Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերը Պէտք Է Կապ Հաստատեն Թրամփի Հետ` Քոնկրեսի Մէջ Իրենց Հանրապետական Կողմնակիցներու Միջոցով

Նոյեմբեր 21, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Harut Sassounian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Միացեալ Նահանգներու նախագահական աննախադէպ ընտրութիւնները աւարտեցան Տանըլտ Թրամփի անսպասելի յաղթանակով…

Նոյեմբեր 8-ի ընտրութիւններէն ետք ինքնակոչ հայ վերլուծաբանները բազմաթիւ ենթադրութիւններ ըրին նորընտիր նախագահի` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ գործարար կապերու մասին, սխալմամբ եզրակացնելով, որ ան Հայաստանի թշնամիներու կողմը կը բռնէ… Քանի որ Թրամփ որեւէ մեկնաբանութիւն չէ ըրած հայկական հարցերու վերաբերեալ, ուստի, իրականութեան մէջ, ոչ ոք չի կրնար գիտնալ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ անոր դիրքորոշումը:

Բացի Թրամփի քարոզարշաւի յախուռն խոստումներէն` «չորցնել Ուաշինկթընի մէջ առկայ ճահիճը» եւ «Ամերիկան կրկին դարձնել հզօր», ոչ ոք չի կրնար կանխատեսել, թէ ան ի՛նչ պիտի ընէ ներքին կամ արտաքին քաղաքականութեան բնագաւառէն ներս: Ասկէ բացի, ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ ան կառչած պիտի մնայ այն դիրքորոշումներուն, զորս արտայայտած է նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին: Վերջին ամիսներուն եւ յատկապէս ընտրութենէն ետք Թրամփ մեղմացուցած է իր տեսակէտները շարք մը գլխաւոր հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս` բոլոր մահմետականներու մուտքի արգիլումը Միացեալ Նահանգներ, պատի կառուցումը Մեքսիքայի սահմանին, 11 միլիոն ապօրինի ներգաղթեալներու արտաքսումը եւ Օպամաքէյրի ջնջումը: Ինչպէս նախագահ Օպամա բացատրեց 14 նոյեմբերի իր մամուլի ասուլիսին, Թրամփ գործնական մարդ է եւ կայուն հայեացքներու գաղափարախօս չէ:

Հետեւաբար, շահարկելու փոխարէն, թէ ի՛նչ կ՛ընէ Թրամփ իբրեւ նախագահ, եկէք` հետեւինք Հիլըրի Քլինթընի իմաստուն խորհուրդին` ըլլալ «ողջախոհ» եւ Տանըլտ Թրամփի «հնարաւորութիւն տալ ղեկավարելու»…

Քանի որ նորընտիր նախագահը տակաւին յստակ դիրքորոշում չունի հայկական հարցերու վերաբերեալ, հիմա իսկական ժամանակն է, որ ամերիկահայերը խնդրեն Քոնկրեսի մէջ հանրապետական իրենց կողմնակից անդամներէն` համայնքի հիմնական մտահոգութիւնները յայտնել Թրամփին եւ իր խումբին: Նման շփումներ աւելի դժուար կ՛ըլլան յունուարին, երբ նախագահը իր երդմնակալութենէն ետք ուղղութիւններ տայ իր նոր անձնակազմին: Իսկ մինչ այդ, թուրք եւ ազրպէյճանցի պաշտօնեաները, Ուաշինկթընի իրենց հզօր լոպիստներուն միջոցով, զբաղած են սեփական կապերու հաստատմամբ` Թրամփի անցումային խումբի եւ Քոնկրեսի հետ… Աւելի՛ն.  մինչ բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներ, որոնց շարքին` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները, շնորհաւորական ուղերձներ յղած են նորընտիր նախագահին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անձամբ հեռաձայնած է Թրամփի` կոչ ընելով անոր աւելի սերտացնել յարաբերութիւնները իրենց երկիրներուն միջեւ…

Արդէն անհանգստացնող նշաններ կան, որ Թրամփի երկու մերձաւոր օգնականները, որոնք հնարաւոր է, որ բարձր պաշտօններ ստանան նոր վարչակազմին մէջ, կատաղի թրքամոլներ են.

1) Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ Նեութ Կինկրիչ իր հիացմունքը բազմիցս արտայայտած է ժամանակակից Թուրքիոյ հայր` Քեմալ Աթաթուրքի մասին, զայն դիտարկելով իբրեւ հերոսի:

2) Պաշտօնաթող զօրավար-տեղակալ Մայքըլ Ֆլին անցեալ շաբաթ յօդուած գրած էր «Տը Հիլ» թերթին մէջ` կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան`  «կարգաւորել մեր արտաքին քաղաքականութիւնը` Թուրքիան ճանչնալով իբրեւ  առաջնահերթութիւն: Մեզի համար կարեւոր է աշխարհին նայիլ Թուրքիոյ տեսանկիւնէն»:

Մինչ նորընտիր նախագահին հետ հայկական կապեր գործնականին մէջ գոյութիւն չունին, համայնքը բարեբախտաբար մշակուած գերազանց յարաբերութիւններ ունի Քոնկրեսի բազմաթիւ վերընտրուած անդամներու հետ` թէ՛ դեմոկրատներու, թէ՛ հանրապետականներու, որոնք կրնան Հայաստանի եւ հայերու համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող օրինագիծեր ընդունիլ եւ բանաձեւեր անցընել:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ հաւանութեան արժանացած Քոնկրեսի թեկնածուներու աւելի քան 90 տոկոսը ընտրուած է 8 նոյեմբերին: Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող 122 թեկնածուներէն 117-ն յաղթած են, ներառեալ` Քալիֆորնիայէն ամերիկահայ դեմոկրատ քոնկրեսականներ Ճեքի Սփայըր եւ Աննա Էշու: Ցաւօք, Իլինոյ նահանգէն հանրապետական քոնկրեսական, Քոնկրեսի մէջ Հայաստանի աջակցութեան խումբի  համանախագահ  Ռապըրթ Տոլտ չէ վերընտրուած, նաեւ չէ շահած Ներկայացուցիչներու տան թեկնածու Տենի Թարխանեան (հանրապետական, Նեւատա):

Ծերակոյտի ընտրութիւններու մէջ Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ հաւանութեան արժանացած 11 թեկնածուներէն եօթն յաղթած են 8 նոյեմբերին: Հայաստանի աջակցութեան խումբի անդամ, քոնկրեսական Վան Հոլըն (դեմոկրատ, Մերիլենտ) ընտրուած է ծերակուտական` նախընտրական փուլին Թուրքիոյ աջակցութեան խումբի անդամ, քոնկրեսական Տոննա Էտուըրտզին յաղթելէ ետք: Շատ ցաւալի է, որ չէ վերընտրուած հայկական հարցերու զօրակցող, ծերակուտական Մարք Քիրք (հանրապետական, Իլինոյ):

Հարկ է նշել, որ մինչ Քոնկրեսի մէջ Հայաստանի աջակցութեան խումբի 11 անդամները չեն վերադառնար Ներկայացուցիչներու տուն` պարտուելու, թոշակի անցնելու, արձակուելու կամ այլ պաշտօն ստանձնելու պատճառով, Թուրքիոյ աջակցութեան խումբը աւելի մեծ կորուստ ունեցած է. 19 անդամներ չեն վերադառնար Ներկայացուցիչներու տուն, ներառեալ` համանախագահ Էտ Ուիթֆիլտ (հանրապետական, Քընթաքի), որ այս տարուան սկիզբը հրաժարական տուած էր Բարոյական արժէքներու յանձնաժողովի ստուգումներուն պատճառով:

Ընտրութիւններուն մէջ հայ համայնքի քոնկրեսական կողմնակիցներուն ձեռք բերած բաւականին մեծ յաջողութիւնները լաւ նախանշան են Քոնկրեսի մէջ հայկական հարցերու հետապնդման համար: Հաշուի առնելով, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը պիտի վերահսկէ Քոնկրեսի երկու պալատները եւ Սպիտակ տունը, հանրապետական հայերու պարտքն է աւելի շատ անդամներ գրաւել մեծամասնութիւն ներկայացնող կուսակցութենէն, իսկ դեմոկրատ հայերը կրնան ամրապնդել իրենց երկարատեւ կապերը` փոքրամասնութիւն հանդիսացող կուսակցութեան հետ: Ի վերջոյ, Հայկական հարցը, իբրեւ անկողմնակալ խնդիր, պէտք է արժանանայ երկու կուսակցութիւններուն աջակցութեան…

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

«Իսկական Լրագրողն Ու Խմբագիրն Իմ Պատկերացումներում Պէտք Է Հանրագիտարանային Գիտելիքներ Ունենայ». Ասպրամ Ծառուկեան

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-Ի Նոյեմբեր Բ.- Մեր Երիտասարդութեան Անկոտրում Կամքին Ընդառաջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?