Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Արեւմտահայերէնը Զերծ Պահել Մանկավարժական Մտամարզանքներէ

Փետրուար 22, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հաւանաբար աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել. մայրենիին ուսուցումը չշփոթել արդի մանկավարժական սկզբունքներու հետ:

Սկզբունքներ, որոնց կիրառումը միայն պատիւ կը բերէ այն բոլոր հաւաքական միջավայրերուն` յատկապէս կրթականին, որոնք քայլ կ՛ուզեն պահել ժամանակի ու կեանքի յառաջդիմութեան, զարգացման եւ յաջողութիւններու հետ:

Յայտնենք նաեւ, որ «մտամարզանք» հասկացութիւնը կը վերաբերի այն բոլոր վերլուծութիւններուն, մօտեցումներուն եւ առաջադրուած ծրագիրներուն, որոնք, այսպէս ըսած, կոչուած են փրկելու նորահաս սերունդներ` զանոնք սպառազինելով հայախօսութեամբ, երկլեզու (նաեւ` քառալեզու) վիճակ ստեղծելու յաւակնութեամբ, լեզուական կանոններ թէ ուղղագրական օրէնքներ դիւրացնելու հակամիտութեամբ:

Մինչեւ հոս շատ բարի: Աւելի՛ն. մեզի համար ըմբռնելի եւ ողջունելի են այն բոլոր մտածումները, որոնց հիմքը գիտական ուսումնասիրութիւններ են, եւ որոնք կը միտին դաստիարակել շրջապատ մը ամբողջ` զայն ձերբազատելով տգիտութենէ եւ կարծրատիպերէ (իմա` բնատիպերէ):

Այսուամենայնիւ, մեր լեզուն` արեւմտահայերէնը, կը դիմագրաւէ իր ամէնէն դժուարին ժամանակները, երբ օտար կառոյցներ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) անգամ կ՛ակնարկեն նոյն մտահոգութիւններուն եւ ահազանգ կը հնչեցնեն ամէն քայլափոխի:

Միւս կողմէ, արեւմտահայերէնին ուղղակի առնչակից սփիւռքահայութիւնը, որ կոչուած է ըլլալ անոր տէրն ու տիրականը, կը շարունակէ խարխափիլ, տուայտիլ, խայտաբղէտ կացութիւններու մատնուիլ եւ որոնել իր ինքնութիւնը պահպանելու զարմանազան միջոցներ:

Վերջին տարիներուն ազգովին ականատես ենք տարբեր տիպի միջոցառումներու` մայրենիին պահպանման նուիրուած, մեր պարագային` արեւմտահայերէնին, որոնք կը միտին ըստ կարելւոյն լուծումներ գտնել փրկելու համար հայերէնի այս լեզուաճիւղը, որուն ճակատագիրը այդքան ալ յուսադրիչ չէ:

Արդար ըլլալու համար հարկ է մեր կարգին ողջունել եւ թիկունք կանգնիլ  ամէն նախաձեռնութեան եւ մտայղացումի, որ կը միտի նուազագոյն չափով լոյսին բերել առկայ դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները եւ առաջադրել գործնական ծրագիրներ, որոնք պիտի ծառայեն ատոնց սրբագրումին կամ բարելաւումին:

Այս առումով ըստ էութեան կատարուած բոլոր քննարկումները, սրտցաւ արտայայտութիւնները, տեսակէտները, ի հարկին գործնական առաջարկները եւ ընդհանուր ուղղութիւնները գնահատելու կողքին, նշենք, որ հոն բացակայողը կը մնայ իրողական վիճակի աւելի խոր քննարկումը, ստեղծուած կացութիւններու շատ աւելի համապարփակ ուսումնասիրութիւնն ու հայաշունչ լուծումներու ճշդորոշումը:

Այլ խօսքով, հարկ է, որ լեզուն չծանրաբեռնել դաստիարակչական այնպիսի մեթոտներով եւ նորարար մօտեցումներով, որոնք առհասարակ պատճառ կը դառնան յեղ մը լեզուի այլասերումին (հայախօսութեան խառնարան), յեղ մը անոր վանումին (աշակերտի թէ ծնողքի կողմէ), այլապէս ալ անոր տկարացումին:

Փաստօրէն, հայերէնի քերականական, կէտադրական, շարահիւսական եւ այլն, արդէն ծանրաբեռնուած կանոնները, այս ձեւով կը մատնենք աւելի դժուար կացութեան` նկատի ունենալով սփիւռքեան մեր իրականութիւնը, գաղութահայ տարբեր վիճակներու առկայութիւնը, կրթական-դաստիարակչական մտահոգութիւնները եւ, ինչու չէ, հաւաքական կեանքի մեր ապիկար ու ամուլ գոյավիճակը:

Կարծես հայերէն լեզուն նուազ օրէնքներ ունենար, լեզուական կանոններու մատչելիութեամբ յատկանշուէր եւ ահա, նման ժողովներու ընթացքին կ՛առաջարկուին այնպիսի ծրագիրներ, որոնք, ճիշդ է, որ ունին մանկավարժական հայեցողութիւններ, սակայն հեռու են հայերէնի պաշտպան ըլլալու անմիջական  կարողականութենէն:

Փաստօրէն, գոյութիւն ունի շրջանակ մը, որ կ՛անտեսէ կատարուած անցեալի ամէն նուիրական աշխատանք, կ՛ուրանայ հայապահպանման ամէն միջոցառում, կը փորձէ յանցաւորներ գտնել, զանոնք պախարակել եւ առանց մտածական տարածքի մը վրայ յենելու` այսպէս կոչուած լուծումներ առաջադրել:

Յօդուածի մը նեղ սահմանները պիտի չարտօնեն անդրադառնալու այն բոլոր «անըմբռնելի» եւ շատ անգամ հակասական արդի մօտեցումներուն, որոնց կիզակէտը արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնն է: Միւս կողմէ յարգելի են այն բոլոր խղճամիտ աշխատանքները,  բարեսիրտ մտքերն ու մտածուած առաջարկները, որոնք կը փորձեն թէկուզ պահպանելու եղածն ու արժանաւորը, հակառակ այն իրողութեան որ անոնք այլեւս անբաւարար են եւ ժամանակավրէպ:

Աւելի՛ն. հայութեան դէմ ցցուած ամէնէն մահացու սպառնալիքը ժամանակն է, որ իր թեւերը զօդած կը սպասէ մեր շիջումին եւ բնաջնջումին: Կացութիւնը տակաւ կը վատթարանայ, երբ նկատի կ՛առնենք ներկայ ժամանակներն ու կը սկսինք մտածել ապագային մասին:

Ազգային մեր պարունակը կը հարուածուի, ինքնութեան կորուստի ցաւերը կլանած են մեզ, 4-րդ եւ 5-րդ  սփիւռքահայ սերունդի տղաներն ու աղջիկները ծիծաղով կը դիմագրաւեն իրենց ծնողներուն դժգոհութիւնները, արդէն դարձած ենք բազմալեզու հայախօսներ, որոնք ամչնալով կը բարբաջեն քանի մը բառ հայերէն: Աւելի քան չորս միլիոն հաշուող սփիւռքահայութիւնը առնչուած է այս իրականութեան, հոսկէ-հոնկէ մտմտուքներ կը սպառեն մեզ հաւաքաբար, լեզուն մինակ կը թիավարէ համայնակուլ ովկիանոսին մէջ, իսկ մենք կը փորձենք խոհանոցային հայրենասիրութեամբ լուծումներ գտնել:

Եթէ երբեք մտահոգ է սփիւռքահայը իր բազմաթիւ շերտերով եւ կառոյցներով, ինչո՞ւ կը յամենան այն տիպար աշխատանքները, որոնք պիտի կարենան տէր կանգնիլ լեզուին եւ նոր սերունդին: Ինչո՞ւ ընթացք տուած է ազգը, երբ հայաշունչ եւ ոգեկան արժէքներ սնուցելու փոխարէն քարե՜ր ու շէնքե՜ր կը շինուին, եւ միւս կողմէ կը զլացուի հայագէտներ, լեզուագէտներ, պատմաբաններ, խմբագիրներ եւ որակաւոր ուսուցիչներու ունենալու ամէնէն էական առաջադրանքը` նիւթականի ապահովումը:

Ամէնէն պարզ հարցումը մեզի կը յուշէ, թէ ինքզինք յարգած ազգ մը (ֆրանսացի, գերմանացի, իտալացի, անգլիացի եւ այլն), որ ունի դարաւոր լեզու եւ մշակոյթ, արդեօք իր մայրենին պահպանելու եւ պաշտպանելու ամբողջ գործընթացին մէջ կը զիջի՞ անոր հիմքերէն, այսպէս ըսած լուծումներու (դիւրացման եւ գործնականացման) ամբողջ տեսադաշտին մէջ, ինքզինքին թոյլ կու տա՞յ, որ առանց լեզուական կառուցային արժանիքներու առաւել ամրապնդումին, խօսիլ եւ ճառել փողոցային կամ ժողովրդական արժեչափերու մասին:

Յստակացնենք: Այս պարագային մեզ յոյժ հետաքրքրողը արեւմտահայերէնն է, հայ գրականութեան տիտաններէն` Դ. Վարուժանի, Մեծարենցի, Ռ. Զարդարեանի, Օշականի, Շահնուրի, Շուշանեանի եւ բազում խնկելիներու գործածած լեզուին ու ոգիին պաշտպանութեան ու պահպանման հարցն է, որ յաճախ սեղանին կը դրուին առանց լուծումներու սնուցումին:

Հաւատացողն ենք, որ ազգը իր ղեկավարութեամբ երբ կամենայ եւ տրամադրուի պաշտպանել գաղութահայութիւնն ու անոր պաշտելի լեզուն, երբ հեռու մնայ ցուցամոլական եւ եսապաշտ ախտերէ եւ ինքնագոհութենէ, եւ հաւաքաբար լծուի մտահոգութիւններու վերլուծման եւ իրաւ լուծումներու յայտնաբերման, այն ատեն ազգը կ՛անդրադառնայ եւ կը սրբագրէ իր դէպի քաոս տանող ուղին:

Հայ վարժարաններու կառուցում, գիրքերու վաճառման թուանշաններ եւ ամպիոններու հոս-հոն ներկայութիւնը, չեն փոխեր իրականութենէ որեւէ բան: Լեզուն կը նահանջէ, ինքնութիւնը կ՛այլասերի. կարդանք Շահան Շահնուր:

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Պատմութեան Նաեւ Մաս Կը Կազմէ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը» «Հորիզոն»-ի Հարցազրոյցը Ճեմ Էօզտեմիրի Հետ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Արեւելքի Քրիստոնեաները» Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?