկումներէ ետք, վերջապէս «Ասպարէզ»-ի հարցով վերջին խօսքը ըսելու իրաւունքը ունեցող ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն համաձայնեցաւ, որ «Ասպարէզ»-ի առաջին տասը տարիներու թիւերը օդանաւով մեզի հետ տանինք Երեւան: Մտահոգութիւնը, անշուշտ, խուսափիլն էր թերթի առաջին տարիներու հազուագիւտ օրինակները վտանգելէ:

Թերթերը ապահով հասան Երեւան: Այնքա՛ն երախտապարտ ենք Սագօ Պէրպէրեանին, որուն «Քրէյթըրզ էնտ Ֆրէյթըրզ Լոս Անճելըս» ընկերութիւնը բացառիկ բծախնդրութեամբ փաթեթաւորեց տասը տարուան հաւաքածոները:

Ազգային գրադարանի տնօրէնի տեղակալ Հայկանուշ Ղազարեանը, քաղաքէն բացակայող տնօրէնին հետ խորհրդակցելէ ետք, անմիջապէս կարգադրեց, որ «Ասպարէզ»-ի հաւաքածոները PDF ձեւաչափով նկարուելու սկսին:

Երեք օրէն աւարտեցին գործը: Տնօրէն Տիգրան Զարքարեանի հետ հանդիպելու ժամադրութեան գացինք` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին հետ: «Ազդակ»-ը իր հաւաքածոներու թուայնացումը կատարելու համար սեփական միջոցներ ստեղծած է արդէն, եւ շուտով իր ամբողջ ժողովածոն ելեկտրոնային ու, ամէնէն կարեւորը, որոնելու հնարաւորութիւններով օժտուած տարբերակ պիտի ունենայ: Իր այս հնարաւորութեան կապակցութեամբ, «Ազդակ» եւս Ազգային գրադարանին հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեց: Այս համագործակցութենէն պիտի օգտուի նաեւ «Ասպարէզ»-ը: Արդարեւ, Ազգային գրադարանին նկարած «Ասպարէզ»-ները որոնումի հնարաւորութիւններով մատչելի պիտի դառնան` օգտագործելով «Ազդակ»-ի ծրագիրը:

Ազգային գրադարանի ղեկավարութեան եւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան վարքագիծին կարելի՞ է ուրիշ անուն տալ. իսկակա՛ն ու միա՛յն ազգային մտահոգութիւններով շարժող գործիչներ, որոնց նմանները թող շա՜տ ու շա՛տ ըլլան մեր իրականութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի Նոյեմբեր Բ.- Մեր Երիտասարդութեան Անկոտրում Կամքին Ընդառաջ

Յաջորդը

Հարցումներ… Պատասխաննե՞ր…

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.