ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հիմնուելով «Ազդակ»-ի 2016-ի ամավերջի խմբագրականին` «Յատկանշել 90-ամեակը. պահել աւանդականը` որդեգրելով նորարարը (90-ամեակին ընդառաջ – Դ.) (1) մէջ նշուած` «Լեզուական սխալներու ծանր թղթածրարով փոխանցուող հարցերու լուծման փորձերը» էական առաջնահերթութեան վրայ, եւ յարգելով արեւմտահայերէնի պաշտպան, լեզուական սխալներու դէմ պայքարող, վերջերս հանգուցեալ Տիրան Աղազարեանին (տես` «Հայ լեզուի արթուն պահակին` Տիրան Մ. Աղազարեանի յիշատակին» (2), «Առյաւէտ կորսնցուցինք արեւմտահայերէնի պահապաններէն Տիրան Աղազարեանը» (3) կատարած խոստումս, պիտի անդրադառնամ արեւմտահայերէնի այս անարդարանալի, սակայն բուժելի համաճարակին` իր կողմէ մատնանշուած շարք մը օրինակներ բերելով:
Հայոց լեզուն` արեւմտահայերէնը, Տիրանին «պաշտամունքի» առարկան դարձած էր. ան լեզուական ախտաճանաչումի բացառիկ տաղանդ ունէր: Հակառակ անոր որ նոյն վարժարանին աշակերտած ենք, հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչ Յակոբ Թութիկեանին եւ համալսարանը` Բիւզանդ Եղիայեանին հայագիտական նոյն նիւթերուն հետեւած, սակայն, ան, գերազանցօրէն լեզուական նրբութիւններուն տիրապետած ըլլալով, գրեթէ բոլոր տեսակի գրութիւններու մէջ եւ ամէն մակարդակի հեղինակներու` գրականութիւն, հրատարակութիւններ, մամուլ, պարբերաթերթեր, պաշտօնական հաղորդագրութիւններ, բանախօսութիւններ եւ բացիկներ, կը գտնէր լեզուական, քերականական, լեզուամտածողական, արեւելահայերէնի գործածութեան, չամբողջացած նախադասութեան, միջավայրի ու ժամանակի եւ տրամաբանութեան յատուկ խախտումներ:
Սովորական աչքին «կատարեալ» թուող գրութիւններուն մէջ, երբեմն կը գտնէր տասնեակներով լեզուական վերոնշեալ տիպի սխալներ, հոգ չէ, թէ ո՛վ էր հեղինակը: Օրինակի համար, պոլսահայ թերթին համար տրամաբանական լրատուութիւնը բառացի կերպով քաղող լիբանանահայ թերթ մը թուրք զինուորին «նահատակուեցաւ», «զոհուեցաւ» բառերը առանց «սպաննուեցաւ»-ի փոխելու արտատպելը միջավայրի ու տրամաբանութեան խախտում է: Նաեւ օտարերկրեայ լրատուութեան վայրի վերաբերեալ խախտումները` «եկաւ», «գնաց»-ը նոյնութեամբ պահելու սխալը, փոխանակ «ժամանած է», «մեկնած է» եւ այլնի:
Ցոյց տուած է կարմիր մելանով սրբագրած այս կարմիր դարձած գրութիւններէն շատ մը օրինակներ, նոյնիսկ` կարծեցեալ «անսխալ» նկատուող հեղինակներէ: Այս լեզուական թերութիւններն ու հրատարակիչին բծախնդրութեան պակասը խիստ կ՛անհանգստացնէին զինք: Ընդհանրապէս կապ կը հաստատէր այդ հեղինակներուն, հրատարակիչներուն կամ խմբագիրներուն հետ` մատնանշելով վրիպումները եւ իր օժանդակութիւնը առաջարկելով: Ոմանք ընդառաջած էին, ու ան սիրայօժար կերպով կ՛աջակցէր անոնց:
Իր նշած ամենատարածուած սխալներէն է «ներս» բառին սխալ գործածութիւնը` փոխանակ «մէջ»-ին, որ կը նկատենք մամուլի էջերուն եւ կը լսենք ձայնասփիւռէն ամէն օր եւ ամէն ժամ: Ճշգրիտը` սրահին մէջ, բակին մէջ, եկեղեցիին մէջ, ակումբին մէջ եւ այլն: «Եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցող պատարագին ներկայ գտնուելու համար եկեղեցիին դուռէն ներս մտայ», «պատուհանէն ներս նայեցայ» եւ այլն: Նաեւ «որպէս» բառին սխալ գործածութիւնը` «իբրեւ»-ին փոխարէն. առաջինի պարագային հարցական իմաստ ունի` «որպէս թէ», մինչ «իբրեւ»-ը ունի հաստատական հանգամանք: Նաեւ վերջին տարիներուն կիրարկուող «ու»-ի սխալ գործածութիւնը` «ոյ»-ի փոխարէն` «Անոյշ», «զգոյշ», «մին»` «մէկ»-ի փոխարէն եւ «է»-ի փոխարինումը «ե»-ով եւ այլն: Ստորեւ` նմանապէս իր կողմէ նշուած շարք մը այլ բառեր, որոնք սխալ իմաստով կը գործածուին եւ հոմանիշներ չեն.
Ա.- «Արդիւնք» եւ «հետեւանք». առաջինը դրական իմաստ ունի մինչ երկրորդը` մի՛այն ժխտական: Օրինակ` «ժրաջան աշխատանքին իբրեւ արդիւնք` աշխատավարձը աւելցաւ», «Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով մէկուկէս միլիոն հայեր բնաջնջուեցան»:
Բ.- «Գործածել» եւ «օգտագործել». առաջինը ունի ընդհանուր իմաստ, մինչ երկրորդը մի՛այն դրական իմաստ` օգուտի համար գործածել: Օրինակ սխալ է «ոճրագործը դանակ օգտագործած էր…» ըսել:
Գ.- «Որեւէ» եւ «ոեւէ». առաջինը կը գործածուի մի՛այն իրերու համար, մինչ երկրորդը` մարդոց համար:
Դ.- «Նոյնպէս», «նմանապէս» եւ «նաեւ». Առաջին երկուքը կարելի է փոխարինելով գործածել, թէեւ ունին տարբերութիւն, մինչ երրորդը` մի՛այն իբրեւ շաղկապ:
Ե.- «Հասկացողութիւն» եւ «հասկացութիւն». առաջինը` անձին կողմէ ըմբռնում իմաստը ունի, մինչ երկրորդը` աւելի՛ ընդհանուր, վերացական` գաղափար, պատկերացում:
Զ.- «Թէ», «որ», «արդեօք», «միթէ» բառերը նախադասութեան մէջ երբեմն սխալ կերպով կը փոխարինուին, սակայն «որ»-ը երեք վիճակ կրնայ ունենալ` յարաբերական դերանուն, շաղկապ եւ եղանակաւորիչ մակբայ: «Արդեօք»-ը մի՛այն հարցական, իսկ «միթէ»-ն` կասկածանքով հարցական մակբայ:
Ճիշդ է, որ բառարաններ իբրեւ բացատրութիւն, երբեմն հոմանիշներ կը նկատեն կարգ մը բառեր, սակայն իւրաքանչիւր բառ ստեղծուած է իւրայատուկ իմաստով գործածութեան համար, ու կարելի չէ փոխարինելով` մէկը միւսին տեղ գործածել: Այս է արեւմտահայերէնին հարստութիւնը, որ պէտք է պահպանենք, ինչպէս կը վկայեն նաեւ կարգ մը հայրենի լեզուագէտներ:
Արեւմտահայ մամուլին մէջ հետզհետէ մուտք գործող արեւելահայերէն, կամ աւելի ճշգրիտ բնորոշումով` «հայաստանեան» բառերու, ոճի եւ լեզուամտածողութեան թափանցումը դարձած է ամէնօրեայ ահաւոր երեւոյթ, որմէ զերծ չէ որեւէ օրաթերթ կամ պարբերական:
Այստեղ պիտի զատորոշենք երկու երեւոյթներ. առաջինը` հայաստանեան աղբիւրներէ քաղուած լրատուութիւնը կամ յօդուածները, իսկ երկրորդը` արեւմտահայերու կողմէ գրուած լրատուութիւնը եւ ամէն տեսակի յօդուածները: Առաջինի պարագային, միայն մեսրոպեան ուղղագրութեան վերածելով է, որ լոյս կը տեսնեն գրութիւնները` պահելով «հայաստանեան» բառամթերքը, ոճը եւ լեզուամտածողութիւնը: Դժբախտաբար, երբեմն օրաթերթին մեծ մասը այսպիսի նիւթերով ողողուած է ու անհրաժե՛շտ է զանոնք բոլորովին արեւմտահայերէնի վերածելէ ետք հրատարակել, հոգ չէ, թէ ժամանակ խլող գործողութիւն ըլլայ այդ:
Դժբախտաբար կարգ մը արեւմտահայ յօդուածագիրներ, վերջերս վարակուած են այս գրելու ոճէն եւ սկսած են գործածել արեւմտահայերէնին անյարիր բառամթերք եւ լեզուամտածողութիւն: Հաւանաբար անոնք վարակուած են նաեւ հայաստանեան մամուլէն ու հեռատեսիլէն: Կամ, ինչպէս իմ կարգ մը յօդուածներուս պարագային, սրբագրո՛ղը կարգ մը բառեր արեւելահայերէնի վերածած է: Օրինակ. «ռազմական օդանաւի մը խորտակումին»-ը փոխուած էր խոցումի, որ արեւմտահայերէնով կը նշանակէ վիրաւորել, սիրտը խշխշացնել: Ո՛ւր է սխալը խորտակել բառին, որ կը նշանակէ քանդել, կործանել, ջախջախել:
Հեղինակներէն ոմանք կ՛ըսեն, թէ` վնաս չունի, ան ալ հայերէն է եւ պէտք չէ կարծր դիրքորոշում ունենալ, նաեւ, իբր թէ, կարգ մը «հայաստանեան» բառեր կը հարստացնեն բառապաշարը եւ աւելի ճշգրիտ ձեւով հեղինակին ըսելիքը կ՛արտայայտեն… Ահաւասիկ այսպէս մտածողներ խառնածին յօդուածներով կը խաթարեն արեւմտահայերէնը` յար եւ նման սուրճին մէջ աղ լեցնելու: Ըստ երեւոյթին, այսպիսի հեղինակներ տիրապետած չեն արեւմտահայերէնին, կամ, իրենց ուսումը ստացած են Հայաստանի մէջ ու շուարած են, թէ իրենց յօդուածները ո՛ր ընթերցողին ուղղուած է:
Կայ երկրորդ իրաւական հարց մը, որ բոլորովին կ՛անտեսուի մամուլին կողմէ. արեւմտահայ ընթերցողը կամ բաժանորդը դրամ վճարած է արեւմտահայերէն օրաթերթի մը` արեւմտահայերէն կարդալու համար: Երբ օրաթերթի բովանդակութեան կարեւոր մասը արեւելահայերէն, կամ խառն հայերէնով յօդուածներ են, բաժանորդը իրողապէս խաբուա՛ծ կը զգայ:
Ստորեւ` կարգ մը «հայաստանեան» բառեր, որոնց շատ յաճախ կը հանդիպինք վերջին տարիներուն մեր մամուլին մէջ, եւ անոնց փոխարինող արեւմտահայերէն բառերը` օգտագործելով հրաշալի «Նայիրի» կայքէջի (4) բառարանները, որոնք պէտք է օգտագործուին բոլոր յօդուածագիրներուն եւ սրբագրիչներուն կողմէ: Յատկանշական է, որ այս բառերուն բնաւ չենք հանդիպիր «Ազդակ»-ի առօրեայ «50 տարի առաջ» բաժինին մէջ:
1.- Հնչեց = թնդաց, ղօղանջեց. փոխարինել` ըսաւ, ըսուեցաւ, յայտարարեց, արտասանեց, շեշտեց, խօսեցաւ (բացի եթէ զանգի մասին է խօսքը):
2.- Հնչեղ-ութիւն = բարձր ձայն, ժխոր, գոռում, աղաղակ, աղմուկ (այս եւ ստորեւ գծիկները իմս – Յ. Չ.):
3.- Հարթակ = հարթ տարածութիւն, բեմի մակերես, արդուկ. փոխարինել` ըստ իմաստին` մակարդակ, մակերես, աստիճան, տարածութիւն, վայր:
4.- Ձեւաւորում = գեղեցիկ ձեւ տալ. փոխարինել` ձեւակերպումով:
5.- Ձեւաչափ = որեւէ բառարանի մէջ չի գտնուիր… իսկ եթէ ձեւ եւ չափի ածանցումն է, արդեօք ձեւի՞ն չափն է, թէ՞ չափի՛ն ձեւը… Հաւանաբար ըսել կ՛ուզուի ոճ, կերպ, եղանակ, դրութիւն:
6.- Գործընթաց = գործի ընթացք, փոխարինել` հոլովոյթով:
7.- Գործարկել = փոխարինել` գործի լծել, գործադրել, բանեցնել:
8.- Գործիքակազմ = բարդ ածանց, որ որեւէ բառարանի մէջ չի գտնուիր, փոխարինել` միջոցներ, գործիքներ:
9.- Համահունչ = ներդաշնակ, համաձայն, համերաշխ:
10.- Հիմնահարց = բարդ ածանց, որ որեւէ բառարանի մէջ չի գտնուիր, հիմնական հարց: Նմանապէս` հիմնադրոյթ, հիմնախնդիր:
11.- Առկայութիւն = գոյութիւն ունեցող, փոխարինել` ներկայութիւն, գոյութիւն:
12.- Ներկայացուած-ութիւն = (անցեալ կատարեալը գոյականի վերածուած) որեւէ բառարանի մէջ չի գտնուիր, հաւանաբար` ներկայացուցչութիւն, ներկայութիւն:
13.- Մեկնարկել = սկսիլ:
14.- Այնուամենայնիւ = բայց եւ այնպէս:
15.- Ֆինանսաւորել = տնտեսել:
16.- Ոլորտ = բնագաւառ, ասպարէզ:
17.- Միջոցառում = արեւմտահայերէնով` մարզանքի ժամանակ իրարմէ միջոց առնել. փոխարինել` ձեռնարկ, գործունէութիւն, գործողութիւն:
18.- Առաջնային = առաջնահերթ, գլխաւոր, գերադաս:
19.- Դիտարկել = դիտել, զննել:
20.- Օրինաչափ = օրինական, օրինաւոր:
21.- Պահուածք = վարմունք, կեցուածք
22.- Հրադադար = զինադուլ:
23.- Հրթիռակոծէ = ռմբակոծէ:
24.- Ընթացակարգ = ընթացք, կանոն, եղանակ:
25.- Պայմանաւորուած-ութիւն = (անցեալ կատարեալը գոյականի վերածուած) համաձայնութիւն:
26.- Մշտա-դիտարկում = մնայուն հսկողութիւն, մնայուն քննութիւն:
27.- Մեքանիզմ = մեքենականութիւն:
28.- Փոխշահաւէտ = փոխ շահաւէտ:
29.- Ահագնանալ = վախնալ, արդեօք մեծնա՞լ ըսել կ՛ուզուի:
30.- Ազդեցիկ-ութեան = ազդեցութեան:
31.- Մնայունօրէն = մնայուն կերպով:
32.- Ըսելաձեւ = խօսելու ձեւ, ոճ:
33.- Ժամկէտ = պայմանաժամ:
34.- Բուհ = Բարձրագոյն Ուսման Հաստատութիւն:
35.- Արտագնայ = գաղթական:
Շարքը շատ երկար է ու ցաւ պատճառող: Ընդհանրապէս միտում կայ անտեղի կերպով բարդ ածանցներ ստեղծելու եւ զանոնք հոլովելու ու սկզբնատառեր գործածելու: Յաւելեալ ճիգ կը պահանջուի յօդուածագիրներէն խմբագիրներէն եւ սրբագրիչներէն այս երեւոյթը վերացնելու համար: Հայերէնի մեր երկու ճիւղերուն մէջ գործածուող նոյն բառը երբեմն բոլորովին տարբեր իմաստ ունին. օրինակ` նախագահ Սարգսեան բազմաթիւ անգամներ գործածեց «ցանկացած ցեղասպանութիւն» եզրը, ըսել ուզելով` «որեւէ ցեղասպանութիւն», մինչ արեւմտահայերէնով մենք կը հասկնանք «փափաքած ցեղասպանութիւն»…
Սփիւռքի նախարարութեան կայքէջին առցանց գրադարանին մէջ տեղադրուած ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ բաժինին մէջ, յաճախ, նաեւ աբեղեանական ուղղագրութեամբ արեւմտահայ հեղինակներու գիրքերը զետեղուած են… Աւելի ճշգրիտ պիտի ըլլար իրապէս արեւմտահայերէնով գրուած գիրքերը տեղադրել այնտեղ, եւ միւսներուն համար այլ բաժին մը աւելցնել «Արեւմտահայ հեղինակներ» գլուխին տակ:
Որքան ժամանակ, որ սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ զարգացումով զբաղող հեղինակութիւն կամ կառոյց գոյութիւն չունի, ոեւէ անհատ, կամ որեւէ հաստատութիւն իրաւունք չունի իր հայեցողութեամբ լեզուական «բարեփոխումներ» կատարելու, մանաւանդ երբ արեւմտահայերէնի գործածութիւնը նուազելու ընթացքի մը մէջ է: Առաջնահերթ է պահպանել մեր թանկագին ունեցածը: Բնա՛ւ ժամանակը չէ շպարի:
Աւարտին, պէտք է մատնանշել, որ լիբանանահայ մամուլին մէջ ընդհանրապէս շրջապատի արաբերէն բառամթերքը չէ թափանցած` տարբերելով հայաստանեան մամուլէն, զանգուածային լրատուամիջոցներէն ու հեռատեսիլի կայաններէն, որոնք իրե՛նց իսկ հայրենիքին մէջ անարդարանալի կերպով զանազան օտար լեզուներու բառերով ողողուած են, որոնցմէ ստուար քանակ մը նաեւ մուտք գործած է բառարաններուն մէջ` որպէս թէ հայերէն բառեր: Հարց կու տամ, թէ` պատկառելի թիւով հայրենի լեզուաբանները, կաճառները, հիմնարկները, յանձնաժողովները եւ այլն, յետխորհրդային 26 տարիներուն` 365 օր արդեօք ի՞նչ գործով կը զբաղին: Ո՞վ պիտի վերականգնէ նախախորհրդային արեւելահայերէնը:
16 փետրուար 2017
(1) ( https://www.aztagdaily.com/archives/330649 )
(2) ( https://www.aztagdaily.com/archives/333061 )
(3) ( https://www.aztagdaily.com/archives/333058 )
(4) ( http://www.nayiri.com/search?l=hy_LB&query=&dt=HY_HY)
Յարութ Չէքիճեանին այս յօդուածը շատ լաւ է. մատը քանի մը հատ վէրքի վրայ դրած է մէկ անգամէն: Հարցը հոն է որ ո՞վ կը կարդայ ասիկա. կը կարծեմ որ ամենէն առաջ խմբագիրները եւ սրբագրիչները կարդալու են ասանկ գրութիւններ. կարդալը չի բաւեր, մտիկ պէտք է ընեն: