Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Մեր Խոցելի Մարդասիրութիւնն Ու Մարդկայնականութիւնը

November 18, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_111716

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

13 նոյեմբերին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի, վարչապետ Մանուէլ Վալսի եւ այլ քաղաքական դէմքերու մասնակցութեամբ բացումը կատարուեցաւ ճիշդ մէկ տարի առաջ «Սթատ տը Ֆրանս»-ի դէմ ահաբեկչական յարձակումներու ընթացքին արձանագրուած առաջին զոհին` 63-ամեայ Մանուէլ Տիասի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակին:

Անոր որդին` Միշել Տիաս այդ առիթով արտասանեց խօսք մը` նշելով, թէ 13 նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 21:22-ին պատկերասփիւռէն իմացած է, որ «Սթատ տը Ֆրանս»-ի մօտ տեղի ունեցած է պայթում մը: «Այդ պահուն ըսի. «Բարեբախտաբար միայն մէկ զոհ կայ, չէի կրնար նոյնիսկ երեւակայել, թէ այդ զոհը հայրս է», ըսաւ ան:

Նշեալ ողբերգութիւնը մատնացոյց կ՛ընէ, թէ որքա՛ն խոցելի ու թերի է մարդ արարածին մարդկայնականութիւնն ու մարդասիրութիւնը: «Սթատ տը Ֆրանս»-ի մէջ մէկ զոհ արձանագրուած ըլլալու իրողութիւնը Միշել Տիասի համար բարեբախտութիւն մըն էր, սակայն զոհի ինքնութեան բացայայտումով յանկարծ վերափոխուեցաւ ողբերգութեան: Իրողութեան մէջ անիկա երբեք ալ չէր դադրած ողբերգութիւն մը ըլլալէ եւ պարզապէս դէպքին ընկալումն էր, որ փոխուեցաւ, սրբագրուեցաւ:

Ողբերգութիւնը ողբերգութիւն է, անկախ զոհերու թիւէն: Ի վերջոյ կեանք մըն է խլուողը, անդառնալի կորուստ մըն է արձանագրուողը, եւ չկայ արժէքաւոր ու անարժէք կեանք, այլ միայն Մարդ եւ մարդ ` այսինքն` արժէքաւոր ու անարժէք մարդ: Այս իմաստով ահաւոր է մեր ազգային այն սովորութիւնը, որ աղէտի մը կամ դէպքի մը պարագային մեր առաջին մտածումը զոհերու շարքին հայու մը գոյութեան մասին է, որուն բացակայութեան պարագային շունչ կը քաշենք, կարծէք արձանագրուած 50-60 զոհերը ընդունելի եւ անարժէք ըլլային: Իւրաքանչիւր զոհ ի վերջոյ մարդ է, ընտանիքի մը հայրը, մայրը կամ զաւակը եւ ոչ թէ անշունչ ու անանուն թիւ մը:

«Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ» խօսքը ճշմարիտ է, սակայն նաեւ անուղղակի կերպով մատնացոյց կ՛ընէ այլ ճշմարտութիւն մը` մեր մարդկայնականութեան ու մարդասիրութեան ցած մակարդակը:

 

 

 

Նախորդը

Մամլոյ 121-րդ Լսարան. «Ես Վերադարձել Եմ» Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.