Արժանթինահայ Բժիշկ Դանիէլ Ստամպուլեան Աշխարհի Հայ Բժիշկներուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Մասնակցելու Հայ Բժիշկներու Միջազգային 12-րդ Համագումարին
Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, համագումարին նշանաբանն է «Առողջութիւնը խթանելու, համարկելու եւ նորամուծութեան մարտահրաւէրներ»: Համագումարի նախագահ, Արժանթինի մէջ նշանաւոր բժիշկ, «վարակաբան», վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ պայքարի «Ֆայտեք Արմենիա» հիմնարկի հիմնադիր Դանիէլ Ստամբուլեան աշխարհի հայ բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն կոչ ուղղած է` օգտուելու ընձեռուած կարելիութենէն եւ այցելելու Պուէնոս Այրես` հարստացնելու իրենց գիտելիքները, փոխանակելու փորձառութիւններ եւ միասնաբար քննարկելու Հայաստանի առողջապահական համակարգի մարտահրաւէրները եւ անոնց յաղթահարման ուղիները:...




















