Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Ընտրութիւններ Եւ Ստուերային Տնտեսութիւն (3)

Փետրուար 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Թէեւ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու նախընտրական քարոզչութիւնը պաշտօնապէս դեռ չէ սկսած, սակայն դաշինքներն ու կուսակցութիւնները շատոնց արդէն լծուած են ընտրապայքարի: Բոլորն ալ կը գիտակցին, որ այս անգամ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան շատ աւելի բարդ պայմաններու տակ, որովհետեւ նոր օրէնսգիրքը կը սահմանափակէ քուէարկութիւններու արդիւնքները զեղծելու հնարաւորութիւնը: Այժմ այլ միջոցներ պէտք են ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ ազդելու համար: Այդ միջոցները վարչական լծակներն են ու մանաւանդ` դրամը:

Անցեալին, ընտրութիւններու նախօրեակին, պետական հաստատութիւններու մէջ աշխատողները գտնուած են հսկայական ճնշումներու տակ` իրենց, իրենց հարազատներուն եւ ծանօթ – հարեւաններուն քուէները իշխող կուսակցութեան տալու համար: Միաժամանակ իշխանաւորներու հետ սերտօրէն առնչուող երկրի մեծահարուստներն ու նորօրեայ աւատապետները իրենց բազմահազար աշխատողներուն պարտադրած են քուէարկել իշխող կուսակցութեան օգտին: Պետական թէ սեփական հիւանդանոցներու եւ բուժհաստատութիւններու, դպրոցներու, մանկապարտէզներու եւ ոստիկանական համակարգի աշխատողներու, նաեւ նախարարութիւններու, մարզպետարաններու, քաղաքապետարաններու, գիւղապետարաններու, գործարաններու, մեծ ընկերութիւններու եւ այլ կառավարական կամ սեփական հիմնարկներու պաշտօնեաներուն վրայ գործադրուող ճնշումներուն կողքին, կանխիկ գումարներու օգտագործումը, այսինքն` ընտրակաշառքը, եղած է քուէ կորզելու ամէնէն ազդու ձեւերէն մէկը:

Քանի մը օր առաջ Ամերիկայէն Հայաստան տեղափոխուած Դալարը, որ ամուսնացած է Տուպայէն հայրենադարձ Անդոյին հետ, պատմեց, թէ ինչպէ՛ս պետական մանկապարտէզի ուսուցչուհին փորձած է, ի հարկէ քիչ մը ամչնալով, իր ընտանիքի անձնագրային տուեալները առնել:

– Գացեր էի երեխաս մանկապարտէզէն առնելու,  մուտքին ինծի մօտեցաւ երեխայիս երիտասարդ ուսուցչուհին, ստուգեց քաղաքացիութիւնս, եւ երբ իմացաւ, որ շատոնց արդէն Հայաստանի քաղաքացի եմ, ըսաւ. «Դալա՛ր ջան, գիտեմ` դու դրսից ես, ամաչում եմ քո հետ խօսալ, խնդրում եմ,  էլի՛, ինձ սխալ չհասկանաս, իմ խմբի երեխէքի ծնողների անձնագրային տուեալներն են պահանջում… ես էլ չեմ կարայ «ոչ» ասեմ, պէտք ա ցոյց տամ, որ քուէ եմ հաւաքում: Կարո՞ղ էք ձեր անձնագրի քսերոքսները (լուսապատճէնները) բերել, կամ էլ տուեալները գրաւոր տալ ինձ: Չգիտե՛մ` կարող ա փող էլ բաժանեն: Անկեղծ եմ ասում, ես նման բաներ չեմ սիրում, էլի՛, բայց ի՛նչ առած…», բարկութեամբ պատմեց Դալարը, երբ ընկերներով հաւաքուած` կը խօսէինք Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասին, եւ շարունակեց.

– Նման բան հետս չէր պատահած: Նախ` պահ մը ուզեցի մտնել տնօրէնին մօտ եւ բողոքել ուսուցչուհիին այս արարքին համար: Յետոյ անդրադարձայ, որ տնօրէնը ի՛նքն էր ուսուցչուհիէն ծնողներու ցուցակները պահանջողը: Տնօրէնն ալ իր կարգին պիտի ըսէր, որ ինք եւս ճնշումի տակ է… Ուսուցչուհին խրատեցի, որ այս հարցով անգամ մը եւս ինծի կամ ոեւէ ուրիշ ծնողի չմօտենայ…

Չզարմացա՛նք: Անցեալին, ընտրութիւններու օրերուն, նման պատմութիւններ շատ լսած էինք, եւ բազմաթիւ լրագրողներ այս մասին յաճախ գրած են… Տարբերութիւնը այն է, որ մարդիկ հիմա համոզուած են, որ այս ընտրութիւններուն ոչ թէ 5000 դրամ, այլ իւրաքանչիւր քուէարկողի կրկնապատիկ ու եռապատիկ գումար պիտի տան:

Իսկ ո՞վ եւ ինչպէ՞ս` կը գրեմ յաջորդ նամակիս մէջ:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Փետրուար 1967)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Արեւմտահայերէնին Տէր Կանգնինք. Մայրենի Լեզուի Օրուան Առիթով

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?