Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Փետրուար Գ. – Սպառնալու Ձախաւեր Քաղաքականութիւն

February 22, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճան քրէական գործ յարուցեց պլոկըր Ալեքսանտր Լափշինին դէմ` անոր Արցախ այցելութեան եւ իր պլոկին ընդմէջէն Ազրպէյճանի սահմանապահ ծառայութիւնները եւ երկրին մէջ ընկերային անհաւասարութիւնը քննադատելուն պատճառով: Երեւոյթ մը, որ խստիւ դատապարտուեցաւ հայկական եւ ռուսական բեմերէ, ինչպէս նաեւ` միջազգային իրաւապաշտպան «Միջազգային ներում» կազմակերպութեան կողմէ, ուր յստակօրէն նշուեցաւ, որ հրապարակային կերպով պետութեան դէմ յայտարարութիւններ կատարելու հիմնաւորումով քրէական գործի յարուցումը չունի որեւէ իրաւական հիմք, այլ ամբողջութեամբ կը տեղաւորուի խօսքի ազատութեան իրաւունքի ծիրին մէջ: Ազրպէյճանի այս արարքը, սակայն, արձագանգ չգտաւ Իսրայէլի կողմէ` հակառակ Լափշինի այդ երկրի քաղաքացին ըլլալուն:

Հաւանական է, որ այս իմաստով ներքին համաձայնութիւն մը գոյացած ըլլայ Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, ու վերջինս խոստացած ըլլայ ցուցական քանի մը գործողութիւններէ ետք ազատ արձակել Լափշինը, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք պլոկըրին ներում  հայցելու նամակը եւ անոր մօր խնդրանքը Ազրպէյճանի նախագահէն:  Հեռու չէ, որ Ազրպէյճան քանի մը օր ետք ազատ արձակէ Լափշինը` յոխորտալով, որ կ՛ընդառաջէ անոր ներում հայցին: Աւելի՛ն. ան իր այս «բարի» վերաբերմունքին համար նոյնիսկ գնահատանքի կրնայ արժանանալ որոշ շրջանակներու կողմէ:

Խորքին մէջ Ազրպէյճանը չեն նեղացներ ո՛չ իրեն հասցէին ուղղուած քննադատութիւնները, ո՛չ ալ սահմանը հատողները: Ազրպէյճանի միակ նպատակը Արցախ այցելութիւնը սահմանափակելն ու օտար լրագրողները հնարաւորինս Արցախէն ու արցախեան արդար պայքարի իրողութենէն հեռու պահելն է: Միայն այս ձեւով ան կարելիութիւն պիտի ունենայ շրջելու իրականութիւնները, Արցախի ազատատենչ ժողովուրդը ներկայացնելու իբրեւ յարձակողապաշտ, իսկ Ազրպէյճանը` իբրեւ թէ անիրաւուած կողմ:

Ազրպէյճանի նախագահին ու վարչակազմին մտքէն հաւանաբար չէին անցներ երկրին մէջ անարդարութիւններու դէմ ձայն բարձրացնող փոքրամասնութիւնները: Պատերազմի մշտական սպառնալիքով Ալիեւ կը յաւակնէր սքողել երկրի ներքին հարցերը:

Ի՛նչ իմանար սակայն, որ իր իսկ ծրագրած հակահայ քարոզչութեան փուճ ուղիին մէջ դէմ յանդիման պիտի յայտնուէր  ազգութեամբ թալիշ, Թալիշական մշակոյթի խորհուրդի անդամ, թալիշական ազատագրական շարժման մասնակից, «Թոլիշի Սատօ» թերթի թղթակից Շահին Միրզոյեւին, որ  իր ընտանիքին հետ ստիպուած եղած էր փախչիլ Ազրպէյճանէն` ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ բռնաճնշումներու եւ անոնց իրաւունքներու կոպտագոյն ոտնահարումներու պատճառով, եւ ընտանիքով հասած էր Հայաստան ու բացայայտելով երկրէն ներս տիրող անարդարութիւնները` քաղաքական ժամանակաւոր ապաստանութիւն խնդրած Հայաստանէն:

Հայաստանի իշխանութիւնները դրական արձագանգեցին Շահին Միրզոյեւի խնդրանքին: Իսկ Ազրպէյճանին սարքած լափշինեան բեմադրութիւնը երեւան հանեց աւելի զգայուն քաղաքական հարց մը` փոքրամասնութիւններուն դէմ Ազրպէյճանի բռնարարքները:

Այս հարցերուն էութիւնն ու խորքը իմանալու համար միջազգային լրագրողներ հաւանաբար աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն Արցախ այցելութեան նկատմամբ: Ահա թէ ո՛ւր կը կայանայ մեր լրատուամիջոցներուն մարտահրաւէրը` յանուն Արցախին ու անոր միջազգային ճանաչման առաւել գրաւիչ դարձնելու Արցախ այցելութիւնը:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-Ի. Արմատաւորենք Ազատամտութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.