Անդրադարձ

Փետրուարեան Ապստամբութիւնը` Ոստում Մը Դէպի Համազգային Ինքնաճանաչման Հարթակ

Մեր Կռիւը` Աւարայրէն Անդին (Վարդանանք 451թ.)

ՀԱՄԲԻԿ  ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ի՞նչ է հայ ազգի բազմադարեան գոյութեան իմաստն ու արժէքը, եթէ ոչ` ազատ մեռնելու տեւական մաքառում մը, պատիւն ու հաւատքը, խիղճն ու սրբութիւնները անխաթար պահելու անձնուրաց կռիւ մը: ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ Վա՛յ այն օրուան եթէ երբեք հայութիւնը իր ողջ պատմութեան ընթացքին չունենար Աւարայրներ եւ իր ազգային ընդերքէն ծնունդ չտար հերոս փաղանգներու, դէպի թշնամին խոյացող ազատասէր ռազմիկներու, մահապարտ ֆետայիներու, ժիր ու...

Սուրբ Վարդանանք

Սուրբ Վարդանանք

Պատրաստեց` ՀԱՅԿ  ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԸ «Այս հաւատից մեզ ոչ ոք չի կարող խախտել.  ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ էլ որեւէ այլ դառն հարուած...» ԵՂԻՇԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏ Հայոց իրականութեանը հարազատ եւ բնորոշ է, երբ Եկեղեցին, յատկապէս մեր պատմութեան օրհասական օրերին, անբաժան է եղել ժողովրդից: Դրա վառ օրինակն է Վարդանանց պատերազմը` հայրենեաց եւ հաւատի համար մղուած յիրաւի...

Վարդան Մամիկոնեանի Խօսքը` Աւարայրի Ճակատամարտէն Առաջ

Վարդան Մամիկոնեանի Խօսքը` Աւարայրի Ճակատամարտէն Առաջ

Շատ պատերազմներ եմ մղել ես, եւ դուք էլ ինձ հետ, տեղ կար, որ քաջաբար յաղթեցինք թշնամիներին, տեղ էլ կար, որ նրանք յաղթեցին մեզ. բայց աւելի շատն այն է, որ յաղթող ենք դուրս եկել եւ ոչ թէ յաղթուած: Բայց այդ բոլորը մարմնաւոր պարծանք էր, որովհետեւ անցաւոր թագաւորի հրամանով էինք մարտնչում: Ով փախչում էր, վատանուն էր երեւում աշխարհում եւ նրանից անողորմ մահ...

Փետրուարեան Ապստամբութիւնը` Ոստում Մը Դէպի Համազգային Ինքնաճանաչման Հարթակ

Տեսակէտ. Արեւմտահայերէնը Զերծ Պահել Մանկավարժական Մտամարզանքներէ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Հաւանաբար աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել. մայրենիին ուսուցումը չշփոթել արդի մանկավարժական սկզբունքներու հետ: Սկզբունքներ, որոնց կիրառումը միայն պատիւ կը բերէ այն բոլոր հաւաքական միջավայրերուն` յատկապէս կրթականին, որոնք քայլ կ՛ուզեն պահել ժամանակի ու կեանքի յառաջդիմութեան, զարգացման եւ յաջողութիւններու հետ: Յայտնենք նաեւ, որ «մտամարզանք» հասկացութիւնը կը վերաբերի այն բոլոր վերլուծութիւններուն, մօտեցումներուն եւ առաջադրուած ծրագիրներուն, որոնք, այսպէս ըսած, կոչուած են փրկելու...

25-Ամեակէն Անդին.  Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Խօսքէն Գործի Անցնելու Համար

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ    Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան փետրուար 9-ի նիստին շարք մը յանձնարարութիւններ տուաւ` «սփիւռքի ներուժի առաւել արդիւնաւէտ ներգրաւման նպատակով»,  ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»: Նշեմ, որ այս հարցը առաջին անգամ չէ, որ կ՛արծարծուի, եւ Կարապետեան առաջին վարչապետը չէ, որ զայն կ՛արծարծէ: Աւելի՛ն. ասկէ առաջ Հայաստանի իշխանութիւնները յանձնարարութիւններ տալէ անդին ալ անցած են, հայրենիք-սփիւռք խորհրդաժողովներ ալ կազմակերպած են, սակայն ահա անգամ մը...

Խմբագրական «Ապառաժ»-Ի.  Արմատաւորենք Ազատամտութիւնը

Խմբագրական «Ապառաժ»-Ի. Արմատաւորենք Ազատամտութիւնը

Մեր նախորդ համարում լոյս տեսած խմբագրականը, որը կրում էր «Թօթափենք ստրկամտութիւնը» վերնագիրը, բաւական արձագանգներ ունեցաւ` թէ դրական եւ թէ բացասական: Ոմանք իրենց վրայ վերցրին խմբագրականի սուր որակումները, եւ թւում է, թէ նեղացան: Ոմանք էլ շատ տեղին համարեցին շօշափուած հարցերը եւ նշեցին, որ մեր հասարակութեան մէջ առկայ խնդիրներին այսպէս անդրադառնալը դրական է եւ մտորումի առիթ է տալիս: Ինչեւէ, որոշեցինք բովանդակութիւնից վրդովուածներին...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի  Փետրուար Ա.-   Քննարկումի Որակաւոր Հարթակ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Փետրուար Գ. – Սպառնալու Ձախաւեր Քաղաքականութիւն

Ազրպէյճան քրէական գործ յարուցեց պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինին դէմ` անոր Արցախ այցելութեան եւ իր պլոկին ընդմէջէն Ազրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւնները եւ երկրին մէջ ընկերային անհաւասարութիւնը քննադատելուն պատճառով: Երեւոյթ մը, որ խստիւ դատապարտուեցաւ հայկական եւ ռուսական բեմերէ, ինչպէս նաեւ` միջազգային իրաւապաշտպան «Միջազգային ներում» կազմակերպութեան կողմէ, ուր յստակօրէն նշուեցաւ, որ հրապարակային կերպով պետութեան դէմ յայտարարութիւններ կատարելու հիմնաւորումով քրէական գործի յարուցումը չունի որեւէ իրաւական հիմք,...

Պէյրութը Կը Մնայ Երեւանէն Ետք Հայ Գիրքի Երկրորդ Մեծագոյն Կեդրոնը

Պէյրութը Կը Մնայ Երեւանէն Ետք Հայ Գիրքի Երկրորդ Մեծագոյն Կեդրոնը

(Վիգէն Աւագեանի Արտասանած Խօսքը` Հայկազեան Համալսարանի «Լիբանանահայ Գիրքը 2012-2016» Ձեռնարկին) «Հայ գիրքի տպագրութեան անցեալն ու ներկան ուսանելի պատմութիւն մըն է, ուր միահիւսուած է նուիրումը մայրենիին հանդէպ, սէրը դէպի հայրենիքը եւ հաւատքը, ձգտումը դէպի լուսաւորութիւն եւ համամարդկային արժէքներու տարածում, յարգանքը կրթութեան եւ այլ ազգերու մշակոյթներու նկատմամբ», կը հաստատէր Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան «Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012» հատորին լոյս ընծայման առիթով...

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեսաուղերձը` ՀՅԴ 125-ամեակի առթիւ

Սրբօրէն Պահենք Մեր Մայրենին

ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մեր հայրերէն մեզի աւանդուած ժառանգութիւններէն ամէնէն շքեղը, ամէնէն իրականը մեր գեղեցիկ, հարուստ եւ մեծավայելուչ լեզուն է, պէտք է պահպանենք յուզումով, հրայրքով եւ խանդավառութէամբ: Ես վստահ եմ, որ կը պաշտպանենք: ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ Կան համազգային արժէքներ, որոնց կարելի է անդրադառնալ միայն մեծագոյն ակնածանքով, մաքրամաքուր զգացողութիւններով, անափ սիրով ու նուիրումով: Նման արժէքների շարքում առանձնանում է մայրենի լեզուն: Իւրաքանչիւր...

Նամականի

Անդրադարձ. Արեւմտահայերէնին Տէր Կանգնինք. Մայրենի Լեզուի Օրուան Առիթով

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հիմնուելով «Ազդակ»-ի 2016-ի ամավերջի խմբագրականին` «Յատկանշել 90-ամեակը. պահել աւանդականը` որդեգրելով նորարարը (90-ամեակին ընդառաջ - Դ.) (1) մէջ նշուած` «Լեզուական սխալներու ծանր թղթածրարով փոխանցուող հարցերու լուծման փորձերը» էական առաջնահերթութեան վրայ, եւ յարգելով արեւմտահայերէնի պաշտպան, լեզուական սխալներու դէմ պայքարող, վերջերս հանգուցեալ Տիրան Աղազարեանին (տես` «Հայ լեզուի արթուն պահակին` Տիրան Մ. Աղազարեանի յիշատակին» (2), «Առյաւէտ կորսնցուցինք արեւմտահայերէնի պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը» (3) ...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Ընտրութիւններ Եւ Ստուերային Տնտեսութիւն (3)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Թէեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախընտրական քարոզչութիւնը պաշտօնապէս դեռ չէ սկսած, սակայն դաշինքներն ու կուսակցութիւնները շատոնց արդէն լծուած են ընտրապայքարի: Բոլորն ալ կը գիտակցին, որ այս անգամ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան շատ աւելի բարդ պայմաններու տակ, որովհետեւ նոր օրէնսգիրքը կը սահմանափակէ քուէարկութիւններու արդիւնքները զեղծելու հնարաւորութիւնը: Այժմ այլ միջոցներ պէտք են ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու համար: Այդ միջոցները վարչական լծակներն...

Խմբագրական.  Արցախեան Օրակարգը` Ազգային  Ժողովի Ընտրութիւններուն  (Արցախեան Ազատամարտի  Սկզբնաւորման 29-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Արցախեան Օրակարգը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն (Արցախեան Ազատամարտի Սկզբնաւորման 29-ամեակին Առիթով)

Արցախեան ազատամարտի սկզբնաւորութեան հերթական նշումը բազմահայեացքային մօտեցումներ կը ներառէ` գաղափարականէն քաղաքական, մարտականէն տեղեկատուական, հայրենիքի անվտանգութենէն մինչեւ տարածաշրջանային խնդիրներ, բանակցային գործընթացներ, նշելու համար ամէնէն կարեւոր մարզերը: Տրուած ըլլալով սակայն, որ ժամանակի իմաստով  անմիջականօրէն մենք բաժնուած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն, քաղաքական դիտարկումի մօտեցումը կը կեդրոնանայ ընտրութիւններուն ընթացքին արցախեան նիւթին արծարծման վրայ: Անմիջապէս կը նկատենք, որ նախընտրական արշաւի սկիզբէն բաւական ժամանակ առաջ...

Արցախեան Ազատագրման  Շարժման Սկիզբ

Արցախեան Ազատագրման Շարժման Սկիզբ

Փետրուար 1988-ին, երբ դեռ գարնան նշոյլն անգամ չէր երեւցած, ծնունդ առաւ արցախեան շարժումը` գլխաւոր նպատակ ունենալով սրբագրել 1923-ին Համայնավար կուսակցութեան կովկասեան բիւրոյի որդեգրած ստալինեան կամայական մէկ որոշումը եւ Արցախի սուրբ հողաշերտը վերամիացնել մայր հայրենիքին: Այսպէս, 20 փետրուար 1988-ը հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ անմոռանալի թուական: Այդ օր Երեւանի այժմու Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուեցան շուրջ մէկ միլիոն հայորդիներ, որոնք...

Զարեհ Ա. Կաթողիկոս 1915-1963

Զարեհ Ա. Կաթողիկոս 1915-1963

Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Փայասլեան (1915-1963). Հայոց Սրբակեաց Կաթողիկոսի Լուսապսակ Ճակատը Փետրուար 18-ին, 54 տարի առաջ, յաւիտենական իր անդորրը գտաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նոր ժամանակներու սրբակեաց կաթողիկոսը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետը: ՀՅԴ պատմութեան եւ ազգային-քաղաքական ուղիին երախտաշատ ուսուցիչներէն, այլեւ ղեկավար գործիչներէն հանգուցեալ Հրաչ Տասնապետեան, որ նաեւ անձնապէս մօտէն ճանչցած ու գործակիցը եղած էր 48 տարեկանին վախճանած տարաբախտ վեհին,...

Փետրուարեան Ապստամբութիւնը` Ոստում Մը Դէպի Համազգային Ինքնաճանաչման Հարթակ

«Ծիծաղող» Գիրքե՜ր, «Ողբացող» Մատեաննե՜ր (Գիրք Նուիրելու Օրուան Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ     2008-էն Գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի կառավարութեան որոշումով փետրուար 19-ին կը նշուի Գիրք նուիրելու օրը: ...1869 թուականին այս օրը ծնած է Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան: «Ազդակ», 24 փետրուար 2016  Իմանալով նշեալ օրուան խորհուրդը, մեր շրջապատի համեստ ընթերցասէրն ու գրասէրը պիտի բացագանչէ. «Գիրք կարդացող կը փնտռուի ամէնուրեք, ալ ուր մնաց որ գիրք նուիրելու օր...

Բարի Սովորութիւն Մը` Լիբանանահայ Տպագիր Մամուլի Յոբելենական Տարեդարձներու Նշումը

Բարի Սովորութիւն Մը` Լիբանանահայ Տպագիր Մամուլի Յոբելենական Տարեդարձներու Նշումը

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Բարի սովորութեան մը վերածուեցաւ տպագիր մամուլի տասնամեակային նշումները:  Այս տարի լիբանանահայ երեք օրաթերթերն ալ կը նշեն իրենց տարեդարձներ.  «Ազդակ»-ը (90)‚ «Արարատ»-ը (80)‚ Զարթօնք'-ը (80): Ժամանակակից տպագիր մամուլին սպառնացող իրավիճակը նկատի ունենալով` լոյս տեսնող լիբանանահայ բոլոր թերթերն ու հանդէսներն ալ արժանի են նշելու իրենց տարեդարձները. «Աւետիք»-ը (85)‚  «Հասկ»-ը (85)‚  «Պատանեկան Արձագանգ»-ը (81)‚  «Ջանասէր»-ը (80)‚  «Խօսնակ»-ը (60)‚ «Բագին»-ը (55)‚  «Հայկազեան...

Ստացուած Գիրքեր.  Յուշագիրներ… (2007 – 2014)  (Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան)

Ստացուած Գիրքեր. Յուշագիրներ… (2007 – 2014) (Հեղինակ` Պօղոս Սնապեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունէն 2015-ին լոյս տեսաւ Պօղոս Սնապեանի «Յուշագիրներ... (2007-2014) հատորը, բաղկացած` 144 էջերէ: Գիրքը լոյս տեսած  է Սիտնի բնակութիւն հաստատած Հրաչ եւ Զոհրապ Գըւըրեան եղբայրներու մեկենասութեամբ, Պօղոս Սնապեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով: «Յուշագիրներ»-ը կը կազմեն «Ազդակ»-ի գրական յաւելուած` Ազդակ գրական-Ազդակ արուեստ»-ի պարբերականի առաջին էջերուն լոյս տեսած խմբագրականները, 2007-էն 2014 թուականներուն վրայ երկարող: «Ազդակ գրականը արդի մարտահրաւէրների...

Ստացուած Գիրքեր.  «Ճամբորդութիւն` Առանց Հասցէի»   Հեղինակ` Շահանդուխտ

Ստացուած Գիրքեր. «Ճամբորդութիւն` Առանց Հասցէի» Հեղինակ` Շահանդուխտ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն 2015-ին, լոյս տեսաւ Շահանդուխտի «Ճամբորդութիւն` առանց հասցէի» գիրքը, բաղկացած` 119 էջերէ: Խմբագիր` Կարօ Յովհաննէսեան: Գիրքին մեկենասութիւնը ստանձնած են հայ գիրքի բարեկամներ: Գիրքին նիւթը` Պէյրութի «Միտք» գրախանութի պաշտօնեայ Սոնայի եւ Դամասկոսէն Պէյրութ ժամանած ուսանող Սուրէնի պատմութիւնն է: Սուրէն, ընդհանուր զարգացման տէր երիտասարդ, կ՛այցելէ «Միտք» գրախանութ, գիրքեր կ՛առնէ, կը ծանօթանայ Սոնային եւ կը համակրին իրարու: Յետոյ...

Էքրեմ Պուղրա Էքքինճի Պալեաններու Մասին.  «Վոսփորի Մզկիթներու Մէջ Նամազ Ընողներ Չեն Գիտեր, Որ Այդ Կառոյցներու Հեղինակները Պալեաններն Են»

Էքրեմ Պուղրա Էքքինճի Պալեաններու Մասին. «Վոսփորի Մզկիթներու Մէջ Նամազ Ընողներ Չեն Գիտեր, Որ Այդ Կառոյցներու Հեղինակները Պալեաններն Են»

Նուսրեթիէ մզկիթ «Թիւրքիյէ» թերթի յօդուածագիր Էրքեմ Պուղրա Էքքինճի յօդուածով մը անդրադարձած է հռչակաւոր Պալեան ընտանիքի պատմութեան ու ստեղծագործութիւններուն, նշելով, որ Վոսփորի մզկիթներու մէջ նամազ ընողներուն մեծամասնութիւնը չի գիտեր, որ այդ կառոյցներուն հեղինակները Պալեան արքունի ճարտարապետներն են: Պէյլերպէյի պալատ «Ծագումով կեսարացի Պալեաններու ընտանիքը ինը սերունդ շարունակ ճարտարապետներ կրթած է: 18-19-րդ դարերուն Պոլսոյ եւ անոր շրջակայքը կառուցուած բոլոր պալատները, մզկիթները, եկեղեցիները, ամարանոցները,...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Խորք` Սփիւռք(ներ)ի Ամրացման Ռազմավարութեան Եւ Մարտավարութեան

Մտածել Հասնումի Կէտին Նայելով Եթէ Ազգային-քաղաքական որեւէ հարց եւ նպատակ անմիջականէ եւ անհատականէ անդինը չսեւեռեն, առանց ամբոխավարական աղմկարարութեան` նկատի չունենան ազգի գալիք սերունդները, կը ծանծաղին տօն օրերու հրավառութեան ակնթարթին մէջ: Սփիւռք(ներ)ի եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնները շատ կը սիրեն խօսիլ «հզօր» սփիւռքի կամ անոր «հզօրացման» մասին: Յուզիչ եւ յուզական: Ո՞ր ռազմավարութեան հետեւելով պէտք է ամրացնել սփիւռք(ներ)ը: Ան կրնա՞յ սոսկ մարտավարութենէ աւելին ըլլալ,...

Page 640 of 806 1 … 639 640 641 … 806

Արխիւներ