Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Ազատագրման Շարժման Սկիզբ

Փետրուար 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փետրուար 1988-ին, երբ դեռ գարնան նշոյլն անգամ չէր երեւցած, ծնունդ առաւ արցախեան շարժումը` գլխաւոր նպատակ ունենալով սրբագրել 1923-ին Համայնավար կուսակցութեան կովկասեան բիւրոյի որդեգրած ստալինեան կամայական մէկ որոշումը եւ Արցախի սուրբ հողաշերտը վերամիացնել մայր հայրենիքին: Այսպէս, 20 փետրուար 1988-ը հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ անմոռանալի թուական: Այդ օր Երեւանի այժմու Ազատութեան հրապարակին վրայ համախմբուեցան շուրջ մէկ միլիոն հայորդիներ, որոնք Հայաստանի մայրաքաղաքին երկնակամարը փակեցին «Արցախը մերն է» կարգախօսով:

Արցախեան շարժումը հայոց ժամանակակից պատմութեան լուսաւոր եւ փայլուն էջերէն մէկն է: Կասկածէ վեր է, որ Արցախեան հարցը, շարժումի սկզբնաւորումէն ի վեր իր պարզած առանցքային նշանակութեամբ հայ քաղաքական մտքին համար դարձաւ Հայ դատի լուծման առաջնահերթ փուլ: Այսօր հայ քաղաքական մտքի մտորումները կը կեդրոնանան նախ եւ առաջ արցախեան հարցի արդարացի եւ հայանպաստ լուծման անհրաժեշտութեան վրայ: Եւ հարցին արդարացի լուծման անմիջական քայլերէն կը հանդիսանան վերաբնակեցման համապարփակ ու պետական ծրագիրի մը մշակումը, որուն գործադրութեան մէջ լայն տեղ տրամադրուած ըլլայ մանաւանդ քաղաքացիական հասարակութիւնը, եւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը` իբրեւ անկախ պետականութիւն:

Արցախի ազատագրումը իրագործուեցաւ շնորհիւ հայ ազատամարտիկներու եւ կամաւորական ջոկատներու քաջարի մարտունակութեան, որ արդիւնք էր հաւատքին, հաւատք` հողին, հաւատք` մեր պատմութեան ու երթին, հաւատք` մեր բազուկին ու կամքին, հաւատք` մեր հոգեւոր եւ ազգային բոլոր արժէքներուն, հաւատք` մեր ցեղի արժանապատուութեան եւ վերջապէս հաւատք` մեր երէկի եւ ներկայի բոլոր նահատակներու թափած արեան, կանչին եւ ուխտին: Այս էր գրաւականը մեր յաղթանակին, միասնական ու ամբողջանուէր մասնակցութեամբ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի հայութեան, համա՜յն հայութեան: Ահա այն երրորդութիւնը, որ կը զօրացնէ մեզ, կու տայ երաշխիքը մեր հզօրութեան ու յարատեւութեան: Արցախի ազատագրութեան դափնին Շուշիի ազատագրումն էր: Եթէ չազատագրուէր Շուշին, չէր ազատագրուեր Արցախը: Եթէ չազատագրուէր Լաչինը, չէր գոյատեւեր Արցախը: Ու Արցախը ազատագրուեցաւ ու հայ ժողովուրդը դարձաւ տէրը իր ճակատագիրին, իր հողին, իր ներկային ու ապագային: Շուշին դարձաւ խորհրդանիշը մեր ռազմական գիտութեան ու կորովին, որուն մասին օտարներն անգամ հիացումով կը խօսին: Շուշին պատերազմական յաղթանակ էր ամբողջական իմաստով: Շուշիի ազատագրումը` Աւարայրի ու Սարդարապատի յաղթանակներուն համազօր իրադարձութիւն էր: Շուշին դուռը բացաւ հետագայ բոլոր յաղթանակներուն: Պատմութիւնը ոսկեայ տառերով պիտի արձանագրէ այս հերոսներուն անունները եւ հայ ժողովուրդը առ յաւէտ պիտի մնայ երախտապարտ անոնց սխրանքին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը գիտէ անմահացնել իր հերոսներն ու նահատակները` սրբացնելու աստիճան, եւ գիտէ անէծքի սիւնին գամել իր դաւաճաններն ու վատոգիները:

Շուշիի ազատագրումը, որպէս ռազմական եւ բարոյահոգեբանական, անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող խիզախ իրագործում մը, որ յատուկ է միայն մեր ժողովուրդին, ամենադժուարին իսկ պահուն խոյանալու կամքը յաղթանակներ կերտելու հիմքն է: Երբ Արցախի  ժողովուրդը կանգնած էր ամէն ինչ կորսնցնելու վտանգին առջեւ, երբ թրքացման ու հայաթափման 70 տարուան քաղաքականութիւնը կը միտէր պարպել Արցախը իր հայ ազգաբնակչութենէն, երբ մեր ժողովուրդը կ՛ենթարկուէր նոր ջարդերու եւ տեղահանման` Պաքուի, Գանձակի, Շահումեանի, Գետաշէնի եւ այլ շրջաններու մէջ, երբ ազերին Նախիջեւանէն ետք կարգը եկած կը նկատէր Արցախի վերջնական կցումին, հուսկ անցնելու Զանգեզուրին, երբ Շուշին որպէս անառիկ բերդ գրաւելու զինուորական բոլոր օրէնքներն ու տրամաբանութիւնները կը մերժէին զինուորական ընտրանքը, կամ նուազագոյնը` անոր յետաձգումը, ահա հայ ժողովուրդի խիզախ կամքը` պատմական, հոգեւոր ու մշակութային անառիկ միջնաբերդը ազատագրելու որոշումը եւ անթերի գործադրութիւնը, որ Արցախին շնորհեց վերջնական յաղթանակը եւ ստիպեց թշնամին` ընդունիլ զինադադարի առաջարկները, որովհետեւ այլապէս հետեւանքները արդէն սկսած էին դառնալ ողբերգական` Լաչինի, Աղտամի, Քելբաջարի, Ֆիզուլիի եւ այլ տարածքներու ազատագրումով:

Արցախեան ազատագրման շարժումը հայորդիին փոխանցեց ոգեղէն այն հզօր կամքը եւ գիտակցութիւնը, որ հայ ժողովուրդը գիտէ զոհուիլ, բայց նաեւ` յաղթել, վարժ է ներքին արհեստական բաժանումներու, բայց վճռորոշ պահերուն գիտէ միանալ, գիտէ ծառանալ, գիտէ կռուիլ ու յաղթել: Արցախեան շարժումը  յաղթանակի տօնն է, արձանագրուած բոլոր յաղթանակներուն վերջին օղակը, որուն վստահաբար պիտի յաջորդեն նորերը` ի խնդիր ամբողջական Հայաստանի, ամբողջական հայութեան մեր մեծ երազանքի ու տեսլականի իրագործման:

Արցախի ազատագրումով նաեւ հիմը կը դրուէր Արցախի կանոնաւոր բանակի ստեղծման: Բանակ մը, որ Հայաստանի ազգային բանակին հետ զուգընթաց, իր թուային, արհեստագիտական, մարտական թէ ռազմա-ուսումնական բարձր պատրաստութեամբ լաւագոյններէն է ամբողջ Կովկասի մէջ` ռազմական մասնագէտներուն իսկ վկայութեամբ: Արցախի բանակը երաշխաւորն է այսօր Արցախի անվտանգութեան, անոր անկախութեան: Ան մեր հպարտութեան ներշնչարանն է, մեր արժանապատուութեան լուսաւոր էջն ու գրաւականը:20 փետրուար 1988 թուականը իսկապէս ճակատագրական եւ առանցքային եղաւ ու կը շարունակէ մնալ:

 

 

Նախորդը

Զարեհ Ա. Կաթողիկոս 1915-1963

Յաջորդը

Հոգեհանգիստ Երջանկայիշատակ Հայրապետներու Եւ Լուսահոգի Միաբան Հայրերու Համար

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?