Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն. Հաղորդագրութիւն
Ուրախ ենք յայտնելու, որ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը վերջերս նուէր ստացաւ Պոսթընի «Հայրենիք» օրաթերթի 1 յուլիս 1916-29 յունիս 1918 շրջանը ընդգրկող թիւերով կազմուած երկու ծաւալուն հատորներ, որոնք յանձնուեցան Հայկազեան համալսարանի «Տէրեան» հայագիտական գրադարանին: Այս թերթերը Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին նուիրուեցան Լոս Անճելըսի «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին կողմէ: Ուրախ ենք յայտնելու նաեւ, որ փրոֆ. Վահրամ Շէմմասեանի միջոցով Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան...



















