Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խօսքէն Գործի Անցնելու Համար

Փետրուար 22, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ   

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան փետրուար 9-ի նիստին շարք մը յանձնարարութիւններ տուաւ` «սփիւռքի ներուժի առաւել արդիւնաւէտ ներգրաւման նպատակով»,  ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»:

Նշեմ, որ այս հարցը առաջին անգամ չէ, որ կ՛արծարծուի, եւ Կարապետեան առաջին վարչապետը չէ, որ զայն կ՛արծարծէ: Աւելի՛ն. ասկէ առաջ Հայաստանի իշխանութիւնները յանձնարարութիւններ տալէ անդին ալ անցած են, հայրենիք-սփիւռք խորհրդաժողովներ ալ կազմակերպած են, սակայն ահա անգամ մը եւս կարիքը կը զգացուի վերարծարծելու, քանի որ բաւարար արդիւնաւէտ եղած ըլլալու չեն այդ բոլոր նախաձեռնութիւնները, ու հիմա կը բացայայտուի աւելի՛ն իրագործելու կամք մը, գէթ կը դրսեւորուի ցանկութիւն մը` վարչապետին իսկ բերնով:

Շա՛տ բարի: Չեմ ուզեր թերահաւատութիւն ցուցաբերել, ընդհակառակն, կասկած չկայ, որ պէտք է գնահատել վարչապետին ելոյթը, ուր յստակ շեշտ կը ստանայ «առաւել արդիւնաւէտ»  բառակապակցութիւնը: Ան բաւական լայն կը բանայ կարկինը եւ իր խօսքը կ՛ուղղէ ոչ միայն առանձին նախարարութիւններու` սփիւռքի, մշակոյթի, մարմնամարզի, երիտասարդական հարցերու, կրթութեան եւ գիտութեան, տնտեսական զարգացման, ներդրումներու, այլեւ կը հրաւիրէ կամ կը մղէ Հայաստանի նախարարութիւնները եւ գերատեսչութիւնները` համատեղ ճիգերով ծրագիր մշակելու եւ իրենց գործունէութիւնը զարգացնելու այդ ուղղութեամբ: Առաւել, այդ ծրագիրը, որուն պատրաստութեան համար մէկ ամիս ժամկէտ կը տրուի Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ բոլոր մարմիններու ղեկավարներուն, պէտք է հետապնդէ «սփիւռքի յայտնի մասնագէտների, կառավարիչների եւ նրանց կազմակերպութիւնների հետ երկկողմանի համագործակցութիւնը խորացնելու» աշխատանքը: Կ՛ենթադրեմ` այստեղ գործածուած «կառավարիչներ» բառը պէտք է հասկնալ «ղեկավարներ» իմաստով, իսկ «նրանց»-ն ալ` «իրենց պատկանած» իմաստով, քանի որ մեր կազմակերպութիւնները չէ՛, որ իրենց «կառավարիչ»-ներուն կը պատկանին…  Բայց մանրուքներու մէջ չկորսուինք, կարեւորը ընդհանուր, ազգօգուտ նպատակն է, որ նկատի պէտք է առնենք: Այս առնչութեամբ Կարապետեան շատ հնարաւորութիւններ կը տեսնէ «առողջապահութեան, պիզնեսի, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներում»:

Երկու ամիս ժամկէտ կը սահմանուի Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, որ սփիւռքի նախարարութեան հետ մշակէ համատեղ ծրագիր` սփիւռքին օժանդակելու իր կրթական այլազան խնդիրները լուծելու եւ «սփիւռքի գիտնականների եւ նրանց կազմակերպութիւնների եւ Հայաստանի բուհական [բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու] եւ գիտական հաստատութիւնների միջեւ երկկողմանի համագործակցութիւնը խորացնելու եւ համակարգելու համար»:

Կարէն Կարապետեան մէկ շաբաթ կու տայ, որ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութիւնը սփիւռքի նախարարութեան միջոցով արտերկրի հայազգի գործարարները տեղեակ պահէ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ տնտեսական այլ գործարքներ ունենալու բոլոր հնարաւորութիւններուն:

Վերջապէս, երկու ամիս ալ կը յատկացուի Հայաստանի մշակոյթի, մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան, որ այդ մարզերուն վերաբերեալ ծրագիր մը մէջտեղ գայ «սփիւռքում հայապահպանութեանն օժանդակելու, հայկական մշակոյթի տարածման եւ հայկական արժէքների քարոզման միջոցով Հայաստանն առաւել ճանաչելի դարձնելու համար»:

Գնահատելով հանդերձ վարչապետին այս գովելի նախաձեռնութիւնը, հասկնալով հանդերձ իր փութկոտութեան պատճառները (խորհրդարանական մօտալուտ ընտրութիւնները եւ անոնցմէ առաջ իր առաջնահերթութիւններու յստակացումը), առաջին հարցումը, որ մենք մեզի տալէ չենք կրնար խուսափիլ, այն է, թէ այդ տուեալ ժամկէտները որքա՞ն իրապաշտ են այդքան լայնածիր գործունէութիւն մշակելու համար: Նախարարութիւնները ունի՞ն անհրաժեշտ մարդուժն ու նիւթական միջոցները այդպիսի գործի ձեռնարկելու համար` այդքան արագ եւ աւարտելու այդքան շուտ: Վաւերացուած նախահաշիւներուն ու ժամանակացոյցներուն մէջ նկատի առնուա՞ծ էին այդ բոլորը:

Երկրորդ հարցը, ոչ նուազ կարեւոր, քան` առաջինը. ո՞ւր է սփիւռքին ներդրումը այդ ծրագիրներուն մէջ: Մինչ այժմ կատարուա՞ծ են արդեօք պէտք եղած ուսումնասիրութիւններն ու վիճակագրութիւնները` ճանչնալու համար սփիւռքի ներուժը, կարիքները, Հայաստանէն ակնկալիքները եւ այլն: Առանց այդ ճշգրիտ ճանաչումին` ինչպէ՞ս կարելի է ծրագիր պատրաստել: Նաեւ ինչպէ՞ս` առանց սփիւռքի պատկան մարմիններուն հետ խորհրդակցելու, ճշդելու համար առաջնահերթութիւնները, կռուանները եւ մասամբ նորին:

Երրորդ հարցը, որ նոյնպէս միւս երկու հարցերուն չափ կարեւոր է, կը վերաբերի Հայաստանի իրականութեան: Անցնող քառորդ դարը, հակառակ բոլոր դրական իրագործումներուն, անոնց կարգին` նաեւ սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը,  դժբախտաբար չընթացաւ սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններու զարգացման սպասուած ուղիէն` կարգ մը յոռի երեւոյթներու պատճառով, ոմանք ժառանգուած խորհրդային շրջանէն, ուրիշներ ալ յառաջացած կամ շեշտուած` անկախութեան տարիներուն: Առաջիններուն կարգին կան իրարու հանդէպ նախանձի եւ իրարու ոտքի տակ «օճառ դնելու» ախտերը, որոնք առաջին հերթին կը կիրարկուին տեղաբնակ պաշտօնատարներու, գործարարներու եւ այլ մարզերու ծառայողներու, նոյնիսկ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու միջեւ, ալ ո՛ւր մնաց` սփիւռքէն ներգաղթած ու հոն հաստատուած հայրենակիցներուն նկատմամբ. երկրորդներուն կարգին` սակաւապետներու, մեծ դրամատէրերու մենաշնորհեալ վիճակը, յանցախումբերու բռնութիւնները յաջողութիւն արձանագրող ձեռնարկութիւններու վրայ եւ ապօրինի «հարկ»-երու գանձումը անոնցմէ` թոյլ տալու համար, որ շարունակեն գործել:  Եւ վերջապէս օրէնքի առջեւ բոլոր քաղաքացիներուն հաւասար չըլլալու եւ ոմանց յաւելեալ «իրաւունքներ» վայելելու առաւելութիւնը` այլազան նկատառումներով եւ միջոցներով, ներառեալ` կաշառակերութիւնը: Մէկ խօսքով` անարդար կարգերու առկայութիւնը:

Վստահ եմ, որ Հայաստանի վարչապետը կը գիտակցի այս բոլորին. վստահ եմ, որ այդ ախտերէն մեր երկիրը ձերբազատել ինքն ալ կ՛ուզէ, բայց պիտի կարենա՞յ արագ շարժիլ նաեւ ա՛յդ ուղղութեամբ, որպէսզի յաջողի սփիւռքի ներուժը առաւել արդիւնաւէտ կերպով ներգրաւել:

Անգլիացին պիտի ըսէր` let’s give him the benefit of the doubt, այսինքն ցուցաբերենք դրակա՛ն կասկած, այլ բառերով` թերահաւատ չըլլանք եւ ակնկալենք, որ պիտի յաջողի…

Հորիզոն, 2017-02-20 (1964)       

Նախորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-Ի. Արմատաւորենք Ազատամտութիւնը

Յաջորդը

Սիսի Կաթողիկոսարանի Պահանջքով Հայ Դատը Կը Մտնէ Իրաւական Մարզ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?