Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կռիւը` Աւարայրէն Անդին (Վարդանանք 451թ.)

Փետրուար 23, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ  ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ի՞նչ է հայ ազգի բազմադարեան գոյութեան իմաստն ու արժէքը, եթէ ոչ` ազատ մեռնելու տեւական մաքառում մը, պատիւն ու հաւատքը, խիղճն ու սրբութիւնները անխաթար պահելու անձնուրաց կռիւ մը:

ՄՈՒՇԵՂ ԻՇԽԱՆ

Վա՛յ այն օրուան եթէ երբեք հայութիւնը իր ողջ պատմութեան ընթացքին չունենար Աւարայրներ եւ իր ազգային ընդերքէն ծնունդ չտար հերոս փաղանգներու, դէպի թշնամին խոյացող ազատասէր ռազմիկներու, մահապարտ ֆետայիներու, ժիր ու յանդուգն վրիժառուներու եւ մահը զգեստնող հրաշալի հայդուկներու:

Ուրեմն ինչո՞ւ կեդրոնանալ Վարդանանք հերոսամարտին վրայ, երբ զայն նախորդող հարիւրամեակներու ընթացքին հայութիւնը ցոյց տուած է սխրանքներու պանծալի էջեր եւ ազգային դիմագիծի ու արժանապատուութեան տէր կանգնելու բազում պատերազմներ:

Ճիշդ է նաեւ, որ հայութիւնը երբեւէ չէ նսեմացուցած նախաքրիստոնէական շրջանի դարաւոր պատմութեան մէն մի դրուագը, ընդհակառակը, միշտ ալ փորձ կատարած է լոյսին բերելու ազգային շունչի հերոսապատումները` իբրեւ կռուան ու ապաւէն յաջորդող հարիւրամեակներու:

Այլ խօսքով, քրիստոնեայ Հայաստանի համար մղուած պատերազմները լոկ դաւանանքի պաշտպանութեան համար չէին, անոնք ունէին բարոյահոգեբանական,  ազգային, բայց մա՛նաւանդ քաղաքական խոր ընկալումներ:

Այլապէս ինչպիսի՞ պարունակի մէջ ըմբռնել Աւարայրի դաշտին վրայ մղուած Վարդանանք պատերազմը: Ինչո՞վ կը յատկանշուէր եւ ի՞նչ զարտուղի բնոյթ ունէ՞ր:

1566 տարիներու հեռաւորութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնէ աւելիով կառչիլ այն իրողութեան, որուն մարմնաւորումն է եղած Վարդանանք աքթը: Փաստօրէն, Տղմուտ գետի ափին, Աւարայրի դաշտին վրայ երկու բանակներու ճակատումը կրնար այլ ելք ունենալ, եթէ երբեք հայութիւնը, յանձին Վարդան Մամիկոնեանի եւ իր քաջարի տղոց ըմբոստացումի դրօշը չպարզէին, դէմ չկանգնէին եւ իրենց խրոխտ կուրծքերով չկասեցնէին յարձակող թշնամին:

Փաստօրէն, Սասանեան կայսրութիւնը գութի եւ ներողամտութեան քարոզներ չէր կարդար, անիկա կը հետապնդէր ո՛չ միայն քաղաքական ու զինուորական նպատակներ, այլ նաեւ` հայութիւնը ճզմելու բացայայտ նկրտումներ:

Մէկ խօսքով, Յազկերտ կայսեր մտադրած բնաջնջումի պատերազմը կը միտէր քաղաքական ուժգին հարուած մը տալ հայութեան, դաւանափոխ դարձնել, ազգը հոգեպէս ընկճել, որուն իրագործման համար ան չզլացաւ փիղերու գունդին ընթացք տալ` վճռելու համար պատերազմի ելքը:

Միւս կողմէ, հայ ժողովուրդի հարուածող բազուկի մարմնաւորումը հանդիսացող Մամիկոնեանք եւ անոնց  զինակից տղաները, իրենց կարգին ուղղակի եւ ցաւցնող հարուածներ տուին թշնամի բանակին եւ կրցան որոշ ատեն կասեցնել անոնց յառաջխաղացքը:

Իրօք, պատերազմի դաշտին վրայ հայ զինուորին գործած սխրանքը եւ անոր հրամանատարին օրինակելի կեցուածքը ըստ էութեան զգաստութեան հրաւիրեցին թշնամի բանակին ղեկավարութիւնը, այն առումով, որ ան գիտակցեցաւ, թէ հայը ապաւինած իր ուժին եւ հաւատքին պատրաստ է գերագոյն զոհաբերութեան:

Եւ կը պատահէր անխուսափելին, Վարդան Մամիկոնեան սպարապետին հետ կը նահատակուէին հերոս տղաներ, որոնք իրենց արեամբ ցոյց կու տային ազգային ըմբռնումներու, հայրենապաշտութեան, քաջագործութեան եւ նուիրուածութեան ամէնէն պանծալի օրինակները:

Իսկ նման կեցուածքի ու կամքի ներգործուն դերակատարութիւն ունէին հայոց աշխարհի թագաւորական աւագանին, եկեղեցին, իշխաններ եւ ժողովուրդ: Այլ հարց է ներհայկական կեանքի քաղաքական մօտեցումներու երկփեղկուածութիւնը, կարգ մը իշխաններու ընդդիմութիւնն ու անոնց ստուերոտ կեցուածքը:

Հայոց պատմութեան ոսկեայ էջերուն հպարտութեամբ արձանագրուած են աւարայրեան մաքառումներու պանծալի դրուագները, որոնց շնորհիւ հայութիւնը դարերէ ի վեր կը խոնարհի Վարդանանք կերտած տղոց յիշատակին առջեւ:

Այդուհանդերձ, հետագայ դարերուն հայութեան դիմաց ցցուած խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները շարունակեցին իրենց ներկայութիւնը զգալի դարձնել: Փաստօրէն, Վահանեանք հայդուկային կռիւներէն մինչեւ Դաւիթ Բեկեան հերոսական պատերազմներ, ապա անզուգական ֆետայիներու մղած ճակատամարտեր, ունէին նոյն ոգեկան ամրութիւնն ու հայրենապաշտութեան արժանիքները:

Հայկի ժառանգորդ մեր ազնուարիւն հրամանատարներն ու ամենախոնարհ ֆետայիները ապաւինած միայն իրենց  բազուկին եւ անկոտրում կամքին յաջողեցան ստոյգ բնաջնջումէ փրկել իրենց ազգը եւ պահել հայրենիքը, թէկուզ փոքր հողաշերտի վրայ:

Այլապէս ինչպէ՛ս ըմբռնել Սարդարապատէն հնչած հերոսական սխրանքներու  կայծն ու ոգեւորութիւնը, ինչպէ՛ս հաւատալ հայու այն տեսակին, որ ծնունդ առաւ Արցախեան աշխարհի լեռներու գագաթին ու դաշտերու սրտին: Մենք` յետնորդ սերունդի զաւակներ, ինչպիսի՞ բացատրութիւն պիտի տանք այն բոլոր հրաշագործ արարքներուն եւ թշնամիին դէմ կատարուած խոյանքներուն, որոնցմով մեր օրերու հայութիւնը ճզմեց թուրք-ազերի հորդաներու գլուխը, հարուածեց անխնայ եւ զանոնք դուրս շպրտեց հայրենի սուրբ հողէն:

Ահա թէ ինչո՛ւ ազգը համայն Վարդանանք հերոսամարտի ուժական ներկայութիւնն ու դաստիարակիչ յատկութիւնը կ՛ուզէ դարերու խորերէն լոյսին բերել, վերակենդանացնել եւ ըստ էութեան ամէն պատեհ առիթի անոր արժեւորումը կատարել: Յայտնապէս Աւարայրի ճակատամարտը բարոյական յաղթանակ մը ըլլալու առընթեր անիկա ինքնաճանաչութեան, ինքնավստահութեան, ներքին կրակի ու խոր հաւատամքի աստիճանաւորում մըն էր, անկրկնելի սխրանք, անձնազոհութեան եւ նուիրումի ամենաթանկագին արժեչափ:

Եթէ երբեք հայութիւնն ու անոր պետականութիւնը կ՛ուզէ յաղթական դուրս գալ մերօրեայ կեանքի բազմերանգ ճակատումներէն (քաղաքական, տնտեսական, դիւանագիտական, մշակութային, ազգագրական, գիտական եւ այլն), ապա անոր ճիտին պարտքն է անսալ նախնեաց ոգեկան ապրումներու ճարճատիւններուն եւ տէր կանգնիլ ազգային արժանապատուութեան:

Պատգամը նոյն է նաեւ Աւարայրէն անդին: Պատգամաբեր, բոցավառ ու սէգ ճակատներով տղոց տեսակը կը փնտռուին ամէնուրեք:

 

Նախորդը

Սուրբ Վարդանանք

Յաջորդը

Լափշինը, Հաց Բերողը Եւ Նեղազգային Հռետորաբանութիւնը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?