Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի Նոյեմբեր Բ.- Մեր Երիտասարդութեան Անկոտրում Կամքին Ընդառաջ

November 21, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիահայ իրականութեան մէջ յաճախ քննարկումներու նիւթ կը դառնայ երկրէն ներս դժուար իրականութիւններու դէմ յանդիման ապրող երիտասարդութեան նեցուկ կանգնելու էական հարցը:

Պատերազմի պայմաններուն մէջ հայութեան նկատառելի մէկ տոկոսը գաղթեց, սակայն բարեբախտաբար շօշափելի մէկ տոկոսը հայրենիք հաստատուեցաւ: Ու թէեւ հայրենադարձութեան մշակուած ծրագիրի մը որդեգրումով չիրականացաւ այդ մէկը, սակայն պատերազմի դժուարին իրավիճակին մէջ գէթ մխիթարուելու ազդակ մը հանդիսացաւ:

Հայրենիք հաստատուող սուրիահայերու դիմագրաւած դժուարութիւնները լուսարձակի տակ են` պետական թէ հասարակական մակարդակներով: Հայրենիքի մէջ հաստատուած սուրիահայեր եւս ամէն ջանք կը թափեն համարկուելու հայաստանեան հասարակութեան:

Միւս կողմէ` Սուրիոյ մէջ կը շարունակէ ապրիլ հայ համայնքի նկատառելի մէկ տոկոսը:

Հալէպի մէջ եւս, հակառակ տիրող ծանր իրավիճակին, շարունակուող ռմբակոծումներուն եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու բարբարոսութիւններուն, հայ համայնքը ունենալով հանդերձ բազմատեսակ կորուստներ, կը գոյատեւէ:

Վերջերս հասարակական ցանցերու թէ մամուլի ճամբով Հալէպ ապրող երիտասարդ տարրը սկսած է լսելի դարձնել իր ձայնը` ոչ թէ սոսկ ուշադրութեան արժանանալու համար, այլ շեշտելու, որ հալէպահայութիւնը կ՛ապրի եւ ունի այնպիսի խոստմնալից տարրեր, որոնք առանց յուսահատելու կը շարունակեն ծրագիրներ մշակել, ուսումնական իրենց կեանքը եւ աշխատանքը արդիւնաւորել, լաւատեսութեամբ նայիլ կեանքին ու յոյս ներշնչել իրենց շրջապատին:

Ողջունելի է յատկապէս երիտասարդ այն տարրը, որ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններու` վճռած է ոչ միայն ապրիլ սովորական իր կեանքը, այլեւ լուսարձակի տակ առնել իր միջավայրի դրական երեւոյթները, շարունակել մնալ աշխատունակ, ստեղծագործ եւ, իր անձնական աշխատանքին կողքին, ծառայել համայնքին, հասարակական ցանցերու թէ հարցազրոյցներու ճամբով ցոյց տալ աշխարհին, որ Հալէպի սիրտը կը շարունակէ բաբախել ու բաբախել հայութեամբ: Երեւոյթ մը, որ ինքնին արժանի է ոչ միայն գնահատանքի, այլեւ` ուշադրութեան:

«Գանձասար» հանդիպումներ ունենալով նման երիտասարդներու հետ, պարբերաբար լուսարձակի տակ պիտի առնէ ու մեր ընթերցողներուն ներկայացնէ անոնց մտածումներն ու առաջարկները` արդարօրէն ակնկալելով, որ դժուարութիւններու մէջ յայտնուած, բայց արժանաւոր երիտասարդութեան տէր մեր գաղութը շարունակէ վճռակամութեամբ գործել, իր աշխատանքներն ու ծրագիրները հեռանկարային դարձնել:

Մեր հաւաքական կեանքի մարտահրաւէրներու յաղթահարման ու երիտասարդ տարրին նեցուկ կանգնելու համար անհրաժեշտ է ներդրել գաղութին ամբողջական կարողականութիւնը, որովհետեւ այսօր բոլոր ժամանակներէ աւելի կարիքը ունինք նպատակասլաց հայ երիտասարդին, որ պիտի կարենայ սանձել մեր ներքին ուժականութեան սպառնացող բոլոր փոթորիկները եւ աննահանջ պահել մեր գոյերթը:

«Գ.»

Նախորդը

Հայերը Պէտք Է Կապ Հաստատեն Թրամփի Հետ` Քոնկրեսի Մէջ Իրենց Հանրապետական Կողմնակիցներու Միջոցով

Յաջորդը

Իսկապէ՛ս Ազգային

RelatedPosts

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Սրբութեան Լուսաւոր Շողը` Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

October 17, 2026
Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները
Անդրադարձ

Այս Օրերի Միակ Ուրախ Լուրը` Ծնան Արցախ Եւ Շուշի Սասունեանները

October 17, 2026
Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը  (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Նուիրեալ Ու Խանդավառ ԼՕԽ-ականի Տիպարը (Ժագլին Թերզեանի Քառասունքին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.