Արդեօք Ազգովին Հասա՞ծ Ենք Եզրագիծին… Արդեօք Պիտի Շարունակե՞նք «Նահանջը Առանց Երգի», Թէ՞ Պիտի Հետապնդենք Որոնել Նոր Դեղագիր…
ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Կասկած չկայ, որ հայ տպագիր մամուլի ռահվիրայ Յարութիւն քհնյ. Շմաւոնեանի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած մամլային գնացքը տակաւին կը շարունակուի բարեբախտաբար` հակառակ անցնող 222 տարիներուն եւ հակառակ անոր շուրջ փչող ու աւեր գործող տեսակաւոր քամիներուն:
Արդարեւ, Հայոց ցեղասպանութեամբ սուգի մատնուած տպագիր մամուլը, կարճ ժամանակ մը ապրելէ ետք պարտադիր ամլութիւն, բարեբախտութիւն է, որ ան արհամարհելէ ետք ամէն մարտահրաւէր, ժպտեցաւ արեւին, թէեւ` մերթ կթոտելով, մերթ ծիծաղելով եւ մերթ ալ հեծեծանքով, մանաւանդ հայահոծ Միջին Արեւելքի հայագաղութներէն ներս, մամուլի միջոցով շաղախելով ՀԱՅՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ, որուն համար տքնեցան ու աշխատեցան նուիրեալ եւ վաստակաւոր գրիչներ ու խմբագիրներ, տասնամեակներ շարունակ:
Այսօր, երբ կը մատնանշեմ Միջին Արեւելքը, ուր ապրեցանք ստեղծագործելով ու ծաղկեցնելով, այս պահուն ինքնաբերաբար կը մտածենք բոցավառած հրդեհներու մասին, ուր վեց տարիներէ ի վեր սկիզբ առած «Արաբական գարուն»-ը կը շարունակէ խանծել չորն ու թացը, եւ ուր ակամայ կը խեղդուի արդարութեան կանչը, ուր անձրեւի փոխան` կը տեղայ կրակ… հրկիզելով շէն ու աւան, ոչնչացնելով մարդկային էակներ, եւ սա` մասնաւորաբար Իրաք եւ Սուրիա, ուր ունինք 100 տարիներու ընթացքին կազմաւորուած հայագաղութներ, որոնք կ՛արիւնին, մեծ-մեծ տէրութիւններու սառ ու անտարբեր նայուածքներուն տակ, որոնց ղեկավարները հագած են Պիղատոսի պատմուճան:
Այո՛… քաղաքական հրավառութեանց պատճառով, երբ հոն կը շարունակուի մեծ քաոս, ակամայ կ՛ապրինք այն երկիւղը, որ արաբական աշխարհը իր երախին մէջ առած հրդեհին կայծերը կրնան հասնիլ նաեւ Կովկաս… նաւթատոլարներու կամ խաւիարներու շնորհած պարգեւներու շնորհիւ, որուն լաւապէս քաջատեղեակ հայրենի իշխանութիւններ բարեբախտաբար կը վարեն զգուշ ու չափաւոր դիւանագիտութիւն, եւ այս ծիրէն ներս յաճախ մէկ հովանոցի տակ միաւորելով Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի պատասխանատուները, որոնց շարքին երկու տարին մէկ` չորրորդ իշխանութեան ներկայացուցիչները, այսինքն` ձեզ, քննարկելու համար ներկան եւ դիմագրաւելու համար մշուշոտ ապագան, որպէսզի չդառնանք վաղը դասալիք:
Այսօր գոհունակութեամբ կը նշմարենք, որ Հայաստանի Ժուռնալիստներու միութիւնը, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութիւնը եւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը, հովանաւորութեանը տակ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, համախմբուած են քննարկելու հայկական տեղեկատուական դաշտը` «Հայոց պետականութիւնը միասնութեան առանցք» խորագիրին տակ, կարեւորելով տեղեկատուական միջոցներու տեղն ու դերը եւ մանաւանդ ապագային որդեգրուելիք միասնական մամլային ու ցանցային գործակցութիւնը` աշխարհով մէկ:
Անկասկած, որ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան ծիրին մէջ շատ կարեւոր քայլ է այս նախաձեռնութիւնը, մանաւանդ հիմա, երբ ազգովին կը գտնուինք բախտորոշ հանգրուանի մը սեմին, երբ ազգովին մեծ հպարտութեամբ նշեցինք հայկական զոյգ հանրապետութիւններու անկախացման 25-ամեակները: Ուրախ ենք, որ հայրենի իշխանութիւններ գործակցութեան բնագաւառէն ներս կը գիտակցին ու կը կարեւորեն տեղեկատուական դաշտը, ըլլայ ան տպագիր մամուլ, համացանց եւ կայքեր, որոնք 21-րդ դարուն վիճակուած են լուսաւորելու մարդկութիւնը եւ ի պահանջել հարկին կատարելու ազդեցիկ դեր, աւելի զօրաւոր երբեմն, քան` սովորական զէնք ու զրահ:
Մամուլ, համացանց ու կայքեր, հեռատեսիլ ու ձայնասփիւռ, որպէս ազդեցիկ զէնքեր, այսօրուան դրութեամբ դարձած են աւելի վտանգաւոր, որոնցմէ կը սարսափին քաղաքական գործիչներ կամ իշխանաւորներ, որովհետեւ անոնք կրնան յեղաշրջել պետութիւններ` գունաւոր կամ անգոյն փոթորիկներով:
Կ՛ըսեն, թէ ժամանակին Կարմիր սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. ըսած է. «Ես չեմ վախնար հայկական կուսակցութիւններէն այնքան, որքան հայ մամուլէն»… ու այդ պատճառով ալ արգիլած էր, որ մամուլ տարուի Տարօնաց աշխարհ:
Իսկ թուրք եւ ազերի պատասխանատուներ տեղ մը յայտարարած են, որ իրենք չեն վախնար Հայաստանի ուժէն, այլ կը վախնան ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ուժէն… առանց մտահան ընելու սակայն, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ԱՐՑԱԽ եւ ՍՓԻՒՌՔ եռամիասնութի՛ւն են անբաժան, միակա՛մ ու հզօր, մշտապէս լծուած` հայրենիքի վերելքին, միայն:
2010 թուականին գումարուած Լրագրողներու համահայկական հինգերորդ համաժողովը լաւ մեկնարկ էր սերտ գործակցութեան, որ ապագային տուաւ իր պտուղները, եւ սփիւռքահայ տեղեկատուական միջոցներ ու ցանցեր այդ օր սկիզբ դրին աւելի աշխուժ հասկացողութեան, շնորհիւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի անխոնջ ու գնահատելի աշխատանքին:
Անկասկած որ այդ եւ աւելի ուշ գումարուած համաժողովներ, նաեւ այս, կը միտին ու կը ծառայեն, որ աւելի զգօն, շրջահայեաց ու կեդրոնացած տրամադրութեամբ ջանանք աշխատիլ, միաւորելու մեր ճիգերը, ի սպաս դնելով սփիւռքի ներուժը` որպէս մարդկային, նիւթական ու բարոյական ուժ, զօրավիգ կանգնելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան եւ նաեւ սատարելու համար Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, քաջ հաւատալով, որ Հայաստանն է յոյսն ու ապաւէնը եւ հաւատոյ հանգանակը ամբողջ հայութեան, ուրկէ կը ստանայ ան իր յաւերժանալու կենսաւիշը:
Այսօր երկրագունդի վրայ յարափոփոխ դարձած են քաղաքական հաշիւներ` ազգերու ու ժողովուրդներու կեանքին մէջ, ու ակներեւ է այն, որ մեծ ձուկեր դարձած են աւելի ընչաքաղց եւ վայրագ: Ահա, այս կացութեան դիմաց կարեւոր է մեր միասնական աշխատանքը, կեդրոնացնելու մեր ներուժը, մանաւանդ ապրելէ ու տեսնելէ ետք անկանխատեսելի ցնցումներ, ինչպէս` ապրիլեան պատերազմը, անյուսալի եւ անըմբռնելի «Սասնայ Ծռեր»-ը, իսկ սփիւռքեան պայմաններու մէջ` սուրիահայութեան ապրած տագնապը, մանաւանդ` հայահոծ Հալէպի մէջ, ուր մեր հայրենակիցները ճաշակելէ ետք մեծ դառնութիւն ու քաոսային տագնապ, դարձան գաղթական, վիրաւոր, իսկ ոմանք` նահատակ…
Տակաւին հինգերորդ համագումարին, ամփոփելով թրքական ցանցերու ընդմէջէն թուրք քաղաքագէտներուն կարծիքներն ու տեսակէտները, համեստօրէն այս ամպիոնէն կը յայտարարէի, որ մեր դարաւոր հակառակորդը ակնարկելով Միջին Արեւելքի հայագաղութներուն` կը ծրագրէր Միջին Արեւելքէն ձեւով մը հեռացնել տալ հայութիւնը, քաջ հաւատալով, թէ անոնք կը ծրագրեն օր մը վերադառնա՛լ իրենց պապերուն հայրենիքը` Արեւմտեան Հայաստան: Այս ուղղութեամբ կ՛աւելցնէի` ըսելով, թէ արդեօ՞ք պատրաստ ենք օր մը մեծաթիւ գաղթականներ ընդունիլ Հայաստանէ ներս:
Չմարգարէացայ, պարզապէս ուշադրութեան ազդանշան մըն էր կատարածս: Պատկերը այսօր պարզ է. ճիւաղային ծրագիրը յաջողած է, իսկ մենք` սփիւռքահայ ու հայրենի պատասխանատուներ, պատրաստ չէինք ու չէինք հաւատացած պատահելիքին: Աւելի սրտցաւօրէն ըսենք, որ սփիւռքը անկազմակերպ էր, իսկ Հայաստանը` տնտեսապէս անկարող: Նման պարագաներուն, անհեթեթ է վերջին րոպէներուն ծրագրել: Հարցը միայն նիւթական օժանդակութեամբ չէր աւարտեր բնականաբար. ունէինք ու ունինք գաղթականներու հարց: Արդեօ՞ք այսօր ունինք ծրագրաւորում ու հնարաւորութիւն` ապագայ անակնկալներու պարագային եւ տարօրինա՜կ… ամէն ինչ կը սպասենք հայրենիքէն…
Այս կապակցութեամբ գնահատելի եւ շնորհակալ աշխատանք տարաւ ու կը տանի սփիւռքի նախարարութիւնը եւ մանաւանդ նախարար Յակոբեանը: Սակայն սուրիահայ գաղթականներու հոսքը մեծցող ձիւնեգնդակի նման էր, որ օրէ օր աճեցաւ ու բազմացաւ: Դժբախտաբար ազգովին օրին չկրցանք ճիշդ գնահատել արհաւիրքին տարողութինը եւ չկրցանք կարաւաններուն ճիշդ ուղղութիւն տալ: Այժմու դրութեամբ Միջին Արեւելքի հրդեհը մարելիք չունի:
Ցաւալի է, որ հակառակ բոլորիս ցանկութեան` գաղութներու եւ սփիւռքի մէջ ընդհանրապէս չունեցանք եւ տակաւին չունինք ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ մը, որպէսզի տայ անհրաժեշտ ուղղութիւնը` անհրաժեշտութեան պարագային:
Մեր ժողովուրդի առջեւ, ըլլանք Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք կամ սփիւռք, ծառացած է գոյութեան եւ յարատեւելու մեծ պայքար: Հիմա ունինք 25 տարիներու ազատ եւ անկախ հայրենիք, մանաւանդ ԲԱՆԱԿ` որպէս հզօր երաշխիք: Այլեւս ետեւ մնացած են` երկրաշարժ, ազատագրական պայքարի թէժ օրեր, քանդուած տնտեսութիւն եւ խաւար գիշերներ: Այսօր կամքի բացառիկ ուժով ոտքի կանգնած է մեր ժողովուրդը` հակառակ մեր հարեւաններու կիրարկած շրջափակման:
Այս բոլորով հանդերձ, գիտենք, որ այսօր հայութիւնը տակաւին կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրաւէրներ, որոնց շարքին` համաշխարհայնացման վտանգը, որ արդէն հասած է մեր տուները, մեր ընտանիքներուն եւ ազատօրէն կը թակէ դուռ ու պատուհան, եւ շատ յաճախ շատ մը երկիրներու մէջ ան թափանցած է մեր կեանքէն, մեր դպրոցներէն, մեր միութիւններէն, մեր մամուլէն եւ մեր եկեղեցիէն ներս ու դարձած սպառնացող խոշոր վտանգ` ազգային արժէքներուն: Արդարեւ, համազգային հրաւէր, առաւել, հրահա՛նգ է հիմա մէկտեղուիլ, բռնցքանա՛լ, որպէսզի քամիի կուլ չերթայ մեր գլուխը, մեր ինքնութիւնը:
Հայ ազգային արժէքներու կողքին, տիրող տնտեսական ու ընկերային դժնդակ պայմաններու պատճառով ծանօթ է, որ այսօր վտանգուած է նաեւ մեր տպագիր մամուլը: Աւելի՛ն. վտանգուած է նոյնիսկ մեր արեւմտահայ սքանչելի լեզուն` Սիամանթոյի, Վարուժանի, Օշականի եւ Թէքէեանի լեզուն, երբ համաշխարհայնացման քամին կը փակէ դպրոցներ, ու մենք կը սկսինք մոմով փնտռել ուսուցիչ, լրագրող, խմբագիր կամ յօդուածագիր, օր մըն ալ անշուշտ… ընթերցող: Ցաւ ի սիրտ պիտի ըսեմ, որ սփիւռքի մէջ վերջին 35 տարիներուն փակուած են 85 հայկական վարժարաններ:
Նոր յայտարարի պէտք չկայ… զոհասեղանին վրայ է նաեւ հայ մտաւորականը ու շատ մը տեղեր լուսանցքէն դուրս է ան` կամայականութեանց պատճառով: Իսկ նոր սերունդին մէջ հետաքրքրութիւնը դէպի այդ ասպարէզները` արդէն անհրապոյր աշխատանք: Դժբախտաբար այս է սփիւռքին սպառնացող ճակատագիրը:
Ըսի, որ կը գտնուինք նոր հանգրուանի մը սեմին. այսօր իրական հաշուեյարդարի օր է, որպէսզի խորաքննենք անցեալը` հեռու, թէ մօտ: Թող ետեւ մնան բոլոր ամեակներն ու յուսահատութիւնները, եւ այլեւս ազգովին նայինք առաջ: Բաւակա՛ն են գոյութիւն ունեցող սխալներն ու բացթողումները` հո՛ս թէ հոն: Հարկաւոր է նոր կամք, նոր եռանդ եւ նոր սկիզբ:
Գիտենք` սփիւռքի մէջ կայ անտարբերութիւն, երկփեղկուածութիւն, կամայականութիւն եւ անորոշութիւն: Հայրենիքին մէջ կայ աղքատութիւն, փտածութիւն, կաշառակերութիւն եւ անվստահութիւն, մանաւանդ, ախտ մը, որ կը կոչուի արտագաղթ, ազգային իմաստով վնասակար ու վտանգաւոր ախտ: Այժմ պահն է սթափելու, խոկալու, խորհրդածելու եւ գործի անցնելու:
Հայաստան կը պատրաստուի քալել ՆՈՐ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ, եւ այդ ուղղութեամբ ալ հայրենի պատասխանատուներ անցան վարչական փոփոխութիւններու: Այժմ, խնդրելու պէս պահանջ է ու պահանջի պէս խնդրանք, որ գլխաւորութեամբ նոր վարչապետին, թող մեր երկրէն ներս սկսի սրբագրման գործընթացը` յանուն նոր ու ժողովրդավար ապագայի, որպէսզի վերջ գտնէ արտագաղթը եւ անոր հետ` ամէն թերութիւն… ու կարաւաններ սկսին վերադառնալ դէպի մեր բիբլիական աշխարհը:
Իսկ ասոր զուգընթաց, այլեւս անհրաժեշտ է սփիւռքի մէջ ունենալ համազգային կեդրոնական մարմին մը, որ մնայուն կապի մէջ մնայ Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ` ճակատագրական պահերուն ճիշդ եւ անհրաժեշտ որոշումներ կայացնելու համար… ապա այդ կեդրոնական մարմինի հովանաւորութեան տակ ստեղծել ազգային տուրքի դրութիւն, անխտիր բոլոր հայերու մասնակցութեամբ, գուցէ` ամիսը մէկ տոլար: Ապա հայրենիքի մէջ համախմբել սփիւռքի ունեւոր խաւը եւ ժողովի օրակարգի նիւթ ընել մեր երկրին այժմու տնտեսական համեստ վիճակը, մանաւանդ` խնդրոյ առարկայ դարձնել հայ գիւղն ու հայ գիւղացին եւ գիւղային ճանապարհները եւ նախաձեռնել նոր ներդրումներու: Արդեօք ո՞ր օրուան կը սպասեն շատ մը ունեւոր հայեր, հիմա՛ է ճիշդ ժամանակը վերականգնելու համար Հայաստանի տնտեսութիւնը:
Անհրաժեշտ է նաեւ սփիւռքի մէջ կարեւորել եւ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնել հայ տպագիր մամուլի մութ ճակատագիրը, որպէսզի ան իր սիւնակներուն մէջ շարունակէ զարկ տալ ազգային գաղափարական մտածողութեան: Վերջին փափաք մըն ալ, կարծեմ թէ եօթը միլիոննոց սփիւռքի հայերը կը գրեն, կը կարդան եւ կ՛օգտագործեն եօթը տեսակ հայերէն ուղղագրութիւն, արդեօ՞ք ժամանակը չէ հասունցած, որպէսզի ունենանք միօրինակ ուղղագրութիւն:
Եզրակացնելով` հայրենակերտումի աշխատանքին մէջ մեծ է դերը հայ մամուլին ու տեղեկատուական բոլոր տեսակի միջոցներուն եւ զանոնք կենդանի պահող նուիրեալներուն: Սակայն, որպէսզի մեր առաքելութիւնը դառնայ աւելի աշխուժ ու նպատակին ծառայող, ազգանուէր ու հայրենանուէր, գործենք արդարօրէն, խուսափինք դիւրին ու աժան քննադատութենէ, դիւրին մեղադրանքէ եւ հալածանքէ` առանց աւելորդ բիծ դնելու ազգաշինութեան գործընթացին, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանի ներքին գործերուն:
Եկէք, այս պահէն սկսեալ, մեր գրիչներուն մէջ մելանի փոխարէն, դնենք քիչ մը խիղճ` նոյնը պահանջելով քաղաքական ու պետական գործիչներէն, իշխանութիւններէն ու ընդդիմադիրներէն, որպէսզի վաղը հայ բանաստեղծը բարձրաձայն չգոռայ. «Եթէ շահ չունի քու գրիչէդ Հայաստան… թքեր եմ քու էլ, գրիչիդ էլ վրան»: