«Էմ. Թի. Վի.» Եւ «Էլ. Պի. Սի.»
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններու մրցակցութիւնը ընդհանրապէս զզուելի ու անհանդուրժելի վիճակի հասած է: Ժողովուրդը իր առօրեայ հեւքէն եւ մտահոգութիւններէն անդին, երեկոները, երբ պիտի փորձէ պատկերասփիւռի կայանէ մը բանի մը հետեւիլ, հոն հիմնականօրէն բամբասանքի եւ զզուելի երեւոյթներու ականատես կ'ըլլայ: Չենք հետաքրքրուած` ո՞վ ի՛նչ կ'ընէ եւ ինչպէ՛ս կ'ընէ: Չենք հետաքրքրուած` ո՞վ ի՛նչ լեզուական սխալներով յայտագիր կը պատրաստէ: Չենք հետաքրքրուած` նկարահանման ի՛նչ բացթողումներ...




















