Կիրակի, 13 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարի վերջին նիստին իր տուած դասախօսութեան ընթացքին, իբրեւ համագումարի եզրափակիչ խօսք Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցիներու վկայութեան յաւելեալ հզօրացման հրամայականը, իսկ շրջանին մէջ եկեղեցիներու պահպանումը նկատեց համաքրիստոնէական առաջնահերթութիւն: Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Արեւելեան պապական համալսարանի (Փոնթիֆիքըլ Օրիենթըլ Ինսթիթութ) կողմէ, համալսարանի 100-ամեակին առիթով, որուն ընթացքին յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձ եղաւ արեւելքի եկեղեցիներու պատմութեան, մշակոյթին եւ առաքելութեան: Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած էր իբրեւ համագումարի գլխաւոր դասախօսներէն մէկը` անդրադառնալու Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ապագային:
Իր խօսքին սկիզբը վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, թէ պատմութիւնը շարունակուող ընթացք մըն է, հետեւաբար անցեալը, ներկան ու ապագան անհրաժեշտ է դիտել լայն շրջագիծի մէջ եւ նկատի ունենալ պատմութեան այս երեք տարածքներուն ներքին յարակցութիւնը: Ան միաժամանակ յիշեցուց, որ Միջին Արեւելքի պատմութիւնը միշտ յատկանշուած է ներքին տագնապներով, բախումներով եւ պատերազմներով, որովհետեւ շրջանը եղած է երեք միաստուածեան կրօններու, տարբեր մշակոյթներու, ցեղերու, ազգերու եւ քաղաքակրթութիւններու օրրանը: Հետեւաբար, շրջանին պարզած ներկայ տագնապալից կացութիւնը անբնական երեւոյթ մը չէ, ըսաւ վեհափառ հայրապետը, ապա հակիրճ կերպով մատնանշեց շրջանի իւրայատուկ երեք երեւոյթներ, առաջին` միաստուածեան կրօններու երբեմն խաղաղ եւ յաճախ ներքին բախումները` հակառակ անոնց ունեցած հասարակաց արժէքներուն ու աւանդութիւններուն. երկրորդ` կրօնի տիրապետող ներկայութիւնը ընկերութեան կեանքին մէջ եւ նոյնիսկ նոյնացումը մշակոյթին ու քաղաքականութեան հետ, այնքան որ իսլամութեան ու հրէութեան պարագային ինքնութեան աղբիւրը կրօնն է եւ ոչ թէ ազգութիւնը. վերջապէս` յաճախակի առիթներով ու յատկապէս վերջին շրջանին արմատական ու ծայրայեղական շարժումներու ներկայութիւնը ընկերութեան կեանքին մէջ:
Այս խորքին վրայ դիտելով քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ մատնանշումները կատարեց իբրեւ լուրջ մտահոգութիւններ. ա) Միջին Արեւելքի ընկերութեան մէջ զանազանութիւնը յառաջացուցած է անջատում, հեռացում եւ նոյնիսկ բախում` փոխանակ դառնալու հարստացման ու զարգացման աղբիւր: Քրիստոնեայ համայնքները փաստօրէն կղզիացած են` դառնալով երկրորդ կարգի քաղաքացի, ու անոնց զլացուած է լիիրաւ քաղաքացիի իրաւունքը եղող ամբողջական ազատութիւն ու մանաւանդ քաղաքական կեանքի գործօն մասնակցութիւն` մեկնելով կարգ մը երկիրներու սահմանադրութեան մէջ իսլամական սկզբունքներու տիրապետող ներկայութենէն: բ) Իսլամութեան սիւննի եւ շիի համայնքներուն միջեւ շարունակուող լարուածութիւնը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան տագնապի լուծման բացակայութիւնը շրջանին մէջ յառաջացուցած է անապահովութիւն: Այս բոլորին վրայ պէտք է նաեւ աւելցնել տնտեսական անարդարութիւնն ու փտածութիւնը:
Ընդհանուր գիծերով յիշելէ ետք վերոնշեալ երեւոյթները, վեհափառ հայրապետը նաեւ պարզեց անոնց ունեցած ժխտական հետեւանքները քրիստոնեայ համայնքներուն վրայ` յատկապէս անդրադառնալով վերջին տասնամեակներուն դէպի արեւմտեան երկիրներ քրիստոնեաներուն հոսքին:
Հակառակ այս դառն իրականութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ քրիստոնեաները անբաժան մասը կը կազմեն Միջին Արեւելքին, անոնք եկուոր չեն, շրջանի պատմութեան մէջ արմատացած է իրենց գոյութիւնը, եւ վճռած են կառչած մնալ Միջին Արեւելքին: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը մատնանշեց քրիստոնեայ համայնքներուն մօտեցումը իսլամներուն: Ան ըսաւ, որ քրիստոնեաները իսլամները կը նկատեն դրացի, գործակից, համաքաղաքացի` նոյն պարտաւորութիւններով ու իրաւունքներով նոյն ընկերութեան պատկանող: Քրիստոնեաները կարեւորութեամբ կը շեշտեն մարդկային իրաւունքներու նկատմամբ նախանձախնդրութիւնը ընկերութեան կեանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ իսլամական ուսուցումներուն եւ մարդկային իրաւանց միջեւ հակասութիւն գոյութիւն չունի` շեշտելով, որ քրիստոնեաները իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը պէտք է բերեն ընկերութեան կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ:
Ապա վեհափառ հայրապետը հետեւեալ հարցադրումը կատարեց. ի՞նչ են քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւող մարտահրաւէրները: Այս շրջագիծին մէջ վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց քրիստոնէական միութեան, եկեղեցւոյ ներքին վերանորոգման եւ միջկրօնական գործակցութեան հրամայականը:
Անդրադառնալով քրիստոնեայ համայնքներու զօրակցութեան` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ շրջանի իսլամ ղեկավարները պէտք է կարեւորութեամբ անդրադառնան, որ քրիստոնէական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ եղած է օրհնաբեր, որովհետեւ քրիստոնեաները մեծ նպաստ բերած են շրջանի յառաջդիմութեան բոլոր մարզերուն մէջ եւ յատկապէս տնտեսական, մշակութային, ընկերային ու կրթական առումներով: Հետեւաբար, քրիստոնէութեան զօրեղ ու կազմակերպ ներկայութիւնը ոչ մէկ կերպով վտանգ մըն է իսլամութեան, այլ կարեւոր նպաստ մը շրջանի զարգացման, նաեւ նկատի ունենալով քրիստոնէութեան դերը իբրեւ կամուրջ արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ:
Խօսելով միշտ քրիստոնեայ համայնքներու զօրակցութեան անհրաժեշտութեան մասին` վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ արեւմտեան եկեղեցիներն ու կազմակերպութիւնները կոչուած են վերանորոգ յանձնառութեամբ իրենց ներդրումը կատարելու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու ծառայութեան մէջ, յատկապէս կրթական, բարեսիրական, մշակութային, առողջապահական ու ընկերային մարզերուն մէջ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Եթէ կ՛ուզէք, որ քրիստոնեաները կառչած մնան Միջին Արեւելքին, եթէ կ՛ուզէք, որ քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը աւելի ամրապնդուի, եթէ կ՛ուզէք, որ քրիստոնէական վկայութիւնը աւելի աշխուժանայ, զօրավիգ կանգնեցէ՛ք հզօրացնելու քրիստոնեայ կառոյցները, որոնք երբեմն նոյնիսկ պետական կառոյցներէն աւելի գործուն դեր կը կատարեն առանց խտրութեան:
Իր խօսքի եզրափակիչ բաժինին մէջ, վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ինք մարգարէ չէ մարգարէանալու ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքի մէջ, սակայն երբ կը փորձէ Աստուածաշունչի բացատրութեամբ ժամանակի նշանները կարդալ (Մտ. 16:3), հետեւեալ շեշտաւորումները կ՛ուզէ կատարել. ա) Քրիստոնէութեան հզօրացումը Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, միայն կրնայ մեծապէս նպաստել շրջանի զարգացման եւ արեւելք-արեւմուտք յարաբերութեանց ծաղկման ու մարդկային իրաւունքներու յաւելեալ տարածման: բ) Միջին Արեւելքի ապագայի կերտումը պէտք է կատարուի շրջանի բոլոր պետութիւններուն, կրօններուն ու համայնքներուն ամբողջական մասնակցութեամբ` հիմնուած արդարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն վրայ: Այս ուղղութեամբ երեք միաստուածեան կրօնները կարեւոր դեր ունին կատարելիք:
Վեհափառ հայրապետը իր դասախօսութիւնը փակեց առաքեալին հետեւեալ բառերով, թէ` «յոյսը ամօթով չի ձգեր» (Հռ. 5:5), եւ աւելցուց, թէ իբրեւ քրիստոնեաներ մենք կոչուած ենք յոյսը սիրոյ, նուիրումի ու ծառայութեան վերածելու մեր կեանքին մէջ:
Վեհափառ հայրապետի դասախօսութեան ներկայ էին Վատիկանի վարչապետ կարտինալ Փարոլի, Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ միաբանութիւններու բաժանմունքի նախագահ կարտինալ Սանտրի, Ռուսիոյ, Ռումանիոյ, Լիբանանի, Եւրոպական Միութեան եւ այլ երկիրներու դեսպանները: Համագումարին ներկայ էին նաեւ եւ առաջին ու երկրորդ օրերու ընթացքին իրենց խօսքը արտասանեցին Լեւոն եպս. Զէքիեան եւ Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան: